Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մուսա պէյի անպարտ արձակուելուն լուրը երբ ամբողջ թերթերը հրատարակեցին, չենք կարծեր որ այլ եւս գտնուէր Հայ մը որ համոզուած չըլլար թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած եւ շարունակուած հարստահարութիւնները որոշ խորհուած ծրագրի մը գործադրութիւնն էին։

Վարիչ Մարմինը կը խորհէր, երբ Մուսայի նման ոճրագործ մը՝ կեդրոնէն անպարտ կ՚արձակուի եւ կը խորհուի Սեբաստիոյ ճամբով կրկին Մուշ ղրկել։ Հապա Հայաստանի անկիւնները գտնուած դատարաններէն ի՞նչպէս կարելի է ոճրագործներու եւ աւազակներու պատուհասումը սպասել. այլեւս Հայաստանի մէջ գտնուած չարագործները ի՞նչպէս չքաջալերուին եւ անվախ ու սանձարձակ իրենց սխրագործութիւնները չը շարունակեն։

Վարիչ Մարմինը այս պարագան Հայութեան համար սոսկալի ճգնաժամ կը նկատէր եւ անոր միակ դարմանը կը գտնէր ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ։

Տօՙէրօյեան որչափ որ ժամանակին աշխատած էր Վարիչ Մարմինը միացնել Հնչակ ի Խմբագրութեան հետ, Վարիչ Մարմինը յայտնի պատճառաւ մերժած էր եւ չէր ուզած Արմէնիայ էն բաժնուիլ. Տէրօեան Պոլսոյ անցուդարձերուն մօտէն տեղեակ էր իր ճարպիկութեամբ եւ միշտ մեզ հետ շփման մէջ էր. մենք պատճառ մը չունէինք Տէրօնեանի նման անկեղծ գաղափարակիցէ մը նոյն իսկ սկիզբի օրէն ծածկել Փօրթուգալեանի հետ մեր ունեցած խզումը։

Տէրօյեան այդ լուրը իսկոյն հաղորդած էր Հնչակ ի խմբագրութեան եւ թելադրած էր իրենց կողմէ պատուիրակներ զրկեն Պոլիս, մեզի հետ բանակցելու համար։

Տէրօյեան օր մը մեզի իմացուց թէ՝ քանի մը օրէն Ժընէվէն եկող հիւր մը պիտի ունենանք։ Տէրօյեան օր մ՚ալ մեզի կը ներկայացնէր Տփղիսցի  յայտնի վաճառականներու եղբայր Գաբրիէլ Կաֆեան (Շմաւոն), որ Հնչակ ի խմբագրատունէն կուգար։

Մենք ուրախութեամբ ընդունեցինք հիւրերնիս՝ եւ իրեն համար ապահով բնակարան մը որոշեցինք։

Քանի մը օր վերջ Պոլիս կը հասնէին Տրապիզոնէն Ռուբէն Խան Ազատեան. Պաթումէն՝ Յակոբ Մեղաւորեան եւ Պարսկաստանէն Սիմէոն Դանիէլեան։ Մեր հիւրերմոա մէջ կը գտնուէին մեզմէ անհամեմատ կարող եւ մտաւորական եւ թէ միեւնոյն ժամանակ համալսարան աւարտողներ։

Մեր հիւրերը առաջարկեցին ժողով մը գումարել, որուն մէջ պիտի ներկայացնէին Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ ունեցած վկայականնին, որոնցմով լիազօրուած էին մեզհետ բանակցելու։ Մինչեւ այն ատեն մենք Հնչակ ը իբր ձրի թերթ մը կը նկատէինք, ոչ թէ կուսակցութեան մը օռկան, ու այդ կուսակցութիւնը մասնաճիւղեր ունէր Կովկասի. Պարսկաստանի եւ արտասահմանի մէջ։

Ժողովին մէջ յայտարարեցին թէ՝ իրենց պաշտօնն է մեզ հետ բանակցիլ եւ Հնչակեան կուսակցութեան հետ միացնել։

Հնչակեան կուսակցութեան ծրագիրն արդէն շատոնց կարդացած եւ ուսումնասիրած էինք։

Բանակցութեան սկսուեցաւ պաշտօնապէս եւ Վարիչ Մարմինը պնդեց իր տեսակէտին վրայ թէ Սոցիալիզմի վարդապետութիւնը եւ գաղափարը մեզ համար անմարսելի է եւ մեր երկրին մէջ դեռ հող չունի։

Բանակցութիւնը տեւեց մօտաւորապէս երկու ամիս եւ վիճաբանութիւնները երբեմն շատ բուռն եղան։ Ժողովատեղերնիս Բանկալթի էր ու շատ ապահով տեղ մը։ Բանակցութիւնը վերջ գտած էր, ծրագրին մէջ կարեւոր փոփոխութիւն մը մտցնելով համաձայնած էինք, Սոցիալիզմը հեռաւոր նպատակ թողլով։ Հետեւաբար Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ ունեցած մեր կազմակերպութիւններով Հնչակեան կուսակցութեան դրօշին տակ մտած էինք, Հնչակեան անունը կրելով ։

Ուրեմն Հնչակեան կուսակցութիւնը որչափ որ 1887ին հիմնուած էր, բայց Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս իր հիմը կը դնէր 1890ին։ Ծրագրէն վերջ  կազմուեցաւ Կազմական կանոնագիրը։ Ժողովին Գոնֆէրանս կամ պատգամաւորական Ժողով անունը տալով, հետեւեալ կարեւոր որոշումները տրուեցան։

Խմբագրութիւն մը ընտրուեցաւ՝ Հնչակ ը հրատարակելու համար Ժընէվի մէջ, որուն խմբագրապետ ընտրուեցաւ Աւետիս Նազարբէկեան։

Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնը որոշուեցաւ Տրապիզոն, Կեդրոնական Վարչութիւնը պիտի բաղկանար երեք անդամներէ եւ որ ընտրուեցան Պետրոս Մարիմեան, Հմայեակ Խուշպուլեան, եւն. ։ Կեդրոնը պիտի հրատարակէր Մարտ անունով թերթ մը, իսկ Հնչակ պիտի ըլլար օռկան եւ զուտ գաղափարական։

Պոլիս կը մնար Վարչական կամ նորէն Վարիչ Մարմինը։ Որչափ որ իր գործունէութիւնը սահմանափակ չպիտի ըլլար, բայց նորէն պիտի ենթարկուէր Պոնտոսի Կեդրոնական Վարչութեան. Կեդրոնական Վարչութիւնը գաւառի մէջ հաստատելը արդէն այն նկատումով որոշուեցաւ որ երկրին եւ Պոլսոյ մօտ էր եւ հարկ չէր մնար որ երկրին մասնաճիւղերը ամիսներով սպասէին Եւրոպայէն եկած իրենց նամակի պատասխանին կամ իրենց տրուած հրահանգներուն։

Կեդրոնական Վարչութիւնը Պոլսոյ Վարիչ Մարմնոյն հետ համախորհուրդ պիտի գործէր միշտ։

Ծրագրական եւ Կազմակերպական գործեր այլ եւս վերջացած էին։ Վարիչ Մարմինը սկսաւ իր ներքին գործերով զբաղիլ, իր մէջ ունենալով իբր օժանդակ կամ հիւր Խան Ազատեան Շմաւոն, Մեղաւորեան եւ Սիմէոն ընկերները։ Իսկ քանի մը օրէն Շմաւոնը դէպ ի Փոքր Հայք ղրկելու որոշումը տուաւ։

Մուսա պէյի դէպի Մուշ վերադառնելը ստուգուած էր այլ եւս։ Վարիչ Մարմինը նկատելով որ Մուսա պէյը անպարտ արձակուիլն ինքնին որոշ էր որ Կառավարութիւնը սիսթէմաթիք կերպով Հայերու դէմ հալածանք ստեղծած է եւ Հայերու բնաջնջման ծրագիրն է որ կը գործադրուի, նկատելով որ Հայաստանի մէջ ոճրագործութիւններ, առեւանգումներ եւ աւարառութիւններ օրէ օր կը սաստկանան, նկատելով որ Հայաստանի մէջ ինչքի, կեանքի եւ պատուոյ ապահովութիւն բնաւ գոյութիւն չունի, նկատելով որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հարստահարութեանց մասին Հայերու կողմէ տրուած բողոքներ անլսելի կը մնան եւ ոճրագործներ չեն պատժուիր, եւ վերջապէս նկատելով որ Մուսա պէյ վերստին Մուշ վերադառնալով՝ Հայաստանի Հայաբնակ քաղաքներու եւ գաւառներու վիճակը սոսկալի տագնապի պիտի մատնուի, եւ արդդէն մօտաւոր եւ հեռաւոր գաւառներու մէջ ալ, ինչպէս հետզհետէ հասնող տեղեկագիրները ցոյց կուտային, Կարնոյ 1890 Յունիս 18ի արիւնոտ դէպքին թողած ազդեցութիւնը եւ տպաւորութիւնը միեւնոյնն էր ինչ որ մայրաքաղաքինը։

Ամէն տեղ մեծ պիտի ըլլար լքումն եւ յուսահատութիւնը, եթէ երբեք Կառավարութեան հարուածին Հայոց կողմէ բուռն հակահարուած մը չյաջորդէր, եթէ Հայութեան ընդհանուր ժողովրդային զայրոյթը չգտնէր իր հզօր արտայայտութիւնը։ Ահա այդ զայրոյթին արտայայտութիւնը պիտի ըլլար Պոլսոյ մէջ ցոյց մը ընել, եւ այդ ցոյցին գաղափարը գլխաւորաբար հետեւեալ հիմանց վրայ կայացած պիտի ըլլար.

1. Հայաստանի մէջ պատահած կոտորած մը եթէ Պոլսոյ մէջ հրապարակային բողոքի եւ զայրոյթի տեղի չտայ Հայաստանցիները կը վհատին, տեսնելով որ իրենց վրայ մտածող ու կարեկցող չկայ եւ բոլորովին անյոյս եւ անօգնական թողուած են իրենց բարբարոս հարստահարիչներուն ձեռքը։ Այս աննպաստ գաղափարին ձուլումը յեղափոխական նորածագ ոգիին ձուլման դէմ մեծ արգելք մը պիտի հանդիսանար. ցոյցը յարմար կը դատուէր Պոլսոյ մէջ, քանի որ հայերու մտաւոր, բարոյական եւ ազգային գլխաւոր կեդրոն մը կը նկատուէր եւն, եւն. ։

2. Հայաստանի մէջ կատարուած կոտորած մը կրնար Եւրոպայի աչքէն վրիպիլ կամ տարբեր գոյնով ներկայացուիլ անոր, կամ դարձեալ Եւրոպական շահերուն հետ այնչափ մեծ առնչութիւն չունենալով՝ անտարբերութեամբ դիտուիլ Եւրոպայի մէջ։ Եւրոպական դեսպաններուն աչքին առջեւ յառաջ եկած ուժգին բողոք մը, աւելի կը նպաստէր Եւրոպայի ուշադրութիւնը հրաւիրելու երկրի կացութեան վրայ. միջազգային շահերու հանդէպ Կ. Պոլսոյ բացառիկ կարեւորութիւնը անծանօթ չէր ոչ ոքի։

3. Եթէ Հայկական յուզումը սահմանափակուած մնար միմիայն Հայաստանի մէջ, գլխաւորաբար Ռուսիոյ ուշադրութեան առարկայ պիտի ըլլար, աւելի մօտէն շօշափելով անոր շահերը իբրեւ սահմանակից պետութիւն եւ կրնար անոր պատրուակ մը ընծայեալ օրին մէկը յանկարծ գրաւելու Հայաստանը, մինչդեռ շարժումը տարածուելով Հայաստանէն դուրս Թուրքիոյ միւս կողմերը եւ մասնաւորապէս մայրաքաղաքին մէջ, միւս մեծ պետութիւններուն ալ ուշադրութիւնը կը դարձնէր Հայկական խնդրին վրայ մասնաւորապէս Անգլիոյ, զոր կը նկատէինք մեր դատին աւելի  համակիր քան Ռուսիան։ Հայկական խնդիրը պետութեանց միջեւ խնդիր մը դարձնելը աւելի նպաստաւոր կ՚երեւէր մեր ազգային շահերուն։

4. Մեր ազգին ցրուած վիճակը եւ մայր երկրին մէջ բազմաթիւ օտար ցեղերու խառն բնակութիւնը՝ կրնային անյաջողութեան մատնել միայն մայր երկրին մէջ կատարուելիք Հայկական շարժում մը։ Հայութեան այս բացառիկ վիճակն ալ կը պահանջէր որ Հայկական շարժումը Հայաստանի սահմաններէն դուրս կատարուէր. այդ պարագային Պոլիսը կարելի չէր անտես ընել. ուր 200000է աւելի Հայեր կը բնակէին. պանդուխտներով միասին։

5. Չարիքին աղբիւրը Պոլիս ըլլալով, յայտնի կը նշմարուէր թէ բնաջնջման ծրագիրն է որ կը գործադրուէր. նպատակայարմար կը գտնէինք որ առաջին բողոքն ալ պէտք էր ըլլար Կ. Պոլսոյ մէջ, նոյն ինքն Պալատին քթին տակ…։

6. Հինգ վեց դարերէ ի վեր գերութեան մէջ հեծող եւ մասամբ ստրկացած ժողովուրդի մը մէջ, երբ հանգամանքներու բերմամբ ոգեւորութիւն եւ յեղափոխական տրամադրութիւն կը ծագի, յեղափոխականները պարտական են օգտուիլ այդ հանգամանքէն ու ոգեւորութենէն, Յեղափոխութեան ոգին աւելի հաստատ, աւելի գիտակցական ու գործնական դարձնելու եւ ընդհանրացնելու ժողովրդին խաւերուն մէջ. եւ յեղափոխական գաղափարը ծաւալելու ու արծարծելու ամէնէն արդիւնաւոր ու ազդեցիկ միջոցը յեղափոխական գործունէութիւն է։

7. Երբ Թուրք կառավարութիւնը եւ թուրք ժողովուրդը տեսնէին մի անգամ Հայերուն մէջ տիրող համերաշխութիւնը եւ համոզուէին թէ Հայաստանի մէջ իրենց կողմէ տրուած հարուածը անպատճառ կրնայ ունենալ իր հակահարուածը ուրիշ տեղ մը, եւ մանաւանդ այդ ուրիշ տեղը ըլլար Կ. Պոլիս, միջազգային շահերու այդ խիտ կեդրոնը, կ՚ենթադրուէր աւելի զգուշաւոր քաղաքականութեան մը կը հետեւին եւ չեն համարձակիր նոր կոտորածներ կազմակերպել երկրին մէջ։

Ցոյցի առթիւ տեղի ունեցած այս երկարատեւ վիճաբանութիւններու միջոցին դեռ ուրիշ զանազան տեսակէտներ ալ մէջ բերուեցան, բայց մենք զանց կ՚ընենք։

Մուսա պէյ որչափ որ կ՚աշխատէր եւ կը կարծէր իր հետքը կորսնցնել, շատ կը սխալէր, որովհետեւ վերջին օրերը նոյն իսկ կը տեղեկանայինք թէ՝ ի՛նչ կ՚անցնի կը դառնայ Սկիւտար, Պահրի փաշայի ապարանքին մէջ։ Շատ որոշ էր, Մուսա պէյ Սեբաստիոյ ճամբով Մուշ պիտի վերադառնար։