Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԳՈՐԾԱԴԻՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒ ԳԱՒԱՌԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Օրէնքի խմբագրական յանձնաժողովի կողմէն պետութեան ներկայացուած Յայտագրին մէջ, օրէնքի հիմ ընդունուած ուղղութեան, առաջադրուած կարգերու մասին կը հանդիպինք սա հատուածին.

«Ընդհանուր ժողովը անուանէ թէ՛ զՊատրիարքն եւ թէ՛ անոր նախագահութեամբը գործող Ազգ. Երկուց ժողովոց անդամները եւ անոնց գործողութեանց վերատեսչութիւն ընէ:

Կրօնական գործոց տեսչութիւնը՝ կրօնական ժողովոյն, քաղաքական գործոց տեսչութիւնը՝ քաղաքական ժողովոյն, եւ խառն գործոց տեսչութիւնն ալ յիշեալ երկու ժողովներուն մէկտեղ գալովը կազմուած Խառն ժողովոյն վերաբերեալ ըլլայ»:

Համաձայն այդ հայեցակէտին, որով վարչութեան կամ նոյնն է Գործադիր Իշխանութեան հեղինակութիւնը կը պատկանի այդ կրկին ժողովներուն, օրէնքը կազմուած է հետեւեալ կերպով:

Յօդ 36. Քաղաքական ժողովը կը բաղկանայ ազգային գործոց եւ տէրութեան օրինաց տեղեակ քսան աշխարհականներէ:

Յօդ. 41. Քաղաքական ժողովոյ պաշտօնն է ազգային քաղաքական գործոց ընդհանուր տեսչութիւնը: Իւր պարտաւորութիւնքն են Ազգին բարեկարգութեան եւ յառաջդիմութեան մտադրութիւն եւ փոյթ ունենալ, իր տեսչութեան տակ գտնուող խորհրդոց կողմէն մատուցուած ազգօգուտ առաջարկութիւնները ուշադրութեամբ քննել, եւ անոնց կարեւորութիւնը յայտնուելէն ետքը հաստատել կամ գործադրութեան արգելքները բառնալու ջանք ընել:

Օրէնքի մէջ գործածուած «քաղաքական գործոցը» թուրքերէն բնագրի մէջ «ումուրը ճիսմանիյէ» նշանակութիւնը միայն ունի, որ համապատասխան պէտք է համարել մեր «կուլտուրականի» իմաստին: Այլապէս մեկնել անհնար է:

Այս մեկնաբանութիւնը որոշ սեղմումով եւ բացորոշ կերպով ճշդուած ու սահմանուած է օրէնքի երկրորդ վերաքննութեամբ, 1869ի նախագծի 22րդ յօդուածով որ կ’ըսէ.

«Ազգին քաղաքական գործերը հոգալու, որք են անոր դաստիարակութիւնը, տնտեսութիւնը, համարակալութիւնն ու յարաբերութիւնքը »:

Պարզ է ուրեմն որ ներքին մշակոյթի վարչութիւնը կը ներկայացնեն Քաղաքական ժողովները: Այդ պատճառով ալ օժանդակ խորհուրդներն ու Հոգաբարձութիւնները կ’ընտրուին Քաղաքական ժողովէն:

Թէեւ սովորաբար Վարչութիւն կամ Գործադիր իշխանութիւն ըսելով, կը հասկնանք Քաղաքական եւ Կրօնական կրկին ժողովները, բայց մշակոյթի կեանքին այդ ըմբռնումը միայն ձեւական, երեւութական է, որովհետեւ Քաղաքական ժողովը մշակոյթի վերաբերող կամ պաշտօնական բառով քաղաքական գործերու մէջ ոչ մէկ իրաւասութիւն չունի:

Դիմե՛նք օրէնքին.

