Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

II
Պատմութիւնը՝ փորձաքար. Հայուն պատմական դերին ուսումնասիրութիւնը. Ազգային եւ օտար պատմիչներ. Խնդրոյն լուսաբանութեան հարկաւոր ատաղձը կա՞յ. Լեզուաբանութեան ծառայութիւնը՝ Հայ Պատմութեան. Հին Բեւեռագիրներ։

Հայուն պատմական դերը, ազատ որեւէ նախապաշարումէ ու կանխակալ կարծիքէ, կարելի է ուսումնասիրել միմիայն քննական պատմութեան օժանդակութիւնով։ Վարպետ ոսկերիչը՝ ոսկիի մը արժէքն ու յարգը ճշդելու համար կը գործածէ առարկայ մը, որուն փորձաքար անունը կուտան։ Առանց անոր ապահովաբար շատ ու շատ պիտի խաբուէին մարդիկ։ Վերջին դարերուն մէջ կերպաւորուող Լեզուաբանութիւն կոչուած գիտութեան մէջ ալ նոյն երեւոյթը կայ։ Հնդ-Եւրոպական ծագում ունեցող լեզուներու համար հնդիկներու Սանսքրիթ լեզուն փորձաքարի դերը կը կատարէ։ Միեւնոյն է նաեւ պատմութեան համար։ Պատմական դէմքերէ ու դէպքերէ դիւրաւ կարելի է խաբուիլ։ Փայլուն նկարագրութիւններ, հսկայական յաղթանակներու պատկերներ եւ պատմութեան կեղեւները կրնան իրենց արտաքին շքեղ երեւոյթին տակ պահպանել ընդհանուր սնանկութիւնը ցեղի մը։

Մասնաւորելով Հայ կեանքին վրայ, անտարակոյս պէտք է նկատել թէ աւելի եւ աւելի ուսումնասիրելով Հայոց Պատմութիւնը, մենք աւելի առողջ եւ քննադատական աչքերով պիտի հետեւինք Հայկական Պատմութեան վրայ։ Ճշմարտութիւն մ’է անժխտելի, թէ մենք, Հայերս, բաւարար չափով ուսումնասիրած չենք մեր ցեղին պատմութիւնը։ Յաճախ երդում կ’ընենք մեր պատմական մեծ դէմքերուն անունով, սակայն եւ այնպէս մեզի կը պակսի պատմական խոր գիտակցողութիւնը՝ որպէս զի պատմութեան մէջ թատր եկող իւրաքանչիւր դէմք կամ երեւոյթ իր սեփական եւ որոշ աստիճանին մէջ տեսնենք։ Մեր դպրոցներու մէջ Հայուն Պատմութեան դասը, որ մեծագոյն կազմակերպիչը պիտի ըլլար դեռատի ուսանողներու նկարագրին, եթէ անտես առնուած չէ՝ գէթ չաւանդուիր շատ անգամ գիտական եղանակով։ Աւանդական պատմութիւնը, եթէ զրկուած ըլլայ գիտական օժանդակութիւնէ, կրնայ մոլորեցնել մեզ եւ հակառակ արդիւնք տալ։ Արհամարհելի թիւ մը չէ որ կը կազմեն այն պատանիները, որոնք Հայոց Պատմութեան առասպելական մասը իբր ճշմարիտ ուսանելէ վերջ, երբ օր մը՝ լսած են թէ պատմական հիմէ զուրկ է անիկա՝ հիասթափ եղած են բոլորովին։ Երեւակայեցէք երիտասարդ մը, որ Հայկին, Արամին, Արային եւ ուրիշ հայ Նահապետներու ու իշխաններու մեծագործութիւններովը սնած՝ անոնց մէջ խտացած տեսնէ Հայկազունիներու պատմութիւնը եւ ահա օրին մէկը իրեն ըսեն թէ ատոնց բոլորը առասպելական դէմքեր են եւ առնուազն գիտական արժէքէ զուրկ պատմուածքներ։ Մինչդեռ, եթէ այդ երիտասարդը կամ պատանին ուսման նոյն ճիւղին մէջ լաւ պատրաստուած ըլլար՝ ան ա՛յնքան հիացումով պիտի ուսումնասիրէր այդ առասպելներն ալ, ինչպէս պիտի ընէր՝ զանոնք իրական ընդունելով։ Ինչ որ ալ ըլլայ հայ ազգագրական եւ աւանդական այդ փշուրներու գիտական արժէքը, ո՛րքան ալ արհամարհելի ըլլան անոնք գիտունին անողոք դատաստանին առջեւ, պատմական տեսակէտով, երբեք իրենց արժէքը չեն կորսնցներ, երբ ազգագրական ու բանահիւսական հայեացքով կը մօտենանք անոնց։ Այո՛, կրնան անոնք նախապատմական Հայ Պատմութիւնը լուսաբանելու համար անբաւական նկատուիլ բոլորովին, կրնան ջրուիլ շօշափելի փաստերով եւ գիտութեան փորձանքովը գործող գիտունին կողմէն, բայց չեն կրնար մեր սիրտերէն հեռանալ։ Մենք, այն ատեն, ցաւելով հանդերձ որ պատմա-գիտական արժէք մը չեն ներկայացներ անոնք, բանահիւսական եւ ազգագրական ըմբռնումներով կը մօտենանք։ Եւ արդեօք նոյնքան հրաշալի չե՞ն այդ թանկագին փշուրները այդ տեսակէտով։

Ահա թէ ինչո՛ւ Հայոց պատմութեան ընթացքին մէջ՝ ուսումնասիրութեան արժանի բազմաթիւ կէտեր կը նշմարենք։ Ու եթէ հոս կը յիշենք ազգ. պատմութեան դասին աւանդման խնդիրը, ըսել կ’ուզենք պարզապէս թէ հայ տղան կամ պատանին իր պզտիկ տարիքէն իսկ գիտնալու է թէ պատմութեան ո՛ր մասը ի՛նչ արժէքով պիտի ըմբռնենք։ Ահա անհասկցողութեան արդիւնքն է այն բուռն ատելութիւնը, զոր հայ պատանիներ երբեմն կը սնուցանեն մեր անզուգական քերթողահայր-պատմահօր Մովսէս Խորենացիին նկատմամբ։ Անոնք, դեռահասները, երկար ատեն օրօրուած ըլլալով հայկական առաջին փառքի շողշողուն երազներովը, երբ յանկարծ օր մը գիտութեան ու քննադատութեան ձայնին ականջ դրած են, իրենց խաբուած ըլլալը դառնապէս զգացած՝ ուզած են Խորենացին դատապարտել՝ իբրեւ զիրենք շահագործող, խարդախ, խաբեբայ եւ այլն։ Մինչդեռ ենթադրելով նոյն իսկ որ Խորենացիի պատմութիւնը սխալներով լի է, Հայ ազգին անցեալի հարազատ ու անկեղծ արտայայտիչը չէ եւ հաւաքածոյ մըն է ասդիէն անդիէն գողցուած, ժողովուրդին բերնէն խլուած եւ մասամբ մըն ալ ինքնահնար հէքեաթներու, արդեօք անիկա կը դադրէ՞ր մեզի համար շահեկան ըլլալէ եւ անոր անզուգական հեղինակը կը դադրէ՞ր հայ ցեղին մտաւորականութեան փայլուն մէկ ներկայացուցիչն ըլլալէ։ Չէ՞ որ Խորենացի միակն է իր տեսակին մէջ, որ, այսպէս թէ այնպէս, բաներ մը կ’ըսէ Հայ ազգին անցեալին մասին, որ, առաւել կամ նուազ հարազատութեամբ՝ հայկական առասպելներն ու նախապատմական աւանդութիւնները կը շարայարէ, որ սքանչելի բանահաւաքի մը եւ չքնաղ վիպողի մը տաղանդը ցոյց կուտայ գէթ։ Գրագէտ Խորենացին հիանալի չէ՞ք գտներ՝ իր յաջող կտորներուն մէջ։ Եթէ իր ծերութեան օրերուն չպատահէր հռչակաւոր Պատմութեան հեղինակութեան գործը եւ աճապարանքով չերկնէր հրաշակերտ պիտի ըլլար պարզապէս։

Մեր ցեղին պատմութեան մասին հայ թէ օտար պատմիչներ շատ մը բաներ ըսած են։ Ազգ. պատմիչներու գործերը շատ աւելի արժէք պիտի ունենային, եթէ քիչ մը վերլուծական, ուսումնասիրական ու գիտական ոգիով գրուած ըլլային, Հայ պատմողներ ընդհանրապէս նկարագրողներ եղած են, առանց ծանրանալու պատմական դէպքերու հոգեբանութեանը վրայ։ Մէկ կողմ թողլով պահ մը հին պատմութիւնը, գէթ Դ. դարէն վերջ հարազատ պատմութիւն մը կրնայինք ունենալ, ուր պայծառօրէն ցոլանար Հայկական Քաղաքակրթութիւնը, որուն մասին շատ քիչ բան գիտենք դժբաղդաբար։ Ագաթանգեղոս, Փաւստոս Բիւզանդ, Կորիւն, Փարպեցի, Խորենացի, Եղիշէ եւայլն իրենց ժամանակակից ասորի կրօնամիտ պատմիչներու հետեւած են կարելի է ըսել, ըսել կ’ուզենք անոնց յատկանիշները ցոյց տուած են՝ առանձնական ինքնատպութեան եւ գրչի արժանաւորութեան հետ մէկտեղ։ Այնուհետեւ ալ Հայկական Մատենագրութեան բանթէոնին մէջ մտնող պատմագիրները հետեւողական եղած են առհասարակ։ Վերջապէս Հայոց ազգին պատմութեանը անունով հրապարակ եկող բոլոր պատմիչներն ալ ըլլալով հանդերձ սքանչելի նկարագրող, հիւսող, զուրկ գտնուած են ճշմարիտ պատմագրութեան մէկ քանի էական համարուած պահանջներէն։ Չկայ սակայն անոնց մէջ որեւէ մէկը, որ որչափ հոյակապ՝ նոյնքան ալ իրմով շատ զբաղեցուցած եւ անարգուած ըլլայ, քան Մովսէս Խորենացին, որուն երկու անխիղճ քննադատներուն՝ գերմանացի Գուտըշմիտին եւ ֆրանսացի Գարիէրին իրենց ձայնը միացուցին Գարագաշեան եւ Մ. Էմին։ Առաջինը սպաննեց անոր ամբողջ հեղինակութիւնը, վերջին ծայր անարգական լեզուով մը եւ խիստ յարձակումով մը։ Անշուշտ ատոր գլխաւոր պատճառներէն մին այն էր որ Խորենացին մինակն ըլլալով զբաղած էր առաջին անգամ Հայուն հայրենի աւանդութիւնովը եւ Խորենացիին տեղ ուրիշ որեւէ մէկն ալ նոյն յարձակումներուն պիտի ենթարկուէր, եթէ փորձէր նման գործ մը արտադրել։

Շատ երկար պիտի ըլլար միառմի թուել մեր բոլոր ազգային պատմագիրները եւ վերլուծել անոնց գործերը։ Խորենացիով բացառապէս չըզբաղիլ անհնար էր։

Օտար հեղինակներ առհասարակ բարեացակամ չեն եղած Հայոց պատմութեան վերաբերմամբ, մանաւանդ անոնք, որ Խորենացիով սորված են մեզ, ա՛յն գերազանց պատճառով որ Հայերը իրենց պատմութեան գրեթէ բոլոր ընթացքին մէջ ինքնուրոյն ազդող դիրք մը չեն ունեցած, եւ միշտ նախընտիր համարած են դրացիներու փէշին տակ մտնել եւ իբրեւ զինակից գործել։ Երկար ատեն օտարներ մեզ պարսիկ նկատած են։ Նոյն իսկ Քսենոփոն հայ բարքերը նկարագրած ատեն կը հաստատէ թէ կիները պարսկերէն կը խօսէին։ Հազիւ երբեմն ասպարէզ եկած են զօրեղ անհատականութիւններ, որոնք բացառիկ դիրք տուած են Հայուն, ինչպէս, զոր օրինակ Մեծն Տիգրան, այսուհանդերձ դժուար չէ հասկնալը թէ Հռովմէական բանակը դողացնող այդ Տիգրանը՝ Միհրդատին կրթնած էր վերջապէս։ Եթէ հայերը քիչ մը աւելի խիզախօրէն թատր գային պատմութեան ընթացքին մէջ, եւ քիչ մը աւելի որոշ գործունէութեամբ մը իրենց գոյութիւնը պատմէին, անշուշտ օտար Հայապատումները շատ պիտի ըլլային։ Սակայն դժբաղդաբար այդպէս չէ եղած։ Զոհեր, զոհողութիւններ, դիւցազնութիւններ շատ կան մեր պատմութեան մէջ, բայց ատոնք տիրական, յարաբերական խրոխտ ձգտումը չունին կարծես, այլ՝ աւելի ինքնապահպանողական շատ զօրաւոր ոգիի մը արտայայտութիւնը։

