Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

5. ՏԻՐԱՆ ՔԷԼԷԿԵԱՆ (Ինքնակենսագրութիւն).


Ծնած եմ Կեսարիա 20 Սեպտ 1862ին եւ ընտանեօք Պօլիս փոխադրուած՝ երբ 6 ամսու էի դեռ։ Նխն. կրթութիւնս ստացած եմ Հասքէօյի Ներսէսեան վարժարանը, յետոյ Մեզպուրեան եւ Սուրէնեան։ 1880ին ղրկուելով Մարսիլիա, յաճախած եմ վաճառականական դպրոց։ Հետեւած Գիտութեանց Կաճառի։ Ուսանողի այդ տարիներուս՝ յօդուածներ ղրկած եմ «Մանզումէի Էֆքեար»ի, որուն խմբագիր եղայ վերադարձիս, եւ թերթին անկման միջոցներուն՝ 3-4 տարի ես վարեցի զայն. յետոյ հրատարակեցի «Ճիհան» հայատառ-թրքաբարբառ շաբաթաթերթը մէկ տարի։ Նոյն ատեններուն էր որ Համիտ Վէհպի անուն ծանօթ գրագէտը սկսաւ հրատարակել «Սաատէթ» թերթը որուն՝ թարգմանիչն ու խմբագրականները գրողը եղայ է, վերջէն ալ խմբագրապետը։ 94ի դէպքերուն ստիպուեցայ մեկնիլ Յունաստան եւ Մարսիլիա. կուրծքի հիւանդութենէ ալ կը տառապէի։ Հինգ ամիս վերջ Պօլիս դարձիս՝ աշխատակցեցայ «Ճէրիտէի Շարգիէ»ի, «Սաատէթ»ի եւ «Թարիգ»ի՝ որուն խմբագրապետութիւնը ստանձնեցի։ Իզմիրլեան Պատր[իարք]ի օրով կարգուեցայ Ա. Թարգման Ազգ[ային] Պատրիարքարանի։ Ջարդերէն յետոյ անցայ Եւրոպա եւ աշխատակցեցայ «Նայնթինթհ Սէնչըրի»ի (ուր երեւցած է Թուրքիա եւ իր Վեհապետը յօդուածս) եւ «Քօնթէմբըրըրի Ռվիու»ի (ուր գրած եմ Կեանքը Եըլտըզի մէջ)։ Այս 2 յօդուածներս վերատպուած են շատ մը եւրոպ. թերթերէ։ Աշխատակից եղայ «Տէյլի Մէյլ»ի (որուն արեւելեան լուրերու բաժնին օժանդակեցի 7 ամսոյ չափ) նաեւ «Տէյլի Կռէֆիք»ի եւ այլ թերթերու։ 1898ին, Եւրոպա գտնուող օսմ. հպատակներու մասին հրատարակուած ներումէ մը օգտուելով դարձայ Պօլիս եւ աշխատակցեցայ «Սապահ»ի։ Այդ միջոցներուն էր որ կառավարութիւնը որոշեց թուրք թերթերու խմբագիրներ. ես ալ «Խազինէի Խասսա»ի քարտուղար կարգուեցայ։ Քղք. պարագաներու ստիպման տակ՝ Պօլիսը կրկին ձգելով Եգիպտոս անցայ եւ խմբագիր եղայ «Ժուռնալ տիւ Գէռ»ի, ապա խմբագրապետ «Պուռս Էժիբսիէն»ի, միաժամանակ թղթակից Վիէննայի «Քօռէսբօնտէնց Պիւռօ»ի եւ Բարիզու «Բռէս Ասօսիէ»ի։ Հրատարակեցի նախ «Էճիբշըն Կռէֆիք» անգլ. թերթը մէկ տարի, յետոյ «Եէնի Ֆիքիր» թուրք ազատական երկշաբաթաթերթը 2 տարի։ Օսմ. Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ Պօլիս եկայ եւ խմբագրապետ կարգուեցայ «Սապահ»ի, 31 Մարտի վաղորդայնին։ Իբր «ամաթէօռ» աշխատակցած եմ Զօհրապի «Մասիս»ին, Շամտանճեանի «Ծաղիկ»ին ու «Մասիս»ին, «Ժամանակ»ի ու «Տարեցոյց»իդ։ Գր. ծածկանունս՝ Գլանիկ զոր Եւրոպա ալ գործածեցի «Վիքօնթ տը Գլանիկ» ձեւին տակ, բաց ի վեցեակ մը ծածկանուններէ՝ նոյնպէս Եւրոպա։ «Սուրհանդակ» օրաթերթին կանոնաւորաբար աշխատակցած եմ Սիրայր ծածկանունով, եւ ճուռնայի մը հետեւանօք պահ մը դադրած գրելէ, յետոյ վերստին՝ Տիոնքէ ծածկանունով։ 1879ին երբ պատանի էի դեռ, լոյս ընծայած եմ Անցեալն եւ Ապագայն կամ Ազգ[ային] Վերակազմութիւն վերնագրով տետրակ մը, նաեւ հեղինակած՝ Ֆր[ա]նս[երէն]է Թրք[երէն] Բառգիրք մը:

*** Տաղանդաւոր հրապարակագիրը կը պատկանէր Սահմանադր[ական] Ռամկավար կուսակցութեան։

 

Խ Ր Ա Տ Ն Ե Ր

Անձնական պայքարները հանրային կարծիքին գրգռումին ատեններուն՝ կրնան մեծ շահեկանութիւն ընծայել, բայց գրէթէ միշտ նողկանք կը յաջորդէ այդ հիւանդոտ հետաքրքրութեան: Գաղափարի պայքարն ընդհակառակն երբ հանրութեան շահը կը շօշափէ եւ այն համոզումը կը ներշնչէ թէ անձնական նկատումներէ գերիվեր է, մնայուն ազդեցութիւն մը կը գործէ:

* * *

Զգացումը մեծ ազդակ մըն է, սակայն պէտք չէ անոր դիմել, եթէ գործունէութեան հետեւանքը պիտի չվաւերացուի միտքին կողմէ:

* * *

Ճշմարիտէն մի՛ զատուիր, սակայն ճշմարտութիւնը ժողովրդեան գլխուն մի՛ նետեր։ Երբ ճշմարտութիւն մը անհաճոյ է ընթերցողին, զայն ներկայացո´ւր այնպէս՝ ինչպէս բարեկիրթ մարդ մը սրահին մէջ կը ներկայացնէ իր համակրելի ընծայել ուզած մէկ անծանօթը:

ՏԻՐԱՆ ՔԷԼԷԿԵԱՆ