Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Ելլէ հէրս (թրք. = բարկութիւն) կռէ գլօխ, իջնէ հէրս չի գտնէ գլօխ. Բարկութեան ատեն գործուած անխոհեմութիւնը չի դարմանուիր։

Եկեր պատեր, ճարն է հատեր. Պարագայ մը՝ ուրկէ խուսափելու ճարը չկայ։

Եկու մեղքով, մի գար պարտքով. Մարդ բնաւ անվճար պարտք թողլու չէ՝ իր մահուընէ վերջը։

Եղը եղով, մոխիրը դգալով. Անխնայ շռայլութեամբ կʼուտէ կը խմէ։

Ես աղա, դուն աղա, ջաղաջքը վէ՞վ (= ով) աղա. Ամէն մարդ իր վիճակին համաձայն գործերով զբաղելու է։

Ես ըսելը՝ սատանայ ըսել է. Եսամոլութիւնը, ամբարտաւանութիւնը սատանայական մոլութիւն մըն է։

Ես սուրբ կը կանչեմ, դիւանքը գլօխս կը ժողվուին. Բարիք կամ օգնութիւն սպասելւ ատեն՝ չարերու հանդիպեցայ։

Ես քեզի վերի դուռն ալ տեսայ, վարի դուռն ալ. Միշտ եւ ամէն պարագայի մէջ նոյն մարդն ես։

Երթաս մամոնցս տէ՝ ճնտռես պապոնցս. Լաւագունի յուսով. կʼերթաս՝ բայց առաջին վիճակդ փնտռելիք կʼըլլաս։

Երես տուանք, աստառ ալ կ ʼ ուզէ. Շատ շփացած է։

Երկնուցը (= երկնից) արղուհալ (թրք. = աղերսագիր) պիտի տայ. Չափազանց բարձրահասակ է։

Երկու խօսքը պիւկիւ (թրք. = կախարդանք) մըն է. Համզիչ խօսքերու ազդեցութիւնը շատ մեծ է։

Երկու պինդը պատ է ծակեր. Երկու յամառ մարդիկ իրարու հետ չեն կրնար համաձայնիլ։

Երկու ոտքս մէկ աման կը խօթէ. Զիս շատ նեղը կը դնէ։

Երկըրի [1] հաց անուշ կըննայ. Օտարին ինչքը հաճոյքով կը վայելուի։

Երսուն ու երկու առղադ ճէպս (թրք. = գրպան) է. Բոլոր գաղտնիքներդ գիտեմ։

Եփած ապուրին ջուր չեն խառներ. Կարգադրուած գործի մը միջամտել հարկ չէ՝ որ եւ է անձնական շահու եւն դիտաւորութեամբ։

Եփողին մեղքը՝ չուտողին վիզը. Բանաձեւ մը՝ որով տանտիկինը հրաւիրեակները կը մեծարէ սեղանին գլուխը։

Եօթը ծովէն դուրս ձգած. Վերջին աստիճանի գէշ, անարգ մարդ։

Եօթը նիրոջ վէրտիք. Բան մը որ հանդիպողը կը գործածէ։

Է.

Էշը հարսնիք են կանչեր. Եա՛ աղը պակսեց, եա՛ աղջուրը, ըսեր է. Անտրտունջ ուրիշներուն ծառայող անձերէ՝ ամէն մարդ ծառայութիւն կը սպասէ։

Էշը հեծեր՝ էշ կը փնտռէ. Կʼըսուի՝ երբ նմանօրինակ պարագայ մը պատահի։

Էշը չի կերած խոտն ուտէ նէ՝ փորը կը ցաւի. Մարդ երբ չվարժած բանն ընէ՝ կը վնասուի։

Էշը փալանով (թրք. = համետ), մարդը հալաֆով. Հագուստն է մարդուն վայելչութիւն տուողը։

Էշն իշուն քովը կապես նէ՝ եա՛ վարուցը կ ʼ առնէ, եա՛ բարուցը. Գէշ մարդու ընկերացողն անոր վարքը բարքը կʼօրինակէ։

Էշն ինչ գիտէ նուշը, կʼերթայ կʼուտէ փուշը [2]. Գէշ մարդիկ իրենց ճշմարիտ օգուտը չեն ճանչնար։

Էրած սրտին վրայ մանանեխ կը ցանէ. Փոխանակ մխիթարելու՝ վիշտը գրգռող խօսքեր կամ գործեր կʼընէ։

Էւել բարին աչք չի հաներ. Աւելի շահէն վնաս չի գար։

Ը.

Ընծի նեղ կ ʼ անիմ, քեզի տեղ կ ʼ անիմ. Քաղաքավարական խօսք, հիւրեր ընդունելու առթիւ գործածելի։

Թ.

Թափած եղը չի ժողվուիր. Գործուած սխալ մը կամ չարիք մը չի դարմանուիր։

Թթու թան, գարու հաց, ասի մեր ճակատը գրուած. Կʼըսուի անխուսափելի պարագայի մը համար՝ զոր ուզենք չուզենք պիտի տանինք։

Թօսպաղան (թրք. = կրիայ) մէկ էգիէն մէկալ էգին նետեր են. Ան էգին ըննալուն՝ աս էգին թող ըննայ, ըսեր է. Գէշ ու վնասակար մարդն ուր տեղ ալ գտնուի կամ ղրկուի, վնասելու միջոց ու ասպարէզ կը գտնէ։

Թօփուխէդ (թրք. = գարշապար) վեր ջուրը մի մտներ. Կարողութենէդ վեր գործի մի ձեռնարկեր։

Ի.

Իշուն ընկեր է, փոհ փոհը չի ձգեր. Իւր դիրքն ու պատիւը կորսնցուցած է, եւ տակաւին դիրք բռնել կʼուզէ։

Իշուն շախան (թրք. = կատակ) չ ʼ ըննար. Կոպիտ մարդէն փափուկ կատակ մտ սպասեր։

Ինչ որ փրշես նէ՝ անի դգալդ կու գայ. Ինչ որ կʼընես ուրիշին՝ քեզի ալ նոյնը կը պատահի։

Ինչ քար վերցնես նէ՝ տկէն կ ʼ ելլէ. Ամէն գործի մէջէն երեւան կʼելլէ։

Ինքը քուն, բախտն արթուն. Թէեւ անհոգ եւ ապուշ՝ բայց բախտաւոր է։

Լ.

Լզուն օսկօր չʼունի. Մարդկային լեզուն ճկուն է, աղէկ գէշ ամէն բան խօսելու յարմարութիւն ունի։

Լէպ չ ʼ ըսած լէպլէպիւն կը հասկնայ. Շատ ուշիմ է։

Լուանը կերուքին որդ կը ձգէ. Վերջին աստիճանի բծախնդիր եւ խծբծող բնութիւն մʼունի։

Խ.

Խապարին շիտակը տղունմէն առ. Մանուկները գաղտնապահ չեն, անոնցմէ կարելի է շատ գաղտնիքներ իմանալ։

Խենդը գնաց հարսներուն, ըսաց. Աս աղէկ է քանծ մեր տուն. Խենդին համար ամէն տեղ նախընտրելի է։

Խենդը քար մըն է ձգեր հորը, քառսուն խելօք չեն կրցեր հաներ. Անխոհեմ արարքի մը հետեւանքը շատ մʼիմաստուն մարդիկ չեն կրնար դարմանել։

Խենդին հացը խելօքին փորը. Տգէտ մարդիկ կը կորսնցընեն ի շահ հանճարեղներու։

Խենդն ըսաց, խելօքն աւտցաւ. Կʼըսուի երբ այս տեսակ պարագայ մը պատահի։

Խեւը խրատն ինչ անէ, սեւը սապօնը. Գէշ մարդը չʼուղղուիր՝ որքան ալ աշխատուի։

Խեւը վախկոտ կ ʼ ըննայ։

Խեւին համար ամմէն օր Զատիկ է. Խենդ մարդուն տօնական օրը չʼըլլար։

Խնլոտ քթին ցուրտը մահանայ (թրք. = պատճառանք). Թերութիւն մը սքօղելու համար յերիւրուած տարբեր պատճառանք։

Խօրօզը (թրք. = աքլոր) շատ ըննայ նէ, գիշերը ուշ կը լուսնայ. Գործի մը վարչութեան մէջ երբ ամէն մարդ ձայն ունենայ՝ այն գործն առաջ չʼերթար։

Խունկ բերէք, մոմ բերէք, տէրտէրը պատարագ պիտ ʼ անէ։ Կʼըսուի այն կարգի մարդոց՝ որոնք գործ մʼընելու ատեն իրենց շուրջը գտնուողներուն հրամաններ կը տեղացընեն՝ ուրիշներն իրենցմէ աւելի զբաղեցընելով նոյն գործին։

Խօսքը մենծին, ջուրը պզտիկին. Խօսելու առաջնութիւնը միշտ մեծ մարդոցն է, ջուր խմելունը՝ պզտիկներուն։

Կ.

Կատուին քաքդ դեղ է ըսեր են նէ՝ խորունկն է թաղեր. Գէշ մարդն իւր ամէնէն աննշան ծառայութիւնն անգամ կը զլանայ ուրիշներուն։

Կատուն մուկը փորուն համար կը բռնէ. Շատ նագամ գործուած առարեւոյթ բարիքներն՝ աւելի անձնական շահու շարժառիթներէ թելադրուած են։

Կատուն մսին չէ հասեր, բի՜ւֆ, հոտած է ըսեր. Երբ մէկուն կարողութիւնը չհասնի այն ինչ գործն ընելու՝ պատրուակներ կը ստեղծէ իւր անկարողութիւնը ծածկելու համար։

Կատուն քացախ չի խմեր. Մարդ իրեն չվայելած բանը խմելու կամ ընելու չէ։

Կարկուտը արտը ձէնել. Վտանգ հրաւիրել՝ անխոհեմ արարքներով։

Կը մուրայ գուշն ետեւը կը բռնէ. Տնանկացած է, ուրիշներուն օգնութեանը կը դիմէ, բայց չ’ուզեր խոնարհիլ. հպարտ է։

Կը նստի մութը, կը համրէ ութը. Անտարբեր եւ մեկուսացած կնեալ կը թուի, բայց ամէն բանի հետաքրքիր ու գիտակ է։

Կնքահար է տէյի էշ մորթեցանք, մուղտառ (թրք. = պիղծ) է տէյի չի կերաւ. Մեր ըրած մեծարանքը չգնահատուեցաւ... ։

Կովս մեռաւ, թեփս հատաւ. Կ’ըսուի մէկուն մահուան առթիւ՝ երբ մեռնողին պարագային ա՛լ որ եւ է դերը չի մնար խնդրոյ առարկայ եղող գործին մէջ։

Կուշտն անօթուն մառ ( = մանր) է փշրեր. Ունեցողը չունեցողին վիճակէն չի հասկըներ։

Կուսութիւն, կուսութիւն, բերնի կուսութիւն. Բերնի մաքրութիւնը, այսինքն աղտոտ խօսքերէ զգուշանալը, ամէնէն յարգի կուսութիւնն է։



[1]            Երկիր բառը՝ որ մեր բառացուցակին մեջ ալ կ’երեւի, օտար նշանակութիւնը ստացած ըլլալու է նմանութեամբ թրքերէնի էլ բառին որ թէ օտար կը նշանակէ եւ թէ աշխարհ, երկիր ։

[2]            Ինչպէս կը դիտուի՝ այս առածներէն շատերուն առարկան ընտանի կամ ծանօթ կենդանիներ են, նման առակներու, որոնց մէջ կենդանիներու բնաւորութիւններն ու այլեւայլ առանձնայատկութիւններն իբրեւ օրինակ կը ծառայեն այս ու այն բարոյական եզրակացութեան յանգելու համար։ Այսպէս են օրինակի համար, վերի առածին նման՝ նաեւ սա առածներն ալ. Հաւը ջուր կը խմէ, Ասսու փառք կու տայ. Կատուն մուկը փորուն համար կը բռնէ. Շունը շանը միսը չ ʼ ուտեր. Ածան հաւը կարկչան կ ʼ ըլլայ. Օձն իր շապիքը կը փոխէ, բնութիւնը չի փոխեր եւն։ Շատ անգամ ալ առածները տեսակ մը համառօտուած, կարճուկ առակներ կամ զրոյցներ են. զ. օր. Կատուն մսին չէ հասեր, բի՜ւֆ հոտած է ըսեր։ Մուկը ծակուն չէ մէյներ, պոչուն ցախաւել մըն ալ կապեր է։ Տէվէին ըսեր են քի վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է. Ո՞ւրտեղս շիտակ է քի վիզս ծուռ ըլլայ, ըսեր է։ Կատուին քաքդ դեղ է ըսեր են նէ՝ խորունկն է թաղեր եւն եւն։