Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XIV
Յեղափոխական շարժումը՝ հետեւանք մտաւորական վերածնութեան. Եւրոպական յեղափոխութիւնները. Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը. Սահմանադրութեան եւ ժողովրդապետութեան ձգտում. Ապստամբ Պալքանը. Յունաստանի ըմբոստացումը. Նաւարինի ճակատամարտը եւ Յունաստանի անկախութիւնը. Հայոց արեւմտեան լուսամիտ գաղափարներու ընդունակութիւնն ու Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը։

Աշխարհին այն մասը, ուր վերջին դարերու մէջ ամենէն հսկայ յեղաշրջութիւնները գործուած են, Եւրոպան է։ Մարդկային քաղաքակրթութիւնը, մանուկ տակաւին, Եգիպտոսէն անցաւ Յունաստան, անկէ Հռոմ, եւ հոն երիտասարդանալով՝ տարածուեցաւ Եւրոպայի մէջ ամէն կողմ։ Նոր Աշխարհը, որ աշակերտն էր քաղաքակրթութեան մէջ, աշակերտը՛ եղաւ նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ։

Հռովմէական կայսրութեան անկումէն վերջ Միջին Դարու հազարամեայ շրջանին մէջ, Եւրոպայի քաղաքակրթական հոսանքը կանգ առաւ կարծես եւ ամբողջ մարդկութիւնը, որ կ’ապրէր այդ ցամաքին վրայ, թաղուեցաւ թմբիրի մը մէջ, թանձր խաւարի ու տգիտութեան տիրապետութեան ներքեւ։ Կարելի չէր որ այս վիճակը շարունակէր եւ աւատապետութիւնը աւելի երկար ատեն դիմանալու յաջողէր։ Պէտք էր ցնցում մը, զօրաւոր յեղաշրջութիւն մը, որպէսզի փշրուէին բոլոր կաշկանդիչ կապանքները եւ մարդկային իմացականութիւնը նոր թռիչ մը առնելով՝ նոր թափով մը պոռթկար, պայծառ ու գունագեղ։ Վերածնութիւնն էր ատիկա, ԺԵ. եւ ԺԶ. դարու իմացական մեծ յեղաշրջութիւնը, որ ծնած Իտալիոյ մէջ, սլացած էր ամեն կողմ, եւ կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ տիրապետած էր բոլոր միտքերուն՝ Եւրոպայի Ոսկեդարը պատրաստելով, զանազան գիւտերու յայտնութիւնը հռչակելով, գեղարուեստական հրաշալիքներ արտադրելով եւ գիտութեան ու լուսաւորութեան տաճարներ կանգնելով։ Վերածնունդի Դարը, ինչպէս կոչուեցաւ իմացական յեղաշրջութեան այս շրջանը, ուրիշ բան չէր՝ բայց եթէ Եւրոպական Միտքին արի յայտնութիւնը։ Ուսում, գիտութիւն եւ գեղարուեստ ունեցան հսկայական զարթօնք մը։ Յունական եւ հռոմէական քաղաքակրթութիւնը յարութիւն կ’առնէր ահա՝ աւելի՛ ուժեղ, աւելի՛ կենսալից եւ աւելի՛ վճռական։ Մտաւոր այս վերազարթնումը կ’արշաւէր անմիջապէս կրօնական աշխարհին մէջ, կ’ազատագրէր մարդը խղճի բռնաբարութենէն, նախապաշարումներու եւ աւելորդապաշտութիւններու աւերիչ ըմբռնումներէն ու կղերին բռնակալութենէն։ Կրօնական յեղափոխութի՛ւնն էր այս երկրորդը, յաջորդող իմացական յեղաշրջութեան, որ կը քանդէր, կը ջախջախէր հաւատաքննութիւնը եւ անոր տեղ կը դնէր խղճի ազատութիւնը։ Եկեղեցին կը բարեկարգուէր եւ պապական կղերը կը ջլատուէր իր սոսկալի կամայականութիւններուն մէջ։ Իմացական եւ կրօնական աշխարհներուն մէջ վառող յեղաշրջիչ այս ոգին շատ բնականօրէն պիտի գար քաղաքական կեանքը հրդեհել եւ իրաւանց հաւասարութիւն հռչակելով՝ քաղաքացիին պարտքերու եւ իրաւունքներու սահմանը ճշդել։

Բայց ո՞ր ժողովուրդին վիճակուած էր քաղաքական յեղափոխութեան փառքը։ Իտալիան՝ իմացական վերածնութիւնը ստեղծած էր, Գերմանիան՝ կրօնական բարեկարգութիւնը, Ֆրանսա՛ն ալ պէտք էր ջահակիրն ու ռահվիրան ըլլար քաղաքական յեղափոխութեան։ Ուստի պայթեցաւ 1789ի Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութիւնը, որ ուրիշ բան չէր, բայց եթէ ԺԵ. դարէն սկսեալ Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած իմացական եւ կրօնական յեղաշրջութիւններուն բնական հետեւանքը, որ իր անմիջական ազդեցութիւնն ըրաւ ֆրանսական կեանքին վրայ, քանդեց բռնապետութիւնը, ժողովրդական հիմունքներու վրայ դրաւ Ֆրանսայի պետական կազմը եւ մեծագոյն ազդակը դարձաւ Եւրոպայի քաղաքական ըմբռնումներու յեղաշրջութեան։ Կ’արժէ համառօտակի վեր հանել Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան ինչութիւնը։ Երեք պատճառներ տեղի տուին անոր. 1) Քաղաքական, 2) Ընկերային եւ 3) Տնտեսական։ Ֆրանսական Յեղափոխութեան քաղաքական պատճառն էր բռնապետութիւնն ու ժողովրդային իրաւունքներու բռնաբարումը։ Ընկերային պատճառն էր՝ դասակարգերու գոյութիւնն ու դասակարգային խտրականութիւնը։ Իսկ տնտեսական պատճառն էր աւատականութեան, կղերին առանձնաշնորհումներուն եւ վեհապետներու բռնակալութեան հետեւանքով ժողովրդային խոնարհ դասակարգերու վերջին ծայր թշուառութեան մատնուիլն ու հարստահարութեան ենթարկուիլը։ Այս յեղափոխութիւնը թէեւ Ֆրանսայի մէջ պայթած, այսուհանդերձ առաջացած էր այնպիսի պայմաններէ, որոնք ընդհանուր Եւրոպայի մէջ ժողովրդային դժգոհութիւններու եւ իրաւացի պահանջներու ծնունդ տուած էին։ Ուստի շուտով քաղաքական այս հրդեհը ծաւալեցաւ։ Ի՞նչ տուաւ Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութիւնը ֆրանսացի քաղաքացիին։ Անիկա քանդեց բռնութեան կոթողը, Պասթիյլը, ջնջեց աւատականութիւնը եւ տուաւ ժողովրդային վեհապետութեան սկզբունքները, ինչպէս.

1. Ժողովուրդին կամքին գերակշռութիւնը.

2. Քաղաքային հաւասարութիւն.

3. Տուրքերու հաւասարութիւն.

4. Մամուլի, խօսքի, խղճի, գումարումներու եւ աշխատութեան ազատութիւն.

5. Անձեռնմխութիւն անձի եւ բնակարանի.

6. Դատական կազմակերպութիւն.

7. Կղերին կամայականութիւններուն սանձումը.

8. Ելեւմտացոյցի բարւոքում։

Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութիւնը իր ժողովրդապետականութեան հաւասարութեան եւ ազատութեան գեղեցիկ սկզբունքներով՝ շրջան ըրաւ բոլոր Եւրոպայի մէջ եւ ամեն տեղ մարդկային բանական իրաւունքներու փառաբանութեան երգը հնչեցուց։ Բոլոր աշխարհ իր աչքերը յառեց Ֆրանսայի եւ որդեգրեց անոր այս արդար սկզբունքները։ Վեհապետներ ցնցուեցան, խարխուլ զգացին իրենց գահը եւ պահ մը փորձեցին միացեալ ոյժերով սաղմին մէջ իսկ խեղդել այս արթնցած վիշապը։ Բայց ի՞նչ օգուտ։ Միտքը, գաղափարը՝ սահման, պատուար եւ այլն չեն ճանչնար։ Ժողովրդային բուռն հոսանքին տեղի տալէ եւ քաղաքական ազատութեան գաղափարին հետ հաշտուելէ զատ ուրիշ ճամբայ չկար։ Այս հիանալի սկզբունքները ցնցած էին նաեւ իրենց անկախութիւնը կորսնցուցած եւ գերութեան շղթաներով կապկապուած ազգութիւնները։

Ու Հարաւային Պալքանը ապստամբութեան դրօշը պարզեց։ Յունաստանն էր որ կռիւ յայտարարած էր Օսմանեան բռնակալութեան դէմ։ Օսմանեան պետութիւնը կը գտնուէր քաղաքական անգոհացուցիչ շրջանի մը մէջ։ Սուլթան Սէլիմ Գ. զուր տեղը կ’աշխատէր միջոց մը գտնել, եէնիչէրիներու բանակը ջնջելու։ Ինք փափաքող բանակին բարւոքումին ու կարգապահութեան, ըմբռնած էր եէնիչէրիներու գունդին յոռի ազդեցութիւնը երկրին ճակատագրին վրայ. եւ սակայն անկարող եղաւ բան մը ընել եւ գահընկէց եղաւ։ Սուլթան Մահմուտը, որ հաստատամիտ եւ ժողովրդասէր էր, թէե՛ւ փորձեց ջնջել եէնիչէրիութիւնը, բայց վրայ տուաւ իր վէզիրը՝ Մուսթաֆա փաշա։ Հակառակ իր բարի ցանկութիւններուն, որովհետեւ պետութեան մէջ ընդհանուր կացութիւնը գոհացուցիչ չէր, եւ բաղկացուցիչ ազգութիւնները գոհ չէին օրուան րէժիմէն, ուստի ներքին ապստամբութիւնները ծայր տուին։ Նախ Արաբիոյ վահապիները զբաղեցուցին զինքը, ապա յաջորդաբար Սերպիան ու Ալպանիան ապստամբեցան։ Տէփէտէլէնլի հռչակաւոր Ալի փաշան էր Ալպանական ապստամբութեան ղէկավարը, որ յետոյ երեք ամիս Խուրշիտ փաշայի դիմադրելէ վերջը սուրը քաշեց եւ իր շուրջիններէն շատերուն հետ՝ ինքզինքն ալ սպաննեց (1822)։ Փոթորիկը ծայր տուաւ Մօրայի մէջ, ուր Յոյները մեծ պատրաստութեամբ ապստամբեցան եւ 150ի չափ նաւերով սկսան Արշիպեղագոսի եւ Միջերկրականի մէջ ասպատակել, թրքական նաւերը գրաւել, այրել եւ անոնց նաւաստիները սպաննել։ Սուլթան Մահմուտ Զատկին օրը կախել տուաւ Յունաց Պոլսոյ պատրիարքը, իբրեւ պարագլուխ։ Ասիկա զայրացուց յոյները, որոնց ապստամբապետներն էին Իփսիլանտի, Կանտակուզէնոս, Մավրօ-Միխալի, Մավրօ-Քօրտաթօ եւայլն, եւ կ’ապաստանէին Մոլտավիա եւ Վալաքիա։ Ահռելի կռիւներ տեղի ունեցան ծովու եւ ցամաքի վրայ։ Օսմանցիք Քիոսն առին եւ 50, 000ի չափ բնակիչ ջարդեցին։ Ցամաքին վրայ ալ ապստամբները զարկին եւ տիրեցին Կորնթոսի, Նաւարինի եւ Արկադիոյ։ Յոյները պարտաւորուեցան նաւերը քաշուիլ եւ այրել Գարա Մէհէմմէտ փաշայի տորմիղը։ Ասոր վրայ Սուլթանը ահագին բանակ մը յանձնեց Րէշիտ փաշային, որ Ելլադայի ու Մօրայի շատ մը քաղաքներուն տիրեց եւ յոյները պարտութենէ պարտութիւն մղուեցան։ Վերջին տռամը Միսոլոնկի բերդաքաղաքին շուրջն էր։ Սա դիմադրեց մինչեւ 5 ամիս եւ ապա երբ Օսմանցիք քաղաք մտան, քիչերը գտան, որոնք վառօդի տակառներուն կրակ տալով դիւցազնաբար նահատակուեցան (1826 Ապրիլ 19)։ Միսոլոնկիի քաջերուն հետ սրտին ցաւէն մեռաւ նաեւ Լօրտ Պայրըն, որ իբրեւ կամաւոր Անգլիայէն օգնելու եկած էր։

