Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.

Ի, զ. նախդիրները բոլորովին զեղչուած եւ գործածութնէ ինկած են. զ կ’երեւի միայն զիս, զինք, ինքզինք, զիրզր, իրենքզիրենք, մէկզմէկ ձեւերուն մէջ։ Ի նախդրին հետքերը կ’երեւին իլլիք (= ի լիք, լի), իժիր, մուրս ի վրան, մուրս ի քլնին, լեռն ի վեր եւ ուրիշ ասանկ քանի մը ասացուածներու մէջ։ Միւս նախադրութիւնները միշտ յետադաս կը գործածուին բաց ի առանց, զէդ (= զերդ), քանծ (= քան զ…), մինչի նախադրութիւնները, զ. օր. առանց հացի ուտել, զէդ մարդ ապրի, սի տունը քանծ մէկալը մենծ է, մինչի լուս արթուն կեցայ եւն։