Այս բոլորին հետ մէկտեղ միշտ հետաքրքրական են վկայութիւնները հին ու նոր օտար պատմիչներուն, որոնք բան մը ըսած են հայոց վերաբերմամբ։

Շահեկան են մանաւանդ հիները, Քսենոփոն, Հերոդոտոս, Ստրաբոն եւ նորերէն Մոմզէն, Թէոտոր Րէյնաք, մասնաւորաբար անգլիացի Հ. Ֆ. Բ. Լինչ, որուն «Արմենիա» անուն պատկերազարդ եւ քարտիսաւոր երկահատոր հսկայ գործը չքնաղ յիշատակարան մըն է հայ կեանքին համար։ Մոմզէն մասնաւորաբար կը զբաղի Տիգրանով եւ՝ կը դատափետէ զայն՝ արեւմտեան քաղաքակրթութեան դէմ մարտնչող իր ոգիին համար, գեղեցկօրէն նկարագրելով միեւնոյն ատեն Հայաստանն ու պետութեան փառքը։ Քսենոփոն . Ա. 435-359) Սոկրատի աշակերտներէն է եւ զօրավար, որ իր «Անաբազիս» («Արշաւանք») անուն գործին Դ. մասին մէջ գլխաւորապէս կը նկարագրէ հայերը՝ Պարսկաստանի արշաւանքէն դարձած ատեն Հայկական նահանգները հանդիպած ըլլալով։ Քսենոփոնի տուած տեղեկութիւնները, թէեւ քանակով քիչ, բայց որակով շատ թանկագին են, վասնզի Խորենացիին պակասն է որ իրմով կը լրանայ։ Արժէքաւոր են նոյնպէս Հայոց առեւտուրին, վաճառականութեան եւ առհասարակ արեւելքի քաղաքակրթութեան մասին տուած տեղեկութիւնները յոյն նշանաւոր պատմիչներէն մէկին, Հերոդոտոսի (484-420)։ Թէոտոր Ռէյնաք մասնաւորապէս ծանրացած է Մեծն Տիգրանի եւ Միհրդատի գործերուն վրայ եւ ամեն գինով ջանացած է պզտիկցնել Տիգրանը, զայն ներկայացնելով բռնապետական ստոր տիպար մը, եւ անարգել հայ ժողովուրդը, հակակրելի տարր մը ճանցնելով զայն։ Անշուշտ ասոնցմով չըլմննար շարքը օտար դէմքերուն, որոնք հետաքրքրուած ըլլան հայերու կեանքով, պատմութեամբ ու քաղաքակրթութեամբ։ Այնու ամենայնիւ քննութեան առարկայ դարձնելով հայ եւ օտար պատմաբանները, որոնք հայ կեանքին հետեւած են, եւ ուսումնասիրելով քաղաքակրթութեան Պատմութիւնը, մենք շատ դիւրաւ պիտի որոշենք Հայուն կատարած դերը Քաղաքակրթութեան Պատմութեան թատերաբեմին վրայ։ Հին պատմութիւնը մանաւանդ մեծ ատաղձ չտար այս մասին. բայց Քրիստոնէութենէն վերջ աղբիւրները կը բազմապատկուին։

Օտարազգի հին հայապատում պատմիչներուն գլուխը կը կենայ անշուշտ Մար-Իբաս Կատինա, որ գլխաւորագոյն աղբիւրն ու հերոսն է Խորենացիի գործին։ Ամենէն աւելի անոր Նինուէէն բերած պատմութիւնն է որ մեր պատմահօր հիմը կազմած է, եւ հետեւաբար ալ Խորենացիին հետ բնականօրէն պէտք է քննադատուէր Մար-Իբասն ալ, իբրեւ շինծու ենթադրական անձնաւորութիւն մը, յօրինուած Խորենացիին կողմէ՝ իր պատմական գործին արժէքը բարձրացնելու համար։ Յոյն, Հռովմէացի, Արաբ եւ Ասորի պատմիչներ ալ գտնուած են, որոնք Հայոց պատմութեան վերաբերեալ ինչ ինչ ակնարկութիւններ ըրած են։

Քրիստոնէութենէն վերջ Հայոց Պատմութիւնը կ’ունենայ բնիկ պատմիչներ, որոնք բաւական ճշգրիտ տեղեկութիւններ կուտան։ Ասոնց ամենագլխաւորներն են Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, Կորիւն, Յովհան Մամիկոնեան, Ղեւոնդ Երէց, Շապուհ Բագրատունի, Թովմա Արծրունի, Արիստակէս Լաստիվերտցի, Սամուէլ Երէց, Վարդան վարդապետ, Հեթում պատմիչ, Առաքել Դավրիժեցի եւայլն։ Ազգային պատմիչներու ցանկը հսկայով մը կըսկսի կարելի է ըսել, Խորենացիով, եւ հսկայով մըն ալ կը վերջանայ, վերջին երկու դարերու երկրորդական դէմքերը հաշիւի չառնելով։ Հ. Միքայէլ Չամչեանն է այդ նորագոյն հայ Խորենացին, Վենետիկի Մխիթարեաններէն հոյակապ դէմք մը, որ եռահատոր երկարաշունչ գործի մը մէջ խտացուցած է մինչեւ իր ժամանակի պատմիչներուն տուած տեղեկութիւնները։ Քննական պատմութիւնն իր ըսելիքներն ունի անոր համար, որովհետեւ գիտական եւ քննական ոգիէ զուրկ է Չամչեան, եւ, ինչ որ ամենէն դատապարտելին է, կաթոլիկ եւ միակողմանի հայեացքով գրած է իր գործը, սակայն եւ այնպէս միակ աշխատութիւնն է, որ դարերու պատմութիւններն ու պատմիչներն իր մէջ կ’ամփոփէ։ Այս առթիւ Ալիշանը մոռնալ ոճիր էր։ Քննական պատմութեան առաջին փորձն ըրած է մեր մէջ Ա. Մ. Գարագաշեանը, որուն քառահատոր Քննական Պատմութիւնը եթէ գիտութեան խղճամիտ ներկայացուցիչը չէ, գէթ գնահատելի անդրանիկ փորձ մ’է։

Օտար պատմիչներու մասին խօսուած ժամանակ կ’արժէ յիշել թէ՝ շնորհիւ Լեզուաբանութեան եւ Հայագիտութեան, վերջին դարերու մէջ այլ եւ այլ գիտուններ եւս հետաքրքրուած են հայերու անցեալով ու ներկայով։ Մեր Նախնեաց Մատենագրութեան մէկ մասին օտար լեզուներու թարգմանուիլը նոյն բանը կ’ապացուցանէ արդէն։ Այսպէս, Վիքթոր Լանկլուա, Էտուարտ Տիւլորիէ, Սէն-Մարդէն, Բէտէրմէն, Ֆրէտ. Միւլլէր, Ն. Մառ, Բրոֆ. Հիւպշման, Բրոֆ. Մէյեէ եւայլն թանկագին ծառայութիւններ մատուցած են Հայ Պատմութեան՝ մէկ կողմէ լեզուն ուսումնասիրելով եւ միւս կողմէ Հայ Պատմութիւնը ճանչցնելով Եւրոպայի։

Հին բեւեռագիրերն ալ իրենց շահեկանութիւնն ունին Հայոց Պատմութեան տեսակէտով։ Գիտութեան վերջին խօսքն այն է որ ասոնք կը բաղկանան 400ի չափ տառերէ։ Հայաստանի մէջ Ոսկեդարէն առաջ բեւեռագիրեր կային՝ ասուրերէն, հին պարսկերէն, շօշերէն, բաբելոներէն եւայլն։ Սակայն ասոնց մէկ մասն անընթեռնլի մնաց։ Աքամեմեան թագաւորներու կողմէ գրուածները, ինչպէս նաեւ ուրիշներ Հայոց մասին ակնարկութիւններ ըրած են, խօսելով մեր Նախնական Հայրենիքին, Ուրարտուին կամ Ուրաշտուին նկատմամբ։