Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XXIII
Եւրոպա եւ Հայկական Հարցը. Երիտասարդ թուրքեր եւ իրենց ուղղութիւնը. Բարիզի գօնկրէն. Թուրքիոյ բաժանման հարցը. - Օսմ[անեան] Սահմանադրութեան վերահռչակումը։

Բացատրելու համար թէ ի՞նչ է եղած եւրոպական պետութիւններու վերաբերումը Հայկական Հարցին հանդէպ, նախ անհրաժեշտ է ըսել թէ ի՞նչ կը մտածէր Եւրոպան՝ ընդհանրապէս Արեւելեան Խնդիրին եւ մասնաւորապէս Տաճկաստանի համար, որովհետեւ եւրոպական դիւանագիտութիւնը միեւնոյն աշխարհահայեացքով կը դիտէ իրերը՝ իրենց ընդհանուր երանգներուն մէջ։

Յայտնի է որ Օսմանեան Պետութեան պատմութիւնը երեք շրջաններու կը բաժնուի սկիզբէն մինչեւ հիմա։ Առաջինը 300 տարիի շրջան մ’է, որ Էրթօղրուլէն կը սկսի եւ կը հասնի մինչեւ Վիէննայի պարտութիւնը (1288-1683)։ Այս շրջանին մէջ պետութիւնը տակաւ կը կազմակերպուի, Փոքր Ասիոյ մէջ կը ծաւալի եւ իր շրջանակներուն մէջ ապրող բոլոր ցեղերուն տիրելէ յետոյ՝ կը սկսի յարձակողական-աշխարհակալական ուղղութեան մը մէջ մտնել։ Տաճկական Պետութեան այս զօրացման շրջանին մէջ, երբ իր յարձակումները յաղթութիւններով կը վերջանային, Եւրոպական փոքրիկ տէրութիւնները բոլորովին անկազմ, իրարու հետ անհամերաշխ, յարաժամ վէճերու եւ անհասկցողութիւններու մէջ, անկարող էին մէկ ոյժ, պատկառելի մէկ զօրութիւն առաջ բերել եւ թումբ կանգնիլ Օսմանեան արշաւանքներուն։ Ուստի սարսափահար՝ տեղի կուտային Փոքր Ասիայէն հեղեղող այս բանակներուն առջեւ։ Այս անդիմադրելի հոսանքը, իր աշխարհակալական բուռն արկածախնդրութիւնով, հասաւ Վիէննայի պարիսպներուն։ Առաջին պարտութիւնը հո՛ն էր որ կը կրէր Օսմանեան բանակը՝ Եւրոպայի մէջ։ Հսկան կը պարտուէր ահա, եւ, բոլոր մանր մունր պետութիւններ այնուհետեւ համարձակութիւնը կ’ունենային ետ մղելու Օսմանեան ոյժը։ Շատ չանցած Ռուսական Պետութիւնը կազմակերպուեցաւ եւ առաջ եկաւ խոշոր ոյժ մը, որ միեւնոյն երկրակալական ձգտումները կը մշակէր։ Օսմանեան Պետութեան դիմաց նորանոր ոյժեր կուգային գոյութիւն ունենալ՝ ուստի պէտք էր յարձակողական դիրքէն պահպանողական դիրքի մէջ մտնել։ Այս էր Օսմանեան Պետութեան երկրորդ շրջանը, որ կը սկսի 1683էն եւ կը տեւէ մինչեւ 1815։ Այս շրջանին մէջ արտաքին թշնամութիւնները կը շեշտուէին, եւ միեւնոյն ատեն Թուրքիոյ հակառակորդներուն մէջ կը մտածուէր բաղկացուցիչ ազգութիւններու մասին։ Իսկապէս, Օսմանեան Պետութիւնը, երկիրներու տիրելէն վերջ, ցոյց չէր տար վարչական այն ճարպիկութիւնն ու գիտակցութիւնը, որոնցմով կարելի էր շինարար գործունէութիւն ունենալ եւ պետութեան մեքենան լարուած պահել։ Ընդհակառակը յայտնապէս տկարութեան, փճացումի եւ անկումի նշաններ սկսան երեւնալ պետութեան մարմինին վրայ, որ բանակներով եւ սուիններով միայն պահպանել կարելի չէր այլեւս։ Եկաւ երրորդ շրջանը, 1815էն վերջ, երբ Թուրքիոյ բաղկացուցիչ ազգութիւններն սկսան կենդանութիւն եւ շարժում ցոյց տալ եւ նորանոր մտահոգութիւններ աւելցնել Պետութեան ղէկավարներուն մտքին մէջ, վասնզի իրերու վերջին ծայր աննպաստ երեւոյթներուն մէջ, երբ հետզհետէ կ’աճէին մեծ համեմատութեամբ երկիրը քայքայող արտաքին ու ներքին ազդակները, Օսմանեան Պետութեան կործանումը անխուսափելի կը համարուէր այլեւս, իբրեւ անբուժելի հիւանդ մը, եւ զանազան ծրագրեր կը կազմուէին մեծ պետութեանց կողմէ։ Յայտնի քաղաքագէտ-ընկերաբան Ս. Սապահ Գիւլեան հետեւեալ երեք կերպով կը սահմանէ պետութեանց կողմէ ընդունուած կիսամիջոցները՝ Թուրքիոյ նկատմամբ.

