Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

25. ԱՐՄԷՆ ՏՈՐԵԱՆ (ՀՐԱՉԵԱՅ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆ)



Ծնած է Իւսկիւպ 1892 Յունվարին։ Հոն Հայութիւն չգտնուելուն՝ կը յաճախէ Յոյնի դպրոց, յետոյ Մանասթըրի ֆրնս. վարժարանը զոր կ’ամբողջացնէ։ Պօլիս գալով՝ 1911ին էր ընթացաւարտ կ’ելլէ Բանկալթիի Մխիթարեանց վարժարանէն ու կը մեկնի Բարիզ։ Սօռպօնէն վկայականը ստանալուն պէս կը դառնայ մայրաքաղաքս 1914ին, ուսուցչութեամբ ու գրականութեամբ պարապելով։ Բարիզ ապրած միջոցին լոյս ընծայած է L'arène հանդէսը, նաեւ Հիւկոյի եւ ուրիշներու անունին ձօնուած գրքոյկներ։ Քերթուածներէն մաս մը հրատարակուած կայ «Շանթ»ի մէջ։ Գիշերանց ձերբակալուած «Արդի Վարժարան»էն։