Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԿԵԴՐՈՆԻ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄԸ

Վանայ կազմակերպութիւնը կը փափաքէր օր առաջ կապուիլ Վանէն դուրս գտնուած Կազմակերպութեանց հետ եւ յարաբերութիւն հաստատել: Վան բնաւ յաւակնոտ չէր որ ուրիշ կազմակերպութիւններ իրմէ առնէին հրահանգները: Վան այն յոյսն ու հաւատքն ունէր թէ իրմէ զատ կը գտնուին աւելի լուրջ եւ ուժեղ Կազմակերպութիւններ. բայց դժբախտաբար Վանի Կազմակերպութիւնը մինչեւ 1885 թուականին չկարողացաւ իր ընկերներէն այդ տեսակ լուր մը առնել. անշուշտ այս պարագան այնչափ խրախուսիչ չթուեցաւ իր ակնկալութեան եւ ոչ ալ յուսահատական, ուրեմն սպասողական դիրքի մը մէջ մնացած էր:

Յետոյ յայտնուեցաւ որ՝ անդին Փոքր-Հայքի մէջ Յեղափոխական գաղափարները հոսանուտ հեղեղի պէս կը ծաւալէին շնորհւի մեր պաշտելի եւ անմոռանալի ընկերոջ ԺԻՐԱՅՐԻ (Մարտիրոս Ղարիպ-Պօյաճեան), որ բանիւ եւ գործով կը տքնէր յեղափոխել ժողովուրդը, իր սեփական կեանքին օրինակովը բարձրացնելով Հայութեան հոգին ու պատիւը: Ապագան եկաւ ստուգիւ հաստատել թէ Ժիրայր եղած էր եւ պիտի մնար անզուգական Հերոս մը, մեծ մարդ մը, որ իր գաղափարներուն սիրոյն համար կախաղան բարձրացաւ:

 

Ժիրայր

Վանայ գլխաւոր փափաքն էր կապուիլ Պոլսոյ հետ եւ Պոլիս իբր կեդրոն ճանչնալ: Ուրեմն կազմակերպութեան այդ փափաքին իրականացման լուրը պէտք էր իմ կողմէ տրուէր եւ կը սպասուէր: Թէեւ պէտք եղած զօրաւոր յանձնարարադրերն ունէի, որով ինքզինքս ծանօթացնելու դժուարութիւն չունէի. նաեւ աներկբայ էի որ անպատճառ Պոլսոյ մէջ Կազմակերպութիւն մը գույութիւն պիտի ունենայ, բայց քանի որ Պոլիս բառին բուն նշանակութեամբ կը տարբերէր գաւառէն իր մեծութեամբ եւ ստուար Հայ բնակչութեամբ, ուրեմն Կազմակերպութիւնն գտնել ունէր իր թէ՛ հեշտութիւնը եւ թէ դժուարութիւնը. դժուարութիւնը կը կայանար մէկ անդամը գտնելուն մէջ. անկէց վերջ գործը ինքին վերջացած կը նկատուէր:

Քանի որ երջանկայիշատակ Ներսէս Վարժապետեան որոշ տեղեկութիւն մը չունէր, ինծի կը մնար յուսալ եւ սպասել:

Սպասողական դիրքը բնաւ արգելք մը չէր որ ես հետզհետէ չաշխատէի շուրջս հաւաքել գաղափարակիցներ եւ զանոնք պատրաստել օր ըստ օրէ: Յուսահատական րոպէներ չունեցայ, որովհետեւ կը հաւատայի եւ վստահ էի թէ՝ վաղ կամ անագան պիտի կարենամ Պոլսոյ մէջ Կազմակերպութեան հետքը գտնել:

Ներսէս Վարժապետեանի մահուամբ Խրիմեան եւ կամ Վան կորսնցուց իր երկաթէ նեցուկը, որով բչնապետ Համիտը սկսաւ իր արհաւիրքը գործադրել եւ գործի սկսիլ:

1885 Մարտ 29ին կառավարութիւնը Վանայ մէջ իբր Յեղափոխական ձերբակալած էր մեր ընկերներէն Մկրտիչ Սէֆիլեանը թէեւ ինքը այնչափ զարգացեալ չէր, բայց պատրաստախօս եւ յանդուգն երիտասարդ մը էր:

Եըլտըզի բորենին Վարժապետեանի կենդանութեան Խրիմեան Պոլիս բերել այնչափ դիւրին գործ մը նկատած չէր. ուստի Վարժապետեանի մահուանէն վերջ Խրիմեան Պոլիս ղրկելու իրատէն ելած էր եւ Մարտ 30ին Վանէն ճամբայ հանած էին դէպի Պոլիս, ինչպէս նաեւ քանի մը օր վերջ Մկրտիչ Փորթուգալեանը:

Յունիս 3ին կառավարութիւնը կը փակէ եւ կը կնքէ Վարագայ վանքի տպարանը, ինչպէս նաեւ փակել կուտայ Կեդրոնական վարժարանը եւ աշակերտները ցրուել կուտայ: Յունիս 13ին իբր յեղափոխականներ կը բանտարկուէին Խաչատուր Սօլախեան եւ Շիրակեան: Գոնիա կ՚աքսորէին Միքայէլ Նաթանեան, Գէորգ Օտեան եւ Քանքան Փանոյեան. իսկ Շատւորեան, Գրիգոր Պօղիկեան եւ Սեւիկեան Արիստակէս բանտէն ազատ կ՚արձակուէին, իսկ քանիներ ալ կ՚աքսորուէին Տիգրանակերտ:

Մկրտիչ Փորթուգալեան իր անխոհեմ մէկ քայլին պատճառաւ բնական էր որ Կառավարութեան աչքին կասկածելի պիտի նկատուէր, եւ այդ պատճառաւ էր որ Կառավարութիւնը զինքը դուրս հանած էր Վանէն, Փորթուգալեան որ իբր ուսուցիչ եւ Վարժապետանոցի տնօրէն շատ օգտակար եղած էր Վանայ մէջ եւ ոչ մէկ Վանեցի չուրանար այս պարագան:

Փորթուգալեան Պոլիս հասած եւ իբր նախկին ծանօթներ տեսնուած էինք. ինք մտադիր էր Մարսիլիա երթալ եւ Արմէնիա անունով թերթ մը հրատարակել, եւ թերեւս հայրենասիրական Կազմակերպութիւն մը ընել: Ի հարկէ ես չպիտի մերժէի իր առաջարկը՝ Արմէնիան Պոլսոյ մէջ տարածելու համար. հասցէն տուի որ առաջին առթիւ ղրկէ քանի մը օրինակ, եթէ երբեք Պոլսոյ մէջ կարենայի սպառել եւ տարածել. ի հարկէ Պոլսոյ մէջ այս տեսակ թերթ մը շատ տարածել դիւրին գործ մը չէր:

Բնական էր որ իսկոյն ընկերներուս պիտի հաղորդէի մեր տեսակցութիւնը, եւ եթէ իրականանար լաւ էր եւ թէ պէտք էինք շատ զգոյշ ըլլալ:

Վերջապէս 1885 Յուլիս 20ին Արմէնիան սկսեց հրատարակուիլ. Արմէնիայի երեւումն ուրախալի էր եւ պակաս մը կը լրացնէր Հայաստանի վիճակն եւ տեղի ունեցած հարստահարութիւններն եւ լուրերն հրատարակելով:

1886 դեկտ. 15ին Ալաշերտի մէջ իբր Յեղափոխական կը ձեռբակալուէր Հայոց Միացեալ Ընկերութեանց տեսուչ Մկրտիչ Սարըեան եւ չիշտ նոյն օրը Մուշի մէջ կը ձերբակալուէր Միացեալ Ընկերութեան փոխ տեսուչ Մարկոս Նաթանեան: Վանեցի Թաշ Վարդանը ոստիկանութեան նախարար հայասէր Քեամիլ պէյի բարեկամն ըլլալով Թաշ Վարդանի բարեխօսութթեամբ Մարկոս Նաթանեան կ՚աքսորուի Երուսաղէմ:

Խրիմեան զիս միշտ կը խրախուսէր եւ կը յանձնարարէր սպասել որովհետեւ ինքը կը կարծէր թէ Պոլսոյ մէջ Յեղափոխական Կազմակերպութիւն մը անպատճառ գոյութիւն ունենալու է կամ պիտի ունենայ:

