Գ.
—
ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ
Իմ
խոր
համոզումով,
անհրաժեշտ
է
որ
ամէն
հայ
անհատ՝
քաղաքական,
տնտեսական
եւ
ընկերային,
իր
սեղանին
վրայ
ունենայ
Ազգ.
Օրէնքը,
ծանօթ
ըլլայ
օրէնքի
տրամադրութիւններուն,
եթէ
ունի
քաղաքացիական
ու
ազգային
զգացում,
հասարակական
բնազդ
ու
ջիղ:
Իւրաքանչիւր
Հայ՝
ոչ
միայն
պէտք
է
ունենայ
այդ
օրէնքի
տետրակը,
այլ
եւ
պէտք
է
հետաքրքրուի
ու
հետեւի
քննադատութիւններուն,
գաղափար
ունենայ
օրէնքի
առաւելութիւններուն
ու
թերութիւններուն
մասին:
Ըսել
չեմ
ուզեր
թէ
հայ
քաղաքացի
(citoyen)
անհատին
համար
բաւական
է
տեղեակ
ըլլալ
միայն
Ազգ.
Օրէնքին:
Ամէն
քաղաքացիի
համար
անհրաժեշտ
է
գիտնալ
երկրի
օրէնքներուն
ընդհանուր
գիծերը,
մանաւանդ
քաղաքական
իրաւունքներու
ու
պարտականութիւններու
մասը,
եւ
ճիշդ
իբր
այդպիսին
նկատելով
Ազգ.
Օրէնքը,
քաղաքական
հիմնական
իրաւաբանութեան
հետ
պէտք
է
որ
աւանդուի
բոլոր
դպրոցներու
մէջ:
Ծանօթանալով
Ազգ.
Օրէնքի
ընդհանուր
բովանդակութեան,
կը
տեսնուի
որ
օրէնքը
խմբագրուած
ու
սահմանուած
է
Կ.
Պոլսի
եւ
իր
արուարձաններուն
համար:
Ունի
միայն
չորրորդ
գլուխը
գաւառի
համար:
98րդ
յօդուածը
կը
տրամադրէ
որ
«Գաւառական
Ժողովները
կեդրոնական
Վարչութեան
ժողովներուն
վերաբերեալ
տրամադրութեանց
համեմատ
պիտի
կազմուին,
եւ
պաշտօննին
ու
պարտաւորութիւննին
նոյն
եւ
նման
են»:
Իսկ
96րդ
յօդուածը
կ’ըսէ.
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
եղածին
նման
գաւառներուն
մէջ
ալ
ամէն
թաղ
պիտի
ունենայ
ԹԱՂԱԿԱՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴ
մը,
ԹԱՂԱԿԱՆ
ՍՆՏՈՒԿ
մը
եւ
ԹԱՂԱԿԱՆ
ԴԻՒԱՆԱՏՈՒՆ
մը:
Նմանապէս
առաջնորդանիստ
քաղաքին
մէջ
պիտի
հաստատուին
ԿՐՕՆԱԿԱՆ
եւ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ
ԺՈՂՈՎՆԵՐ,
եւ
քաղաքական
ժողովին
տնօրինութեանը
տակ
ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ
ՍՆՏՈՒԿ
մը:
Կը
հետեւի
որ
մեր
ներքին
ինքնավարութիւնը
հիմնուած
է
ապակեդրոնացման
վրայ:
Բայց
հիմնուած
է
նաեւ
երկու
խոշոր
թերութիւններու
վրայ:
Առաջին
ծայրայեղ
ապակեդրոնացման
հետ,
անզգալաբար
ծայրահեղ
ալ
կեդրոնացում
մըն
է
ստեղծուած,
եւ
երկրորդ՝
չեն
ճշդուած
յարաբերութեանց
փոխադարձ
պարտաւորութիւնները
գաւառի
հետ:
Օրէնքի
խմբագրական
յանձնաժողովի
յայտագրին
Ե.
Հիմնակէտի
առաջին
հատուածը
կ’ըսէ.
-
«Վարչութեան
կեդրոնը
Ազգային
Պատրիարքարանը
ըլլայ»:
Իսկ
Զ.
Հիմնակէտով
կ’որոշուի.
-
«Գաւառական
ժողովրդոց
վարչութիւնը
կեդրոնական
վարչութեան
հետ
կապուած
ըլլայ:
Եւ
գաւառներու
մէջ
Առաջնորդները
նախագահութիւն
ընեն
Տեղական
Ժողովներուն,
որոնք
պիտի
կարգադրուին
ըստ
տրամադրութեանց
Կ.
Պոլսոյ
ժողովոց,
եւ
նոյն
տեղական
ժողովոց
գործերն
ալ
տնօրինեն»:
Եւ
վերջապէս
Է.