Յօդ. 24. Կրօնական ժողովը կը բաղկանայ տասն եւ չորս բանիբուն եկեղեցիններէ. որոնք գոնէ երեսուն տարին լրացուցած, եւ գէթ հինգ տարիէ ի վեր ձեռնադրուած պիտի ըլլան:

Յօդ. 28. Կրօնական ժողովի պաշտօնն է ազգային կրօնական գործոց ընդհանուր տեսչութիւնը: Իր պարտականութիւնքն են՝ Ազգին մէկ կրօնական զգացումը զարգացունել, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ու աւանդութիւններն անխախտ պահել, եկեղեցեաց եւ եկեղեցականաց բարեկարգութեանը հսկել, եկեղեցականաց ներկայ վիճակը լաւացնելու եւ ապագայն անդորրելու եւ ապահովցնելու միջոցները ձեռք բերելու հոգ տանիլ: Ազգային վարժարանաց երբեմն երբեմն այցելութիւն ընելով Քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցման վրայ հսկողութիւն ընել. արժանաւոր եւ բանիբուն վարդապետներ եւ քահանաներ հասցունել, եւ Ազգին մէջ ծագած կրօնական վէճերը քննելով եկեղեցւոյ օրինաց համեմատ լուծել:

Օրէնքի թէ՛ այս՝ 28 եւ թէ՛ 29, 30, 31, 32, 33, 34, 35րդ յօդուածները բացորոշապէս կը ցուցնեն որ Կրօնական ժողովը զուտ Եկեղեցիի վերաբերող գործերէ դուրս, ազգ. Վարչական կեանքի մէջ ո՛ եւ է իրաւասութիւն, պարտականութիւն չունի:

Թէեւ օրէնքը Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովներու համախմբումով կազմուած Խառն Ժողովի մը գոյութիւն կ’ընդունի, բայց այդ խառն ժողովին ալ Պատրիարքական Տեղապահի, կտակաց Հոգաբարձութեան ընտրութիւններու, պատրիարքական թեկնածուներու ցուցակի կազմութեան, եւ նման պարագաներէ դուրս իրաւասութիւններ չեն սահմանուած:

Ճիշդ է որ Դատաստանական Խորհրդի կազմութեան եւ պարտականութեան վերաբերող 47րդ յօդուածի 4րդ հատուածը կ’ըսէ. «Եթէ պատահի այնպիսի դատ մը զոր Դատաստանական Խորհուրդը իր ձեռնահասութենէն վեր դատէ, ըստ պահանջման խնդրոյն կամ Կրօնական կամ Քաղաքական եւ կամ Խառն Ժողովոյն յանձնուելուն հարկաւորութիւնը կը ցուցնէ»: Այս պարբերութիւնով, օրէնքը Խառն Ժողովին պատկանած խնդիրներու գոյութիւնը կ’ընդունի բայց քանի որ հոն եղած չէ  խնդիրներու «թւումն մասանցը», սկզբունքով, իրաւաբանական ու տրամաբանական հետեւողութեամբ, Խառն Ժողովին պատկանելի խնդիրներ պիտի ընդունինք միայն այնպիսի հարցեր՝ որոնց Քաղաքական Ժողովի իրաւասութեան մէջ գտնուիլը օրէնքով նախատեսուած չէ՛ եւ որոնք կրօնական-քաղաքական կրկնակ ու անորոշ հանգամանք կը ներկայացնեն: Իսկ այդպիսի պարագաներ հազուադէպ են:

Եթէ կրօնական ժողովը մշակոյթի խնդիրներու համար իրաւասութիւն ունենար. եւ հետեւաբար իր գոյութիւնը անհրաժեշտ ըլլար ներքին ինքնավարութեան համար, պատճառ մը չկար որ Քաղաքական Ժողովին սահմանուէր քսան անդամ, իսկ Կրօնականին՝ միայն 14 անդամ:

Այս պարագան ալ ապացոյց մըն է օրէնքի հիմնադիրներուն եւ նոյն շրջանի ժողովրդական ներկայացուցիչներու մէջ տիրող աշխարհական ոգիին: Տարաբաղդաբար անոնցմէ յետոյ այդ ոգին աստիճանաբար յետաշրջութեան ենթարկուեր է, օրէնք ու սահմանադրականութիւն շահագործուեր են եւ հոգեւորականութիւնը գրաւեր է հակօրինական ազդեցութիւն: Այդ պատճառով ալ երկու ժողովներու անդամներուն թուական տարբերութիւնը ջնջուելով, տեղի ունեցած մասնակի խնդրանքի մը համաձայն, երկու ժողովներու անդամներուն թիւը հաւասարապէս14ի է վերածուեր:

Օրէնքին յիշած «կրօնական գործոց ընդհանուր տեսչութիւն» սահմանները երկրորդ վերաքննութեան1869ի նախագիծի 14րդ յօդուածով աւելի որոշ ու ճշգրիտ սահմանուած են «վարդապետութեան, բարեկարգութեան, տնօրինութեան մաս» բացատրութեամբ:

Կրօնական Ժողովը ոչ միայն օրէնքով չունի վարչական կամ գործադիր իշխանութեան յատուկ ո՛ եւ է իրաւասութիւն, ո՛չ միայն այդ հողի վրայ իր աստիճանաբար գրաւած ազդեցութիւնն ու դիրքը հակօրինական է, այլ եւ օրէնքով վայելած եկեղեցական վարչական իրաւասութիւններն ալ մեծամասնաբար հակառակ են եկեղեցիի հնաւանդ սահմանադրութեան, բռնաբարում են ժողովրդական իրաւունքներու: Իսկ վարդապետական իրաւասութիւն երբեք չի կրնար ունենալ: Հայ եկեղեցին թոյլ չի տար ու Պոլսոյ կարգ մը հոգեւորականներ դաւանական խնդիրներ վճռեն:

Այս հակօրինական, հակաեկեղեցական ոտնձգութիւններն ու աղճատումները հետեւանք են ո՛չ միայն ժողովուրդի տգիտութեան, նոյն իսկ հոգեւորական դասի տգիտութեանն ու միեւնոյն ժամանակ իշխանատիրական հակումներուն, այլեւ կաթոլիկ կրթութեան եւ ազդեցութիւններուն:

Պոլսոյ Պատրիարքութեան հաստատումէն հետոյ, մինչեւ ԺԹ. դարու սկիզբը, չորս դար շարունակ կաթոլիկ ազդեցութիւնը իր կնիքը դրած է հայ հոգեւորականութեան վրայ:

Պատրիարքութեան ծագումը պարզած ատեն, առիթ ունեցանք այս մասին ալ ակնարկներ ընելու:

Լատինականութեամբ տոգորուածներ գրաւեցին Պատրիարքական աթոռը եւ այդ ուղղութեամբ սերունդներ պատրաստեցին:

Թովմաս Բերիացի՝ ուղն ու ծուծով լատինացած, 1644ին Պատրիարքական աթոռը գրաւելէ յետոյ Հռոմ կ’երթայ, հարկաւ անձամբ հրահանգուելու համար, քանի որ այն ժամանակ տեղի էր տուած Պատրիարքարանը աշխարհական տեղակալներով կառավարելու պահանջին: Եւ սակայն1657ին կը յաջողի նորէն ձեռք ձգել աթոռը:

  Մելքիսեդեկ Սուպհի եւ Մխիթար Քիւրտիստանցի Պատրիարքներու թոյլտուութեամբ, կաթոլիկ պրօպագանտի առաքելութիւններ են հիմնուած նոյն իսկ հայ հոգեւորականներու կողմէ: Մայրաքաղաքի եկեղեցիներու մեծագոյն մասին մէջ հաստատուած են կաթոլիկ քարոզիչներ: Յովհաննէս Կոլոտ, (1715-41), աւելի քան քառորդ դար Պատրիարքական աթոռի վրայ մնալով, կը հիմնէ նոյն իսկ ընծայարան իր հսկողութեան եւ դասախօսութեան տակ, լատինամիտ հոգեւորականնութիւն պատրաստելու համար: Այդ սերունդն է որ իր կնիքը դրած է յաջորդներու վրայ եւ ստեղծեր է Հայ Եկեղեցիին խորթ, օտար եկեղեցական դասակարգ:

Առիթը կ’ունենանք վերադառնալու այս երեւոյթին:

* * *

Ժխտելով հանդերձ Կրօնական Ժողովին՝ ազգային մշակոյթի ինքնավարութեան մէջ օրինական գործադիր հեղինակութիւնն ու իրաւասութիւնը, ընդունելով հանդերձ անոր գրաւած դիրքի բացասական հետեւանքները, ինծի կը թուի որ օրէնքի կազմական տեսակէտէն քննադատելի պարագան աւելի խոր է:

Ցոյց տալով հանդերձ թէ Պատրիարքը օրէնքով իր վրայ չի կրեր գործադիր իշխանութիւն, վարչական հեղինակութիւն, եւ այդ հեղինակութիւնը օրէնքով բացարձակապէս կը կեդրոնանայ Քաղաքական Ժողովներու վրայ, անհրաժեշտ է մատնանշել մեծագոյն չարիքը, այսինքն, իսկապէս մեր վարչական կեանքին մէջ վարչական գործադիր հեղինակութիւն, գործադիր մեքենայ գոյութիւն չունի:

Այդ չարիքը կը կայանայ վարչական մեքենայի կազմին, ժողովներու՝ (քաղաքական), Խորհուրդներու՝ (Տնտեսական, ուսումնական, Վանական), Հոգաբարձութիւններու՝ (Ելեւմտից, Կտակաց, Հիւանդանոցի) մէջ:

Այդ բոլորը հաւաքական մարմիններ են, ինչպէս կեդրոնին՝ նոյնպէս եւ գաւառներուն մէջ։ Ժողովները կ’ընտրուին Ընդհանուր Ժողովներէն, իսկ Ժորհուրդներն ու Հոգաբարձութիւնները՝ Վարչական Ժողովէն:

Ընտրութիւնները կը կատարուին պատահական, անծրագիր ու անսիստեմ, եւ ընտրուածները կը ներկայացնեն ուղղութիւններու եւ մտայնութիւններու աններդաշնակ խառնուրդ մը: Վարչական այդ կարգի անդամակցութիւնները, պաշտօնները ո՛չ թէ ընտրուածներու աշխատանքի ժամերն իրաւամբ գրաւող պարտադիր ու պատասխանատու պաշտօններ են, այլ անձնական զբաղումներէ խնայուելիք, աւելորդ ժամերէ յատկացուելիք ազգասիրական, քմահաճ, անպատասխանատու յանձնառութիւններ: Ստանձնողները ո՛չ թէ գործադիրներ են՝ այլ միայն խորհող ու որոշողներ, այն ալ եթէ ժամանակ գտնեն:

Խնդիրները կուգան, գրութիւնները կը հասնին, խնդրամատոյցները կը դիմեն եւ Պատրիարքը կամ առաջնորդը կը մակագրէ պատկանեալ Մարմնին կամ խորհուրդին՝ որոնք մնայուն չեն:

Նշանակուած օրեր կան: Շաբաթական մէկ օր կամ երկու օր, այն ալ հազուադէպ, իւրաքանչիւր Ժողով կամ Մարմին կը հրաւիրուի նիստի, որոշ օրին եւ ժամին: Այդ օրը կամ ժամուն կարենալ գալ ու նիստին մասնակցիլը կախուած է ո՛չ միայն ժողովականի տրամադրութենէն, այլ եւ անձնական գործէն: Բարոյական կամ նիւթական պատասխանատուութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի: Յաճախ մեծամասնութիւն չի գոյանար եւ նիստը տեղի չունենար: Մեծամասնութիւն գոյացած պարագային ալ, զբաղելու հնարաւոր եղած ժամերը երբէ՛ք չեն բաւեր սեղանի վրայ գտնուած խնդիրներու լուրջ ու բազմակողմանի ուսումնասիրութեան եւ լուծումին: Դիզուած խնդիրները մեծամասնաբար անծանօթ են անդամներու, նախապէս չեն ուսումնասիրուած, չեն պատրաստուած: Այս կամ այն խնդրին առաջ քշուիլը, լուծման, որոշման արժանանալը կախուած է քարտուղարին բարեհաճութենէն, անձնական նկատումներէն եւ կամ այս ու այն անդամի հետաքրքրութեան շարժառիթներէն ու բարեխօսութենէն: Եւ յաճախ որոշումներ կը տրուին հակասական, մակերեւութային, իրարու անգիտակ:

Իսկ որոշումներու գործադրութի՞ւնը, ըլլան անոնք արդար կամ անարդար, բանաւոր կամ անբանաւոր, օրինական կամ ապօրէն: Անոնք յաճախ դատապարտուած են փոշիներու մէջ թաղուելու, կամ կրկին եւ կրկին «ի գործադրութիւն» յանձնարարուելու, դիւանէ դիւան քաշքշուելու, մեռեալ տառ մնալու:

Վարչական մեքենայի այս կազմուածքը անհամապատասխան է կանոնաւոր աշխատանքի, մեքենայի լարումին, գործնականութեան: Եւ այս է գլխաւոր պատճառներէն մէկը, եթէ օրէնքի հաստատութենէն առաջ եւ յետոյ միշտ ամուլ է մնացեր ազգային կեանքը, ո՛չ մէկ Մարմին հիմնական ծառայութիւն չէ՛ մատուցեր, կրթական գործը չէ՛ առաջդիմած, վարժարանները մնացեր են կամայականութիւններու ենթակայ, մէկուն շինել աշխատածը միւսը քանդեր է, տնտեսութիւն չէ՛ մտցուած, ծախքերը պահանջին չեն համապատասխանած, եկամուտները, կալուածները չեն շահագործուած, միլիոններ արժող հարստութիւններ կամ փճացեր են կամ փճանալու վրայ են:

* * *

Չարիքի այս պատճառը շատոնց դիտուած է, եւ երբեմն փորձեր են եղած գարմանելու:

1869ի երկրորդ վերաքննութեան ժամանակ, այս դրութիւնը նկատի է առնուած եւ այն ատեն խմբագրուած օրէնքի նախագիծը սահմաներ է կազմական նոր եղանակ մը:

Համաձայն այդ նախագծի 22րդ յօդուածին, Քաղաքական Ժողովը պիտի կազմուէր 12անդամներէ՝ որոնք պիտի բաժնուէին, իրենց ձեռնհասութեան համեմատ, երեքական անդամներով չորս ճիւղի Դաստիարակութեան, Տնտեսութեան, Համարակալութեան եւ Յարաբերութեան: Ամէն ճիւղ պիտի անուանէր իր պատկանած ճիւղի Մասնախորհուրդը, եւ իւրաքանչիւր Մասնախորհուրդի երեք անդամներէն մէկը պիտի ըլլար պատասխանատու Մասնապետը եւ երկուքը՝ խորհրդականներ: Յարաբերութեանց Մասնապետը պիտի ըլլար միանգամայն Քաղաքական Ժողովին կամ խորհրդին ատենապետը կամ խորհրդապետը:

Գալով ընտրութեան եղանակին. խորհրդապետը պիտի ընտրուէր քուէարկութեամբ. Ընդհ. Ժողովի դիւանին հետ համախորհուրդ՝ Պատրիարքին կողմէ ներկայացուելիք ձեռնհաս եւ յանձնառու երեք անձերու եռանուն ցանկի մը վրայ:

Իսկ Մասնապետներու ընտրութիւնը՝ թէեւ նոյնպէս Ընդհանուր Ժողովէն պիտի կատարուէր, բայց խորհրդապետերու, Ընդհ. Ժողովի Դիւանի եւ Պատրիարքի խորհրդակցութեամբ կազմուելիք երեք եռանուն ցանկի վրայ:

Այսուհետեւ, երեք մասնապետները խորհրդապետի եւ Պատրիարքին հետ համախորհուրդ, չորս քառանուն ցանկ պատրաստելով՝ այս չորս ցանկերէն երկ-երկու խորհրդականներու ընտրութիւնը դարձեալ Ընդհ. Ժողովը պիտի կատարէր:

Այս բարդ երեւցած ընտրական ձեւը կը ներկայացնէ սա առաւելութիւնները.

Նախ՝ աշխատանքի մասնագիտական բաժանում կը կատարուի.

Երկրորդ՝ իւրաքանչիւր մասնախումբ մէկ մասնապետի պատասխանատու, գործօն վիճակ կը սահմանէ:

Երրորդ՝ մէկ խորհրդապետով կ’որոշուի ընդհանուր պատասխանատուութիւնը եւ վարչական հեղինակութիւնը:

Եւ չորրորդ՝ որոշ չափով հնաւորութիւն կը ստեղծուի խորհրդապետին հետ ուղղութեամբ համերաշխ մասնապետներուն հետ համերաշխ խորհրդակից անդամներ ընտրելու:

Անշուշտ, այս սիստեմն ալ ունի իր անպատեհութիւնները, արմատէն չի դարմաներ չարիքը, ընտրուածները նորէն ազատ չեն անձնական զբաղումներէ, չեն կրնար ամբողջովին իրենց կոչումին նուիրուիլ բայց իր թերութիւններովն հանդերձ, քայլ մըն է դէպի բանաւոր սիստեմ:

Հաւանաբար կազմական ու ընտրական այս ձեւը՝ գործադրութեան չէ՛ դրուած, որովհետեւ 1863ի օրէնքը ամբողջովին վերաքննութեան եւ նոր խմբագրութեան ենթարկուած ըլլալով հանդերձ, պետական վաւերացում չստացաւ, հետեւաբար գործադրութեան իրաւունքէ զուրկ կը նկատուէր:

Մանաւանդ որ, այս վերաքննութիւնը տեղի է ունեցած երկրորդ պետական հարուածի շրջանին, երբ 1863ի օրէնքն ալ գործադրութենէ կը դադրէր:

Կասկած չկայ թէ այս երկրորդ հարուածն ալ ազգային շրջանակներէ լարուած դաւերու արդիւնք է:

1865 Նոյեմ. ին Վարչութիւնը դարձեալ հոգեւորականի՝ մը Կարնոյ Յակոբ քահանայի շուրջ հանուած աղմուկի առիթով, 1866 Փետրվարին կը տապալի եւ նոյն տարուան Մարտ 20ին օրէնքը գործադրութենէ կախակայուելով, Բ. Դրան կողմէ կը նշանակուի վարիչ մարմին մը, 10 եկեղեցականներէ ու աշխարհականներէ, որ1867ին վերածուեցաւ 15ի:

1869ին, 17 անդամներով դարձեալ Բ. Դրան կողմէ կարգուած եւ նորէն կրօնականներու հետ խառն նոր Մարմին մը պաշտօնի գլուխ կ’անցնի, որ պաշտօնավարելով մինչեւ նոյն տարուան Դեկտեմբերի , Օտեանի ատենապետութեամբ կը վերստանայ օրէնքի գործադրութեան իրաւունքը: Եւ նոյն ամսու 9ին գումարուած Ընդհ. Ժողովը կը կատարէ Պատրիարքի (Խրիմեանին), 6ական անդամներով Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու ընտրութիւնը:

Խրիմեանի Պատրիարքութեան սկիզբներէն իսկ, փոխանակ օրէնքի վերաքննութեամբ զբաղելու՝ գաւառային Մարմիններու, կազմական հրահանգովն են զբաղած:

Խրիմեանի հրաժարելէն յետոյ, Ներսէս Վարժապետեանի Պատրիարքութեան շրջանին, դարձեալ ուշադրութեան է առնուած վարչական կամ գործադիր իշխանութեան կազմական ու ընտրական դրութեան պատճառած ամլութիւնը: Եւ համաձայն նոր կանոնի մը, որ կը կոչուէր «Վարչական Կազմակերպութիւն» եւ ընդունուած էր Ընդհ. Ժողովէն, Վարչութեան կազմը վերածուած է խորհրդականներէ բաղկացած քապինէի դրութեան:

Այդ դրութեամբ, Վարչութիւնը կամ Գործադիր իշխանութիւնը բաժնուած էր վարչական վեց ճիւղերու, Կրօնական, Յարաբերական, Ներքին, Դատական, Կրթական, Տնտեսական վեց խորհրդականներով, որոնք կը նշանակուէին Պատրիարքին կողմէն եւ Ընդհ. Ժողովին ներկայացուելով կը հաստատուէին:

Այս ձեւը միայն մէկ շրջան գործադրուելով, Ներսէս Պատրիարքի հրաժարման հետ կը դադրի եւ 1882 Հոկտեմբերէն կը վերահաստատուի օրէնքի տրամադրած կազմական սիստեմը 14ական անդամներով, ինչպէս1872ին, կրօնաւորներուն գոհացում տալու, աշխարհականներու թուական առաւելութեան ջնջումով օրէնքի ընդհանուր դիմագիծը փոխելու, աշխարհականութիւնը աղճատելու, քայլ մը նահանջելու համար:

Նշանաւոր Ղալաթիոյ օջախի շրջանն էր այդ:

Աւելորդ է ըսել որ Ներսէս Պատրիարքի Ընդհ. Ժողովին ընդունիլ տուած ու գործադրած դրութիւնն ալ արմատական չէր, բայց երկրորդ քայլ մըն էր լաւագոյնին հասնելու համար:

Տարաբաղդաբար այնուհետեւ սկսան ծայր տալ տառապանքի տարիները, եւ ոչ միայն այդ կարգի հարցեր ուշադրութենէ վրիպեցան, այլ եւ օրէնքն ու ազգային կեանքն ալ վտանգներու, բնաջնջման արահետներէն անցան: