Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

120.   ՓԱՐԱՄԱԶ.

Ծն. Ղարապաղ։ Կուսակցութեան յայտնի գործիչներէն, այլ անուամբ «Մատթէոս Սարգիսեան» կամ «Ռոտոսթոցի Համբարձում Գրիգոր» որ մասնակցած է զանազան շարժումներու։ Վանի ինքնապաշտպանողական կռիւներուն՝ մեծ դեր կատարելով, անունը երգերով նուիրագործուած է։ Հայ-թաթարական ընդհարումին ատեն վարիչ ալ եղած է եւ թռուցիկներով ու բանակցութիւններով աշխատած՝ մերձեցում յառաջ բերելու երկու տարրերուն միջեւ։ Անդամակցած է Կովկասի Հնչ. շատ մը մարմիններու եւ եղած կազմակերպիչներէն մին Կալիցինի տէրօրին, որով բազմիցս բանտարկուած ռուս կառավարութեան կողմէ։ Քէօսթէնճէի պատմական ժողովէն յետոյ կուգայ Պօլիս եւ երկար դատավարութենէ մը վերջ կը դատապարտուի մահուան, իր 19 ընկերներուն հետ՝ որոնք են.