Հիմնակէտով
կը
սահմանուի
թէ
«Գաւառական
Ժողովները
Կեդրոնական
Վարչութեան,
եւ
սոյն
վարչութեան
խորհուրդներուն
ամէն
մէկը
որ
ժողովոյ
վերաբերի
նոյն
ժողովոյն,
եւ
Ազգային
Ժողովները
[1]
Ընդհանուր
Ժողովոյն,
եւ
Պատրիարքը
մէկ
կողմէն
կայսերական
տէրութեան,
եւ
միւս
կողմէն
(Ընդհանուր
Ժողովոյ
միջնորդութեամբ)
ազգին
պատասխանատու
ըլլան»:
Եւ
սակայն,
ինչպէս
ըսի,
այս
պատասխանատուութիւնները,
փոխ-յարաբերութիւնները
ճշդող
տրամադրութիւններ
չկան
օրէնքին
մէջ:
Ցանցառ
են
օրէնքի
այն
տրամադրութիւնները
որոնց
շնորհիւ
կեդրոնը
որոշ
իրաւունքներ
կ’ունենայ
գաւառի
վրայ,
Օրինակ,
համաձայն
97րդ
յօդուածի.
«Առաջնորդի
ընտրութիւնը
նոյն
եւ
նման
Պատրիարքի
ընտրութեան,
Գաւառական
Ընդհ.
Ժողովով
կ’ըլլայ,
եւ
ընտրութեան
տեղեկագիրը
տեղւոյն
խառն
ժողովին
միջոցաւ
Պատրիարքին
կ’ուղարկուի:
Պատրիարքը
Կեդր.
Վարչութեան
Ժառն
Ժողովոյ
համահաճութեամբը
կ’անուանէ
զԱռաջնորդը,
եւ
Բ.
Դրան
իմաց
տալով
պաշտօնական
հրամանագիրը
կ’ընդունի»:
Իսկ
98րդ
յօդուածի
երրորդ
հատուածը,
տրամադրելով
որ
«Մինչեւ
ազգային
տուրքը
գաւառներուն
մէջ
օրինաւոր
կերպիւ
հաստատուի,
տէրութեան
առաջին
եւ
երկրորդ
եւ
երրորդ
աստիճանի
տուրք
տուող
անձինք
միայն
պիտի
ընտրեն
Գաւառական
Ընդհ.
Ժողովոյ
անդամները»,
կը
պայմանաւորէ,
«Եւ
այս
ժողովներուն
կազմութեան
կերպը՝
իւրաքանչիւր
բնակչաց
թւոյն
նայելով,
Կեդր.
Վարչութիւնը
պիտի
որոշէ,
Առաջնորդաց
հետ
խորհրդակցելով»:
1860ի
բնագրին
եւ
1869ի
նախագծին
մէջ
ալ,
կեդրոնի
եւ
գաւառային
Վարչութիւներու
փոխ-յարաբերութեանց
մասին
1863ի
վերոյիշեալ
յօդուածներու
տրամադրութիւններէն
աւելի
բան
մը
չկայ:
Խրիմեանի
օրով
մշակուեցաւ
գաւառական
Հրահանգ
մը,
բայց
այդ
Հրահանգն
ալ՝
որ
գործադրութեան
մէջ
է,
կը
գծէ
միայն
գաւառային
ժողովներու,
մարմիններու
կազմական
տրամադրութիւնները
կամ
հրահանգները՝
հետեւողութեամբ
կեդրոնի
կազմական
ուղղութեան,
եւ
չի
պարունակեր
մշակուած
կանոններ՝
կեդրոնի
եւ
գաւառի
փոխադարձ
պարտաւորութիւնները
ճշդող:
Մէկ
կողմէ
օրէնքը
գաւառներու
մէջ
գրեթէ
անկախ,
ինքնուրոյն
ապակեդրոն
կազմակերպութիւն
մը
կը
տրամադրէ,
միւս
կողմէ
կեդրոնը
զանազան
հրահանգներով
իրեն
կ’ենթարկէ
գաւառական
ընտրութիւններու
վաւերացումը:
Մինչեւ
իսկ
Գաւառական
Ընդհանուր
Ժողովներու
ընտրած
վարչութիւնները
բեկանելու,
լուծելու
իրաւասութիւններ
է
տուած
ինքնիրեն,
ինքզինքը
ներկայացուցչական
ժողովէն
բարձր
է
դրած,
մինչդեռ
օրէնքը
միայն
առաջնորդական
ընտրութիւններու
վաւերացումը
կը
վերապահէ
Կեդր.
