Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա




Ա. ՄԱՍ

ՇԱՀԱՆ ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Մարդը»։ Շահան Պէրպէրեան այսպէս կոչած էր Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանը՝ արտայայտուելով անոր վախճանման առիթով։ Որակական ածական մը աւելցնելով այս պարագային՝ Շ. Պէրպէրեանը պիտի կոչենք փիլիսոփայ ու գեղագէտ Մարդը։ Արդարեւ ֆիզիքականօրէն մեր ժամանակներուն մէջ ապրող եւ սակայն իր հոգեկան եւ մտային աշխարհներով յունական Դասական դարու լաւագոյն աւանդութիւնները իր մէջ ցոլացնող իմաստասէր մըն էր։ Առաւել՝ զինուած իր դարուն փիլիսոփայական (բառը իր լայնագոյն իմաստով առնուած) պաշարով՝ քաշուած իր խուցին մէջ, կտրուած կեանքէն եւ սակայն այդ կեանքին էոյթով մտազբաղ՝ կ՚ընէր իր վերլուծումները։

Արդարեւ առաւելաբար իր խուցին մարդը եղաւ ան. անձնատուր իր խոկումներուն եւ երաժշտական յօրինումներուն։ Կեանքի ու արուեստի, այսինքն՝ ճշմարտութեան ու գեղեցկութեան որոնումի ճիգը կազմեց հիմնական զսպանակը իր կեանքին։ Կեանքի լուսանցքին վրայ ապրած ըլլալու իր այս վիճակը պատճառներէն մէկն է այսօր իր անունին եւ վաստակին անծանօթ մնալուն։ Կամ երբեմն ալ տարիներու թաւալքէն փրկուած անուն մըն է, առանց գործ եւ երկասիրութիւն նշանակելու եւ մեր պատմութեան պաստառին վրայ իր ինքնուրոյն տեղը ունենալու։ Իր դաստիարակչական գործը, իր բազմահարիւր աշակերտները, իր դասախօսութիւններն ու բանախօսութիւնները անշուշտ որ վարկ մը ապահոված են իրեն, սակայն ատոնք բաւարար չեն անուն մը անմահացնելու համար։

Սոկրատ եւ Յիսուս անմահացած են՝ որովհետեւ ունեցած են երախտապարտ աշակերտներ, որոնք ուզած են փրկել իրենց մեծ Ուսուցիչներուն թողօնները։ Սակայն Շ. Պէրպէրեանին զլացուեցաւ այդ բարիքը եւ ան ցարդ կը մնայ ծանօթ անծանօթը։ Անձի մը ծանօթացումը կապ ունի այդ անձին գործին արժեւորումին, հրատարակութեան եւ վերհրատարակութեան հետ։

Շահան Պէրպէրեանի մէջ կարելի է ըսել որ գեղագիտութիւնը, արուեստը, իմաստասիրութիւնը համալսարանական գիրքերէն ուսուցուած ծանօթութեանց գումար մը չէր (անուրանալի է անշուշտ իր մեծ ուսուցիչներուն՝ մանաւանդ Պերկսոնի ներկայութիւնը իր մէջ), այլ իր էութեան, իր ամէնօրեայ մտածողութեան ու ապրումին մաս կազմած էր. եթէ կ՚ուզէք իր առօրեայ սնունդն էր։ Եւ այս էր պատճառը ահաւասիկ որ իր դասաւանդած նիւթերուն համար ո՛չ մէկ նոթագրութիւն (առաւելութիւն մը որ սակայն իր տխուր երեսն ալ ունի։ Իր դասաւանդած իմաստասիրական ճիւղերէն ո՛չ մէկ գործ, որ կարելի ըլլայ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել։ Պիտի անդրադառնանք այս հարցին մատենագիտութեան բաժնին մէջ)։

Իրեն աշակերտած անձերուն մէջ չկայ ոեւէ՛ մէկը որ իր մագնիսական զօրութեան ազդեցութեան տակ ինկած չըլլայ եւ պաշտամունքի աստիճանի հասնող սիրով մը կապուած չըլլայ։

Անձերու հանդէպ համակրական եւ հակակրական, այլ բառով հակադիր կեցուածքներ բնական են։ Շ. Պէրպէրեան սակայն կրցած էր իրագործել մարդկայնօրէն անկարելին իր շրջապատին ամբողջական եւ անսակարկ համակրանքն ու հիացումը։ Մարդ անհատին արժանապատուութեան հանդէպ իր ունեցած յարգանքը՝ կը պարտադրէր որ ենթական մղուէր բնական վարձատրութեամբ մը վերադարձնել այդ յարգանքը։

Կ՚ընենք այս հաստատումները հասնելուհամար հիմնական հարցումին։ Իր բազմահարիւր աշակերտներուն պաշտամունքի հասնող սէրը ինչո՞ւ իր թանձրացեալ արտայայտութիւնը չգտաւ կ՚ակնարկենք Շ. Պէրպէրեանի գեղագիտական, արուեստի եւ իմաստասիրական գործերուն հաւաքման եւ հրատարակման։ Այդ ճիգը անհրաժեշտ էր ո՛չ թէ որպէս ապացոյց երախտագիտութեան, այլ որպէս յայտնաւորում հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակներէն մէկուն (կշռած ենք տարողութիւնը մեր որակումին)։ Նաեւ որպէս ապացոյց, որ մեր ցեղը՝ հակառակ իր կրած տաժանելի հարուածներուն՝ պահեր է գեղեցիկին հանդէպ իր պաշտամունքը եւ իր մեծ զաւակներէն մէկուն միջոցով գտեր է իր արտայայտութիւնը։

Շահանի թողօնին մէկտեղման եւ հրատարակման ճիգը առաւելաբար կը ծանրանայ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուսերուն վրայ, որովհետեւ Շահան իր լիութեան տարիները անցուց այդ հաստատութիւններէն ներս եւ անսակարկ նուիրումով մը բարձրացուց վարկը այդ ազգային հաստատութեանց։

Ներկայ փորձը՝ մեր կողմէ համեստ տուրք մըն է Շ. Պէրպէրեանի յիշատակը թարմացնելու միտքերու մէջ եւ մղելու որ իրմով շահագրգռուողները տէր կանգնին անոր վաստակին։ Կը բաղկանայ երկու մասէ.

1) Կենսագրական ակնարկ, ամէնէն ընդարձակը ցարդ լոյս տեսածներուն մէջ։ Այս բաժինին մէջ օգտագործուած են Շ. Պէրպէրեանի ինքնակենսագրական հակիրճ մէկ ուրուագիծը, իր տաղանդաւոր քրոջ՝ Մաննիկ Պէրպէրեանի յուշերը, նաեւ հայ մամուլը։

2) Մատենագիտութիւն, որ կարելի է ըսել գրեթէ ամբողջական է։