Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եւդոկիոյ Հայոց Բառերը

Յայտնի է թէ համեմատական լեզուագիտութիւնը՝ որ այսօրուան նշանաւոր գիտութիւններէն մին է, անհուն կարեւորութիւն կʼընծայէ իւրաքանչիւր լազուի գաւառաբարբառներու մէջ շատ անգամ պահուած են բառեր, ոճեր, հնչման մասնաւորութիւններ, յատուկ ասացուածներ, առածներ, զրոյցներ, որոնք անգին գանձեր են լեզուագիտական եւ ազգագրական տեսակէտով լեզուաքնին գիտնականներու համար։ Նոյն իսկ գաւառաբարբառներու բոլոր աղաւաղումները՝ զորս սովորութիւն է ա՛յնչափ արհամարհանօք նկատել, նոյնչափ մեծ բանասիրական արժէք ունին, զոր ձեռնհաս անձեր միայն կարող են գնահատել ու անոնցմէ ըստ արժանւոյն օգտուիլ։ Բայց մեզի համար հայ գաւառաբարբառներու ուսումնասիրութիւնն ուրիշ կերպով ալ շահեկանութիւն ունի։ Մեր արդի գրականութիւնը դեռ այնպիսի վիճակի մէջ է, որ չենք կրնար համարիլ թէ կատարելագործեալ գրականութիւն մըն է։ Հիմակուան աշխարհաբարը՝ որով կը գրենք մենք, արեւմտեան Հայերս, իր նախնական նիւթւ գրեթէ ամբողջովին առած է Կ. Պոլսոյ մէջ խօսուած հայերէնէն, եւ ի՛նչչափ ալ յառաջադիմութիւն ըրած ըլլայ գրագետներու շնորհիւ, անշուշտ չկայ մէկը՝ որ չխոստովանի, թէ վերջնական ու միօրինակ ձեւ մը առած չէ. եւ թէ մանաւանդ դեռ կատարելապէս ենթակայ է տիրող ազդեցութիւններու եւ կրցած չէ ստանալ զուտ բնատոհմիկ եւ սկզբնատիպ անկախ նկարագիր մը։ այս տեսակէտով հայ գաւառաբարբառներու ծանօթութիւնն եւ ուսումնասիրութիւնը մեծ օգնութիւն կրնայ ընծայել մեր գրականութեան ճոխացմանն ու զարգացմանը։ Գաւառաբարբառներու մէջ կը բովանդակուին հայերէն սեպհական ճոխ տարրներ, որոնց գոյութեան վրայ իսկ գաղափար չունին մեր գրողներէ շատերը։ Երբեմն գաւառացի ինքնատիպ գրողներու՝ գաւառական սիուն եւ ընտանի բացատրութիւններով եւ գոհար բառերով զարդարուած գրուածքները կարդալով՝ չե՞նք զգար անակնկալի մը հմայքը։ Անոնք մեզի հին հին դարերու մէջ գրուած հէքեաթներու ու հրաշավէպերու պատրանքը կու տան պահ մը, այնչա՛փ նոր ու դիւթիչ կը հնչեն մեր ականջներուն։ Եւ կը զարմանանք թէ հայ լեզուն ա՛յսչափ անծանօթ ճոխութիւններ ունի։

