ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏԵՐ

«1. Իսլամ եւ Քրիստոնեայ վաճառականները իրարմէ զանազանելու համար ամէն իսլամի խանութին վրայ «իսլամ տիւքեանը տըր» գրուած էր, որ մինչեւ պատուիրակութեանս Ատանա հասած ատենն իսկ կը մնային այդ նշանները։

2. Աղէտին սկիզբէն ամբողջ տեւողութեան միջոցին առանց բացառութեան բոլոր իսլամները եւ կառավարութեան պաշտօնէութեան ամէն դասակարգի պաշտօնեայք գլուխնին ճերմակ փաթթոց կապած են։

3. Դէպքի տեւողութեան միջոցին Հօճաներէն եւ Իսլամ երեւալիներէն շատերը շարունակ կուսակալին մօտ խորհրդակցութեան մէջ գտնուած են։

4. Ջարդի միջոցին «փատիշահըմ չօգ եաշա, եաշասըն իսթիպտատ, ա՛լ սանա հիւրրիլէթ, ա՛լ կեավուր, միւսավաթ» պոռալով յարձակած եւ սպաննութիւններ ըրած են։

Սպաննութիւնք եւ թալանք Ապրիլ 1 Չորեքշաբթի ժամը 4ին սկսելով տեւած են մինչեւ Ապրիլ 3 Ուրբաթ ժամը 6, այսինքն 50 ժամ անդադար։

Առաջին օրը առանց տեղի խտրութեան, բոլոր Քրիստոնեաները զարկած էին, իսկ երկրորդ օրը խիստ հրաման մը արգիլած է Յունաց դպչիլ, եւ իւրաքանչիւր Յոյնի տան վրայ իբրեւ նշան պարզուած է դրօշակ մը։ Սակայն այս հրամանը մինչեւ նահանգին ամէն կողմը հասնիլը բաւական թուով յոյն զոհեր կան, զոր պիտի ցոյց տանք իր կարգին։

Քրիստոնեայք առհասարակ ապաստանած են օտար հաստատութիւններու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ հաստատաշէն եւ ապաստանութեան յարմար տուներու մէջ։ Առաջին օրը միմիայն փողոցի մէջ գտնուող քրիստոնեայք սպաննուած են, եւ երկրորդ օրն է որ ժողովուրդին ապաստանած տեղերը յարձակում գործուած է։ Որովհետեւ հետեւեալ պարագանները վերին աստիճանի հասցուցած է խուժանին գրգռութիւնն ու բարկութիւնը: Նախորդ օրը փողոցներու մէջ սպաննուած Հայերուն գլուխը ճերմակներ փաթթուած եւ իբրեւ իսլամի մեռեալներ ցոյց տրուած են խուժանին: Այդ միջոցին ծայր տուած է նաեւ հրդեհը: Ուշագրաւ է սա պարագան, որ պատմուած է մեզ վստահելի եւ ծանօթ անձերու կողմէ, թէ զինուորական պաշտօնատան մէջ Ատանայի յատակագծին վրայ մասնաւոր նշաններով որոշուած թաղերն են՝ առ հասարակ հրդեհուածները:

Հրդեհին ծաւալած վայրերուն մէջ գտնուող ժողովուրդը կը սկսի փախչիլ հոս ու հոն, որոնց վրայ մինարէներէն, ժամացոյցի աշտարակէն եւ բարձր դիրք ունեցող մէքթէպը Սէնայիի պատուհաններէն անդադար զէնք կը պարպուի: Հայերը տեսնելով որ կառավարութեան կողմէ զիրենք պաշտպանելու ո՛ եւ է քայլ չ’առնուիր եւ զինուորներն ալ ընդհանրապէս խուժանին հետ կը գտնուին, յուսահատ ինքնապաշտպանութեան բնական եւ օրինական միջոցին կը դիմեն: Երկրորդ օրը զօրաւոր թափով մը կը շարունակուին ջարդն ու թալանը եւ Հայերը գերմարդկային ճիգով մը կը ջանան պաշտպանել իրենց թաղերն ու ապաստարանները, եւ հոս է որ բաւական արիւնահեղ ընդհարումներ տեղի կունենան: Զօրքն ալ խուժանին կը մեղսակցի եւ անոր պաշտպան կ’ըլլայ:

