Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XIX
Հայկական Հարցը եւ զայն ստեղծող պայմանները. Իսրայէլ Օրի եւ իր քաղաքական ծրագիրը. Դաւանափոխութեան մեթոտը՝ Հայկական ազատութեան համար. Պարսկահայկական խնդիրը Տաճկահայկական խնդիր կը դառնայ. Հայկական Հարցին դիւանագիտական վերջին շրջանը. Հայկական Յեղափոխութիւնը եւ իր պատճառները. Ազգային գործիչներ. Օտար պետութեանց միջամտութեան հաւատքը։

 

Հայկական խնդիրը, որ վերջին երեսնամեակին մէջ միայն միջազգային կարեւորութիւն ստացաւ, նոր խնդիր մը չէ ուրեմն, այլ՝ Արեւելեան հարցին մէկ երեսը միայն։ Արուեստական պայմաններ անկարելի է որ յաջողէին ծնունդ տալ այսպիսի խոշոր գործի մը, եթէ զայն ստեղծելու համար բաւարար պատճառներ գոյութիւն չունենային։ Հայկական Հարցը ստեղծուած էր ինքնին այն օրէն, երբ Հայ ժողովուրդը իր բաղդը կորսնցուցած՝ կ’ողբար իր գահին ու փառքին վրայ, երբ իր բոլոր ընդունակութիւններն ու կենսունակութիւնը կը սկսէր փճացնել կիսավայրենի ու բարբարոս ցեղերու խուժդուժ արշաւանքին ու սոսկալի հալածանքին մէջ, երբ փառաւոր անցեալի մը եւ քաղաքական ինքնուրոյն կեանքի մը յաւէտ սխրալի յիշատակը կար իր պատմութեան մէջ։

Օսմանօ-պարսկական արշաւանքներէն վերջը, երբ Հայաստանի կարեւոր մէկ մասը անցած էր Պարսիկ Շահերու ձեռքը, եւ անոնց սահմաններուն մէջ բնակող Հայ ժողովուրդը կրօնական ու տնտեսական հալածանքի մէջ կ’ապրէր, Հայկական Հարցին առաջին վարագոյրը բացուած էր արդէն։ Իսրայէլ Օրի, որ ինքզինքը կը դաւանէր ազնուատոհմ, Պարսկահայոց ազատութեան գաղափարն ունեցած էր եւ ուրուագծած քաղաքական ծրագիր մը, որ թէեւ չգործադրուեցաւ, բայց եւ այնպէս ուղի մը գծեց, որուն հետեւեցան շարք մը եկեղեցականներ եւ քաղաքական գործիչներ։ Իսրայէլ Օրիի հետապնդած նպատակն էր Հայ Կղերը համոզել, հռովմէական դաւանանքն ընդունիլ տալ Հայ ժողովուրդին, եւ ապա՝ հայ մէլիքներու միջոցաւ ապստամբութիւն մը ստեղծելով՝ Եւրոպական պետութեանց միջամտութիւնն հրաւիրել եւ Պարսկաստանի լուծին տակ հեծող հայերը ազատագրել։ Եւ որովհետեւ Պարսկաստանի մօտիկ, դրացի եւ իր անմիջական ազդեցութեամբ ուղղակի միջամտութիւններ ընելու կարող ամենայարմար պետութիւնը Ռո՛ւսիան էր, ուստի Օրիի մտահոգութիւնն էր «Հիւսիսի Արծիւ»ին ստանձնումը Հայկական Հարցի լուծման։ Իսրայէլ Օրի հետապնդեց իր քաղաքական ծրագիրը, անոր իրագործմանն համար մեծամեծ զոհողութիւններ յանձն առաւ, Եւրոպական արքունիքները շրջեցաւ, Ռուսական Պետութեան բարեացակամութիւնն ապահովեց, ապա միեւնոյն ծրագրին համար Պարսկաստան գնաց եւ վերջապէս մեռաւ՝ առանց տեսնելու իր փայփայած գործին արդիւնքը։ Գտնուեցան իրեն յաջորդներ, որոնք հաւատարմօրէն աշխատեցան Հայկական Հարցին համար եւ սակայն ձեռք բերուած շօշափելի արդիւնքն այն էր որ Ռուս Պետութիւնը, հակառակ իր խոստումներուն ու յանձնառութիւններուն, յուսաբեկ կը թողուր հայերը՝ ո՛չ միայն իրենց ակնկալութիւններո՛ւն մէջ, այլեւ պատերազմի դաշտին վրայ։

Տարիներ անցան, թրքօ-պարսկական պատերազմներ տեղի ունեցան, Հայաստանի մեծագոյն մասը անցաւ տաճկական կառավարութեան ձեռքը եւ հայկական ազատագրութեան միտքը փոխեց իր գետինը, կեդրոնանալով Օսմանեան տիրապետութեան սահմաններուն մէջ, երբ մանաւանդ հետզհետէ բաղդատաբար հաստատուն վիճակ ստեղծուեցաւ։ Իսրայէլ Օրի, իր քաղաքական ծրագրին գործադրութիւնը հետապնդած ժամանակ, խոհեմութիւնն ունեցած էր լոկ Պարսկահայոց ազատութեան խնդիրը ներկայացնելու Եւրոպական արքունիքներուն եւ երբեք չխառնելու Տաճկաստանի Հայոց գործը՝ Պարսկաստանի հայոց հարցին հետ, որպէսզի երկու թշնամիներ չունենար հայութիւնը, բայց ի վերջոյ, աշխարհագրական սահմաններու փոփոխութեամբ՝ իրաց կացութիւնը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան եւ Տաճկահայոց ազատագրութեան Հարցը ձուլուեցաւ նոր ձեւով եւ նո՛ր կաղապարով։

Օսմանեան Պետութեան առաջին տիրապետական շրջանին մէջ, շլմորած հպատակներ ո՛չ իսկ կրնային մտածել այդպիսի քաղաքական հարցերու վրայ, եւ, պէտք է խոստովանիլ արդէն թէ տաճկական լուծը աւելի՛ հանդուրժելի կրնար նկատուիլ քան պարսկականը, սակայն երբ Օսմանեան Պետութիւնը, իր ներքին աստիճանական կազմալուծման հետեւանքով մեծամեծ ձախողանքներ, պարտութիւններ կրեց եւ տակաւ առ տակաւ ինքնամփոփումի եւ ինքնապաշտպանութեան ուղղութիւնը որդեգրեց, ահա ճնշուած ժողովուրդներ սկսան մտածել իրենց ճակատագրին դառնութեանը վրայ։ Հետզհետէ աճող դժգոհութիւնները կը կուտակուէին իրարու վրայ եւ հարստահարուած տարրեր անկում եւ փճացում միայն կը տեսնէին ամեն կողմ, Տաճկաստանի մէջ։ Գահավէժ կերպով իրարու յաջորդող դէպքեր կը ցնցէին ամբողջ երկիրը եւ Եւրոպայի ազդեցութիւնը կը շեշտուէր Օսմանեան Պետութեան քաղաքական ու տնտեսական կեանքին մէջ, ու Հայկական Հարցին դիւանագիտական նոր շրջանը կը բացուէր միջազգային դաշնագրութիւններով, որոնք Սան-Սթէֆանօի ու Պերլինի մէջ «Հայկական Իրաւունք»ներու տարտամ սահմաններ մը կը ճշդէին իբր թէ։ Անզօր դարձած այդ դաշնագրութիւններն ու յօդուածները, որոնք իրարու ետեւէ կուգային կաշկանդել անկման եզրը, մօտեցած «հիւանդ» պետութիւնը, «մեռեալ տառ» մնացած էին թուղթերու վրայ միայն, մինչ անդին բիրտ իրականութիւնը կար Հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ՝ ահռելի ու սպառնական շարունակ։ Փայլուն խոստումներ էին ամենն ալ, որոնց գործադրութիւնը չէր տեսնուեր։ Ժողովուրդի մը թանկագին հաւատարմութիւնը կար շահագործուած, փոխադարձուած ու վարձատրուած մանաւանդ օրէ օր մեծ համեմատութիւն առնող հալածանքներով, հարստահարութեամբ եւ անխիղճ բռնաբարումներով, որոնք ամենէն խորունկ համբերութիւնն իսկ կ’ընդհատեն։ Յայտնի է որ դիւանագիտօրէն կարելի չէր լուծել այս կնճիռը։ Խաղաղ միջոցը ո՛չ մէկ ստիպեցնող ոյժ կը ներկայացնէր Օսմ[անեան] կառավարութեան համար։ Բիրտ ոյժը, զէնքի ո՛յժն էր միայն որ կրցած էր ուղղութեան բերել Պալքաններու կեանքը։ Աղաչանք, աղերսանք ամենեւին չէին ազդեր թուրք բռնապետութեան։ Երէկ, Եւրոպական համաձայնութեան սպառնալիքին ներքեւ Հայը շողոմող կառավարութիւնը, այսօր երբ երկրին բաժանման վտանգն անհետացած էր այլեւս ժամանակուան մը համար գէթ, մոռցա՛ծ էր ամեն ինչ, ամեն տեսակ խոստում ու յանձնառութիւն։ Ի՞նչ պէտք է ըլլար հարկաւ ասոնց ամենուն անխուսափելի հետեւանքը։ Շարժում եւ ուժեղ պահանջ։

Ու՝ փակուելով Հայկական Հարցին վերջին դիւանագիտական շրջանին վարագոյրը, ստեղծուեցան նոր կացութիւն մը, մտքի տարբեր ու նոր հոսանքներ, կարմիր ճամբայ մը եւ կռիւի ասպարէզ։ Հայկական Յեղափոխութեան դիցանոյշը ծնաւ, իր հետ բերելով Հայկական Պատմութեան ոսկի էջերը, ուր ապագայ սերունդը պիտի կարդայ ցեղին ըմբոստութեան պատկերն ու աւետարանը։

Հայկական Յեղափոխութեան պատճառները բազմատեսակ էին։ Յիշե՛նք գլխաւորները։

1. Կեանքի, պատիւի եւ ինչքի անապահովութիւն։ Սպանութիւններ եւ աւարառութիւններ։

2. Կրօնական աններողութիւն եւ հալածանք։ Իսլամի ու քրիստոնեայի խտիր։

3. Տնտեսական հալածանք, հարստահարութիւն, հարկահանութեան ամենավատ սիսթեմ։

4. Կառավարչական յոռի կազմ, կաշառակերութիւն, անարդարութիւն եւ դատարաններու անվստահելիութիւն։

5. Մեծ ու պզտիկ բռնակալներու, աւատապետներու, պէյերու եւ աղաներու առանձնաշնորհեալ շահատակութիւններ։

6. Ընդունակութիւններու եւ ազգային կենսունակութեան չարաչար սպաննում։

7. Քաղաքացիական իրաւունքներու բռնաբարութիւն։

Այս պատճառները միացած էին ուրիշ քանի մը զօրաւոր ազդակներու հետ եւ դարբնած էին հայ ժողովուրդին մեծ դիւցազներգութիւնը, աւելի՛ հսկայ քան հին դարերու վիպական պատմութիւնները, աւելի ցնցող՝ քան հայկական մարտիրոսացումի բազմաթիւ էջերը։ Ահա՛ այդ ազդակները.

1. Եւրոպական նոր միտքերու հոսանքը դէպի Թուրքիա։

2. Հայկական ինքնածին յառաջդիմութեան ոգին։

3. Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը.

4. Հայ կեանքին իմացական վերազարթնումը եւ Հայոց արեւելեան ու արեւմտեան Աշխարհիկ Գրականութիւնները։

5. Յեղափոխական շարժումներուն շնորհիւ իրենց ազատագրութեան տիրացած ազգերու օրինակը։

7. Օտար միջամտութեան հաւատքը։

Հայ Միտքին ընդհանուր զարթնումն ու գիտակցութիւնը անհրաժեշտօրէն Հայ ժողովուրդը պիտի դնէր յեղափոխական այն ճամբուն վրայ, ուրկէ անցեր էին Թուրքիոյ հորիզոնէն հեռացող բոլոր ստրուկ ազգեր։ Պերլինի Վեհաժողովէն վերջ միեւնոյն արիւնի ճանապարհն էր որ կը բացուէր այս ժողովուրդին ալ առջեւ։ Ու ազգային գործիչներ, խանդավառուած մանաւանդ օտար միջամտութեան մը հաւատքով, ու գերագրգռուած բռնապետական րէժիմին անհանդուրժելի ստորոգելիքներէն՝ հրապարակ իջած էին հնչեցնելու յեղափոխութեան կոչը եւ անոր կարմիր դրօշին ներքեւ հաւաքելու բոլոր ճնշուած ու կեղեքուածները։ Դարերէ ի վեր բռնակալութեան ծանր շղթաներով կապկապուած Հայ ժողովո՛ւրդն էր ահա որ աչքերը յառած Եւրոպայի, իր ձեռքերը կը շարժէր եւ կը սպասէր որ Յոյնը, Պուլկարը, Սերպիան, Գարատաղը ազատող քրիստոնեայ պետութիւնները շարժում մը ընէին՝ ի նպաստ դարերէ ի վեր արեւմուտքի քաղաքակրթութեան անունով տանջուող ու նահատակուող այս ժողովուրդին։ Երիտասարդ Հայաստանն էր որ ոտքի՛ կ’ելլէր։