Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ե.
ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Յօդ. 99. Ազգային Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքը  անփոփոխելի են։ Բայց երբ փորձառութեամբ՝ ի՛նչ ի՛նչ տրամադրութեանց փոփոխութիւնը հարկաւոր դատուի, Ընդհանուր ժողովը՝ Սահմանադրութեան հաստատութենէն հինգ տարի ետքը՝ Վերաքննութեան Յանձնաժողով մը կը կազմէ, Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներէն երեքական անդամ, չորս Տեսուչ Խորհուրդներէն երկերկու անդամ՝, եւ ասոնցմէ զատ Ընդհանուր Ժողովոյ մէջէն կամ դրսէն վեց հոգի, ընդամէնը քսան անդամ ընտրելով։ Այս յանձնաժողովը կը սահմանէ հարկաւոր դատուած փոփոխութիւնները. որ Ընդհանուր Ժողովը վաւերացնելէն ետքը, Բարձրագոյն Դրան կը ներկայացուին, եւ կայսերական հրամանին համեմատ կը գործադրուին։

ՎԵՐՋ