Անգղիոյ Մէրսինի հիւպատոսը՝ հազարապետ Մ. Տաթի Ոուայլի, որ նախորդ երեկոյ Ատանա հասած էր, իրեն հետեւորդ ունենալով թուրք սպաներ եւ զինուորներ ամբողջ քաղաքը կը պտըտի եւ կը յորդորէ որ իսլամները՝ յարձակումը դադրեցնեն եւ Հայերն ալ կը վստահեցնէ թէ այլեւս վախնալու տեղի եւ ինքնապաշտպանութեան շարունակութեան հարկ չկայ: Թէպետ քանի մը ժամ հրացանաձգութիւնը կը դադրի, սակայն կողմնակի փողոցներու մէջ լռելեայն կը շարունակուին թալանը եւ երբեմն ալ սպաննութիւնք: Անկիւնները որպէս պահակ կեցած զինուորները փողոցներու մէջ գործող խուժանին իմաց կուտան հիւպատոսին ժամանումը եւ խուժանը կը պահուըտի, հիւպատոսէն չի նշմարուելու համար: Հիւպատոսին հեռանալէն ետք խուժանը իր գործը կը շարունակէ: Այս շրջագայութեան ժամանակ է որ գնդակէ մը կը վիրաւորուի հիւպատոսը եւ դարմանուելու համար կը քաշուի իր թարգմանին տունը: Այնուհետեւ հրացանաձգութիւնները եւ յարձակումները կը վերսկսին աւելի ուժգին: Հիւպատոսին վիրաւորուիլը թէպէտ Հայերուն վերագրուած է, սակայն հաստատուած չէ, բան մը որ Հայոց կողմէ ալ դիտմամբ գիտակցաբար եղած չէր կրնար ըլլալ:

Հայերուն յուսահատութիւնը երրորդ օրը ծայր աստիճանի հասած, կը դիմեն իրենց թաղը բնակող Թէքելի զատէ Հաճի Օսման պէյի, որուն հանդէպ միշտ յարգանօք վարուած էին, եւ կը խնդրեն որպէսզի երթայ եւ հրաւիրէ ու յորդորէ իսլամները դադրեցնելու համար իրենց յարձակումները, յայտարարելով թէ Հայերուն ըրածը ինքնապաշտպանութիւն է: Օսման պէյ սիրով կ՚ընդունի առաջարկը, եւ Գէորգ Ֆիքրի էֆէնտիի ընկերակցութեամբ կերթայ եւ կը յաջողի իսլամները հանդարտեցնել, որուն վրայ ամէն ինչ կը խաղաղի նոյն օրը: Քաղաքին ամէն կողմը. իւրաքանչիւր 50 քայլափոխի զինուորական պահակներ կը դրուին, եւ խիստ հսկողութիւն կ’ըլլայ, եւ այս հանդարտութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 12: Ապրիլ 12ի դէպքը տեղի չպիտի ունենար հաւանաբար, եթէ Իհսան Ֆիքրի իր Իթիտալ թերթով չ’սկսէր վերստին քրիստոնէից դէմ գրգռիչ յօդուածներուն հրատարակութիւնը: Իհսան Ֆիքրի՝ Հայերը պետութեան եւ իսլամութեան թշնամի եւ անջատողական ցոյց տալով, գրած է նաեւ «Էրմէնիլէր Էմին օլսունլար քի պու պիր միւթարէքէի մուվագգաթատըր…», Իհսանի այս արարքը զօրեղ ապացույցներէն մին է իր յանցապարտութեանը եւ երկրորդ մեծ եւ փճացուցիչ եղեռնին մղողներէն ալ մին ըլլալուն:

