Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈԳՆԱԿԻԻ ՁԵՒԵՐ.

1. Ախբար, ախբրտիք, կին, կնտիք, էրիկ, էրկըտիք, քուր, քրուըտիք, տէր, տերուըտիք, տալ, տալուըտիք, ներ, նիրուըտիք, տագր, տագրուըտիք եւն։ Հոլովում. Ախբրտիք, ախբրտոց, ախբրտոցմէ, ախբրտոցով։

Ազգականութեան պարագայ ցուցընող բառերու մեծ մասն այս կերպով իւր յոգնակին կը կազմէ ու կը հոլովուի, թէեւ ուրիշ բառերու համար ալ բոլորովին անսովոր չէ նոյն ձեւը. զ. օր. գլուխ, գլխըտիք եւն։

2. Ձեռք, ձեռուըներ, մատ, մատուըներ, ոտք, ոտուըներ, ծունկ, ծնկուըներ, աչք, աչուըներ, ունք, ընքուըներ, անկաջ, անկջուըներ։ Հոլովում. Ձեռուըներ, ձեռուըներու, ձեռուըներէ եւն սովորական ձեւով։

Մարդկային մարմնոյ զոյգ անդամներու անուններն այս կերպով իրենց յոգնակին կը կազմեն թէեւ ուրիշ բառերու ալ անսովոր չէ բոլորովին՝ յոգնակիի այս ձեւը. զ. օր. դուռ, դռուըներ եւն։

3. Եզ, եզան, ձի, ձիան, թի, թիան, տեղ, տեղան. գեղ, գեղան. դեւ, դիւանք. էշ, իշուան. տեղ, տեղուանք, կտոր, կտորուանք. ոսկոր, ոսկրտանք եւն։ Հոլովում. Եզան, ձիան, թիան, տեղան, գեղան, դիւանք, իշուան կը հոլովուին սովորական ձեւով եզերու, դեւերէ, էշերով եւն. իսկ տեղուանք, կտորուանք, ոսկրտանք կը հոլովուին տեղուանքի, կտորուանքէ, ոսկրտանքով եւն ձեւով [1] ։

4. Տարի, տարեստան. Հոլովում. Տարեստան, տարեստանի, տարեստանէ, տարեստանով [2] ։

5. Աչուկ, աչկունք. պռուկ [3], պռկունք. ձեռք, ձեռքունք եւն. Հոլովում. –Աչկունք, աչկունքի, աչկունքէ, աչկունքով եւն։

6. Մենծ, մենծունաք. սուրբ, սրբընաք [4] ։ Ասոնց միայն ուղղական ձեւերը գործածական են. միւսները հասարակ ձեւով կը հոլովուին մենծերու, սուրբերու եւն։

Եւդոկիոյ բարբառին մէջ՝ այս ձեւերէն զատ, անսովոր չեն նաեւ գրաբարի ք-ով կազմուած յոգնակիներ ալ. զ. օր. տղաք, գեղացիք, քաղքըցիք եւն (Հոլովում՝ տղոց, տղոցմէ, տղոցմով, գեղացոց, գեղացոցմէ, գեղացոցմով եւն), բայց միայն ձայնաւորով վերջացող բառերուն սովորական է այս ձեւ յոգնակին. իսկ բաղաձայնով վերջացողները հասարակօրէն եր կամ ներով յոգնակի կʼըլլան։

Ուրիշ գործածական յոգնակիի ձեւ մըն է նի մասնկով կազմուած յոգնակին։ Այդ մասնիկը միանալով ս, դ, ն դիմորոշ կամ ստացական յօդերուն հետ եւ բառի մը կցուելով՝ անոր ստացական յոգնակիի իմաստ կու տայ, առանց յատուկ ստացական ածականի գործածութեան եւ կը հոլովուի թէ՛ եզակի, թէ՛ յոգնակի. զ. օր. Եզակի. ճամբանիս (= մեր ճամբան), ճամբանիդ, ճամբանին, ճամբանուս, ճամբանուդ, ճամբանուն, ճամբանէս կամ ճամբանուսմէն, ճամբանէդ կամ ճամբանուդմէն, ճամբանէն կամ ճամբանունմէն, ճամբովնիս, ճամբովնիդ, ճամբովնին)։ Յոգնակի. ճամբաներնիս (= մեր ճամբաները), ճամբաներնիդ, ճամբաներնին, ճամբաներնուս, ճամբաներնուդ, ճամբաներնուն, ճամբաներնէս կամ ճամբաներնուսմէն, ճամբաներնէդ կամ ճամբաներնուդմէն, ճամբաներնէն կամ ճամբաներնունմէն, ճամբաներովնիս, ճամբաներովնիդ, ճամբաներովնին եւն [5] ։



[1]            Յոգնակիի այս երեք ձեւերուն մէջ ալ դիտելի է թէ մի եւ նոյն բառը որ եւ է յոգնակերտ մասնիկով անգամ մը իւր յոգնակին կազմելէն ետքը՝ ուրիշ յոգնակերտ մասնիկով մը՝ կրկին, եւ դարձեալ ուրիշով մը մինչեւ երրորդ անգամ յոգնակի եղած է, որպէս են հետեւեալները. ախբրտիք (=ախբար-ոտի-ք). տիրուըտիք (= տէր-ուի-ոտի-ք), ձեռուըներ (= ձեռ-ուի-ներ). դիւանք (= դեւ-ան-ք), տեղուանք (= տեղ-ուի-ան-ք). ոսկրտանք (= ոսկր-ոտի-ան-ք) եւն։ Այս ձեւերուն մէջ երեւցած տ ը մնացորդն է ծանօթ յաճախական ոտ մասնիկին որ հին ատեններէ ի վեր ի տառին հետ միանալով կը ձեւացընէ տեսակ մը յոգնակի, զ. օր. ոսկր ոսկրոտ ոսկրոտի. փոր փորոտ փորոտի. ծակ ծակոտ ծակոտի եւն։ Նոյն ի տառը ու մասնկան հետ միանալով ձեւացուցած է ուրիշ տեսակ մը յոգնակակերտ մասնիկ, որուն օրինակները կʼերեւին շատ հին գրուածքներու մէջ ա զ. օր. աչք աչուի. ձեռք ձեռուի եւն։ Իսկ ան պարսկերէնէ փոխառեալ յոգնակակերտ մասնիկ մըն է։

[2]            Յոգնակիի այս ձեւը՝ որուն ուրիշ օրինակը՝ (բաց ի տարեստան էն), կարելի չէ գտնել Եւդոկիոյ բարբառին մէջ, ուրիշ քանի մը գաւառաբարբառներու մէջ ընդհանուր գործածութիւն ունի, զ. օր. ոսկեստան, գօտեստան, ջորեստան (Քղի), մարդաստան, էշաստան, դարաստան ( = լեռներ Սթանօզ գիւղ) եւն։ Ստան մասնիկը որ պարսկերէնի յատուկ իսմի մէքեանի մասնիկ մըն է, մի եւ նոյն պաշտօնով ինչպէս յայտնի է, խիստ յաճախ կը գործածուի հայերէնի մէջ. զ. օր. այգեստան, մրգաստան, յունաստան եւն, բայց երբեմն ալ իբրեւ յոգնակակերտ գործածուած է որուն օրինակները հին գրուածոց մէջ իսկ գտնել անսովոր չէ։

[3]            Պռկունքին եզակին պռուկ ՝ Եւդոկիոյ բարբառին անծանօթ է, բայց ցարդ գործածական է Վանայ գաւառաբարբառին մէջ։

[4]            Յոգնակիի այս ձեւերը թերեւս կը համապատասխանեն գրաբարի կանայք, աղախնայք եւն ձեւերուն. միայն թէ ասոնց վերջաւորութիւնն է այք եւ ո՛չ նաք = նայք. սակայն այս աւելորդ ն կրնայ մակաբոյծ տառ մʼըլլալ, որպիսի ն եր արդէն շատ կան ուրիշ ձեւերու մէջ ալ։

[5]            Տարակոյս չկայ թէ այս նի մասնկով կազմուած յոգնակին կը համապատասխանէ գրաբարի ազատանի, աւագանի, կանանի, նամականի եւն ձեւերուն, որոնք հասարակ յոգնակիներ են։ Այս մասնկան ստացական յոգնակիի առմամբ գործածութիւնը՝ որ հիմայ հասարակ է շատ գաւառաբարբառներու, կʼերեւի թէ վերջին դարերէն սկսած է, եւ այն՝ տաճկերէնի միզ, նիզ եւն ազդեցութեամբ, ինչու որ ո՛չ միայն հին ռամկօրէն գրուածոց մէջ այդ մասնկան հասարակ յոգնակիի նշանակութեամբ գործածութեան շատ յաճախ կը հանդիպինք, այլ եւ դեռ ցարդ քանի մը գաւառաբարբառներու մէջ իբրեւ հասարակ յոգնակակերտ մասնիկ գործածական է։