Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

III

Յունական ու Հռոմէական հին մեծութիւնները, Ճաբոնական նորագոյն վերածնունդը, ռուսական, գերմանական ժամանակակից զինուորականութեան վրայ հիմնուած պետութիւնները կամ առհասարակ միլիթարիզմական տիրապետութիւնները, անգլիական, ֆրանսական, իտալական եւ այլ մեծ պետութեանց հետեւած գաղթային քաղաքականութիւններն ու անոնց գրաւած դիրքերը, բոլոր հին ու նոր պետութեանց մէջ գործ դրուած զուլումները, Հռոմայեցիներու եւ Օսմանցիներու զինուորականութեամբ ունեցած մեծամեծ յաջողութիւնները, այս ամէնքը կը ներշնչեն երիտասարդ քննադատին՝ Ճէլալ Նուրի պէյի մէջ նորանոր յոյսեր եւ ան արդէն գոյ համարելով մեծ թուրք ազգութիւն Թուրքիոյ մէջ, իր քննադատութեանց եւ տեսութեանց ընթացք կուտայ դէպի յոյսերն ու երազները տանող ճանապահով, որով կ՚իյնայ անել հակասութեանց մէջ։

Կայսրութիւնը ունեցեր է երկու գլխաւոր շրջան, նուաճողական արշաւանքներու եւ աշխարհակալութեան շրջանը. ապա՝ պաշտպանողական, յարձակումներու դէմ պաշտպանուելու կամ նահանջի շրջանը։ Երկու շրջանին մէջ ալ, մինչեւ Սուլթան Մահմուտ Բ. Օսմանեան Կայսրութիւնը ունեցեր էր այդ հաւքտուքները, բազմաթիւ տարրերէ բաղկացած ապազգային-մահմետական բանակը։

Բայց կարելի է ըսել որ կայսրութեան սկզբնական շրջանի բանակին կազմը յետագայ շրջաններու կազմին բոլորովին նմանը չէր։ Վերջինները կը կազմէին Եէնիչէրիները՝ որոնք Սուլթան Օրխանի եւ Մուրատ-Խիւտավէնտիկեարի ժամանակներուն հաստատուած, արդէն կայսրութեան փառքի գագաթնակէտին հասած շրջաններուն, եւ թէ՝ անկման շրջաններուն մէջ՝ առանձին առաձնաշնորհեալ քասթա կը ձեւացնեն։

Եէնիչէրիներու կազմը կը տարբերէր եւ անով՝ որ եւ առանձնապէս խնամք կը տարուէր հաւաքելու քրիստոնեայ մանուկներ եւ պատանիներ, մահմետականացնելով զանոնք ու Եէնիչէրի Օճագիին կը յանձնուէին եւ ասոնցմով կը կազմուէր բանակը։

Ահա այս կերպով կազմուած ու հաստատուած պետութեան ստացած ծաւալը եւ հոսած փառքի գագաթնակէտն է որ աչքի առաջ ունենալով. անոր անկման պատճառները թուելով ու խարազանելով հանդերձ՝ թուրք քննադատը չի տատանիր մոլեռանդ հաւատքով մը ըսելու թէ— «Օսմանեան իշխանութիւնը հիմնուած է իբրեւ զինուորական իշխանութիւն մը, եւ զարգացած ու անկման է ենթարկուած իբրեւ այդպիսին։ Վստահ ըլլանք որ վերստին զինուորականութեամբ նոր կեանք պիտի ստանայ ու առաջադիմէ ան» (Երես 2)։

Զինուորականութեան երիտասարդ հաւատացեալը իր հաւատքին իբր ապացոյց եւ կենդանի օրինակ՝ ի միջի այլոց կը բերէ Բրուսիան։— «Ֆրանսայի մեծ յարձակումներէն յետոյ Բրուսիա շատ լաւ հասկցաւ թէ իր թերութիւնները զինուորականութեան մէջ կը գտնուին. Ֆրանսայի բռնի ընդունիլ տուած պայմաններէն դուրս Գերմանիա իր ամբողջ ուժը զինուորական կազմակերպութեան ու վերակազմութեան նուիրեց» (Երես 62)։

Բայց իմ քննադատութեանս գլխաւոր առարկան երիտասարդ հայրենասէրին այս հաւատքը չպիտի ըլլայ, որովհետեւ ինծի կ՚երեւի թէ անոր այս եւ այլ նման տողեր որքան ալ աշխարհակալական անցեալ փառքերու կորստեան կսկիծին եւ այդ կորուստները վերստանալու ցանկութեան հետեւանք ըլլան, բայց եւ այնպէս անոր մէջ մտեր է արդէն միլիթարիզմի սարսափները. եւ ինքն է դարձալ որ միլիթարիզմին դէմ ամենաուժգին կերպով կը խօսի, բացագանչելով. «…Նախկին թուրք աշխարհակալները բոլորն ալ զինուորական պետութիւն կը հիմնէին։ Աթիլլայի, Ճինկիզ Խանի եւ Թիմուր Լէնկի պետութիւնները այս կարգէն էին։ Այս երեք թուրք աշխարհակալները աշխարհի էն մեծ կայսրութիւնները հիմնեցին. արդեօք այս մեծ պետութիւնները ապրեցա՞ն» (երես 39)։ «Ժամանակին Աղեքսանդր Մեծն ալ Մակեդոնեայէն մինչեւ Հնդկաստան գնաց. բայց ի՞նչ եղաւ անոր պետութիւնն ալ» (Երես 40)։

Թէեւ ուրիշ տեղ մը՝ Ճէլալ Նուրի պէյ վերստին գովքը կ՚ընէ զինուորութեան եւ զինուորականութեան եւ զինուորականութեան՝ որ թուրքին ժառանգական առանձնայատկութիւնն է եղեր եւ միշտ իր բաղդն է շիներ՝ շնորհիւ այդ յատկութեան, իբր ապացոյց կը յիշէ. «Օսմանցիները  միայն իրենց նուաճման շրջանէն ի վեր չէ՛ որ զինուոր են։ Բացի Խանի տոհմին Սուլէյման շահին հպատակող մասէն՝ արդէն ռազմիկ, կտրիճ, արիասիրտ, ասկէր օղլի ասկէր ազգի մը կը պատկանէր։ Թուրքերը հնուց ի վեր պատերազմը իրենց համար միակ զբաղումն են համարեր եւ անոնք Ասիան մէկ ծայրէն միւսը շատ անգամներ տիրեր ու նուաճեր են։ Աշխարհի էն մեծ կայսրութիւնը ինչպէս բոլորին յայտնի է Ասիոյ մէջ Թուրքերը հիմնեցին» (երես 56)

Սա արդէն զգացումի եւ դատողութեան մէջ տեղի ունեցող կռիւն է։

Երիտասարդ հրապարակագիրը չի մտներ այն հարցերուն մէջ՝ ինչո՞ւ Թուրքերը պատերազմիկ ցեղ են եղեր։ Կը մոռնայ մինչեւ իսկ իր ըրած հարցումին պատասխանը՝ թէ ինչո՞ւ նախկին թուրք կայսրութեանց հետքն անգամ չէ մնացած։ Այս հակասութեանց մէջ ակամայ կ՚իյնայ Ճէլալ Նուրի պէյ, որովհետեւ այդ անհետացած կայսրութեանց յիշատակներով է որ կը կարծէ ոգեւորել այն բազմարիւն տարրը՝ որ թուրք կը համարէ ինք։ Իր զգացումները չեն ներեր ընդունելու՝ որ արուեստականօրէն ազգութիւն չի՛ ստեղծուիր եւ գուցէ չի նշմարեր որ մահմետական պետութեան անկման էն գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ՝ մահմետական բանակէն առաջ եկած խառնուրդի բազմարիւնութիւնն է։ Աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ գուցէ ըսել՝ թէ նշմարելով հանդերձ յաճախ աննշմար կը թողու։

Այնու ամենայնիւ, հեղինակին դատողութիւնը աւելի գերիշխող կը հանդիսանայ. ուստի ան կը քննադատէ ու կը դատապարտէ զինուորականութիւնը, միլիթարիզմը, ներկայացնելով զինուորականութեան բոլոր վատթար պատկերները։

«Աւարը անվերջ չէ՞…։

«Ահա Հռոմի զինուորները՝ որ նախ օտարները, եւ ապա Ասիոյ ու Ափրիկէի ազգերը կողոպտելով եւ կճպելով մերկացնելէ յետոյ Հռոմն ալ կողոպտել սկսան» (երես 34)։

«Աւարը վերջապէս կը հատնի, շրջակայ ազգերը զգաստութեան շրջանի մէջ կը մտնեն։ Սկիզբը, յաղթութեան ոգեւորութիւններով կռուի դաշտ նետւող զինուորը այլեւս կը ծուլանայ, կը յոգնի, կը ծերանայ եւ պետութիւնն ալ անկումի անդունդը կ՚իյնայ» (երես 41)։

«Իշխանութիւնը միայն զինուորութենէ չէ՛ բաղկացած. վարչական ճիւղն ալ ունի։ Ներքին, ֆինանասական եւ տնտեսական խնդիրներուն այնքան ալ կարեւորութիւն չընծայող, զանոնք իրենց սրտին մօտ չզգացող ընկերութիւնները վերջապէս քայքայման կ՚ենթարկուին» (երես 32)։

Այսպէս, հեղինակը թուելէ ետք Հռոմէական եւ Օսմանեան կայսրութեանց օրինակներով զինուորութեան չարիքները եւ եէնիչէրիութեան գործած անկարգութիւնները, զեղծումները, ըմբոստութիւններն ու աղէտները՝ կ՚անցնի կայսրութեան անկման այլ պատճառներուն։

Ըստ հեղինակին, այդ պատճառներու շարքին կը պատկանին։

1. Սանձարձակ իշխանութիւն՝ հետեւանք զինուորականութեան։

2. Անաշխատութիւն, անարդիւնաբերութիւն՝ հետեւանք զինուորականութեան։

3. Թուրք աշխատաւորութեան տնտեսական ու ֆիզիքական անկումը՝ հետեւանք զինուորականութեան եւ աւատականութեան։

4. Թանզիմաթի, սահմանադրականութեան վիժում, օրէնքներու անբաւարարութիւն եւ անգործադրութիւն՝ հետեւանք միմիայն Եւրոպական ընդօրինակութեան սիստեմին, երկրի պայմաններէն ու ազգային բարքերէն ու ընդունակութիւններէն բղխած չ՚ըլլալուն։

5. Առեւտրական, ճարտարուեստական եւ երկրագործական ասպարէզներուն մէջ յետամնացութիւն՝ հետեւանք համապատասխան օրէնքներու չգոյութեան։

Դիտելի է որ այս ամէնը հեղինակին կողմէ կը քննադատուին միայ Թուրքի՝ եւ ո՛չ թէ Օսմանացիի հայեցակէտով, այլ եւ միմիայն Թուրքի համար։ Օսմանցիութիւնը հեղինակին համար՝ ինչպէս եւ բոլոր Երիտասարդ Թուրքերուն կամ անոնց դպրոցին համար, հոմանիշ է Թուրքի։ Կարելի է ըսել որ մահմետական այլ ցեղերն ալ կը մնան օսմանցիութեան իմաստէն դուրս։

6. Եւ վերջապէս, անկման պատճառներէն գուցէ գերագոյնը հեղինակը կը գտնէ ներքին աններդաշնակութիւնը. թուրք տարրի զանազան ցեղերէ ու ազգերէ կրած ազդեցութիւնները, փոխանակ ուրիշները ձուլելու վտանգին ենթարկուիլը։

Եւ հեղինակին, ինչպէս զանազան նիւանսներով այլ «Երիտասարդ Թուրքերուն» կամ անոնց դպրոցին իտէալն է ձուլումը։