Այս ջարդին զոհուած է Մահմուտ Ֆաիզ պէյ անուն թուրք երիտասարդ մը, անդամ Ահրար կուսակցութեան եւ թղթակից Օսմանլը թերթին, հետեւեալ պարագաներով: Շրջակայ վայրերէն Ատանայի վրայ խուժող գիւղացի իսլամներուն մէջ մտնելով «մի՛ ընէք, մեղք, մեղք է, ասոնք մեր հայրենակիցներն են, ձեր այս ընթացքը հայրենիքը կը վտանգէ» ըսելով արգիլել ուզած է զանոնք. սակայն խեղճը սպաննած են եւ այդ սպաննութեան հանդիսատես եղած են Իթիտալի խմբագիրները: Իհսան Ֆիքրի այս սպաննութեան մասին խօսելով իր թերթին մէջ ըսած է թէ՝ «Պոլիսէն նոր եկած եւ իսլամաց հետ ալ շատ յարաբերութիւն ըրած չըլլալուն համար հայ կարծուելով սպաննուած է»:

Ապրիլ 4ին կառավարութեան կողմէ կը պահանջուի որ Հայերը իրենց զէնքերը յանձնեն: Անգլիական Հիւպատոսին յանձնարարութեան համաձայն ժողովուրդը՝ որսի հրացաններէ, զանազան րէվօլվէրներէ եւ աննշան քանակութեամբ կրաներէ բաղկացած զէնքերը կը յանձնէ: Սակայն այս չափով չի գոհանար կառավարութիւնը, այլ կը պահանջէ որ Մավզէր եւ Մարթին հրացաններ ալ յանձնուին, որոնցմէ սակայն երբէք ունեցած չէին Հայերը: Բայց կառավարութիւնը միշտ կասկածոտ, կրկին դէպքերէն ետքը, մինչեւ երկու ամիս վերջ, եկեղեցիներէն սկսեալ տուները, նոյն իսկ գերեզմանատունները խուզարկած, ո՛չ Մարթին ու Մավզէր եւ ոչ ալ տինամիթ ու ռումբ գտած է:

Հայոց զէնքերը առնուած պահուն, հիւպատոսները կ՚առաջարկեն կառավարութեան որպէսզի իսլամներու զէնքերն ալ հաւաքուին: Կը պատասխանուի իրենց թէ իսլամներէն զէնքը ունեցողներուն ցանկը կառավարութեան մօտ կը գտնուի եւ չի հաւաքուիր: Միեւնոյն ժամանակ կառավարութիւնը կը պահանջէ որպէսզի Հայ երեւելիները յատուկ թուղթով մը խոստանան եւ երաշխաւորեն թէ Հայ տարրը ո՛ եւ է խռովութեան տեղի պիտի չի տայ, հակառակ պարագային իրենք պատասխանատու պիտի ճանչցուին: Հայերն ալ փոխադարձաբար կը պահանջեն որ իսլամ երեւելիներն ալ նոյն իմաստով երաշխաւորագիր մը ստորագրեն: Հայոց այս պահանջին Հիւպատոսական թարգմաններն ալ ոյժ կուտան: Ասոր վրայ կուսակալն ու հրամանատար Րէմզի փաշա բաւական վարանումէ ետքն, Է՛հ պու կիպի քեաղըտ ալմաղա լիւզիւմ եօգ կըսեն ու խնդիրը կը փակեն:

