Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առածներ, ոճեր, ասացուածներ։

Եւդոկիոյ բարբառին ուսումնասիրութեան իբրեւ լրացուցիչ մաս՝ աւելորդ չենք համարիր ներկայացնել նաեւ անոր մէջ գործածական առածները, ոճերն ու ասացոըածները, ճիշդ ժողովրդեան արտասանած ձեւերովը, որոնք աւելի կատարեալ կերպով գաղափար մը կրնան տալ նոյն բարբառին ձայնական, քերականական եւ համաձայնական օրէնքներուն վրայ, շօշափելի ձեւի մը տակ երեւան բերելով անոր բուն ոգին եւ յատուկ նկարագիրը, նաեւ մատնանիշ ընելով այնպիսի՛ լեզուաբանական մասնաւորութիւններ ալ, որոնց յիշատակութիւնը զանց առնուած կամ մոռցուած է ուսումնասիրութեանս նախորդ մասերուն մէջ։ Աւելորդ է ըսել թէ ո՛ր եւ է բարբառի մ’առածներն ու ասացուածները՝ ինչպէս Եւդոկիոյ բարբառինը, կը ներկայացընեն նաեւ գրական, ազգագրական, բառացուցական տեսակէտներով ալ վերին աստիճանի շահեկան կողմեր։ Անոնք ուղղակի իրենց վերաբերած ժողովրդեան կեանքէն, բարքէն ու հաւատքէն առնուած են, որոնց մէջ որոշակի կը ցոլանայ այն ժողովրդեան տոհմային ընտանեկան եւ ընկերական կենաց պայմանները, ապրած միջավայրը, քաղաքակրթութեան աստիճանը, ապրելու, զգալու, խորհելու, ըմբռնելու առանձնայատուկ եղանակները, սովորութիւնները, նախապաշարմունքներն ու հաւատալիքները, վերջապէս այն ժողովրդեան ամբողջ հոգեբանութիւնն ու տոհմային իմաստասիրութիւնը. բայց մեզի պէտք եղածն աւելի լեզուաբանական տեսակէտն ըլլալով՝ զանց կ’ընենք ուրիշ կէտերու քննութիւնը, ի հարկին քանի մը հարեւանցի ծանօթութիւններ միայն կցելով անոնց, եւ հոգ տանելով միանգամայն որ իւրաքանչիւր առածի, ոճի, ասացուածի առջեւ բացատրենք որքան կարելի է որոշակի, անոր նշանակութիւնն ու ի՛նչ առմամբ գործածուիլն այս բարբառին մէջ, որ նոյնքան դժուար է՝ որքան գաւառական շատ մը բառերու մասնական նշանակութիւններն ու առումները բացատրելու գործը։