Այս յաջողութիւններուն վրայ Սուլթան Մահմուտ ջնջեց եէնիչէրիները՝ Գարա-Ճէհէննէմ Մուսթաֆա փաշայի միջոցաւ։ Այս նշանաւոր գործը Օսմանեան պետութեան պատմութեան մէջ մեծ թուական մը կը գրաւէ։ Սուլթան Մահմուտ հոս զբաղած՝ Յունական խնդիրը իր վիճակին մէջ թողուց։ Անգլիա, ի հեճուկս Ռուսիոյ, որ այդ պատրուակով կ’ուզէր Թուրքիոյ գործերուն միջամտել, միացած Ֆրանսայի հետ՝ առաջարկեց Սուլթան Մահմուտի՝ իրենց յանձնել Յունական խնդիրին կարգադրութիւնը, բայց երբ մերժուեցաւ, դաշնակից տէրութեանց նաւատորմը Նաւարին գնաց եւ Օսմանեան 40 նաւեր այրելէ վերջ մնացեալը ցիր ու ցան ըրաւ (1827)։ Սուլթան Մահմուտ զայրացած՝ ո՛չ միայն չվերջացուց խնդիրը, այլ եւ՝ պատերազմ հրատարակեց անոնց դէմ։ Անգլիական ու ֆրանսական տորմիղներու Յունաստանի ջուրերուն մէջ գործած ատեն, Ռուսիոյ բանակ մ’ալ Եւրոպայէն ու Ասիայէն յարձակում գործեց։ Սուլթան Մահմուտ ստիպուած՝ կնքեց Էտիրնէի դաշնադրութիւնը (1829), եւ տարի մը վերջ ալ Յունաստանը անկախ հռչակուեցաւ՝ ինը տարի արիաբար իր ազատութեան համար կռուելէ վերջը։

Ֆրանսական յեղափոխութեան արձագանգը երբ այսպէս կը շառաչէր ամէն կողմ, անկարելի էր անշուշտ որ մուտ չգտնէր Հայոց մէջ։ Հայ ժողովուրդը, իբրեւ արեւմտականութեան ընդունակութիւններով օժտուած ցեղ մը, իր ճնշուած վիճակին մէջ, բնականօրէն պէտք է ըմբռնէր մարդկային իրաւունքներու ճանաչողութեան վերաբերեալ այս գեղեցիկ սկզբունքները եւ որդեգրէր անոնց ոգին։ Սկիզբէն ի վեր արեւմտականութեան ախոյեան, Հայ ցեղը կը սկսէր պատմական դերի մը մէջ մտնել նախանձախնդիր որ Ասիոյ մէջ նախ ինքը ըլլար ըմբռնող այդ ճշմարտութիւնները եւ ապա փոխանցող ուրիշներուն։