Երկրորդ դէպքէն քանի մը օր առաջ, քրիստոնէից թաղը բնակող Խաթիպ էֆ[էնտի] եւ Պօշնագ-զատէ Ապտիւլ-րահման, իրենց տունը թողլով կը փոխադրուին իսլամաց թաղը, ինչպես նաեւ Հայկական թաղերու մէջ բնակող իսլամներն ալ: Ապրիլ 12ի երեկոյեան դէմ «փատիշահըմ չօգ եաշա» աղաղակները կը լսուին եւ հրացանաձգութիւն մը կը սկսի: Քրիստոնեայ ժողովուրդը սարսափահար պատճառը կը հարցնէ, կ’ըսեն թէ՝ «գօմէշ մը կատղելով փախած է, անհոգ եղէք»: Սակայն կացութիւնը հետզհետէ կը ծանրանայ, եւ կը սկսին եկեղեցիներէն, վարժարաններէն դուրս թափուիլ 1080 հոգիի չափ, որոնց վրայ անձրեւի նման Մավզէրի եւ Մարթինի գնդակներ կը թափուին: Ասոնցմէ 50 հոգի հազիւ կրնան ազատիլ եւ տեղ մը ապաստանիլ: Միեւնոյն ժամանակ հրդեհը նորէն կը սկսի բազմաթիւ տեղերէ: Այս անգամ հրդեհէն առաջ 10-15 վայրկեան անընդհատ հրացանաձգութիւն տեղի կ՚ունենայ կէտի մը վրայ, որպէսզի հոն ապաստանածները դուրս ելլեն, եւ մարդ չմնայ, հրացանաձգութիւն տեղի կունենայ վերստին ու յետոյ կը դադրի քանի մի հոգի կը մօտենան, բէթրօլով կը բռնկցնեն այդ տեղը, կրակը հազիւ թէ սկսած մինչեւ ծաւալիլը եւ մարելու անկարելիութեան հասնիլը նորէն հրացանաձգութիւն կ’ըլլայ, որպեսզի ոչ ոք մօտենայ մարելու կամ տարածուիլը արգիլելու համար: Ճիշդ այդ դրութեամբ հրդեհած են քրիստոնէից թաղերը: Հրդեհը որ շատ մը կէտերէ մէկէն սկսած է, արագօրէն կը տարածուի եւ հետզհետէ կը սպառնայ, քրիստոնէից ապաստարաններուն լաց ու կոծ կը սկսին եւ օգնութիւն կը պոռան. ծնողք, զաւակ, եղբայր, այր, կին ալ իրար կը ձգեն եւ կը թափին դուրս: Այս տեղ է որ տեսարանը իր ամենէն սարսափելի եւ ահարկու երեւոյթը կ’առնէ: Ժողովուրդը երկու կրակի մէջ, ետեւէն հրդեհը, դիմացէն գնդակը, իրեն ապաստանարան կը փնտռէ: Խուժանը իր դերին մէջն է կատարեալ կանոնաւորութեամբ, մէկ կողմէն կը հրդեհէ, միւս կողմէ թալանն ու ջարդը կը շարունակէ: Ցաւալի է խոստովանիլ թէ այս խուժանը իր սեւ գործին գործակից եւ պաշտպան զինուորը ունեցած է, ըլլա՛յ նախորդ զինուորը, ըլլա՛յ նորը:

Հրդեհը կարճ ժամանակի մէջ աւերակի վերածած է քրիստոնէաբնակ, մանաւանդ Հայոց թաղը: Անգղիական Հիւպատոսը՝ եւ Յիսուսեանք՝ տեսնելով այս յուսահատական վիճակը, կը հասնին եւ իրենց պաշտպանութեան տակ, այրելնին գրեթէ անխուսափելի դարձած ժողովուրդը կը փոխադրեն Թրիփանիի եւ Գերմաններու գործարանը, եւ կառավարութեան պաշտօնատան դէմի թաղապետական պարտէզը: Նախորդ դէպքին վիրաւորեալները պատսպարուած էին Մուշեղեան Ազգ[ային] Վարժարանին եւ Յ. Շատրիկեանի տան մէջ, ասոնց թիւը 1-200էն պակաս չէր: Ասոնցմէ 40 հոգի փոխադրուած են կառավարական հիւանդանոցը եւ հիւանդանոցի վերածուած Մէքթէպը Սէնային: Շատրիկեանի տունը եւ Մուշեղեան վարժարանը մնացած հիւանդներուն մէկ մասը միայն կրցած է ազատիլ հրդեհէն, ներսը մնացողները այրած են իսկ կառավարական հիւանդանոց եւ Մէքթէպը Սէնային փոխադրուած 40 հիւանդները անյայտ են, ասոնց մասին ո՛ եւ է տեղեկութիւն չը կրցինք քաղել, նոյն իսկ իրենց ամենէն մօտաւորներէն, թէ ի՞նչ եղած էին:

Թաղապետական պարտէզը փոխադրւած ժողովուրդը հոն տխուր տեսարանի մը հանդիսատեսը կ’ըլլայ, ի պատիւ Սահմանադրութեան Զինուորական պաշտօնատան առջեւ կանգնուած յաղթական կամարը կացիններով կը քանդուի մոլեգնած խուժանին կողմէ, «երաշասըն իսթիպտատ, գահր օլսուն հիւրրիյէթ» աղաղակներով, ու այս արարողութեան հանդիսատես կըլլան Քաղաք[ային] եւ Զինուոր[ական] պաշտօնէութիւնը, կուսակալ Ճէվատ պեյը եւ զինուորական հրամանատար Մուսթաֆա Րէմզի փաշան իրենց գլուխ ունենալով:

ՏԱՐՍՈՆ. Ապրիլ 2 Եշ. Ատանայէն հասնող առաւօտեան կառախումբը Տարսոն հասնելուն, իրարանցում մը տեղի կունենայ քաղաքին մէջ: Կառախումբէն ելլող քանի մը իսլամներ կը պոռան «Ատանայը մահվ իթտիլէր, նէ տուրույօրսունուզ»: Ասոր հետեւանք, ահագին բազմութիւն մը կը խուժէ զորանոցին վրայ, առաջնորդութեամբ Մ. եւ Յ. Քօմիթէի տեղական մասնաճիւղի նախագահ Շէվքէթի, Արապ քլիւպի նախագահ փաստաբան Համիտի եւ Կեսարացի Եաղճը Ազիզի: Հազարապետը կ’ուզէ զէնք առնողներուն անունները արձանագրել, Շէվքէթ կը պոռայ «էմրի կէօրմիյօրսուն, իսիմ գայտ իտէճէք վագըթ տէյիլ»:

Ապրիլ Ուրբաթ օրը քանի մը թուրք սրիկաներ կը պտտին ու կը պոռան թէ «թրէն կէլիրսէ պաշլայաճաղըզ, ռումլարա պիր շէյ իթմէյին, անլէրին մալինի, ճանընը ըրզընը էսիրիկէյին»:

Գրգռուած ամբոխը քաղաք կը վազէ, որ այս անգամ բոլոր պատրաստ զէնքերը կը բաժնուին հանդիպող իսլամներուն, որոնք կը ցրուին քաղաքին ամէն կողմը, իբր թէ դէմ դնելու համար այն 1500 ձիաւոր Հայ ֆէտայիներուն, որոնք որպէս թէ պիտի գան Տարսոնը գրաւելու եւ իսլամները ջարդելու: Ինչպես կը տեսնուի, հոս ալ ամբոխը գրգռելու նպատակաւ այսպիսի լուրեր յերիւրուած են Ատանայի եւ ուրիշ տեղերու մէջ եղածին պէս:



Տարսոնի այրած թաղերուն աւերակներէն մաս մը։

Խուժանը կը դիմէ է՛ն կտրուկ միջոցին, այսինքն քարիւղով հրդեհելու: Կրակը կը սկսի քանի մը տեղէ միեւնույն ատեն եւ արագօրէն կը տարածուի ամէն կողմ: Քսան ժամուան մէջ ամբողջովին աւերակ կը դառնայ Հայոց թաղը՝ նախապէս թալանելէ ետքը:

«Հրդեհին բնական հետեւանքովը ժողովուրդը տուներէն դուրս կը թափի, իրեն ապաստանարան գտնելու նպատակաւ, կը վազէ Ամերիկեան վարժարան եւ Ժէզուիթներու մօտ: Սակայն գնդակ, բիր, կացին իրենց աւերը կը գործեն բազմաթիւ Հայերու կոտորումովը:

ՕՍՄԱՆԻԷ. Սահմանադրութեան հրատարակութենէն առաջ Օսմանիէի մէջ Հայերը շատ ճնշուած վիճակ մը ունեցած են, այնպէս որ չէին կրնար եկեղեցւոյ զանգակը զարնել, միայն տօնի օրեր կը զարնէին, այն ալ մասնաւոր թոյլտուութեամբ եւ շատ մեղմ կերպով: Սահմանադրութեան հռչակումէն ասդին սկսած են ամէն օր զարնել եկեղեցւոյ զանգակը, համարձակօրէն ձի նստիլ ինչ որ կարելի չէ եղեր հին րէժիմի ատեն, լսարան-ընթերցարան հաստատած են, «իթթիհատ վէ թէրագըյ»ի ակումբին անդամակցած եւ բանախօսած են Հայք: Այս միջոցին թուրք ժողովուրդին մէջ տարաձայնութիւն մը ելած է թէ «երկիրը կեավուր կ’ըլլայ, եւ քրիստոնեաները զինուոր պիտի ըլլան»: Օսմանիէի իսլամ երեւելիներէն Հաճի Հիւսէին էֆ[էնտի] յայտնապէս մէկէ աւելի անգամներ յայտարարած է քրիստոնէից թէ՝ «պիզ սիզին իլէ գարտաշ օլամյըզ, միւսավաթ միմքիւն տէյիլ, էլինիզտէ հէր բարմագլարընըզ պի՞ր մի տիր, էսկի վուրգութտա սիզի պըրագտըգ եանլըշ իթտիք, եագընտա հիւրիւյէթի կէօրիւսինիզ, սիզ ասքէր օլմաք իսթիյորսունզ, սիզէ կէօսթէրիրիզ, սիզին պէլինիզտէ իփ գուշագտան պաշգա պիր շեյ պուլունմամալը տըր»: Այս եւ նմանօրինակ յայտարարութեանց նկատմաբ, տեղական կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրուած է, սակայն յայտարարողները չեն լռեցուցած, ինչպէս նաեւ ո՛ եւ է լուրջ փորձ մ’ալ չէ եղած, քրիստոնէից դէմ հետզհետէ սաստակացող գրգռումին առաջքը առնելու համար:

Ապրիլ 2ին զէնք մը կը պայթի, եւ այս նշան մը կ’ըլլայ, որուն վրայ Հայոց թաղը անմիջապէս կը պաշարեն եւ կը հրդեհեն: Հայոց եկեղեցին ապաստանած 200ի չափ այր, կին եւ տղայ այրած են մէջ մասամբ, ինչպէս նաեւ Հայ-բողոքականց եկեղեցիին մէջ 14 քարոզիչներ այրած եւ սպաննուած են, որոնք հաւաքուած էին այդ տեղ Ատանա երթալու համար, ուր տեղի պիտի ունենար իրենց տարեկան համաժողովը:

Ջարդը մինչեւ Ապրիլ 13 կը տեւէ, ասդին անդին գտնուողները եւ իսլամ տուները ապստանողներէն մեծ մասը դուրս հանելով, յօշոտելով կը սպաննեն: Բաւական ընտանիքներ իսլամացուցած, բռնաբարումներ եւ առեւանգումներ տեղի ունեցած են:

ՀԱՄԻՏԻԷ. Ջարդի առաջին հրաւէրը եղած է Մէճլիսի իտարէի անդամ Հաճի Հինտիի կողմէ թէ՝ «միւսլիւման օլան տուրմասըն, կեավուրլարը քէսին, սէվապ գազանըն, պագալըմ սահիպլէրի քի՞մ իսէ կէլսին գուրթարսըն»: Իսկ միւֆթին ալ խուժանին առաջնորդելով պոռացած է թէ՝ «երկու տարեկանէն վեր մի՛ խնայէք, մեղք է գնդակին, կացինով զարկէք»: Յետոյ մէյմէկ ղրուշ բաժնած է հետեւորդներուն որպէսզի Հայոց դիակները գետը նետեն: Ամենէն առաջ ապաննած են Տ. Կարապետ քահանան, եւ կառավարական պաշտօնատունը ապաստանած Հայոց երեւելիներէն 15 հոգի:

Հոս ալ Հայոց տուները հրդեհուած են, հազիւ քանի մը հատը մնացած է, հրդեհին մէջ բաւականաչափ մարդ այրած է:

Վերոյիշեալներէն զատ ջարդուած եւ հրկիզուած են հետեւեալ գիւղերը:

1. ՄԻՍԻՍ, 2. ՀԱՅ-ԳԻՒՂ, 3. ԻՆՃԻՐԼԻՔ, 4. ՇԵՅԽ-ՄՈՒՐԱՏ, 5. ԿԷՄԻ ՍԻՒՐԷՆ, 6. ՄԻՀՄԱՆՏԱՐ, 7. ԱՊՏՕՂԼՈՒ, 8. ՍԱՅ ԿԷՉԻՏ, 9. ԳԱՐԱ ԻՍԱԼՈՒ, 10. ԳԱՐԱԹԱՇ [1], 11. ՆԱԼԳՈՒԼԱԳ, 12. ԻՍԱՆԱՃԸԼԸ, 13. ՕՃԱԳԼԸ, 14. ԷՕԶԷՐԼԻ, 15. ՆԱՃԱՐԼԸ, 16. ԵԱՐԱՓՈՒԶ, 17. ԳԱՅՓԱՔ, 18. ՔԻՇՆԻՇ, 19. ԷՔՊԷԶ, 20. ԷՅՐԻ ՊՈՒՃԱՔ, 21. ՀԱՃԸԼԱՐ, 22. ՔԻՏԷՃԻ, 23. ՏԷՕՄՐԷԿ, 24. ԹԷՅԷՔ, 25. ԳԱՅԱ ՊԱՇԸ, 26. ՊԱՂՉԷ, 27. ԳՈՒՇՃՈՒ ՄՈՒՍԹԱՖԱ, 28. ԳԸԶԼԱՃ, 29. ՀԱՍԱՆ ՊԷՅԼԻ, 30. ՍԱՖՐԱՆԼԸ, 31. ԼԱՓԱՃԼԸ, 32. ԽԱՌՆԸ, 33. ԿԷՕՔ-ՉԱՅԸՐ, 34. ԳՈՒՒՐՏԼԱՐ:

Ասոնցմէ զատ կան նաեւ ԹԱՆՐԸ ՎԷՐՏԻ եւ շրջագայ 11 ագարակներն, ու ՓԱՇԱ-ՉԻՖԹԼԻՔ եւ ՊՕՍԹԱՆ ՉԻՖԹԼԻԿԻ ագարակները:

Վերը յիշուած վայրերուն մեծ մասը ամբողջովին հրդեհուած եւ աւերուած են: Աւերումները տեղի ունեցած են Ապրիլի 1էն մինչեւ 12 եւ մեծ մասամբ միեւնոյն օրն ու միեւնույն ժամը»:



[1]        «Գարա-Թաշի ջարդը միւտիրին հրամանով եղած ըլլալը՝ Ատանայի «տիվանը հարպին» առջեւ վկայած են յոյն Սարանտի Սիմէոն օղլու, երկու հօճա եւ քանի մը իսլամ գիւղացիներ, որոնք անմիջապէս բանտարկուած են, հօճաները եւ իսլամները 10-12 օր բանտը մնալէ ետք իրենց առջի վկայութեան հակառակը խօսել տալով արձակած են, իսկ յոյնը՝ Սիմէոն օղլու Սարանտի բանտը մնացած է»: