Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
ԿՐԵՏԱՑԻ ՃԷԼԱԼ ՆՈՒՐԻ ՊԷՅԻՆ

Թուրքիոյ մահմետական կամ մահմետական-թուրք պաշտօնէութիւնն ու մտաւորականութիւնը սովոր չեն իրենց ընտանեկան անունը իրենց անձնական անունին կցելով ստորագրելու: Հազուադէպ է որ իրենց ընտանեկան անուններով ծանօթ լինին: Ընտանեկան ծագումի որոշիչ անուններուն զանցառութիւնը արդէն այս երկրին պատմութեան վերլուծման համար չափազանց ուշագրաւ երեւոյթ մըն է: Ինծի կը թուի որ անցեալի բազմաթիւ սրբագրութեան կարօտ աւանդութեանց մէջ այս ալ իր առաջնակարգ անհրաժեշտութիւնը ունի:

Եթէ չեմ սխալիր, ձեր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ յիշած էք աթավիզմի ունեցած ազդեցութիւնը անհատական ու հասարակական նկարագրի, ուստի եւ կեանքի վրայ:

Տարորոշելով ձեր Կրետացի ըլլալը, ինծի կը թուի որ ձեր արժանիքներէն եւ ընդունակութիւններէն շատ բան կը պարտինք ձեր կրետական ծագումին: Ամբողջ պատմական քաղաքակրթութեան մը, ստեղծագործ անցեալի մը ներարկումն է որ որ աթավիզմով անցած է ձեր մէջ:

Այս մտածումներէն թելադրուած՝ թոյլ տուի ինծի ձեզի դիմելու Կրետացի յատկորոշումով, որուն համար ձեր ներողամտութիւնը կը խնդրեմ:

Իբր փակագծի մէջ ըսուած՝ այս բացատրութենէն յետոյ կ՚անցնիմ ուղղակի այն նիւթին եւ նպատակին՝ որուն համար ձեզի դիմել նախամեծար համարեցի:

Թէեւ քիչ մը ուշ՝ բայց արդէն լարուած հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը կարդամ ձեր հրատարակած շարք մը աշխատութիւնները: Արդէն թուրքերէն լաւագոյն հրատարակութեանց վաթսուն առ հարիւր ընթերցողները Հայ երիտասարդութիւնը, Հայ մտաւորականութիւնը եւ ուսանողութիւնն են:

Դուք դիտեր էք անշուշտ որ ձեր այնքա՛ն արժէքաւոր մտքի արտադրութիւնները ուշադրութեան չառնուեցան թուրք մամուլի կողմէն:

Իրաւունքի ու արդարութեան ձեր ձգտումները, պատմական ընդարձակ ծանօթութիւնները, մտրակող ու խարազանող անվերապահ քննադատութիւնները ո՜րքան նորութիւն են մեզի համար, մեզի՝ որ կարօտն ունինք մեր շրջապատի մէջ լոյսի եւ յոյսի ծագումին, արդարութեան եւ իրաւունքի պաշտպանութեան ձայնակիցներու:

Ձեր երկերով դուք կը ներշնչէք մեզի այդ յոյսը: Այդ պատճառով ալ, Ազատամարտի ընթերցողներուն ներկայացուցի ձեր Թարիխը Թէտէննիյաթը Օսմանիէն, իր ընդհանուր եւ հիմնական գիծերով: Աշխատեցայ պատկերացնել այն հակասութիւնները որոնք սպրդեր էին ձեր հարուստ տեսութեանց մէջ, եւ կարծեցի ձեր նախաձեռնութեան նպաստող ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալ՝ քննադատելով այն եզրակացութիւնները, որոնք չէին բղխեր ձեր պատմական տեսութիւններէն:

Դժբաղդութիւնը անոր մէջն է որ թէեւ մենք քայլ առ քայլ կը հետեւինք թուրք մտայնութեան եւ հասարակական շարժման երեւէջներուն, մենք կը մնանք ձեզի համար անծանօթներ, գուցէ աւելի քան օտարներ, որովհետեւ դուք մեր լեզուով եւ մեր հրատարակութիւններով չէք զբաղիր ու չէք կարդար:

Իբր անհատ, իբր քաղաքացի եւ իբր ազգ՝ ընդհանուր Հայրենիքի մը բաղադրիչ մասնիկներն ենք, եւ բնականօրէն կոչուած՝ նոյն Հայրենիքին ծառայելու, գործադրելու, եւ ասոր համար ալ իրարու լաւ ծանօթանալու եւ զիրար ըմբռնելու՝ առանց լեզուական խտրութեան: Լեզուն միջոց է եւ ո՛չ նպատակ:

Նոր վերջացուցի ձեր Քէնտի նօգթաի նազարըմտան հուգուգը տիւվէլ ու անոր կցուած Իսլամտա վիւճուպը թէճէտտիւտը: Այդ գրքին մէջ ձեր խաղաղասէրի իւրացուցած ու պաշտպանած մտքերը, պետութեանց նուաճողական կամ գաղթային էմփէրիալիստական քաղաքականութեան վերաբերմամբ քննադատութիւնները՝ ստացուած ըլլալով ժամանակակից առաջընթաց քաղաքակրթութեան, դեմօկրատական-ընկերվարական աշխարհահայեցողութիւններէն, մեր որդեգրած ընկերվարական վարդապետութեան պատմափիլիսոփայութենէն, վաղո՜ւց արդէն պաշտպանուեր են մեր կուսակցական գրականութիւնով եւ Ազատամարտի էջերով:

Բայց, բարի եղէք ինծի թոյլ տալու որ ձեզի դիտել տամ թէ՝ միայն միջազգային օրէնքները չեն որ արդարարութեան եւ իրաւունքի դեմօկրատական ըմբռնումներէն հեռի էն:

Միայն Եւրոպական կամ Արեւմտեան մեծ տէրութիւնները չե՛ն որ երկու չափ եւ երկու կշիռ ունին՝ թէ՛ իրարու եւ թէ՛ օտարներու հանդէպ: Միայն անոնք չեն որ խտրութիւններ կը դնեն թոյլերու եւ ուժեղներու վերաբերմամբ. ու այդ խտրութիւնները իրենց աստիճաններով կը տարբերին իւրաքանչիւր պետութենէն եւ ազգէն մինչեւ անհատը:

Այդ խտրութիւնները գոյութիւն ունին իւրաքանչիւր պետութեան մէջ տիրող տարրին եւ ցեղին չպատկանող քաղաքացիներու եւ ազգերու վերաբերմամբ:

Եւ դուք լաւ գիտէք որ այդ խտրութիւնները պայմանաւորուած են եւ կը տարբերին իւրաքանչիւր միջավայրի ըմբռնումներով եւ ըստ ոյժերու փոխյարաբերութեանց: Դուք ալ արդէն կը հաստատէք այս դառն իրականութիւնը, եւ դուք եւս նոյնպիսի կերպով կը վերաբերուիք ձեզնէ թոյլերուն հանդէպ, հանդէպ մեզի, օրինակ:

Ինչո՞ւ ուրեմն աղանդաւորի ոճով ու մտայնութիւնով կը ձգտիք ապացուցանել թէ՝ քրիստոնեայ Արեւմուտքը դուրս է թողած մահմետական պետութիւնները միջազգային իրաւունքէն, թէ քրիստոնեայ Արեւմտեան պետութիւներու ուժը ուղղուած է մահմետականութեան դէմ: Գիտական, պատմական, իրաւունքի ու պետութեան ո՞ր օրէնքն է որ ձեզ կը մղէ վերարծարծել խաչի եւ մահիկի պատերազմ նոր Ճիհատի ու Խաչակրութեան պատերազմներ:

Չէ՞ որ դուք ալ կ՚ապացուցանէք որ Չինաստանն ալ, թէեւ ո՛չ-մահմետական, նոյնպէս լիովին չի վայելեր եւրոպական միջազգային իրաւունքի պաշտպանութիւնը:

Չէ՞ որ դուք էք հաստատողը թէ Ճաբոնական պետութիւնը, թէեւ ո՛չ-մահմետական, այսօր աստիճանի վրայ եւ լիովին կ՚օգտուի միջազգային իրաւունքներէն:

Արդեօք ձեր կողմէն անարդարութիւն չէ՞ մոռանալ Ղըրիմի պատերազմը, երբ նոյն եւրոպական պետութիւնները թող ըլլայ իրենց շահին համար եկան իրենց գանձն ու արիւնը զոհելու քրիստոնեայ Ռուսաստանի դէմ՝ մահմետական Թուրքիան պաշտպանելու համար:

Արդեօք ձեր կողմէն անարդարութիւն չէ՞ մոռացութեան մատնել որ վերջին Ռուս-Թրքական պատերազմի ժամանակ, քրիստոնեայ Անգլիական Սան-Սթէֆանոյի առջեւ կանգնեցուց յաղթական քրիստոնեայ Ռուստաստանի բանակը՝ մահմետական Թուրքիան պաշտպանելու համար:

Փաստը այն է ուրեմն, որ կրօններով չէ որ պետութեանց փոխյարաբերութիւնները կ՚առաջնորդուին, այլ ուժերով: Արդեօք Թուրքիոյ փոխարէն՝ եթէ քրիստոնեայ պետութիւն մը ըլլար եւ շարունակեր սպառել իր ուժերը, եթէ շարունակէր վտանգի րոպէներուն րէֆօրմի, արդարութեան, հաւասարութեան խոստումներ տալ, դաշնագրելով յանձնառութիւններ ստանձնել, վտանգն անցնելէ յետոյ դարձեալ շարունակելու համար հինը, քայքայումը, վատնումը եւ զեղծումը, կը կարծէ՞ք որ պիտի խնայուէր:

Արդեօք խնայուե՞ր են քրիստոնեայ Բոլոնիա, Ֆինլանտան, Շլէզվիկ-Հոլշտայնը: Արդեօք մշտապէս վտանգի տակ չե՞ն քրիստոնեայ Փորթուկալը, Հոլանտան, Պելճիգան եւլն.: Երկար կ՚ըլլար ասոնց շարքը, եւ այդ ամէնը դուք շատ լաւ գիտէք:

Եւ սակայն, հակառակ այդ ամէնուն, դուք միակողմանիօրէն, հակառակ պատմութեան, հակառակ գիտութեան եւ քաղաքակրթութեան, հակառակ ձեր դիմակաւորուած խաղաղասիրութեան պաշտպանի վարդապետութեանը՝ դո՛ւք էք որ պատերազմ կը ծրագրէք Մահիկի՝ ընդդէմ Խաչի:

Դուք կը շարունակէք մեղանչել նաեւ ձեզի դէմ ձեր իսլամտա վիւճուպը թէճէտտիւտով: Կրօնը՝ իբրեւ խղճի գործ, երկրային կեանքէն բաժնելու անհրաժեշտութիւնը յստակօրէն պաշտպանելէ յետոյ, դարձեալ դուք էք որ ձեզի դէմ հակասելով՝ իսլամական կրօնի տակ ընդհանուր յայտարարի կը վերածէք բոլոր այն ազգերը, որոնք թէեւ մահմետական. բայց քաղաքական, տնտեսական. կուլտուրական, ազգային եւ աշխարհագրական ինքնուրոյնութիւններ, առանձին շահեր ու առանձնայատկութիւններ կը ներկայացնեն:

Համիսլամութիւնն է այս, չէ՞:

Դուք ասիկա կ՚ընէք Օսմանեան, այսինքն Թուրք պետութեան վերածնունդի գործին եւ սիրոյն համար:

Թուրքիոյ վերածնունդի ցանկութիւնն ու պահանջը մերն ալ է, բայց գիտութեան եւ պատմութեան դասերն ունեցողները այդ նուիրական գործին համար պիտի չհետեւին հին նախապաշարումներուն եւ յամառութեամբ չը պիտի շարունակեն երթալ հակագիտական եւ հակաքաղաքակրթական անել ճանապարհով:

Կ՚աշխատիք ապացուցանելու որ իսլամութիւնը պահպանողական չէ, վերանորոգիչ ծնունդ ու ոգի ունի: Շատ լաւ: Բայց չէ՞ որ կրօնն ու կրօնականը հոմանիշ չեն եւ բոլոր կրօններու մէջ կրօնականները պահպանողական են եղեր ու են. չէ՞ որ քաղաքակրթական առաջդիմութիւնները եւ վերածնունդները կատարուեր են ու կը կատարուին հակառակ կրօնականներու եւ անկախ անոնցմէ:

Քաղաքակրթութիւնը՝ ինչպէս դուք կը հաստատէք. անկախ կրօնէն, իւրաքանչիւր ազգի ու պետութեան ցեղային, աշխարհագրական եւ այլ ազդեցութեանց տակ կազմուած ընդունակութիւններու, ստեղծուած քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային պայմաններու համեմատութեամբ՝ դարերով յաջորդաբար մթերուած աշխատանքի արդիւնքն է:

Հետեւաբար, բնական անհրաժեշտութիւնն է Թուրքիոյ քաղաքական, կուլտուրական եւ տնտեսական վերածնունդին համար դիմել միեւնոյն ազգային, տնտեսական եւ կուլտուրական ազդակներուն:

Թուրքիոյ, Օսմանեան պետութեան կամ ընկերութեան առանձնայատկութիւնները, բաղադրութիւնն ու այլ ազդակները հիմնովին կը տարբերին մահմետական այլ աշխարհներէն. ինչպէս եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրարմէ: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր մահմետական աշխարհի վերածնունդը կարող է կատարուիլ իւրաքանչիւրին ինքնայատուկ ազդակներովը:

Արդ. ապացուցանելու կարօտ չէ՛ որ Օսմանեան պետութիւնը կազմուած է Արաբ, Յոյն, Թուրք, են. ազգերով՝ որոնք իրարմէ կը տարբերին կրօնով, ծագումով, պատմութիւնով, լեզւով, կուլտուրայով եւ աշխարհագրական տարբեր մասերով ու առանձնայատկութիւններով:

Պարզ ու որոշ ըսէ՛ք, դուք կ՚ընդունի՞ք այն բնական ու պատմական օրէնքն ու անհրաժեշտութիւնը թէ՝ Թուրքիոյ վերածնունդը կարող է եւ պէտք է կատարուի միայն եւ միայն այս ազգերու ազդակներովն ու համագործակցութեամբը:

Եթէ այո՛, ընդունեցէ՛ք ուրեմն որ ատիկա կարող է իրագործուիլ իւրաքանչիւր ազգի ինքնորոշ կեանքովն ու զարգացումովը: Արդէն այդ բնական ձգտումը ցոյց են տուեր, եւ այդ բնական պահանջն են դրեր նոյն իսկ մահմետական ազգերը՝ անկախ կրօնէն:

Եթէ ո՛չ, ուրեմն այդ պարագային, դուք Թուրքիոյ վերածնունդը կ՚ըմբռնէք հակառակ բաղադրիչ ազգերու, հակառակ մեզի. եւ իսլամութեան տակ ձեր քողարկուած նպատակն ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ միայն Թրքութիւնը:

Դուք չէք ընդունիր ուրեմն օսմանեան ընկերութիւնը կազմող ազգեր, անդամներ:

Այդ պարագային, դուք ո՛չ միայն գիտութեան, պատմութեան եւ բնութեան դէմ կ՚երթաք, այլ եւ չափազանց միամիտ էք, ենթադրելով որ 300 միլիոնի զանազան մահմետական ազգեր իրենց ինքնութիւնը կը զոհեն կամ հնարաւորութիւնը կ՚ունենան զոհելու՝ ձեր այդ բացարձակ էկօիսթ անարդարութեան, ծայրայեղ էմփէրիալիզմին, շովինիզմին համար:

Եթէ այս չէ նպատակնիդ, եթէ կ՚ընդունիք օսմանեան ընկերութիւնը իր բաղադրիչ, անբաժան, բայց իւրաքանչիւրը իր ինքնագոյութեան իրաւունքովն ու միութեամբը, ինչո՞ւ հապա օսմանեան պետութեան վերածնունդի հարցը կը ձեւակերպէք իսլամութեան դատով եւ կերպարանքով:

Եւ զարմանալին այն է մանաւանդ որ ձեր ձեւակերպած այդ իսլամական դատի յաղթանակին համար, դուք իսլամութեան կոչ կ՚ընէք դաշնակցելու՝ քրիստոնեայ Արեւմուտքի ընկերվարական բանակին, ճնշուած կամ իրենց քաղաքական անկախութիւնը կորսնցուցած ազգերու Ֆինլանտացիներու, Րութէններու , Սպիտակ Ռուսերու, Լեհերու, Իրլանտացիներու, Վրացիներու, Ալզաս Լօրէնցիներու, եւլն. ի հետ:

Դուք կ՚առաջադրէք ատոնց բոլորին գիտական ու քաղաքակրթական ուժը միացնել 300 միլիոն իսլամութեան թուին, եւ ասով ապահովել յաղթանակը իսլամական էմփէրիալիզմին՝ ընդդէմ արեւմտեան քրիստոնեայ էմփէրիալիզմին:

Դուք բոլոր օտարներուն դաշնակցելու պէտքը կը զգաք՝ բաց ի մեզմէ, մենք՝ որ այս երկրին, այս պետութեան բնիկները, քաղաքացիները, կենակիցներն ենք:

Մենք օսմանեան քրիստոնեայ ազգերս, անտես կ՚առնուինք:

Նախամեծար պիտի համարէի րոպէ մը ենթադրել որ դուք չէք անդրադառնար ձեր ծրագրի ամբողջ պատկերին, չէք անդրադառնար որ գուցէ անզգալաբար կ՚ուզէք շարունակել երկու հարիւր տարուայ քանդումն ու աւերը՝ որուն միեւնոյն ժամանակ անողոք ու խարազանող քննադատը կըլլաք:

Չեմ կասկածիր որ կը սիրէք մեր բոլորին նուիրական Հայրենիքը. եւ սակայն նոր դառնութիւններ, նոր դժբաղդութիւններ կը պատրաստէք անոր այդ մտայնութիւնով։ Խնայեցէ՛ք իրեն:

Ինծի չեմ թոյլ տար ենթադրելու որ դուք գիտութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը, ընկերվարութիւնն ու ճնշուած ազգերն անգամ կ՚ուզէք շահագործել մեզի դէմ, իրաւունքի ու արդարութեան դէմ՝ համիսլամական էմփէրիալիզմին համար:

Բայց մի՛ կասկածիք, անոնք այդքան միամիտ չեն ըլլար: Դուք ասով նոր պատրանքի մը կ՚ենթարկէք դէմոքրատական աշխարհը ձեզի դէմ:

Ձեր բնական դաշնակիցն ու գործակիցը ամէնէն առաջ մենք ենք: Նախ մեզի՛ տուէք ձեր ձեռքը՝ ո՛չ յանուն համիսլամութեան. այլ յանուն օսմանեան միութեան, յանուն իրաւունքի եւ արդարութեան: Ձե՛ռք տուէք՝ անկեղծ ու մաքուր սկզբունքներով: Այդ պարագային միայն յաղթանակը ապահով է