Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈԼՈՎՆԵՐՈՒ ՁԵՒԵՐ.  

Եւդոկիոյ բարբառը հետեւեալ հոլովումներն ունի.

1. Կրակ, կրակի, կրակէ, կրակով: Ասի` հոլովման ամէնէն աւելի տիրող ձեւն է: Այս հոլովման տակ գացող ա կամ այ  վերջաւորող բառերէն ոմանց ա-ը կամ այ-ն կը կորսուի հոլովման ատեն. զ. օր. փեսայ, փեսի, փեսէ, փեսով. սատանայ, սատանի, տղայ, տղի (երբեմն ալ տղու), բօշա, բօշի եւն, ուրիշներունն անկորուստ կը մնայ. զ. օր. քահանայ, քահանայի, Աննա, Աննայի, Եւա, Եւայի, Սառա, Սառայի, փարա, փարայի եւն [1]:

2.   Ծով, ծովու, ծովէ, ծովով: Այս հոլովման տակ կ’երթան.

Ա.   Միավանկ բառերուն մեծ մասը. զ. օր. հով, կով, փոր, հաս, ձագ, ծակ, ցաւ, հայ:

Բ. Այն բառերուն մեծ մասն, որոնք գրաբարի մէջ ոյ վերջաւորութեամբ կը հոլովուին. զ. օր. գլուխ գլխու (=գլխոյ), Աստուած, ասսու (=Աստուծոյ), մարդ, մարդու, շաբաթ, շաբթու, սէր, սիրու, էշ, իշու, գոմէշ, գոմշու, լոյս, լուսու, ամիս, ամսու եւն:

Գ. Ընդհանրապէս քաղաքի կամ գիւղի անուններն եւ ուրիշ քանի մը յատուկ անուններ. զ. օր. Մուշ, Մշու, Վան, Վանու, Կիւրիւն, Կիւրնու, Զիլէ, Զիլէու, Թօգատ, Թօգատու, Հալէպ, Հելպու, Սեւաստ (=Սեբաստիա), Սեւստու, Գիրգորէս, Գիրգորէսու, Ս. Թորոս, Ս. Թորոսու, Ս. Մինաս, Ս. Մինասու եւն:

Դ. Բոլոր ի   վերջաւորող բառերը` հոլովման մէջ է-ն կորսնցընելով. զ. օր. հոգի, հոգու, էգի, էգու, ոսկի, ոսկու, քեռի, քեռու, գինի, գինու, տարի, տարու, գեղացի, գեղացու, բարի, բարու, Էնկիւրի, Էնկիւրու եւն: Յայտնի է թէ այս պարագային մէջ ու կը համապատասխանէ գրաբարի ւոյին որուն այլայլումն է (գինու = գինւոյ):

Ե. Քանի մը այ վերջաւորող բառեր ալ, որոնց այ-ն կը կորսուի հոլովմանց մէջ. զ. օր. տղայ, տղու, ճամբայ, ճամբու, Ամասիա, Ամասիու եւն:

3. Մուկ, մկան, մկէ, մկով: Այս հոլովման տակ կ’երթան.

Ա. Ձուկ, ձկան, դուռ, դրան, լեռ, լեռան, նուռ, նռան, գառ, գառան (երբեմն ալ` գառին, եւ ասոր պէս` անձ, անձին), թոռ, թոռան (երբեմն ալ թոռին) եւ բոլոր այն բառերը որոնց վերջընթեր բնիկ ն-ն կորսուած է. (յայտնի է թէ այս բառերուն բուն ձեւերն են մուկն, ձուկն, լեառն, թոռն եւն, որոնցմէ ոմանք դեռ յոգնակիին մէջ ն-ն կը պահեն. զ. օր. լեռներ, ձկներ, դռներ, թոռներ եւն):

Բ. Բոլոր ում վերջաւորող բառերը, որոնք գրաբարին մէջ ալ ն մը ունին վերջընթեր, որ հիմայ կորսուած է. զ. օր. անցում (=անցումն), անցման, անցմանէ, խթում. խթման, եւ ասոնց հետեւողութեամբ մրջում (=մրջիւն), մրջման:

Գ. ն վերջաւորող բառերէն տուն, շուն, որոնք կը հոլովուին տան, տնէ, տնով, շան, շնէ, շնով, եւ ասոնց հետեւողութեամբ ձիւն, ձնան եւն:

Դ. ն վերջաւորութեամբ բառերէն բոլոր թիւն վերջաւորող բառերը, զ. օր. նեղութիւն, նեղութեան, նեղութէնէ, նեղութիւնով  եւն:

Ե. իկ վերջաւորող  բառերը. զ. օր. աղջիկ, աղջկան, կնիկ, կնկան, էրիկ, էրկան, մարիկ, մօրկան, հարիկ, հօրկան եւն:

Զ. Քանի մը ուրիշ բառեր ալ. զ. օր. լու, լուան, ծառ, ծառան, փուռ, փռան (նմանողութեամբ ռ վերջաւորող լեռ, գառ, թոռ, նուռ եւն բառերու): Ծառ բառին յոգնակին ալ լեռներ, թոռներ ձեւերու հետեւողութեամբ կ’ըլլայ ծառներ, փոխանակ ծառերի:

4. Օր, օրուան, օրուընէ կամ օրէ, օրուընով կամ օրով: Այս հոլովման տակ կ’երթան. գիշեր, ցորեկ, իրիկուն, իրիկուան, ամառ, ամռուան, ձմեռ, ձմռուան, երէկ, երէկուան, վաղը, վաղուան, հերու, հերուան, շաբաթ, շաբթուան, ամիս, ամսուան, ատեն, ժամանակ, երբ, առաջ, ծնունդ, ծննդուան, Զատիկ, Զատկուան, եւ գրեթէ բոլոր ժամանակ ցուցընող բառերը: Օր բառին սեռականը, տրականը երբեմն գրաբարի ձեւով ալ կը գործածուի. զ. օր. կ’ըսուի «աւուր հացի կարօտ» եւն:

5. Լուսաւորիչ, լուսաւորչայ, լուսաւորչէ, լուսաւորչով. Ասոր պէս կը հոլովուին սրբոց եւ սրբավայրերու անուններուն մեծ մասը. զ. օր. Աստուածածին, Աստուածածնայ, Ս. Գէորգ, Ս. Գէորգայ, Ս. Քառսուն–Մանուկ, Ս. Քառսուն-Մանկայ, Ս. Ոսկեբերան, Ս. Ոսկեբերնայ եւն, եւ ասոնց հետեւողութեամբ` եկեղեցի, եկեղեցնայ եւն:

6. Քուր, քրոջ, քրոջմէ, քրոջմով: Այս հոլովման տակ կ’երթան. ներ, նիրոջ, տալ, տալոջ, տէր, տիրոջ, տանտէր, տանտիրոջ:

7. Հար, հօր, հօրմէ կամ հօրէ, հօրմով կամ հօրով: Ասոր պէս կը հոլովուին. մար, աղբար [2]:

8. Տագր, տագեր, տագրէ, տագրով: Ասոր պէս կը հոլովուի. կեսուր, կեսեր եւն, բայց այս երկու բառերը հոլովելի են նաեւ քուրին պէս. զ. օր. տագր, տագրոջ, կեսուր, կեսրոջ եւն:

Հոլովներու այս ութ ձեւերէն դուրս՝ կը մնան դեռ գրաբերի մէջ անեզական համարուած բառերը որոնք ընդհանրապէս գրաբարի ձեւով ալ հոլովելի են, զ. օր. բաղնիք, բաղնեց ( = բաղանեաց), հարսնիք, հարսնեց, երդիք, երդեց, ուտիք, ուտուաց, մօրուք, մօրուաց, աչք, աչից, մեղք, մեղաց, կամք, կամաց, կեանք, կենաց, վարձք, վարձուց եւն. միայն թէ բացառականն եւ գործիականը կʼըլլան հասարակ ձեւով բաղնիքէ, կամքով եւն։

Ինչպէս հոլովումներու այս ամէն ձեւերուն մէջ դիտուեցաւ՝ հայերէնի ձայնական օրէնքներուն համաձայն՝ ձայնաւոր գրերն ու երկբարբառները երբեմն կը փոխուին, շատ անգամ ալ կը սղուին։ Տիրող ձեւով հոլովներու մէջ ալ միեւնոյն բանը շատ հասարակօրէն կը պատահի. զ. օր. սնտուկ, սնտկի, արիւն, արնի, ցորեն, ցորնի, բերան, բերնի, ծաղիկ, ծաղկի, աշխարհք, աշխրհքի, կռնակ, կռնկի, աման, ամնի եւն։ Ձայնաւորները կը սղուին նաեւ յոգնակի ձեւերու մէջ ալ, միայն թէ այս պարագային մէջ՝ բաղաձայններու յաջորդութեան առթած հնչման դժուարութիւնը բառնալու համար շատ անգամ սղեալ ձայնաւորին տեղ ըով վանկ մը կʼաւելցուի, զ. օր. ծաղիկ, ծաղկըներ, քաղաք, քաղքըներ, կարաս, կարսըներ, բղուկ, բղկըներ եւն։

Նշանակուած հոլովներուն միայն եզակի ձեւերը դրինք, որովհետեւ հոլովներու յոգնակի ձեւերն անփոփոխ կերպով կանոնաւոր եւ միօրինակ են, բառն եզակիի մէջ ի՛նչ կերպով ալ ուզէ հոլովուի, զ. օր. տուն, տներ, տներու, տներէ, տներով, օր, օրեր, օրերու, օրերէ, օրերով, հոգի, հոգիներ, հոգիներու, հոգիներէ, հոգիներով եւն։ Ասոր հետ միավանկներու համար՝ եր, եւ բազմավանկներու համար ներ մասնիկով կազմուած յոգնակիի ընդհանուր եւ հասարակ ձեւէն զատ՝ կան տարբեր մասնաւոր յոգնակակերտ մասնիկներ ու յոգնակիի ուշագրաւ ձեւեր որոնց հոլովումներն ալ ընդհանուր կանոնէն կը զարտուղին։



[1]             Հայերենի մէջ ա ձայնով վերջաւորող բառերը միշտ վերջատառ անձայն յ մը ունին իբրեւ յենարան որ հոլովներու մէջ կը հնչուի: Իսկ օտար բառերը կամ յատուկ անունները որ այդ յ վերջատառը չունին, գէթ հոլովներու մէջ կը ստանան այդ տառը ներդաշնակութեան համար (տե՛ս վերը): Այս կարգի բառերու վերջատառ յ յոգնակիին մէջ բոլորովին կը կորսուի. զ. օր. տղանէր, քահանան եր, ճամբան եր, փեսան եր:

[2]            Ամասիոյ գաւառաբարբառին անսովոր չեն հարոջ, մարոջ ձեւերն ալ: