Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ

Հայ ընթերցող հասարակութեան տալով ներկայ «Յիշատակներս», բնաւ յաւականութիւն չունիմ զայն իբր անթերի աշխատութիւն մը ներկայացնելու, քանի որ ատոր համար անհրաժեշտ եղող ոչ ընդարձակ նօթեր ունէի կամ կարելի էր ունենալ տրամադրութեանս տակ, աչքի առաջ ունենալով բռնապետական շրջանի հեղձուցիչ եւ թոյլատու պայմանները, եւ ոչ իսկ նմանօրինակ լուրջ ձեռնարկ մը հեղինակելու հարողութիւնը կը գտնեմ յիս: Այլ պարզապէս յիշողութիւններուս եւ խղճիս թելադրանքներուն անսալով, ես փափաք ունեցայ լոյս աշխարհ հանել այն կարգ մը իրողութիւնները, որոնք ապագայ պատմագիրներուն իբր ատաղձ կրնան ծառայել վերլուծելու եւ պատկերացնելու համար Հայուն կեանքը այնպէս, ինչպէս եղեր է այն Համիտի դիւային վարչութեան ներքեւ:

Ինքնին հասկնալի է թէ Հայ յեղափոխութիւնը իր նախաքայլերուն մէջ, ինչպէս առհասարակ ամէն բան, ազատ չէր կրնար մնալ սայթաքումներէ եւ սխալանքներէ, ինչ որ անխուսափելի եղաւ, ուստի ըստ այնմ կը յանձնարարեմ այս գործս ընթերցողին, կանխաւ խնդրելով իր ներողամտութիւնը թերութեանցս հանդէպ:

Շնորհակալութեամբ պիտի ընդունիմ ամեն դիտողութիւն, որ կը բղխի անկեղծութենէ եւ կը ձգտի ուղղումներ մտցնել ներկայ աշխատութեանս մէջ:

Յ. Կ. ՃԱՆԿԻՒԼԵԱՆ

1 Մայիս1913

Կ. Պոլիս