Հայ  գաւառաբարբառներու անծանօթ մնալն է պատճա՝ որ այսօր մեր գրականութիւնը շատ մը նորակերտ բառերով խճողուած է, մինչդեռ այդ բառերէ շատերուն հոմանիշ բուն հայերէն բառերը կան այս կամ յան գաւառաբարբառին մէջ։ Ասկէ զատ՝ մեր գրողները շատ անգամ բուն բառը չեն գործածեր, որովհետեւ չեն գիտեր. այսինքն կը գործածեն անանկ բառեր՝ հոգ չէ թէ չըլլան նորակերտ, որոնք բոլորովին ճշդիւ չեն բացատրեր այն իրը կամ գործողութիւնը զոր կʼուզեն  ակնարկել, մինչդեռ գաւառաբարբառներու մէջ ադոր բուն բառը կայ։ Եթէ լաւ նկատենք՝ լեզուի մը մէջ հոմանիշ բառ գրեթէ չկայ, ո՛րեւէ իր մը կամ գործողութիւն մը կամ վիճակ մը նշանակող տարբեր տարբեր հոմանիշ բառեր՝ այն իրին կամ գործողութեան կամ վիճակին տարբեր մասնաւոր հանգամանքները կը ցուցընեն։ Բայց այս կարգի բառեր շատ անգամ ժողովրդեան բերնին մէջ կամ գրողներու գրչին տակ անխտիր իրարու տեղ գործածուելով՝ վերջիվերջոյ իրենց մասնաւոր առումները կը կորսնցընեն։ Գաւառաբարբառները զարմանալի կերպով ճոխ են այս կարգի առերեւոյթն հոմանիշ բառերով, որոնք սակայն իրարմէ շատ տարբեր առումներ ունին, զորս կրնայ ճշդել եւ զգալ այդ բառերուն ընտելացած գաւառացին միայն։ Արդ եթէ այս տեսակ բառեր ծանօթանան եւ գրական դառնան, անտարակոյս մեր գրականութիւնն անոնցմով նոր ճոխութիւն մը պիտի ստանայ։ Դարձեալ. գաւառաբարբառները կը պարունակեն զուտ հայերէն շատ մը նոր բառերու հետ՝ նաեւ հայերէնի յատուկ խիստ շատ գաւառական ասացուածներ, խօսքի դարձուածքներ, բացատրութեան ձեւեր, որոնք եթէ երեւան բերուին եւ մեր գրականութեան մէջ ընդհանրանան, անշուշտ ադով մեր գրականութիւնը մեծ քայլ մը առած պիտի ըլլայ օտարաձեւութենէ հեռանալու եւ տոհմային նկարագիր մը ստանալու գործին մէջ, որ այնչափ կարեւոր է, որպէս զի գրականութիւն մը իր ինքնուրոյն եւ առանձնայատուկ տեղն ունենայ գրականութիւններու շարքին մէջ, փոխանակ ըլլալու միայն ստրուկ հետեւող եւ խաղալիկ այս ու այն օտար գրականութեան ձեւերուն եւ քմահաճոյքներուն։

Արդ այս քանի մը տեսակէտներով գաւառաբարբառներու ծանօթութեան օգտակարութիւնն անուրանալի ըլլալով՝ այս անգամ մեր բանասէրներու եւ գրողներու ուշադրութեան պիտի ներկայացնենք Եւդոկիոյ Հայոց գաւառալեզուէն քաղուած կարգ մը գաւառական բառեր իրենց նշանակութիւններովը, նոյն բարբառի յատուկ հնչումներեն եւ այլ մասնաւորութիւնները նկատող կարգ մը ծանօթութիւններով միասին։

***

Եւդոկիոյ Հայոց խօսած հայերէնն ստոյգ է որ ուրիշ հայ գաւառաբարբառներու չափ ճոխ եւ բազմերանգ զանազանութիւն չի ներկայացըներ, եւ ընդհանրապէս շատ կը նմանի Կ. Պոլսոյ խօսուած հայերէնին. սակայն սա տարբերութեամբ՝ որ անկէ քիչ մ’աւելի հաւատարմօրէն կրցած է պահել հայ լեզուի հարազատ հնչումներն ու բառերը, եւ մանաւանդ անկէ շա՛տ աւելի հարուստ է գաւառական ասացուածներով ու բառերով։ Այս բառերու ցանկէ առաջ՝ ընդհանուր գաղափար մը տալու համար Եւդոկիոյ գաւառաբարբառին վրայ, աւելորդ չենք համալիր իբր նմոյշ ներկայացնել տեղացիներու բերնէն քաղուած քանի մի մանրավէպեր, տեղական բարբառով։

Ծոյլ հարսը։

Ժամանակին թէմպէլ հարս մը կայ էղեր, ա՛նտար թէմպէլքի տանը հէչօ մէկ գործին չի նէյիր, նէ՛ ուտելիք կ’ եփէ, նէ՛ հաց կ’անէ, նէ՛ լաթ կը վլայ, մինչի անգամ աւլտուք ժողվտուք մը պիլէ չ’աներ էղեր։ Կեսուրը շատ կʼաշխատի քի աս թէմպէլ հարսինը բան բանիլ սորվեցնէ, ըմմա ի՛նչ կʼանէ նէ ֆայտա չʼաներ։ Ճարը հատած օր մը էրկանը կʼըսէ քտ քա՛, էկու սըւիսանկ [1] բան մը անիք, ես օտան աւլելու ատենս դուն ալ ոտքի ել, աւելը ձեռքէս առնելու էղիր ես պիտʼաւլիմ տէյի, պէքի [2] հարսը աս բանը տեսնելով քեզիմէն կʼամչնայ տէ ինք կʼելլէ կʼաւլէ։ Ասանկ կը խրատուին [3] աղապապա [4] ու կեսուր, ասանկ ալ կʼանեն։ Օր մը կեսուրը օտան աւլելու ատենը՝ հէմէն աղապապան ոտքի կʼելլէ, աւելը կը խլէ, ես պիտʼ աւլիմ ըսելով. կեսուրը աւելը չի տար քա մեղքը չե՞ս մը, մեղայ, հէօչ տեսնուա՞ծ բան է մը քի կնիկ մարդը դրած՝ էրիկ մարդն աւել աւլէ։ Ասանկ՝ ես պիտʼ աւլիմ, դուն պիտʼ աւլես ըսելով աւելը իրարու ձեռքէ քաշքաշելու ատեննին՝ հարսը  անդիէն նստած տեղէն ի՛նչ ըսէ նէ աղէկ. ճանըմ, ինչո՞ւ կռիւ կʼանէք կոր, ասէր մէկերնիդ աւլեցէք, վաղն ալ մէկելանիդ…

Գող պապուկը։

Իրիկուանը մէկը ղարիպ հալւոր [5] պապուկ մը կʼերթայ տան մը դուռը կը զէրնէ։ Դուռը կը բանան։ Պապուկը [6] կʼըսէ քի Ես ղարիպ էմ, ի՛նչ կʼըննայ, ինծի աս գիշեր ներս առէք, թէք ախոռին քէօշէն տեղ մը տուէք, պառկիմ։ Տանը մարդիկն ալ վրան խղճալով ներս կʼառնեն պապուկը, կը տանին  օտան կը նստեցնեն։ Տանը տղաքը կը ժողվուին մարդուն գլօխը. Պապուկ, պապուկ, ի՛նչ կʼըննայ, մեզի հեքիեաթ մը ըսէ տէ մտիկ անինք, կʼըսեն։ Պապուկն ալ Ես հէքիեաթ-մէքիեաթ չեմ գիտեր, կʼըսէ։ Տղաքը նորէն կʼաղաչեն պապուկին քի իլլէ [7] իրենց հէքեաթ մը ըսէ։ Պապուկն ալ ճարը հատած՝ ինչ ըսիմ տէյի մտածելով աչքերը չորս դին պտտցնելու ատենը՝ կը նէյի քի պատը վզի մը օսկի կախուած է, ըռաֆն [8] ալ նորուկ կարմիր բապուճ [9] մը կայ. մէմընալ ախոռէն ջորիի մը խրխնջալու ձանը կը լսէ, Ան ատենը պապուկը տղոցը դառնալով՝ Ես հէքիեաթ-մէքիեաթ չեմ գիտեր ըմմա՝ ձեզի ան մը ըսիմ տէ գիտցէք, կʼըսէ. պատին ճընկըլիկը ծոցիկս, ըռաֆին կարմրուկը տոտիկս, ախոռին քսքսուկը տկուկս, վանկուց [10] պապուկը ո՞ւր կը գտնէ՜ք…։ Տղաքը պապուկին Հէքիեաթնա միտքը չի հասկնալով՝ նորէն նորէն ըսել կու տան ու շատ կը խնդան։ Ասանկով գիշեր կʼըննայ, ամէնքն ալ կը պառկին կը քնանան։ Վանկուց կʼարթննան կʼելլեն, պապուկ կը փնտռեն, պապուկ չի կայ, գնացեր է։ Պատը կը նէյին քի օսկին ալ չի կայ, ըռաֆը կը նէյին քի բապուճն ալ չի կայ. մէմնալ ախոռը կեթան կը նէյին քի ջորին ալ չի կայ…։ Մէր աս պապուկը խաբեբայ գող մըն է եղեր. գիշերանց օսկին, փապուճը, ջորին առեր փախեր է։ Ան վախթը կը հասկնան քի իրիկուան ըսած հէքիեաթին միտքն ալ ադի է էղեր։

Մահէն փախչող մարդը։

Մարդուն մէկը մեռնելէն շատ վախնալով՝ մեռնել չեղած քաղաք փնտռելու կʼելլէ քի անտեղ կենայ տէ չի մեռնի։ Քաղքոց քաղաք շատ տեղեր պտըտելէն վերջը՝ քաղաք մը կը հասնի քի ադ տեղը հէօչ մեռելնոց [11] ըսուածը չի կայ։ Քանի մը մարդու կը հարցնէ քի Աս տեղ մարդ չի՞ մը մեռնիր, ինչո՞ւ մեռելնոց չունիք։ Անոնք ալ կʼըսեն քի Աստեղ մեռնելն ի՛նչ է, մեռելնոցն ի՛նչ է չենք գիտեր. Էյ, աստեղի մարդիկը մինչի վերջը կʼապրի՞ն մը, Չէ մարդու մը վատէն [12] լմնցածին պէս՝ սի դիմացի լեռանը էտեւէն ձան մը ան մարդը անունովը կը կանչէ, անի ալ կʼելլէ կʼերթայ, ա՛լ մէմընալ չի գար, Էյ, ադ մարդը չʼերթայ նէ զօռ [13] մը կա՞յ մը, Չի կայ ըմմա՝ անպատճառ կʼերթայ, Անանկ էնէ ասկի աղէկ տեղ չʼըլլար, ես ֆէս [14] կը կենամ, կանչեն ալ նէ չեմ էրթար։ Ասանկով մարդը փնտռած տեղս գտայ տէյի ադ քաղաքը կը  կենայ։ Շատ ժամանակ անցնելէն վերջը՝ աւուրը մէկը մարդը պէռպէռին խանութը նստած՝ թրաշ ըննալու ատենը՝ մէմընալ լեռանը էտեւէն իր անունը տալով ձան մը զինքը կը կանչէ է՛կո, էկո՛, էկո՛, ըսելով։ Մարդը ցատկածին պէս էրթալու լկ, ըննայ։ Պէռպէռը կʼըսէ քի Ճանըմ, դուն կանչեն ալ նէ չեմ էրթար կ, ըսէիր կոր, ինչո՞ւ ցատկեցիր, Էրթամ տէ նորէն կու գամ, կʼըսէ մարդը, Հէօչ չէ նէ թրաշդ լմնցնիմ տէ վերջը գնա, Չէ, էրթամ տէ հիմա կու գամ։ Ասանկ ըսելով մարդը թրաշը քէսէք [15] կը ձգէ, կʼելլէ, կ, երթայ… տահա պիտի գայ… [16] ։

***

Մեր բառացուցակն սկսելէ առաջ՝ աւելորդ չենք համարիր քանի մը ծանօթութիւններ ալ տալ։

Պէտք է գիտնալ թէ մեր առաջիկայ բառացանկին մէջ ամփոփած ենք Եւդոկիոյ գաւառաբարբառին մէջ գործածական բոլոր հայերէն գաւառական-ռամկական բառերը, կարելի եղածին չափ ճշդելով նաեւ անոնց կազմութիւնն ու ստուգաբանութիւնը, բայց չենք պնդեր անշուշտ թէ ադոնք միա՛յն Եւդոկիոյ յատուկ բառեր են. քանզի անոնցմէ շատերն ուրիշ գաւառաբարբառներու մէջ ալ գործածական են, եւ նոյն իսկ կան բառեր՝ որ ժամանակէ մը ի վեր գրականութեան անցած եւ գրական բառեր դառնալ սկսած են։ Իսկ մեր բառացուցակէն դուրս ձգած ենք թրքերենէ եկամուտ եւ առաւել կամ նուազ հայացած բոլոր բառերը, բաց ի քանի մը կատարելապէս հայացած ձեւերէ։ Նոյնպէս յիշած չենք հայերէն բառերու՝ ժողովրդեան բերնին մէջ աղաւաղեալ ձեւերը (օր. ճուշգուհալ = դժգոհիլ)։ Տառերու հնչման փոփոխութեան վրայ առանձին գլուխ մը կը դնենք Ձայնագիտութիւն վերնագրով, ուր տեղ կը յիշենք նաեւ այս կարգի բառերէն մէկ քանին։ Բառացուցակէն դուրս թողած ենք ուրիշ կարգ մը բառեր կամ ձեւեր ալ՝ որոնք թէպէտ եւ հայերէն են, բայց ռամկական չեն, այլ գրաբերի յատուկ, թէպէտեւ կարի նորանշան եւ զարմանալի է՝ որ գրաբարի յատուկ այդպիսի ձեւերու հետքեր դեռ գտնուին գաւառներու մէջ։ Օրինակի համար՝ յական թօթափել ձեւը գործածական է Եւդոկիացւոց բերնին մէջ իր ճիշդ նշանակութեամբ, թէպէտեւ եթէ հարցնես՝ եւ ոչ մէկը գիտէ այդդ ձեւը կազմող ակն եւ թօթափել բառերուն բառական նշանակութիւնը։

Պէտք չէ զարմանալ՝ եթէ մեր բառացանկին մէջ տեսնուին հասարակօրէն գործածուած եւ ծանօթ կարգ մը բառեր, որոնք թէպէտեւ ըստ ինքեան ռամկական բառ չեն, բայց ժողովուրդը սովորականէն տարբեր առումով մը  կը գործածէ զանոնք։ Նոյն իսկ մեր ներկայ աշխարհաբար գրականութեան մէջ կան գործածական բառեր, որոնք իրենց բուն նշանակութիւնը կորսնցուցած եւ տարբեր նշանակութիւն մը ստացած են։ Օրինակի համար վաստկիլ բառը, որ վաստակիլին ամփոփեալն է, աշխարհաբարի մէջ շահիլ նշանակութեամբ կը գործածուի, մինչդեռ այդ բառին բուն նշանակութիւնն է աշխատիլ, յոգնիլ։ Որովհետեւ շահիլը աշխատելով կʼըլլայ, յայտնի կʼերեւի թէ արդիւնքը պատճառին տեղ անցած է այդ բառին նշանակութեան մէջ։

Բառերու նշանակութիւններն աշխատած ենք կարելի եղածին չափ ճշդութեամբ տալ, համաձայն ժողովրդեան ըմբռնման, եւ սակայն պէտք է խոստովանիլ թէ գաւառական բառերը շատ անգամ ա՛յնչափ մասնաւոր եւ նուրբ առումներ ունին որ դժուար կʼըլլայ լիովին բացատրել։ Սա ալ ըսենք որ մեր բառացուցակին մէջ յիշուած բառերէն շատերն ունին բարդութիւններ եւ ածանցումներ ալ, զորս աւելորդ համարած ենք մի առ մի յիշել։ Իսկ Եւդոկիոյ բարբառին հնչումներու մասնաւորութիւնները զգալի պատկերացնելու համար խօսինք նախ Եւդոկիոյ բարբառին ձայնագիտութեան վրայ։



[1]            Այսպիսի։

[2]            Պէլքի, թերեւս։

[3]            Իրար մէջ խորհուրդ ընել, որոշել։

[4]            Կեսրայր։

[5]            Ալեւոր։

[6]            Ծեր մարդոց կʼըսեն՝ պապուկ։

[7]            Անպատճառ։

[8]            Բարձր դարակ։

[9]            Կանանց հողաթափ։

[10]          Առաւօտ։

[11]          Գերեզմանատուն։

[12]          Կենաց պայմանաժամ։

[13]          Ստիպում։

[14]          Հոս։

[15]          Կիսատ

[16]          Այս մանրավէպը հաւանաբար արաբական ծագումն ունի, ինչու որ ճակատագրականութիւն (թագտիր, քատէր) կը բուրէ, որ իսլամական կրօնքի գլխաւոր վարդապետութիւններէն է։