Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

8. ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ (ՉԻՊՈՒՔՔԵԱՐԵԱՆ).


Ծնած է հայ հռովմ. ծնողքէ, Սվազի Բրգնիք գիւղը 1884ին։ 12 տարեկանին պանդխտած է Պօլիս եւ յաճախած Վենետիկի Մխիթարեանց վարժարանները Բերա եւ Գատըքէօյ։ 1902ին Միաբանութիւնը

կ’ուղարկէ զինք Վենետիկ։ Մուրատ-Ռաֆայէլեանի շրջանը բոլորելով, Դանիէլ կը ղրկուի Պելճիքա՝ Կանտի համալսարանը։ Ուսողութեան այդ օրերուն է որ կ’սկսի աշխատակցիլ «Բազմավէպ»ի, «Գեղունի», «Անահիտ»ի, «Շիրակ»ի, «Ռազմիկ»ի եւ «Հայրենիք»ի հրաշալի քերթուածներով՝ որոնցմով Վարուժան յայտնութիւն մը կը դառնայ։ Համալսարանէն ուսումնաւարտ ելլելուն, Օսմ[անեան]   Սահմանադրութիւնն արդէն հռչակուած, կուգայ մայրաքաղաքս եւ Պօլսահայը բախտը կ’ունենայ բանաստեղծը ճանչնալու իր տաղանդին բարձրութեանը մէջ։ Դիւանագիտական ասպարէզին համար պատրաստուած այս երիտասարդը սակայն շեղում մը կ’ընէ եւ ինքզինքը կը նուիրէ ուսուցչութեան, 1909ին 1912 իբր տնօրէն պաշտօնավարելով Սվազի եւ Թօգաթի ազգ[ային] վարժարանները։ Կը դառնայ Պօլիս եւ տեսուչ կը կարգուի Բերայի Հռոմ. Հայոց Լուսաւորչեան դպրոցին, հասցնելով բազմաթիւ սաներ։ Երկերը. Սարսուռներ (Վենետիկ), Ջարդը (Բարիզ), Տրտունջք Ե[ղիա] Տեմիրճիպաշեանի (Սվազ), Ցեղին Սիրտը, Հեթանոս Երգեր (Պօլիս)։ Կը թողու բանաստեղծութեանց անտիպ հատոր մը՝ Հացին Երգը վերնագրով, զոր Տիկին Վարուժան հազիւ կրցաւ փրկել թուրք բռնապետութեան ձեռքէն։ Սիրոյ, թշուառութեան եւ հայրենիքի անզուգական երգիչն ու հոյակապ քերթողը որ օժտուած էր վառ երեւակայութեամբ եւ. արտադրելու աննախընթաց կարողութեամբ մը, 1914ին Յ[ակոբ] Ճ. Սիրունիի հետ լոյս ընծայեց Նաւասարդ անուն շքեղ տարեգիրքը գր[ական] եւ գեղարուեստական։ Ս. Գ. Լ. Ուսումնարանի «Տարեկան տեղեկագիր»ին մէջ երեւցած է իր յուզիչ Հուսկ Բանքը։ Դաշնակցական։

 

Ո Ր Բ Ո Ւ Հ Ի Ն

Աշնան ծաղիկ մըն եմ, ծաղիկ արցունքի՝

Որ շողերու ըսպասումով կաթոգին՝

Մութ անդունդի մը եզերքին կը ցամքի.

Ցամքում մը լուռ, անզգալի եւ հեշտի՜ն։

Սըրտիս՝ որբի կըսկիծն ունիմ հիւծող զիս.

Գեղս նախկին ճանկըռթեցին զըրկանքներ.

Եւ անհրաժեշտ գըգուանքներ իմ տարիքիս

Չը ճանչցայ ես եւ չը գըտայ սիրոյս՝ սէ՜ր։

Ծուխ ու մուրի եւ սարսուռի խըշտեկին,

Զիս թողուցին անօգնական, մինաւոր.

Ո՜հ, անարգա՜նքը սեմին վրայ գըրեցին,

Եւ մոռացօնքն՝ որ կը ստուարի օր է օր։

 

  Ո´հ, խե՜ղճ ծընողք, ըսէ´ք, արդեօք ձեր աչքեր

Ո՞ր ամպիկէն, եւ կամ երկրի ո՞ր խորշէն

Ձերին բոկո´տըն ճըռզածին են յառեր՝

Զոր անօթի թափառումներ կը մաշեն:

Է՞ր դու եզերքն հեղեղատի մ’արիւնի

Տընկեցիր քու թոյլ եղեգնիկըդ վախկոտ.

Դու, ո՜վ մըշակ, ո՜վ դու մըշակ եղեռնի,

Դու, ո՛վ մայրիկ յիշատակի մը աղօտ…

…Ո՜վ մարդեր, դուք որ ինձ գութով կը նայիք,

Մի´ տաք ինձի ձերին պատառը՝ զոր է

Թըրած օտար աշխատութեան մը քըրտինք,

Եթէ նոյն իսկ զանի սէրն ալ խըմորէ:

Մի´ տաք, մի´ տաք ինծի ձեր ծածքը ջերմին՝

Ուր եւ սակայն բընիկ ոգին չի շընչեր.

Մի´ տաք ինծի մախրերը ձեր կըրակին,

Կամ հանգրըւան մը ոտքերուս կարեվէր:

Մի´ կըտրատէք ձեր խնդութիւնն ինձ համար.

Թողէ´ք որ իր մացառուտին մէջ խեղդի

Կեանքիս ծաղիկը վայրահակ, դալկահար.

Հոգ չէ թ’ըլլամ թօշնած, լալկան, կամ նօթի:

Այլ սա բոլոր դաշտերուն մէջ խանձոտած՝

Ուր շուշանին ցամքած է սերմն իսկ վերջին,

Սա վերիվար բըլուրներուն սըգազգեաց՝

Ուր սոսկ եղիճը ու բաղըրջո´ւկը կ’աճին,

Արաքսի սա սեւ փրփուրներն արցունքոտ՝

Ուր անընդհատ կը ծըփան ցուրտ դիակներ,

Եւ յօշոտուած քըղամիդի մահահոտ

Պատռըւածքները խութերու են կառչեր.

Սա լեռներուն արիւն հազած, վարդագոյն,

Կամ բերնին քով քարայրներու՝ որք եղան

Մարդ գիշատող անգըղ-մարդու մը սեւ բոյն,

Եւ թաքըստոց հափափումի մը դաժան.

Փըլուզին մէջ հիւղակներու, տուներու՝

Ուր տեղ թաղուած գանկեր երկա՜ր կը նընջեն,

Եւ կը մաշին կուրծքեր, թեւեր ահարկու,

Ուր կ’իջնայ սոսկ լուսնին արցունքն ուղխօրէն.

Վերջապէս սեւ ու սուգ ամէն այն տեղիք

Ուր վանդալի մ’ կը տեսնըւի երթեւեկ,

Ո՜վ մարդեր, դուք որ ինձ գութով կը նայիք,

Մօրըս միայն գերեզմա՜նն ինձ ցոյց տըւէք…

27 Սեպտ. 1903 (Անտիպ)                

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