1. Նախապէս ընդհանուր համերաշխութեան գալ իրարու հետ, միանալ եւ ապա բաժանել։

2. Պահպանել Թուրքիոյ գոյութիւնը, երբ կարելի չէր ընդհանուր համաձայնութեան յանգիլ։

3. Օգնել, միջոց տալ նոր զարթնող եւ Թուրքիոյ բաղկացուցիչ մասերը կազմող ազգութիւններու, որ իրենց բուն հայրենի երկիրն ստանան։

Եւրոպական բոլոր պետութիւններ ալ Թուրքիոյ գոյութիւնը չարիք եւ անբժշկելի հիւանդի մը կեանք քաշկռտելը համարելով հանդերձ, գտնուեցան այնպիսի պետութիւններ ալ, որոնք իրենց տնտեսական ու պետական շահերու տեսակէտով՝ բարեկարգուած Թուրքիա մը տեսնելու բաղձանքը մշակեցին։ Այս պետութիւններու մէջ կան Անգլիա եւ Ֆրանսա, որոնք զանազան ժամանակներու մէջ զանազան ճնշումներ ի գործ դրին՝ երկրին մէջ՝ բարենորոգումներ գործադրելու համար։

Համառօտակի քննենք իւրաքանչիւր Պետութեան ընթացքը, Տաճկաստանի վերաբերմամբ, եւ այն ատեն ի՛նքնին պիտի յաջողինք հետեւցնել անոնց իւրաքանչիւրին մեկնակէտը՝ մասնաւորաբար Հայկական Հարցին վերաբերմամբ։

ԱՆԳԼԻԱ. Աւելորդ է ըսել թէ այսօր համաշխարհային քաղաքականութեան գլխաւորագոյն ղէկավարներէն մին Անգլիան է։ Նա առաջ կ’ուզէ՛ր պահպանել Թուրքիոյ գոյութիւնը՝ կլանելու դիտումով։ Եւ իր այդ քաղաքականութիւնով ինչ որ կը յուսար՝ ստացաւ։ Անոր համար այլեւս վտանգաւոր է որչափ թոյլ, նոյնչափ ալ զօրեղ Թուրքիա մը, ուստի անոր քաղաքականութիւնը այլեւս վճռական է եւ յարձակողական։ Նա իր այս քաղաքականութեան հետեւանքով անկեղծ կերպով ձգած է Հայկական Հարցի լուծմանը, բայց անկարող եղած է իրագործել իր ցանկութիւնները։

ՖՐԱՆՍԱ. Այս մեծ ազգին աւանդութի՛ւնն է արդէն ճնշուած ժողովուրդներու զարթնումին ու անոնց ազատութեան օգնելը։ Սա ուրոյն քաղաքականութիւն մ’է, որ անպայման օգտակար էր ֆրանսական շահերուն։ Ուստի իր դիրքն ալ շատ որոշ պիտի ըլլար ազատագրական շարժումներով կռուի ասպարէզ եկող Հայ ժողովուրդի համար ալ։

ՌՈՒՍԻԱ. Այս Պետութիւնը ունի պահպանողական քաղաքականութիւն՝ Թուրքիոյ վերաբերմամբ, այսինքն, նա կ’ուզէ պահպանել Թուրքիան՝ ապագային իրե՛նը դարձնելու յոյսով, օգնել ու հովանաւորել ապստամբ ազգութիւններուն, որպէսզի իր առաջխաղացմանը համար ստեղծուին բարեյաջող հանգամանքներ։ Հայկական Հարցի լուծմանը նա միշտ հակառակեցաւ, վասնզի իր տիրապետական ախորժակը պիտի փախցնէր ինքնավար Հայաստան մը եւ կամ բարեկարգուած երկիր մը։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Սա կը պաշտպանէ Թուրքիոյ ամբողջութեան գաղափարը, մինչեւ որ պէտք եղած կերպով կը զետեղուի երկրին մէջ, ծովային պատկառելի ոյժի կը տիրանայ եւ իր տենչած բաժինները ձեռք կը բերէ։ Հարցը կը փոխուի սակայն, երբ Գերմանիան իր խաղաղ նուաճումները կը լրացնէ։ Այնուհետեւ անո՛ր ալ քաղաքականութիւնը կըլլայ՝ նոյնը։

ԻՏԱԼԻԱ. Պաշտօնապէս Թուրքիոյ ամբողջականութեան պահպանման գաղափարն ունի, սակայն Թարապլուսի գրաւման փորձն ու վերջին պատերազմը ցոյց տուին թէ իր առջի քաղաքականութիւնը սպասողական էր։

ԱՒՍՏՐԻԱ. Պահպանողական միեւնոյն քաղաքականութիւնն ունի նաեւ Աւստրիան, որովհետեւ նա կը մշակէ իր որոշ ծրագիրները՝ Թուրքիոյ վերաբերմամբ։ Նա մինչեւ հիմա դիւանագիտական ճարպիկութեամբ է գործած, որպէսզի խաղաղ միջոցներով առիթէն օգտուի։ Պոսնա-Հէրսէկի կցումը զօրաւոր ապացոյցն է իր քաղաքականութեան։

Եւրոպական Պետութիւններու վերաբերումն ուրեմն, Հայկական Հարցին հանդէպ, պիտի բղխէր ուղղակի իրենց ընդհանուր քաղաքականութենէն։ Եւ յիրաւի, ուշի ուշով քննելով Հայկական Խնդրի բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ Եւրոպական Պետութեանց ցոյց տուած վերաբերումն ու ուղղութիւնը, որոշապէս կրնան նշմարուիլ անոնց քաղաքականութիւնն ու շահերը։

Ո՞ւրկէ ծագում առին Երիտասարդ թուրքերը։ Նոյն ինքն Թուրքիոյ ներքին անգոհացուցիչ կացութենէն եւ Եւրոպական Պետութեանց սպառնական քաղաքականութենէն։ Ֆրանսական կրթութիւնով ու գրականութիւնով սնած սերունդ մը, անխուսափելիօրէն պիտի հետեւէր նաեւ այդ փառաւոր անցեալով օժտուած պատմական ազգի քաղաքական մտքերուն ալ, որոնք արձագանգ գտած էին իրենց մէջ։ Ֆրանսացի քաղաքագիտական գրողներու ազդեցութեան տակ ծնաւ թուրք քաղաքագէտներու խմբակ մը, որ 30ական թուականներուն սկսաւ իր ուշադրութիւնը դարձնել Օսմանեան Պետութեան ընթացքին։ Րաշիտ փաշա գլխաւոր արտայայտիչն էր այդ խմբակին, որուն ձգտումն էր եւրոպականացնել ու զօրացնել Թուրքիան, բաղկացուցիչ ազգութիւնները վերածել մէկ ամբողջութեան եւ մէ՛կ ազգութեան, Օսմանեան, երկիրը վերակազմել եւ վերահաստատել այնպիսի հիմունքներով որ անոր մէջ ապրող այլացեղ եւ այլակրօն ազգեր ապրէին ընդհանուր ներդաշնակութեան մէջ, միեւնոյն ձգտումներով եւ մի՛եւնոյն իտէալներով։ Երիտասարդ թուրքերու առաջին ջանքերը անհետեւանք մնացին, իրականութեան մէջ, բայց հետզհետէ միեւնոյն միտքերը մշակեցին Րաշիտ փաշայի աշակերտները (Ալի Ֆուատ եւ Ճէմալ փաշաները), որոնք յաջողեցան 1856ի Խաթթը Հիւմայունը հրատարակել տալ Սուլթան Ապտիւլ-Մէճիտի, իբրեւ հիմունք Թուրքիոյ բարենորոգման։ Վերջին անգամ Միտհատ փաշան էր որ իր խորհրդակից ընկերներով մշակեց Օսմանեան Սահմանադրութիւնը (Գանունը էսասի), իբրեւ միակ դարմանը Թուրքիոյ ամբողջականութեան պահպանուելուն։ Պատմական ուղղութիւնը փոխուեցաւ տակաւ, Օսմ[անեան] Սահմանադրութիւնը «մեռած տառ» մնաց, Երիտասարդ թուրքեր իրենց ապաստան ընտրեցին արտասահմանը եւ սկսան գործել բանաւոր ու գրաւոր պրօպագանտով։ Երիտասարդ թուրքերու գործունէութեան հիմունքները եղան [1] ։

1. Սուլթան Համիտի գահընկեցութիւնը.

2. Պահպանութիւն Սուլթանականութեան եւ խալիֆայութեան։

3. Հակառակիլ օտար պետութիւններու միջամտութիւնը՝ Թուրքիոյ ներքին գործերուն մէջ, մասնաւորապէս դէմ ըլլալ անոնց միջամտութեանը՝ հայկական, մակեդոնական, կրէտական, արաբական եւ ալպանական շարժումներու պատճառով։

4. Չճանչնալ՝ ո՛չ հայկական եւ ո՛չ ալ մակեդոնական խնդիրներ։ Դէմ ըլլալ ու պայքարիլ բաղկացուցիչ ազգութիւններու շարժումներուն՝ Օսմանեան Կայսրութեան միութեան եւ ամբողջութեան անունով։

5. Պաշտպանել Թուրքիոյ ներկայ ընկերական, կրօնական եւ տնտեսական հաստատութիւնները իրենց ամբողջութեան մէջ։

6. Ներքին քաղաքականութեան տեսակէտով՝ պաշտպանել եւ իրականացնել օսմանականութեան գաղափարը. ընդունիլ քաղաքական բացարձակ կեդրոնացում. ժխտել ամէն տեսակ ապակեդրոնացում։

7. Վերահաստատել Միտհատի Սահմանադրութիւնը, եւ իրենց հեռաւոր ու մօտաւոր իղձերու իրականացումը անոր մէջը տեսնել ու անով առաջ երթալ։

8. Արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտով պաշտպանել Ալճէրիցիները, Թունիզցիները, Մարոքցիները, Պուլկարիոյ, Կրէտէի Կովկասի, Անդրկասպեան երկիրներու եւ Հնդկաստանի մէջ եղող մահմետականները՝ իրենց տիրապետող կառավարութիւններուն դէմ։ Ամբողջ մահմետական աշխարհը մէկ ընտանիքի զաւակ համարիլ եւ անոնց յոյսերու առանցքը դարձնել Օսմանեան Պետութիւնը, եւ այդ հիմունքով ջանալ սերտ յարաբերութիւններ մշակել մահմէտական անկախ եւ կիսանկախ տէրութիւններու միջեւ։

9. Ծանօթացնել Եւրոպացիներուն իսլամութեան բարձր կողմերը եւ մահմէտական քաղաքակրթութիւնը։

Բայց ի հարկէ վերջին ծայր խնդրական է այս հիմունքներուն բաւարարութիւնը՝ Թուրքիոյ բաղկացուցիչ ազգութիւններուն, քանի որ ո՛չ մէկ գոհացում կայ տրուած ազգութիւններու ձգտումներուն եւ ո՛չ ալ ասոնց մէջ նկատի առնուած են ազգերու ցանկութիւնները, գոնէ իրենց պատմա-անհատականութեան ապահովման տեսակէտով։ Մինչդեռ, եթէ բաղկացուցիչ տարրերը վերածնութեան գործին ազդակները կը նկատուին, պէտք էր որ միեւնոյն ատեն անոնց իրաւունքներուն սահման մը ճշդուէր, իբրեւ ազգ՝ Թուրքիոյ ամբողջականութեան մէջ տեղ մը գրաւելու համար։

Երիտասարդ Թուրքերու մղձաւանջը սակայն միշտ արտաքին միջամտութիւնն էր։ Աւելի խաղաղ գործունէութեան կողմնակից՝ կը վախնային որ յեղափոխական որեւէ գործունէութեամբ արտաքին միջամտութիւն կը հրաւիրուի եւ Օսմանեան Պետութեան ամբողջականութիւնը կ’անդամատուի։ Երկար ատեն յամառած մնացին իրենց տեսակէտին վրայ, մինչեւ որ վերջապէս՝ խրախուսուած Գասթէմունիի եւ Կարնոյ 1907ի Թուրք ժողովուրդի շարժումներէն՝ եւ այլեւս յուսահատ թուղթով ու գրիչով միայն պայքարելէ, ստիպուեցան ընդունիլ յեղափոխական գործելակերպը եւ ապա Բարիզի Գօնկրէին մէջ որոշեցին.

1. Տապալել բռնապետական րէժիմը եւ գահընկէց ընել Սուլթան Համիտը։

2. Հաստատել Միտհատեան Սահմանադրութիւնը։

3. Իբրեւ յեղափոխական միջոց՝ ընդունիլ հետեւեալները. Ա. ) Զինուած դիմադրութիւն՝ կառավարութեան քայլերուն, Բ. ) Անզէն դիմադրութիւն՝ քաղաքական եւ տնտեսական գործադուլով, գործադուլ՝ պաշտօնեաներու եւ ոստիկանութեան, Գ. ) Մերժում հարկելու, Գ. ) Պրօպագանտ զօրաբանակին մէջ. Հրաւէր կարդալ զինուորներուն՝ չի՛ քալել՝ ո՛չ ժողովուրդին, ո՛չ ալ յեղափոխականներուն դէմ. Ե. ) Ընդհանուր ապստամբութիւն. Զ. ) Մարտական այլ միջոցներ, համաձայն պարագաներու թելադրութեան։

Մեր նպատակէն դուրս է հոս քննել Բարիզի Գօնկրէին էութիւնը։ Սա ըսենք միայն թէ մինչ արտասահմանի Երիտասարդ Թուրքերը ժխտելով կը ժխտէին որեւէ յեղափոխական գործելակերպ, անդին, երկրին մէջ, Սելանիկի մէջ իսկ կը կազմուէր Ազատութիւն գաղտնի գոմիթէն, որ կանխաւ որեւէ կապ եւ առնչութիւն չունէր արտասահմանի Երիտասարդ Թուրքերուն հետ։ Ի վերջոյ համաձայնութիւն կայացաւ եւ Բարիզի մէջ բնակող Երիտասարդ Թուրք կուսակցութեան անդամներէն Ահմէտ Րիզա Պէյ եւ ընկերները դարձան այդ կուսակցութեան Եւրոպայի գործակալները, պայմանաւ որ ընկերութիւնն ալ անուանուի Օսմանլը իթթիհատ վէ թէրագգը ճէմիյէթի։

Րէվալի մէջ Էդուարտ Է. եւ Նիքօլա Բ. պատմական տեսակցութեան մը մէջ համաձայնեցան Թուրքիոյ բաժանման մասին։ Այս առաջին պատճառն էր Երիտասարդ Թուրքերու շարժման։ Երկրորդ շարժառիթն էր Սելանիկի մէջ դէպքերու գահավիժումը, որ ստիպեց շուտ գործի սկսելու։ Ուստի Նիազի եւ Էնվէր Պէյերը Օխրիտայի կողմերը, Րէսնէի մէջ ապստամբութեան դրօշը պարզելով՝ Սահմանադրութիւն հռչակեցին։ Կեդրոնական կառավարութիւնը թէեւ ասոնց վրայ ոյժ ղրկեց, բայց ապստամբներու վրայ քալող Շէմսի փաշան սպաննուեցաւ զօրականներէն եւ Իզմիրէն բերուած զօրքերն ալ ապստամբներու կողմն անցան։ Սահմանադրական շարժումը շուտով ծաւալեցաւ Րումելիի բանակներուն մէջ, այնպէս որ Կ. Պոլսոյ վրայ քալելու սպառնալիքով Սահմանադրութեան վերհռչակումը պահանջեցին Սուլթանէն։ Յուլիս 10ի գիշերը, նախարարաց խորհուրդը, որ գումարուած էր Սայիտ փաշայի նախագահութեան տակ, այդ կացութենէն փրկուելու համար Սահմանադրութեան հռչակումէն զատ ուրիշ միջոց չգտնելը յայտնեց Սուլթանին, որ զիջաւ վերջապէս եւ հռչակեց Միտհատեան Սահմանադրութիւնը՝ 1908 Յուլիս 10ի գիշերը նոյն իսկ։

Ըստ Երիտասարդ թուրքերու՝ Տաճկաստանը փրկուած էր այլեւս։



[1]            Երիտասարդ Թուրքիա, Ս. Սապահ Գիւլեան, Բարիզ, 1908, էջ 19։