Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. ԼԱՐՈՒԱԾ ԹԱԿԱՐԴԸ

Եահեա պէյի սրտի ցաւն աւելի սաստկացած էր։ Ինք լաւ գիտէր որ բանտի յեղափոխութեան կազմակերպիչներէն մինն եւ թելադրողն ես եմ, բայց ինչ կարող էր ընել. ինքը լաւ գիտէր եթէ այդ խնդրոյն պատճառաւ զիս չարչարէր, հաւատացած էր եւ վստահ որ ծագելիք խռովութիւնը Մէհմէտի խռովութենէն աւելի սոսկալի պիտի ըլլար եւ շատ գէշ հետեւանք պիտի ունենար։ Անշուշտ կը սպասէր ուրիշ պատճառաւ մը այդ վրէժը լուծել ինձմէ եւ իր նպատակին հասնիլ։ Ցաւալին այն է որ բոլորովին անակնկալ կերպով այդ առիթները կը ներկայանային հետզհետէ։

Մեզ կը գրէին թէ 1894 Մայիս 14ին Քաղալական Ժողովոյ անդամ Սիմոն պէյ Մաքսուտ Հնչակեաններու կողմէ տէռօրի ենթարկուեցաւ Պոլսոյ մէջ։

Եուսուֆ Սէմինի ժամանակէ մը ի վեր դրամ չի ղրկելը, ինքնին կասկած կը ներշնչէր ինծի. դժբախտաբար կասկածս իրականացաւ։ Եուսուֆ Սէմին Հնչակը առանձին ծրարի մը մէջ դնելով ցոյց տուած հասցէիս կը ղրկէր, որ իբր վաճառականի նամակը բնաւ կասկացի տեղի չէր տար. իսկ ինծի ղրկած նամակը զուտ առեւտրական ըլլալով հազարապետին կարդալէն վերջ ինծի կը տրուէր։

Եուսուֆ սէմին առեւտրական նամակս ղրկելէն ետք իբր Յ. Գ. կ’ըսէր.

«Չեմ գիտեր իմ հասցէս ինչպէս կրցեր է գտնել Աղէքսանդրիայէն ձեր ընկերը, այս թերթը ինծի ղրկածէ խնդրելով որ ձեզի ղրկեմ», թերթը Հնչակն էր։

Եուսուֆ Սէմինի Հնչակը այդ ձեւով ինծի ղրկելը կը նշանակէր թէ ինքն այդպէսով թակարդ մը լարած կ’ըլայ եւ զիս այդ թակարդին մէջ ձգելէ վերջ այլ եւս շատ դիւրութեամբ կրնար իր քովն ունեցած դրամներս կլլել կամ իւրացնել։ Եուսուֆ Սէմինի ընթացքէն այդ կրնայի հետեւցնել, ուրիշ ոչինչ։

Հարկ չկայ կարծեմ ըսելու, ինքնին յայտնի է որ Եահեա պէյ Հնչակը ձեռք առած միջոցին ի՛նչ դիւային հրճունք մը զգացած էր։ Ես անցուդարձէն բոլորովին անտեղեակ դուրսէն երկու ոստիկաններ ներս մտան եւ աճապարանօք տնօրէնի սենեակը մտնելնին ու ու տնօրէնի դուրս ելնելը վայրկենական եղաւ։

Շուշանեան Աւետիսին հետ բակին մէջ կեցած կը խօսէինք երբ տնօրէնը զիս կանչեց. Շուշանեան ըսաւ. «Նորէն ի՞նչ դժբախտութիւն է»։ Ոստիկանները անմիջապէս զիս շրջապատելով հազարապետին տարին։

Եահեա պէյը դիւային ժպիտով մը ոտքի ելաւ ու քովս գալով, ատամները կրճտելով, գլուխն երերցնելով ըսաւ։

«Սրտիս ցաւ եղած էր. կը կարծէիր թէ օձիքդ ձեռքս չպիտի անցնի»։ Ձեռքը ունեցած պահարանին մէջէն Հնչակը դուրս հանելով ըսաւ.

«Հիմա ճանչցա՞ր զիս. հիմա ալ կարգը քուկդ չէ, կարգը իմս է»։

Ես ըսի որ եղածը այն է որ Եուսուֆ Սէմին իմ դրամներս չտալու համար Հնչակ մը ձեռք անցուցած դիտմամբ ինծի ղրկած է, գիտնալով որ նամակներս կարդալէ վերջ ինծի կը յանձնէք, այդպէսով ալ խաղը խաղցած է։ Հազարապետը ըսաւ.

«Շո՛ւտ, ամէնէն ծանր շղթան դրէք ոտքը եւ տարէք ներս նետեցէք»։

Անմիջապէս զիս լիման բերին եւ բանտին մէջ գտնուածամէնէն ծանր շղթան ոտքս անցնելով ինծի ցորեկները առանձին մեր սենեակին մէջ կը պահէին եւ դուռը կը կղպէին։ Խանութիս գործը գրեթէ երեսի վրայ մնաց. որովհետեւ ընկերս թէ՛ առանձին կարող չէր գործերը կատարել եւ թէ արդէն բոլոր հաշիւներն Հայերէն գրուած էր տետրակներուն մէջ։ Այդ վիճակս անտանելի էր, բայց ի՞նչ կարող էի ընել։

Կառավարութիւնը Եուսուֆ Սէմին Պէրութի մէջ ձերբակալած էր իբր ինծի մեղսակից. 17 օր բանտը մնալէ վերջ իր սնանկութիւնը երեւան ելած էր եւ ամէն ոք հասկցած էր թէ՝ ինձ հանդէպ բռնած այդ ընթաց գաղտնիքն ի՞նչ բանի մէջ կը կայանար։ Եուսուֆի սնանկութեամբ գրեթէ ես ալ սնանկացած էի. բան մը չէր մնացած, որովհետեւ բաւական ընդարձակ գործ կ’ընէի անոր հետ, ուրեմն անկէ վերջ ալ եւս տառապանքս սոսկալի պիտի ըլլար։