Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Բ.
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՆՈՆՔ ԺՈՂՈՎՈՑ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴՈՑ

Յօդ. 85. Ամէն ժողով եւ խորհուրդ պիտի ունենայ ատենական Դիւան մը, որ կը բաղկանայ մէկ ատենապետէ մը, մէկ ատենադպրէ, եւ երբեմն նաե՛ւ ատենապետի եւ ատենադպրի փոխանորդներէ։ Ասոնց ամէնն ալ հարկաւ ժողովոյ անդամներէն պիտի ըլլան։

Ատենական Դիւանը տարին անգամ մը կը նորոգուի, եւ անդամներն անմիջապէս վերընտրելի են։

Յօդ. 86. Առանց մեծագոյն մասի ներկայութեան Ատեան չի կրնար կազմուիլ։

Յօդ. 87. Խնդիր մը լաւ քննուելէն, եւ անոր վրայ ներկայ ժողովականց կարծիքը հասկցուելէն վերջը, քուէի կը դրուի, եւ ձայնից առաւելութեամբ որոշում կը տրուի։ Երբ ձայնից հաւասարութիւն պատահի, եթէ նախագահը ներկայ է՝ անոր կարծեաց կողմը կը հակի որոշումը, եթէ ո՛չ՝ Ատենապետին կողմը։

Յօդ. 88. Խառն Ժողովոյ մէջ քննուած որ եւ է խնդրոյ որոշում տրուելու համար, պէտք է որ երկու ժողովները զատ քուէարկութիւն ընեն։ Երբ երկուքին ալ մեծագոյն մասը միեւնոյն որոշումն ըրած ըլլայ, խնդիրը լուծուած է, իսկ եթէ որոշումնին տարբեր ըլլայ, կարծեաց անհամաձայնութիւն կը համարուի. եւ հետեւաբար խնդրոյն որոշումը Ընդհանուր Ժողովին կը ձգուի։

Խառն Ժողովը օրինաւորապէս գումարուած համարուելու համար, պէտք է որ ժողովոց երկուքին ալ մեծագոյն մասը ներկայ գտնուին։

Յօդ. 89. Ընդհանուր ժողով գումարուելէն գոնէ վեց օր առաջ՝ պէտք է որ Պատրիարքարանի կողմէն հրաւիրանաց գրեր յուղարկուին անդամներուն։