Նաթանեանի Երուսաղէմ աքսորուելու պարագան Վանայ մէջ կ՚իմացուի եւ այդ միջոցին Նաթանեանի Վան գրած նամակն կառավարութիւնը ձեռք կ՚անցունէ եւ Պոլիս կը ղրկէ: 1887 Դեկտ. 13ին յանկարծ Պոլսոյ մէջ գիշերանց ձերբակալուեցան Վանեցի Գարեգին Իսահգալեան Մկրտիչ Թէրլէմէզեան եւ Գրիգորիս Աղաւնեան եւ Եըլտըզի մէջ բանտարկուեցան իբր Յեղափոխականները կամ քաղաքական յանցաւորները., իսկ1888 Ապրիլ 7ին Իսահգուլեան Գարեգին, Մկրտիչ Թէրլէմէզեան, Գրիգորիս Աղաւնեան, Մկրտիչ Սարեան եւ Բազպանեան Գէորգ աքսորուեցան Տրիպոլիս:

Շոգենաւը Պիրէոն մօտեցած ատենը Թէրլէմէզեան ինքզինք ծով կը ձգէ լողալով Պիրէւն ելնելու համար, բայց շոգենաւէն իսկոյն մակոյկ մը ծով կ՚իջեցնեն եւ Թէրլէմէզեան դեռ ցամաք չելած նորէն կը ձերբակալեն:

Հայասէր Քեամիլ պէյի ազդեցութիւնը Եըլտըզի մէջ բարձր ըլլալով անոր շնորհիւ Թաշ Վարդան եւ Եըլտըզ խանի Սենեկապետ Յարութիւն Աղաւնեան փոխանակ հեռաւոր վայրեր աքսորուելու Վան իրենց հայրենիքը ղրկուեցան:

1888ի Ս. Խաչի տօնին Խրիմեան պիտի քարոզէր եւ Պատարագէր Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին. բնական էր որ գաւառացիներ եւ մասնաւորաբար Վանեցիներ խումբ խումբ պիտի դիմէին Ս. Խաչ եկեղեցին, Խրիմեան քարոզը լսելու։

Պալթաճի խանի հայրենակիցներովս շաբաթ երեկոյ որոշած էինք միւս առաւօտ Ս. Խաչ երթալ. խումբ մ՚էինք եւ ամբողջս ալ գաղափարակիցներ:

Շոգենաւը ճամբայ ելլելէն քիչ վերջը որոշ կերպով նկատեցի որ երիտասարդ մը կը հետեւի մեզի. քանի մը փորձերէս վերջ այլ եւս տարակուսելու պէտք մնացած չէր. խնդիրը կը մնար գիտնալ թէ այդ երիտասարդը Հա՞յ էր, Յո՞յն էր, Թո՞ւրք էր, ի՞նչ էր. հետաքրքրուեցայ՝ շոգենաւը դեռ Սկիւտար չհասած երիտասարդին ինքնութիւնը հասկնալ:

Մտադրութիւնս զգուշաւոր կերպով յայտնեցի ընկերներուս, որոնցմէ մէկ երկուքը հետս առնելով շոգենաւին ծայրը գացինք. երիտասարդը նորէն հետեւեցաւ մեզի: Դիտմամբ ժամացոյցս սխալ ըսի ափսոսալով թէ չպիտի կարենանք Հայրիկին քարոզին հասնիլ:

Երիտասարդը ետեւէս Հայերէն լեզուով ըսաւ. «ժամացոյցնիդ սխալ է եղեր»: Ուրեմն կիսով չափ գիտցանք իր Հայ ըլլալը: Թէեւ փոխանակուած տարբեր նիւթերու վրայ քանի մը խօսքեր համակրութիւնս դէպի զինք քաշած էր, բայց բնաւ խոհեմութիւն չէր աւելի առաջ երթալ, մանաւանդ որ Սկիւտար ալ հասած էինք արդէն:

Նաւամատոյցին նեղ անցքին ու բազմութեան մէջէն երիտասարդը նորէն մեզ կը հետեւէր, թէեւ ինքն ալ Հայրիկի քարոզը լսելու կ՚երթար, բայց ատիկա պատճառ մը չէր որ մեզմէ չբաժանուէր: Առիթ գտայ ընկերներուս հաղորդելու որ ճամբան խմբովին չերթանք. Գասպար եւ Համբարձում հետս առած՝ կամացուկ մը կառապաններու կեցած տեղէն ճամբանիս շեղեցինք. երիտասարդ նորէն մեզ հետեւեցաւ: Մեզի կը մնար հակառակը խորհիլ, քանի որ քանի մը անգամ որոշ կերպով իրենց հասկցնել ուզած էինք որ մեզի չհետեւի կամ մեկուսանայ, ուրեմն մենք իրաւամբ կարող էինք կասկածիլ իրմէ:

Երիտասարդը որոշ կերպով հասկցած էր որ առաւելութիւն մ՚ունիմ միւս ընկերներէս. ուստի ճանապարհին որոշած էր ջուրն աղբիւրի ակէն խմել ու քովս եկաւ եւ ներողութիւն խնդրելէ վերջ՝ ուզեց ո՛ւր տեղացի ըլլալս հասկնալ:

Յայնութենէս քաջալերուած սկսաւ ազգային խնդիրներու վրայ խօսիլ եւ ի մէջ այլոց յայտնեց անմահ Րաֆֆիի մահը: Որչափ որ խօսակցութիւննիս կը շարունակուէր, այնչափ ալ ներքնապէս համակրութիւնս դէպի զինք կը քաշէր: Եկեղեցին հասած էինք. դիտմամբ աննշմարելի կերպով աջ դասը գացի կեցայ. քանի մը վայրկեան վերջը երիտասարդը քովս կեցած էր:

Սրճարանին մէջ նորէն մեզ գտաւ. իսկ ամենէն ուշագրաւն էր երբ խմբովին ճաշելու կ՚երթայինք, մեր հրաւէրը չմերժեց: Կը մտածէի թէ արդեօք ինքն ալ կը համակրէ՞ր, որչափ որ ես անոր համակրած եմ:          

Գաւառական համեստ սեղանին վրայ ինքն եղաւ առաջին բաժակն առաջարկողը «Հայրիկ»ի կենաց: Ճաշերնիս աւարտած էր, եւ որովհետեւ ընկերներս գիտէին որ կանխօրօք ժամադրութիւն ունէի «Հայրիկ»ի հետ, ընկերներս ժամադրութիւնս գաղտնի պահելու եւ զիս անքաղաքավարութեան չենթարկելու համար իրենցմէ ոմանք ըսին.

«Ուրեմն մենք Պոլիս պիտի մեկնինք, քանի որ դուք ձեր մէկ բարեկամին այցելութեան պիտի երթաք»։

Ընկերներս մեկնեցան, իսկ երիտասարդը ինձմէ չբաժնուեցաւ, որոշեցի հակառակ պարագային իրեն ազդարարել որ բաժնուի ինձմէ:

Երիտասարդը բաժնուելու տրամադիր չէր. որոշեցի զինքը առանձին տեղ մը տանիլ իր ինքնութիւնն եւ նպատակը լաւ մը հասկնալու համար: Ուստի քայլերս ուղղեցի դէպի գերեզմանատուն եւ անկիւն մը առանձնանալով քարի մը վրայ նստեցանք եւ սկսանք խօսիլ:

Սեբաստացի Գրիգոր Անպարճեանն էր, մանուկ հասակին Պոլիս եկած երկաթուղւոյ մաքսատան մէջ եւրոպական բաժինի թարգման քարուղար էր:

Խօսակցութիւննիս երկու ժամու չափ տեւեց. այդ միջոցին կարողացայ կարծել թէ կը գտնուին իրմէ աւելի զարգացեալ եւ մեծ ընկերներ, որոնք պիտի կարենան հետաքրքրութեանց գոհացում տալ: Խօսակցութիւննիս կը յանգէր հոն թէ կարծեցեալ համակրութիւնը երկուստեք է եղեր, եւ բաւական շատ: Որչափ որ Գրիգոր դէպի ինձ տածած համակրութենէն վստահած էր ինձ ըսելու թէ Պոլսոյ մէջ կայ Կազմակերպութիւն մը եւ ինք խոստացաւ անոր մէկ երկու անդամին ներկայացնել զիս, բայց ես վաղահաս նկատեցի նպատակս եւ մտածումներս իրեն յայտնել, այլ փափաքեցայ որ եթէ կարելի էր իր խոստումը շուտով կատարէ: Գրիգոր ուրախութեամբ ընդունեց առաջարկս, որով դէպի զինք ունեցած համակրանքս աւելի սաստկացաւ: Գրիգորի այդ սիրայօժար խոստումն ի նկատի ունենալով՝ այլ եւս իրեն առաջարկեցի որ սրճարան մը ինծի սպասէ, մինչեւ Հայրիկին երթալս ու վերադարձս եւ միասին Պոլիս երթալնիս:

Գրիգոր խնդրեց եթէ կարելի էր զինք Հայրիկին ներկայացնէի, որուն շատ կը փափաքէր:

Սիրով ընդունեցի իր առաջարկն եւ զինքը ներկայացուցի Հայրիկին, որուն ի պատասխան Հայրիկը կէս լուրջ կէս կատակ ձեւով մը ըսաւ.

 

Գրիգոր Անպարճեան (Վարազդատ)

«Պոլսոյ պետական պաշտօնեաներ այնչափ վստահելի չեն ըլլար, ասիկա գիտցիր հա՜, եւ անոր համեմատ վարուիր այս նոր բարեկամիդ հետ»։

Հայրի՜կ վստահ եմ որ իր ազնուութիւնը մինչեւ վերջն ալ այդ կասկածը չպիտի ներշնչէ ինծի, ըսի:

Ամպարճեանին արդէն նախապէս ըսած էի որ ինծի քիչ մը առանձին թողու Հայրիկին հետ, եւ Ամպարճեան այդպէս ալ ըրաւ:

Խրիմեանի հետ ունեցած տեսակցութեանս մէջ ի միջի այլոց ըսի թէ Գրիգոր Ամպարճեանի միջոցաւ թերեւս կարելի ըլլայ Պոլսոյ Կազմակերպութիւնը գտնալ եւ թերեւս գտնալու միջոցին հասնիլ շուտով: Հայրիկ ըսաւ.

«Ուրեմն Վանայ Սեւ Խաչը, այսօր Խաչի տօն ըլլալով. կը հասնի իր նպատակին, գնա աշխատէ շուտ գտնելու եւ Վան գրելու»։

Փափաքեցայ այն գիշերը Անպարճեանը ինծի հիւր ընել եւ ինքն ալ փափքեցաւ ինծի իրեն հիւր ընել, քանի որ իրեն սենեկակիցն Արմաշ գացած էր եւ անկողինը պարապ էր, եւ միեւնոյն ժամանակ հաւանական էր որ ինծի ըրած խոստումը կատարէր, վասն զի ինձ ներկայացնելիք մարդը իրենց շատ մօտ էր: Հաճութեամբ ընդունեցի իր առաջարկն եւ խան գտնուող ընկերներուս լուր տալէ վերջ՝ Անպարճեանի սենեակը գացինք, որ Կէտիկ Բաշա Տոքթ. Թիրեաքեանի տան դիմաց սրճարանին վրայ էր:

Քիչ վերջը զիս առանձին թողլով կէս ժամ յետոյ վերադարձաւ, նիհար, փոս աչքերով, սրածայր մօրուքով. զինուորական բժշկական վարժարանի համազգեստով բարձրահասակ մէկի մը հետ, զոր ինծի ներկայացուց ըսելով, ընկերս «Համբարձում Պօյաճեան (Մուրատ) գլխաւոր գործիչներէն մին»։

 

Համբարձում Պօյաճեան (Մուրատ)

Մուրատի հետ մեր ունեցած տեսակցութիւնը շատ երկար չտեւեց՝ պատճառաւ մը. ուրիշ օր մը տեսնուելու խոստումով Անպարճեանի հետ վրայի սենեակը գացին, ուր կը բնակէր Մուրատը. Կարապետ Թ. Սարգիսեանի (Աղասիի) հետ: Գրիգոր վերադարձաւ տխուր, ինչ որ արդիւնք էր Մուրատի եւ իմ հետ եղած տեսակցութեան:

Ամպարճեան հազիւ 19-20 գարուններ բոլորած էր, իսկոյն հասկցայ որ դեռ խակ եւ անփորձ է այդ տեսակ գործերու մէջ, ուստի զինք հանդարտեցնելու համար ըսի:

«Քնանալու ժամանակ է արդէն, ելիր հիմայ քնանանք, այսօր նշանաւոր օր մը պիտի ըլլայ մեզ համար, իսկ ապագան ամէն ինչ պիտի պարզէ արդէն»։

Անպարճեանի հետ ունեցած ծանօթութեան բարեկամութիւնը՝ ընկերականութեան, մտերմութեան եւ նոյն իսկ եղբայրութեան աստիճանին հասած էր: Մուրատի հետ մեր ունեցած երրորդ տեսակցութեան ատեն մենք երկուստեք վստահութեան շրջանին հասած էինք արդէպ. ուստի ինծի ներկայացուց իր ընկերներէն Սեբաստացի Մարգար Մոմճեանը եւ Արաբկիրցի Գրիգոր Աչքպաշեանը, որով ես ալ յայտնեցի թէ կը պատկանիմ Վանայ Կազմակերպութեան: Մուրատ միեւնոյն ժամանակ ինձ յայտնեց թէ Պոլսոյ մէջ կայ Կազմակերպութիւն մը, եւ անոր վարիչ Մարմնոյն անդամներն էին, Մոմճեան, Աչըքպաշեան, Յարութիւն Չաքրեան, Տիվրիկցի Յակոբ Սրապեան եւ Երուանդ Պօյաճեան:

 

Մարկոս Մոմճեան (Շամփուր)

Մուրատը նկատելով որ Չաքըրեանին, Սրապեանին եւ Պօյաճեանին դեռ անծանօթ մնալս այնչափ լաւ չազդեր իմ վրայ, վերջապէս Մուրատ նկատելով որ այդ պարագան թերեւս թիւրիմացութեան մը պատճառաւ լաւ հետեւանք մը չունենայ, այլ եւս տատամսելու ժամանակն անցած համարելով՝ օր մը ցաւօք սրտի ինձ պարզեց թէ որչափ որ միասին կը գործեն, բայց ցրտութիւն մը կայ իրենց մէջ որ թերեւս բաժանման յանգի, ահա այս է եղեր ուշացման պատճառը: Մուրատի խօսքերը շատ գէշ ազդեց իմ վրայ, եթէ երբեք յուսալից բան մը կար՝ այն էր որ Մուրատ կ՚ուզէր եւ որոշած էին որ ես միջամտէի այդ խնդրոյն:

Արդէն Հայրիկէն գաղտնիք չունէի պահելու, եղածն հաղորդեցի իրեն եւ ինքն ալ միջամտութեանս կողմնակից էր եւ կը պատուիրէր որ միջամտեմ եւ արդիւնքը շուտով իրեն հաղորդեմ:

 

Գրիգոր Աչըքպաշեան (Արամ)

Միակ նպատակս էր վեց ընկերնեն հաշտեցնել, եւ այդ մասին երկու ամիսի չափ աշխատեցայ, բայց ի զո՜ւր, քանի որ միջամտութեանս բերմամբ երկու կողմի առարկութիւններն եւ պահանջները լսած եւ պէտք եղածին չափ ուսումնասիրած էի թէ՝ Մուրատի պահանջն օրինաւոր եւ արդարացի էր:

 

Յարութիւն Չաքըրեան

Խրիմեան տեղեկութիւններս լսելէ վերջ՝ Մուրատի կողմն արդարացի եւ պատշաճ գտաւ: Հաշտութեան դերը ստանձնելէ յետոյ հետզհետէ տեղեկացած էի թէ Պոլսոյ Կազմակերպութիւնն ո՞րչափ տասնապետ եւ անդամ ունի: Եւ որովհետեւ Մուրատ եւ Չաքըրեան աշխատած էին ծագած դժտութիւնը տասնապետներէն գաղտնի պահել. յուսալով թէ այդ դժտութիւնը կրնայ օր մը վերջ գտնել, եւ երբ համոզուեցան թէ այլ եւս բաժանումն անխուսափելի է, Չաքըրեանի անուղղութեան պատճառաւ: Այլ եւս հասած էր ժամանակն որ վարագոյրը բացուէր, քանի որ համաձայնիլ անկարելի էր եւ քանի որ սկզբունքի եւ օրինապահութեան խնդիր մ՚էր: Ուստի պարզենք խնդիրն որ կը սպառնար վարիչ մարմինն երկուքի բաժնել անխուսափելիօրէն:

Կ՚արժէ հոս հարեւանցի ակնարկ մը ձգել նախնթաց դէպքերուն վրայ, որոնք Պոլսոյ մէջ ստեղծուած նախնական կազմակերպութեան վրայ լոյս կը սփռեն:

1887 ի աշունը Տիվրիկցի Յակոբ աղա Սրապեան կը դիմէ Արաբկիրցի Գրիգոր (Արամ) Աչըքպաշեանին եւ Մուրատին ու ցանկութիւն կը յայտնէ զանոնք շփման մէջ դնել յեղափոխական մեծ դէմքի մը հետ, որ այն ատեն ղեկավարը կը հանդիսանար յեղափոխական նախնական խնբակցութեան մը: Այդ դէմքը նոյնինքն Զէյթունցի Յարութիւն Չաքրեանն էր, որ իբր Զէյթունի յեղափոխութեան պարագլուխ, Ֆռնուզի վանահայր Նիկողոս եպիսկոպոսի հետ բռնուած եւ բերուած էր Պոլիս ու հոս Ներսէս Պատրիարքի երաշխաւորութեամբ իբր ազատ աքսորական բաց ձգուած էին:

Չաքրեան Աչքպաշեանին ու Մուրատին կը նկարագրէ մեծութիւնը իր տրամադրութեան տակ գտնուող կազմակերպութեան եւ նիւթական ոյժին ու այնպէս ցոյց կուտայ թէ մեծագումար դրամ ու բազմաթիւ կռուող յեղափոխականներ ունի, որոնք ի հարկին պիտի գործադրեն իր հրամանները:

Չաքրեանի խօսքերուն ու խոստումներուն մէջ ինչ-ինչ չափազանցութիւններ կը տեսնեն թէեւ Աչըքպաշեան եւ Մուրատ, սակայն իրենք խառնուրդով ու համոզմամբ անկեղծ յեղափոխականներ ըլլալնուն կը վճռեն չը խնայել իրենց աջակցութիւնը, այն յոյսով որ ժամանակի ընթացքին մէջ պիտի կրնային ցանկալի ուղղութիւն տալ գործին եւ օգտակար հանդիսանալ:

Ու հետզհետէ յարաբերութիւն մշակելով կը ծանօթանան ամբողջ կազմին հետ, իրենք իսկ դառնալով հոգին եւ ջիղը ցեղափոխական կազմակերպութեան:

Այնուհետեւ միտք կը յղանան դուրս գալ սոսկ Պոլսական կազմակերպութեան անձուկ շրջանակէն ու ձեռնարկել երկրի ուսումնասիրութեան եւ հետզհետէ ծրագրել իսկական յեղափոխութեան քայլեր: Ասոր վրայ կ՚որոշեն որ Մուրատ Կիլիկիա մեկնի, անոր կեանքն ու պահանջները ուսումնասիրելու եւ տեղեկագրելու Պոլիս, իսկ Չաքրեանն ալ Եգիպտոս կը ղրկեն հանգանակութիւն կատարելու եւ կարեւոր գումար մը հայթայթելու որպէս զի կարելի ըլլայ գործնական յեղափոխութեապ ձեռպարկել:

Չաքրեանի այս առաքելութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ իր բացասական կողմը հրապարակ գայ եւ իր գոյնը պարզուի: Չաքրեան Եգիպտոսէն կը գրէ Աչըքպաշեանին թէ փափաքուած գումարը ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ի ձեռին Հայրիկին եւ Նար-Պէյին կողմէ տրուած յանձնարարականներ: Աչքպաշեան կ՚առնէ այդ յանձնարարականները եւ կը ղրկէ Չաքրեանին, որ 100օր պտտելէ ետք կը վերադառնայ Պոլիս, առանց հոգ տանելու իր համարատուութեան: Եւ երբ Աչըքպաշեան ու միւս ընկերներ կը պահանջն անպատճառ հաշիւ ներկայացնել, Չաքրեան կը պատասխանէ թէ 100 օր պտտեղայ եւ 100 ոսկի հաւաքեցի ու այդ 100 ոսկին ալ ծախսուեցաւ: Ահա անկէ ծագում կ՚առնէ այն մեծ կասկածն ու անվստահութիւնը, որ հետզհետէ ծաւալելով ստացաւ կազմակերպական պառակտումի հանգամանք: Այս շրջանին մէջ թէ Մուրատի եւ թէ Աչըքպաշեանի խաղացած դերը բիստ մեծ է յեղափոխական տեսակէտով, քանի որ անոնք եղան մաքուր ու գաղափարական հոսանքին արտայայտիչը: Չաքըրեան այդ պարագաները նկատի ունենալով, կ՚ուզէր միապետական գոյն տալ խնդրոյն, ինքը իբր պետ կամ նախագահ հրամայէր վարիչ մարմնոյն եւ անիկա համակերպէր, միաժամանակ իր հաշիւները գրեթէ հակակշիռէ չանցնէին: Իսկ Մուրատը եւ ընկերները կ՚ընդունէին որ, Չաքըրեան, իբր վաղեմի գործիչ, դիրքով բարձր ըլլայ իրենցմէ չէին ընդուներ որ Չաքըրեան միապետական դրութեամբ հրամայող ըլլայ եւ հաշիւ չներկայացնէ եւ թէ բացարձակապէս կ՚ուզէին եւ կը պահանջէին որ Չաքըրեան վերջ տայ գինետուններու մէջ արբենալէ:

Շատ բնական էր որ Մուրատի եւ ընկերներու պահանջը օրինաւոր նկատէինք, քանի որ ծախսուած դրամները Կազմակերպութեան անդամներէն կը հաւաքուէին իբր ամսական տուրք. պէտք էր ճշդութեամբ հաշիւը կազմուէր եւ իբր հանրութեան վերաբերելիք դրամ՝ խղճմտութեամբ ծախսուէր եւ ըստ այնմ վարուէին անոր հետ: Չաքըրեան իբր յեղափոխական գործիչ բնաւ ներելի չէր կրնար ըլլար՝ թէ՚ Կազմակերպութեան եւ թէ ժողովուրդին գայթակղութեան տեղի տալ:

Մուրատ եւ ընկերները կը վարանէին խզումի գործողութիւնն օր առաջ ընելու, նկատի ունենալով Չաքըրեանի նշանաւոր գործիչ մը ըլլալու պարագան, կը վախնային որ մի՛ գուցէ խնդիրը տասնապետներու միջոցաւ Կազմակերպութեան անդամներուն հաղորդուելու պարագային, անդամները Չաքըրեանի այսպէս աննկարագիր ըլլալով յուսախաբ ըլլային եւայլն: Այլ եւս երկար սպասել իր օգուտը չունէր, ժամ առաջ պէտք էր խնդրոյն վերջ տալ, քանի որ համաձայնութիւնն անկարելի էր. ուստի, ժողովին մէջ որոշուեցաւ խնդիրն ինքնութեամբ տասնապետներու միջոցաւ հաղորդել անդամներուն:

Տասնապետներէն միայն երկուքը Չաքըրեանի կողմն անցան. մնացեալ տասնէն աւելի տասնապետները Մուրատի կողմն անցան, եւ թէ իսկոյն ձեռնարկուեցաւ վարիչ մարմնայ ընտրութեան, եւ ընտրուեցան Մուրատ, Մոմճեան, Աչըքպաշեան, Անպարճեան, Գրիգոր Գըլըճճեան եւ ես:

Չաքըրեան խումբն որչափ որ ոգի ի բռին աշխատեցաւ մերիններէն անդամներ որսալ, ընդհակառակն հետզհետէ իրենց թիւը նուազեցաւ եւ մերիններուն թիւը շատցաւ: