Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ռ. ԶԱՐԴԱՐԵԱՆԻ ԳՈՐԾԱԾԱԾ ԾԱԾԿԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

Համիտեան ռեժիմին խստութիւնը պատճառ դարձած է, որ Ռ. Զարդարեան դիմէ զանազան ծածկանուններու։ Զանոնք սովորաբար գործածած է Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն դուրս լոյս տեսած հայ մամուլին մէջ։ Անոնք ընդգրկած են ե՛ւ գեղարուեստական, ե՛ւ հրապարակագրական նիւթեր։ Այդ ծածկանուններուն ամբողջութիւնը ցարդ մնացած է անյայտ։ Նոյնիսկ կարգ մը ծանօթ ծածկանուններու գործածութեան տարեթիւերն ալ սխալ տրուած են։

Մենք պիտի փորձենք տալ ծածկանուններու ամբողջ ցանկ մը եւ որոշ լոյս սփռել անոնց գործածութեան տարեթիւերուն վրայ։

Աչք Եհովայի . Այս ծածկանունին մասին տոքթ. Նշան Տ. Ս. Թաշճեան կը գրէ. «1911-ի աշունէն սկսած Հայրենիքի ընթերցողները հաճոյքը կ՚ունենան վայելելու «Աչք Եհովայի» . Զարդարեան) գրութիւնները Պոլսէն՝ իբրեւ մնայուն թղթակից» («Հայրենիք եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Ամերիկայի մէջ», Հայրենիք ամսագիր, Ա. տարի, թ. 7 (1923, Մայիս), էջ 15)։

Ասլան. Կուսակցական ծածկանուն։ Ռ. Զարդարեան եղած է Խարբերդի Հ. Յ. Դ. Կոմիտէի քարտուղար եւ կուսակցական թղթակցութիւնը կատարած է Ասլան ծածկանունով։ Գործածած է 1898-էն սկսեալ։ (Տե՛ս Նամականիի բաժինը)։

Բաբգէն. Ռ. Զարդարեան՝ Արշակ Չօպանեանին ուղղուած 1895 Մայիս 4 թուակիր նամակին կը կցէ քանի մը ոտանաւորներ, Ծաղիկ ի մէջ լոյս ընծայուելու նպատակով։ Այս ծածկանունով քերթուածներ չեն տպուած 1895-ի Ծաղիկ ին մէջ։ Չօպանեան զանոնք պիտի տպէ Անահիտ ի Բ. շրջանի թիւերուն մէջ Ռ. Զարդարեանի անունով։

Զարդար. Այս ծածկանունով հեռագիր մը ուղղած է Ռ. Զարդարեան՝ Ռազմիկ ի խմբագրութեան անունով՝ Ատանայի եղեռնին հայ նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւններու նախագահ՝ գերշ. Մուշեղ եպս. Սերոբեանի ( Արեւելք օրաթերթ, 25-րդ տարի, թ. 6856 (24 Յուլիս, 1908), էջ 3)։

Զարման. Այս ծածկանունով՝ Խարբերդէն թղթակցութիւններ ուղարկած է Պոսթընի Հայրենիք շաբաթաթերթին։ Կը յիշատակէ տոքթ. Նշան Տ. Ս. Թաշճեան, որ եղած է 1907-1909 վերոյիշեալ թերթին խմբագիրը։ Յստակ տարի չի նշեր, սակայն կ՚ենթադրենք որ պէտք է ըլլայ 1900-էն սկսեալ։ Մինչեւ ե՞րբ շարունակուած է, անյայտ է մեզի։ (Տե՛ս «Հայրենիք եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Ամերիկայի մէջ», Հայրենիք ամսագիր, Ա. տարի, թ. 7 (1923, Մայիս), էջ 6)։

Էժտահար. Այս ծածկանունով լոյս ընծայած է յօդուածներ Ֆիլիպէի մէջ (Պուլկարիա) իր խմբագրած եռօրեայ Ռազմիկին մէջ (1905-1909) եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ լոյս տեսած՝ Վահան Թէքէեանի եւ Միքայէլ Կիւրճեանի Շիրակ ամսաթերթին մէջ (1905)։

Հայ Աքսորականը. Այս ծածկանունով լոյս ընծայած է Ֆիլիպէի (Պուլկարիա) մէջ՝ Առիւծին ժանիքէն (Բանտարկեալի մը յիշատակարանէն) գրքոյկը (տպ. Ռազմիկ ի, 1906, 52 էջ)։

Հրաչ. Այս ծածկանունով լոյս ընծայած է «Հայրենի երգեր», եւ «Ճախարակի քերթուածը» գրութիւնները Ա. Չօպանեանի Անահիտ ին մէջ . տարի, թ. 2 (1898, Դեկտ. ), էջ 71. եւ թ. 5-6, Մարտ-Ապրիլ, 1899, էջ 174-175)։ Ծածկանունին յայտնութիւնը կ՚ընէ Ա. Չօպանեան (Անահիտ, ԺԲ. տարի, թ. 7-8, Յուլիս-Օգոստոս 1911, էջ 196)։

Հրաչեայ. Այս ծածկանունը կը յիշատակեն Թէոդիկ, Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի (Պոլիս, 1919), էջ 14 եւ Գաբրիէլ Լազեան, Յեղափոխական դէմքեր, (Գահիրէ, տպ. Նուպար, 1945), էջ 210։ Այս ծածկանունով որեւէ գրութեան չհանդիպեցանք։