Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

21. ԳԵՂԱՄ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.



Ծնած է Պօլիս 1883ին։ Ուսումը ստացած է Կէտիկ Փաշայի ազգ[ային] դպրոցը՝ Վարդգէսի եւ Շանթի շրջանին։ Պատանի հասակէն լրագրական ասպարէզ իջնելով, «Մանզումէ»ի խմբագրատունն ըրած է իր տէպիւն. իսկ Ազատամարտի երեւումէն մինչեւ խափանումը մնայուն խմբագիրը եղած է նոյն թերթին։ Մտերմին՝ Շ. Միսաքեանի հետ 16 Դեկտ. 1908ին կ’սկսի հրատարակել Ազդակ գր. հանդէսը (41 թիւ)։ Իսկ վերջերը Մեհեանը Կ. Զարեան եւ Յ. Քիւֆէճեանի հետ։ Խոստմնալից տաղանդ մը։ Ունի գրական գողտրիկ էջեր։ Դաշնակցական։

Խ Ո Ն Ա Ր Հ  Հ Ե Ր Ո Ս Ն Ե Ր

…Կայծերը կը ցայտին մթութեան մէջ, ինչպէս երկաթեայ անսպառ, հրթիռէ մը, ինչպէս հուրքի հզօր շատրուանէ մը, բազմապատիկ ճաճանչուելով եւ անձրեւելով լուսեղինաբար, մթութեան մէջ՝ խոր ու թանձրամած՝ գամ շինողներու հէք ու թշուառ գործանոցին:

Եւ մուրճերը կ’իջնեն սալին վրայ, ահաւոր ու դղրդագին բախումներով, զայրագին ու վրիժառու թափով, մոլեգնութեամբը բարբարոս կամքի մը, խրոխտազատ ուժգնութեամբը գործաւորի բազուկին, կռելով ատրաշէկ երկաթը, մինչեւ որ նորաստեղծուի բեւեռը սրածայր:

Իրենց զրկանքին գիտակցութենէն դժնէցած' բայց անով իսկ հպարտ, գործաւորները անխոնջ են իրենց խոնջէնքին մէջ, եւ եթէ դժբախտ են իրենց Տառապանքին մէջ, իրենց Կամքին մրճեայ ձայներուն տակ կը խեղդեն իրենց դժբախտութիւնն ու Տառապանքը որոնց ծոցէն արձանացող կամքին ոյժովը կը շինեն իրենց գամերը: Կայծերու շողը կ’երթայ լուսաւորել իրենց դէմքը, վասն զի լոյսը՝ մութին մէջ անոնց մոռցուած եւ անտեսանելի հերոսութիւնը սրբացնել կ’ուզէ. վասն զի տառապանքի, կամքի ու ստեղծագործ Աշխատանքի բովէն հերոսութիւնը կը յառնէ:

Կ’իջնեն, կը հարուածեն ու կը թնդան մուրճերը ահա՛ գամ շինողներուն, հրաշէկ երկաթէն կը ցայտեն կայծերը, եւ, անոնց ու հնոցին ստեղծած շողքերուն ընդմէջէն՝ կը լուսաւորուին դէմքերը Աշխատանքի Խոնարհ Հերոսներուն:

ԳԵՂԱՄ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