Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

ՊԱՏՃԷՆ
Ազգային Սահմանադրութեան
(ՆԻԶԱՄՆԱՄԷԻ ՄԻԼԼԷԹԻ ԷՐՄԷՆԵԱՆ)

 

ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԴՈՒՌ

ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ

ԹՈՒԱՀԱՄԱՐ 191

 

Առ խոհեմազարդ Տեղապահ Պատրիարքի

Խոհեմազարդ եւ սիրելի էֆէնտի,

Բարեկարգութեանց վերաբերեալ կայսերական հորվարտակը կը պահանջէ, որ ամէն Հասարակութիւն իր վայելած առանձնաշնորհութիւններն ու արտօնութիւնները որոշեալ պայմանաժամի մէջ ի քնին առնելով, ժամանակին բերմանցը եւ քաղաքակրթութեան արդեանցն ու գիտութեանց պահանջած բարեկարգութիւնները խորհրդածութեամբ որոշէ, ու Բարձրագոյն Դրան ներկայացնէ, եւ Հոգեւորական գլխոց շնորհուած իշխանութիւնն ու ձեռնհասութիւնը՝ իւրաքանչիւր Հասարակութեան ապահովուած վիճակին ու նոր դիրքին հետ համաձայնութեան մէջ դրուի: Ուստի հայոց Ազգին համար պատուաւոր անձերէ բաղկացեալ Յանձնաժողովի մը ձեռօք Սահմանադրութեան ուրուագիծ մը պատրաստուեցաւ: Բայց միանգամայն պատշաճ համարուեցաւ որ Սարգիս Պատրիարքի օրով կազմուած Ընդհանուր ժողովոյ եկեղեցական անդամներն ու Թաղական Երեսփոխանները՝ քուէից առաւելութեամբ եօթն հոգիէ բաղկացեալ Յանձնաժողով մը ընտրեն, եւ վերոյիշեալ ուրուագիծը անգամ մըն ալ անոր ցոյց տրուի: Վասնորոյ կը խնդրեմք որ պէտք եղած հրաւէրի նամակները երկու երեք օրուան մէջ ղրկելով, յիշեալ  Յանձնաժողովին ընտրութիւնը ընել տայ եւ անոր՝ Բարձրագոյն Դուռը միւս Յանձնաժողովին ու այս գործիս համար յատկապէս որոշուած Պաշտօնակալին հետ մէկտեղելովը՝ հարկ եղած տնօրէնութեան կատարուելուն շնորհք ընէք: Կը խնդրեմք նաեւ որ վերոյիշեալ կերպով ընտրուած եօթն անձանց անունները յառաջագոյն մեզ ուղարկէք:

(Ստորագրեալ)

ԱԼԻ

1862 Փետրվար 1

 

Բարձրագոյն Դրան եւ Ազգային Յանձնաժողովներուն առ Կայսերական Կառավարութիւն մատուցուած Յայտագրին օրինակը:

Կայսերական Տէրութիւնը, ի վաղուց անտի իր արդարասէր հովանաւորութեան ներքեւ գտնուող զանազան Ազգաց՝ Կրօնից ազատութեան եւ առտնին գործոց մասնաւոր վարչութեան համար առանձնաշնորհութիւններ ու արտօնութիւններ շնորհած է:

Այս արտօնութիւնները թէպէտ եւ ըստ սկզբանց ամէն ազգաց համար միօրինակ, բայց միանգամայն ամէն մէկուն կրօնական սեպհական կանոնաց եւ սովորութեանց համեմատ տնօրինուած ըլլալով, իւրաքանչիւր Ազգ զանոնք իր բնիկ սովորութեանց եւ ընթացիկ համեմատ ի գործ դնելով վայելած է:

Հայոց ազգը միւս ազգաց պէս մինչեւ ցայսօր Պատրիարք մը ունեցած է, որ Տէրութեան կողմէն իբր նախագահ Պատրիարքական վարչութեան ճանչցուած է, եւ ներկայացուցիչ Ազգին ու միջնորդ գործադրութեան կայսերական հրամանաց, եւ որ ի վաղուց անտի հասարակօրէն Եկեղեցական դասէն ընտրուած է, Ազգին զանական կարգի անհատներէն բաղկացեալ Ընդհանուր ժողովի մը ձեռօք:

Պատրիարքը իր պաշտօնին մէջ՝ որ է Ազգին նախագահել եւ անոր օգտիցը հսկել, Ազգին՝ Ընդհանուր ժողովոյ միջնորդութեամբ ունեցած ազդեցութենէն ու վերատեսչութենէն բնաւ մէկ ժամանակ ազատ եղած չէ, ասոր ապացոյցն է, Պատրիարքին ամէն ժամանակ Ընդհանուր ժողով հրաւիրելն ու գումարելը, եւ կամ ըստ պահանջման գործոց կամ Բարձագոյն Դրան բացորոշ մէկ հրամանին վրայ կարեւոր խնդրոյ մը ծագած ատենը՝ Ընդհանուր Ժողովոյ դիմելն ու անոր որոշումը խնդրելը:

Հայոց Ազգը՝ ասկէ քսան տարւոյ չափ առաջ՝ կայսերական Տէրութենէն խնդրեց որ Պատրիարքարանի մէջ Պատրիարքին նախագահութեամբը երկու ժողով հաստատուին, մէկը կրօնական, միւսը՝ քաղաքական գործոց համար, որպէս զի Պատրիարքին պաշտօնատարութեանը գործակից եւ օգնական ըլլան, եւ Ազգին՝ թէ՛ ըստ Քաղաքականի եւ թէ՛ ըստ կրօնականի վաղեմի կանոններէն եւ սովորութիւններէն ո՛ր եւ է խոտորմանց առաջքը առնուի:

Երբ այս ժողովները հաստատուեցան, ազգային մանրամասն տնտեսութեան համար ալ՝ քանի մը Խորհուրդներ հաստատել հարկ եղաւ:

Բայց որովհետեւ Ազգային պաշտօնատեարց ամէն մէկուն իշխանութիւնը եւ պարտաւորութիւնները որոշաբար սահմանուած չէին, յայտնի էր որ Ազգին վիճակը բարեկարգելու մասին եղած այս ջանքերը, Ազգային Վարչութեան զանազան մասանց մէջ, նաեւ յիշեալ Վարչութեան եւ Ազգին մէջ անպակաս պառակտումներ ծագելուն առիթ պիտի տային, եւ աս ալ ամէն կողման վերաբերեալ իրաւանց գործադրութեան մասին շատ մը անկարգութիւններ, եւ Ազգային վարչութեան մէջ ալ շփոթութիւն եւ խռովութիւն պիտի պատճառէր:

Ահա՝ այդ շփոթութեանց եւ երկպառակութեանց պատճառները վերցնելու եւ ամէն կողման պահանջմանց վնասակարութիւնը բառնալու նպատակաւ, կայերական Տէրութիւնը իր բոլոր հպատակաց վրայ ունեցած հայրական խնամօքը՝ Ազգիս մէջէն խառն Յանձնաժողով մը կազմել հարկաւոր դատեց, որպէս զի Հայոց Ազգին Կրօնական եւ Քաղաքական բնիկ սովորութեանց, նաեւ ի վաղուց անտի ընդունուած ընթացքին համաձայն Սահմանադրութիւն մը պատրաստուի:

Արդ՝ խառն Յանձնաժողովը պատշաճ կը դատէ որ վաւերացման համար բարձրագոյն դրան մատուցուած Սահմանադրութեան ուրուագծին համեմատ՝

Ա. Պատրիարքին ի մէջ Տէրութեան եւ Ազգին միջնորդ ըլլալու պաշտօնը ըստ առաջին դրութեան մնայ:

Բ. Ընդհանուր ժողովոյ կազմութիւնը առաջինէն աւելի կանոնաւոր կերպիւ նորոգուի: Եւ Ազգային երեսփոխանները էսնաֆներէն ընտրուելու տեղ (ըստ որում էսնաֆներուն վիճակը նոյնը չէ՛ ինչ որ առաջ էր), Յունաց Ազգին մէջ գործադրուած եղանակէն գուցէ աւելի կանոնաւոր եւ օրինաւոր կերպով՝ Եկեղեցեաց ժողովուրդներէն (այսինքն թաղերէն) ընտրուին:

Եւ որովհետեւ դուրսերը բնակող հայ ժողովուրդները իրաւամբ կը գանգատին թէ Պատրիարքարանի որոշումներուն խորհրդակցութենէն եւ մասնակցութենէն բոլորովին զուրկ են, երեսփոխաններուն մէկ մասւ գաւառներուն կողմէն ընտրուին, եւ Կոստանդնուպոլսոյ թաղերուն Երեսփոխանաց վրայ աւելցուին: Եւ ժողովոյն Կրօնական մասը, այսինքն անդամոց քսանը՝ Կոստանդնուպոլիս գտնուող եկեղեցականներուն կողմէն ընտրուին, որով Ընդհանուր ժողովոյ անդամոց թիւը ընդամէնը հարիւր քառասունի կ’ամփոփուի:

Ասոնց պաշտօնը տասն տարի տեւէ, եւ ամէն տարի տասներորդ մասը փոխուելով նորէն ընտրութիւն ըլլայ:

Ընդհանուր ժողովը անուանէ թէ՛ զՊատրիարք եւ թէ՛ անոր նախագահութեամբը գործող Ազգային երկուց ժողովոց անդամները, եւ անոնց գործողութեանց վերատեսչութիւն ընէ:

Գ. Կրօնական գործոց տեսչութիւնը՝ Կրօնական ժողովոյն, քաղաքական գործոց տեսչութիւնը՝ Քաղաքական ժողովոյն, եւ խառն գործոց տեսչութիւնն ալ՝  յիշեալ երկու ժողովներուն մէկտեղ գալովը կազմուած Խառն Ժողովոյն վերաբերեալ ըլլայ:

Դ. Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները իրենց ձեռնհասութեան շրջանակին մէջ գտնուած թէ՛ Եկեղեցեաց ժողովուրդներուն (թաղականներուն՛ եւ թէ՛ եկեղեցեաց, դպրատանց, հիւանդանոցաց, վանօրէից եւ ասոնց նման ուրիշ տեղեաց ազգային գործերուն ամէնն ալ տեսուչ եւ թաղական խորհուրդներու միջնորդութեա՛մբ տնօրինեն:

Ե. Վարչութեան կեդրոնը Ազգային Պատրիարքարանն ըլլայ:

Պատրիարքը՝ իբրեւ պաշտօնական գլուխ Պատրիարքարանի, թէ Ընդհանուր ժողովոյն եւ թէ Ազգային կրկին ժողովներուն նախագահութիւն ընէ, եւ Ազգին ուղղակի կամ անուղղակի վերաբերեալ ամէն գործերը տնօրինէ ընդ վերատեսչութեամբ Ընդհանուր ժողովոյ:

Զ. Գաւառական ժողովրդոց Վարչութիւնը Կեդրոնական Վարչութեան հետ կապուած ըլլայ: Եւ  գաւառներուն մէջ Առաջնորդները նախագահութիւնն ընեն տեղական ժողովներուն, որոնք պիտի կարգադրուին ըստ տրամադրութեանց Կոստանդնուպոլսոյ ժողովոց, ու նոյն (տեղական) ժողովոց գործերն ալ տնօրինեն

Է. Գաւառական ժողովները՝ Կեդրոնական Վարչութեան, եւ սոյն Վարչութեան Խորհուրդներուն ամէն մէկը ո՛ր ժողովոյ վերաբերի՝ նոյն ժողովոյն, եւ Ազգային ժողովները՝ Ընդհանուր Ժողովոյն. Եւ Պատրիարքը մէկ կողմէն կայսերական Տէրութեան, եւ միւս կողմէն (Ընդհանուր ժողովոյ միջնորդութեամբ) Ազգին պատասխանատու ըլլան:

Ը. Եւ որովհետեւ Կայս. Տէրութիւնը Հայոց Ազգին համար տալու հրամաններուն գործադրութեան բնական միջնորդ եւ Ազգային վարչութեան գլուխ Պատրիարքը կը ճանչնայ եւ անոր կ’ուղղէ իր հարցումները. եթէ Տէրութիւնը Պատրիարքին հրամայէ որ հարցուցած խնդրոյն վրայ իր (այսինքն Պատրիարքին) կարծիքը յայտնէ, Պատրիարքը իր նախագահութեամբ գործող ժողովներուն որոշման համեմատ շարժի: Իսկ եթէ Ազգին կարծիքն առնելով Տէրութեան հաղորդել հրամայէ, այն ժամանակ Պատրիարքը ընդհանուր ժողով հրաւիրէ, եւ այն ժողովոյն վերջնական որոշմունքը յայտնէ Տէրութեան:

Թ. Ազգային վարչութիւնը երեք տեսակ պարտաւորութիւն ունի, որոնց առաջինն է առ կայս. Տէրութիւն. ա՛յս է՝ Ազգը կատարելապէս հաւատարիմ հպատակութեան մէջ պահել, եւ Ազգին թէ՛ ընդհանրապէս եւ թէ՛ ի մասնաւորի ամէն մէկ անհատներուն իրաւանց եւ արտօնութեանց՝ Տէրութեան կողմէն պահպանութիւնը ապահովցել: Երկրորդն է առ ազգն, որ է ճշմարտապէս գթութեամբ եւ հայրաբար վարուիլ: Եւ երրորդն է առ Աթոռ Էջմիածնի, ա՛յն է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կրօնական կանոնաց եւ օրինաց համեմատ վարուիլ:

Ահա՛ ասոնք են Սահմանադրութեան այն կէտերը զոր Խառն Յանձնաժողովը պատշաճ կը դատէ, եւ զոր կը հաստատէ միւս յանձնաժողովը, որ Ձեր Վսեմութեան հրամանին համեմատ ի դիմաց Ազգին՝ Սահմանադրութեան վրայ իր դիտողութիւնները Բարձրագոյն դրան ներկայացնելու համար կազմուեցաւ:

Ի Կ. Պոլիս, 16 Փետր. 1862

 

ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ

Անդամք Բարձրագոյն Դրան Յանձնաժողովոյ

ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԻԿՈՄԻԴԻՈՅ, Տեղապահ Պատրիարքական Աթոռոյ Կոստանդուպոլսոյ

ՅՕՀԱՆՆԷՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

ՅՕՀԱՆՆԷՍ ՔԱՀԱՆԱՅ ՓԱՓԱԶԵԱՆ, Սկիւտար Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ

ՅՕՀԱՆՆԷՍ ՔԱՀԱՆԱՅ ՀԻՒՆՔԵԱՐՊԷՅԷՆՏԵԱՆ Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ ի Պալատ

ԳԷՈՐԳ ԵՐԱՄԵԱՆ, ՅՕՀԱՆՆԷՍ ՏԱՏԵԱՆ, ՍԵՐՈՎԲԷ ՎԻՉԷՆԵԱՆ, ԳՐԻԳՈՐ ԱՂԱԹՕՆ, ՅԱԿՈԲ ՄՈՒՊԱՀԵԱՃԵԱՆ, ՅԱԿՈԲԻԿ ՆՈՐԱՏՈՒՆԿԵԱՆ, ՅՕՀԱՆՆԷՍ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ, ԳԱՍՊԱՐ ԿԻՒՄԻՒՇՃԻ:

 

Անդամք Ազգային Յանձնաժողովոյ

ԱՂԱԹՕՆԵԱՆ ՄԿՐՏԻՉ, ԱՍԼԱՆԵԱՆ ՍՏԵՓԱՆ, ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՄԱՆՈՒԿ, ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՄԻՆԱՍ, ՌՈՒՍԻՆԵԱՆ, ՍՈՒՐԷՆԵԱՆ ՅՕՀԱՆՆԷՍ, ՕՏԵԱՆ ԳՐԻԳՈՐ:

ՕՐԻՆԱԿ ՀՐԱՄԱՆԱԳՐԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԴՐԱՆ


Առ Խոհեմազարդ Տեղապահ Պատրիարքի Հայոց

Հայոց Պատրիարքարանի վիճակին եւ վարչութեան բարեկարգութեանը վրայօք, ասկէ առաջ բարձրագոյն Դուռը կազմուած Յանձնաժողովին գրի առած Սահմանադրութիւնը՝ լոկ աշխարհական գործոց վերաբերեալ քանի մը կէտերը սբրագրուելէն ետքը, Վեհափառ Արքային մատուցուեցաւ. եւ նորին կայսերական վեհափառութեան կողմէն ընդունուելով, պարունակած նիւթերուն այսուհետեւ կանոն բռնուիլը Ձեր Սրբազանութեան յանձնելու Արքունի Հրամանը շնորհուեցաւ:

Ուստի յիշեալ Սահմանադրութիւնը ներփակեալ առ Ձեզ ուղարկելով՝ կը պատուիրեմք որ պարունակած նիւթերուն այսուհետեւ անթերի գործադրութեանը հսկելով, ըստ բարձրագոյն կամաց Օգոստափառ կայսեր ինչ որ պարտ ու պատշաճ է ի գործ դնելու հոգ տանիք:

17 Մարտ 1863

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Օսմանեան Տէրութեան իր մահմէտական չեղող հպատակներուն շնորհած արտօնութիւնները՝ հաւասար են ըստ սկզբանց ամէնուն համար. բայց անոնց գործադրութեանը եղանակը՝ իւրաքանչիւրը ազգի մէջ ըստ պահանջման սեպհական սովորութեանց իւրեանց մասնաւոր կերպով տնօրինուած է:

Հայոց Պատրիարքը գլուխ է իր ազգին, եւ մասնաւոր պարագաներուն մէջ՝ Տէրութեան հրամանաց գործադրութեան միջնորդ: Սակայն Պատրիարքարանի մէջ կրօնական գործոց համար՝ Կրօնական Ժողով մը եւ քաղաքական գործոց համար՝ Քաղաքական Ժողով մը կան հաստատուած: Այս երկու ժողովները ի պահանջել հարկին միանալով Խառն Ժողով կը կազմեն: Թէ Պատրիարքը եւ թէ այս երկու ժողովոց անդամները՝ Ազգին պատուաւոր անձանցմէ բաղկացեալ մէկ Ընդհանուր Ժողովոյ մէջ կ’ընտրուին:

Որովհետեւ յիշեալ ժողովներուն պաշտօնն ու պարտաւորութիւնքը, եւ կազմութեան եղանակը բաւական կանոններով սահմանուած չեն, եւ այս պատճառաւ զանազան անտեղութիւններ, եւ մասնաւորապէս Ընդհանուր Ժողով կազմելու մասին տեսակ տեսակ դժուարութիւններ տեսնուած են:

Որովհետեւ բարեկարգութեանց  վերաբերեալ կայսերական հրովարտակին [1] համեմատ իւրաքանչիւր հասարակութիւն իր ունեցած արտօնութիւններն ու առանձնաշնորհութիւնները՝ որոշեալ ժամանակի մէջ քննելով, եւ ժամանակին բերմանցը եւ քաղաքակրթութեան արդեանցն ու արդի լուսաւորեալ վիճակին պահանջած բարեկարգութիւնները խորհրդածութեամբ որոշելով, բարձրագոյն Դրան ներկայացնելու պարտաւորուած է,

Որովհետեւ ամէն մէկ Ազգին կրօնական գլուխներուն շնորհուած իշխանութիւնն ու կարողութիւնը, իւրաքանչիւր հասարակութեան ապահովուած նոր վիճակին ու դրութեան համաձայնեցնել պէտք է,

Ուստի Հայոց Ազգէն քանի մը պատուաւոր անձինքէ յանձնաժողով վը կազմուեցաւ, որ Ազգին համար պատրաստեց սա հետեւեալ Սահմանադրութիւնը:



[1]            Խաթթը Հիւմայուն 6/18 Փետր. 1856։