Վարչութեան:
Ատկէ
զատ,
Օրէնքին
մէջ
կայ
կեդրոնացման
ու
Ապակեդրոնացման
հիմնական
եւ
աններելի
շփոթութիւն
մըն
ալ:
Չնայելով
որ
ընդհանուր
ուղղութիւնը
ապակեդրոնական
է,
կեդրոնական
կազմը
բացարձակ
անորոշութիւն
մըն
է:
Համաձայն
ապակեդրոնացումի,
Պոլիսն
ալ՝
իբրեւ
առանձին
վիճակ,
պէտք
է
ունենար
իր
յատուկ
կազմակերպութիւնը:
Եւ
սակայն,
ընդհակառակը,
Պոլիսը
անուանուելով
հանդերձ
Կեդրոնական
Վարչութիւն,
կլանուած
է
մեծամասնաբար
Կ.
Պոլսի
վիճակային
հարցերով:
Պատրիարքը,
եթէ
ո՛չ
պաշտօնական
տիտղոսով,
գէթ
իրականութեան
մէջ
ե՛ւ
Պատրիարք
է
ե՛ւ
Պոլսի
առաջնորդ:
Վարչութիւնը
ե՛ւ
Կեդրոնական
ե՛ւ
իրականութեան
մէջ
Պոլսի
վիճակային
վարչութիւնն
է:
Ընդհանուր
Ժողովը
աւելի
ճիշդ
Պոլսի
Վիճակային
ներկայացուցչական
ժողովն
է,
բայց
միանգամայն
իր
հեղինակութիւնը
կը
տարածէ
գաւառներու
վրայ,
որովհետեւ
այն
տեղ
կը
մասնակցին
Պոլսի
հարիւր
պատգամաւորներու
հանդէպ՝
գաւառի
անուանական
քառասուն
պատգամաւորները։:
Օրէնքի
հաստատութեան
թուականներուն,
կը
հաշուէին
երեք
միլիոն
հայ
ազգաբնակութիւն
Թուրքիոյ
մէջ,
առանց
ճշգրիտ
մարդահամար
ունենալու:
Թէ՛
այդ
ենթադրական
հաշւով
եւ
թէ՛
այժմ
իրականութեան
մէջ
այդ
թիւը
ոչ
նուազ
քան
2
միլիոն
հաշուելով,
—
մանաւանդ
երբ
նկատենք
որ
Կ.
Պոլսի
վիճակը
չի՛
կրնար
2-3
հարիւր
հազար
հայ
բնակչութիւն
ներկայացնել,
—
կը
տեսնենք
թէ
առնուազն
երկու
միլիոն
գաւառային
հայութեան
40
պատգամաւորին
դէմ,
առառաւելն
երկու
հարիւր
հազարի
Պոլսի
հայութիւնը
կուտայ
100
պատգամաւոր՝
որուն
ալ
20ը
անջատօրէն
կ’ընտրուի
միայն
Պոլիս,
եկեղեցական
դասակարգէն:
Կ.
Պոլսի
Վարչութիւնն
ու
Ընդհանուր
Ժողովը
որոշումներ
կուտան
գաւառի
մասին
այնպիսի
հարցերու
մէջ
որոնք
իրապէս
կը
պատկանին
գաւառի
ապակեդրոնացեալ
ժողովներու
իրաւասութեան:
Չնայելով
այս
յաւականութիււներուն
ու
բաբելոնին,
ո՛չ
կեդրոնի
եւ
ո՛չ
ալ
գաւառային
Ընդհ.
Ժողովներն
ու
վարչութիւնները
երբէք
չեն
գտնուած
իրենց
դերին
մէջ:
Ո՛չ
Կեդրոնին
եւ
ո՛չ
ալ
գաւառներու
մէջ
Վարչութիւններն
ու
Ընդհ.
Ժողովները
երբէք
չեն
գործադրած
իրենց
հիմնական
պարտականութիւնը,
նոյն
իսկ
իրենց
վիճակային
տեսչութիւնն
ու
վերահսկողութիւնը:
Այժմ
կ’անցնինք
պատճառներու
ուսումնասիրութեան,
եւ
սակայն,
փութամ
յայտնելու
որ
այս
տխուր
իրականութիւնը՝
իմ
խորին
համոզումով,
հետեւանք
է
ո՛չ
միայն
օրէնքին
թերի,
տարտամ,
անորոշ
կողմերուն,
այլ
եւ
մեր
նկարագրին,
մեր
հոգեբանութեան,
պարտքի
ու
իրաւունքի
ըմբռնումի
աստիճանին:
[1]
Ըսել
կ’ուզէ
Կեդրոնական
Վարչութիւնը
կամ
Կեդրոն.
Քաղաքական
եւ
Կրօնական
ժողովները: