Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. Ի՞ՆՉ Է ՀԱՄԱՅՆԱԳԻՏԱՐԱՆ ՄԸ

Հարցումը կարելի է դնել այլ ձեւով. ի՞նչ պէտք է ընդգրկէ, կամ ի՞նչ պէտք է ըլլայ անոր առաքելութիւնը։ Բառարանային սահմանումով, « Ձեռնարկ մը (հրատարակութիւն մը), որ կ՚ընդգրկէ կամ կը ներկայացնէ ծանօթութեան զանազան ճիւղերը »։ Ծանօթութեան, տեղեկութեան զանազան ճիւղերուն մէջ, մեր պարագային, պէտք է մտնեն հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին կարեւոր երեւոյթները, որոշիչ դէպքերը, անուանի դէմքերը, մեր կուսակցու- թիւնները, հաստատութիւնները, մեր մամուլը, տեղագրութիւնը, մեր ազատագրական պայքարին հերոսները եւ այլն։

Անկախ տեղեկութիւններու փոխանցումէն, հիմնական պահանջ է գիտական ոգին։ Կողմնակալութենէ, աչառութենէ եւ «խնամիական» կապերու տուրք տալէ հեռու պէտք է ըլլայ։

1986-ին, Հանրագիտարան ին Զ. եւ Է. հատորներուն նուիրած ենք երկար գրախօսական մը, ուր կատարած ենք հաստատում մը, զոր կ՚ուզենք հոս մէջբերել.

« Հայ մշակոյթի համապարփակ մէկտեղման եւ ներկայացման որեւէ փորձ, ինչպիսին է հայկական համայնագիտարան մը, պիտի ունենայ անխուսափելի պակասներ, թերի հաստատումներ ։ Եւ եթէ ասոնց վրայ աւելցնենք կամաւ զանցառումները, երեւոյթներու եւ անձերու հանդէպ հակակրանքի արդիւնք, այն ատեն թերիներու թիւը կը սկսի աճում արձանագրել »։

Կամաւ զանցառումները եւ անտեսումները Հ. Յ. Դ. ին, անոր մամուլին, անոր ղեկավար դէմքերուն գրիչի, խօսքի թէ զէնքի–, կարելի է բուռերով ներկայացնել։ Գիտակից ենք, որ բոլոր դէմքերն ալ նշուելու արժանի կրնան չըլլալ։ Տեղի, արժանիքի եւ այլ մտահոգութիւններով զտում մը անհրաժեշտ կը դառնայ։ Սակայն չի կրնար անտեսուիլ ամբողջ կեանքը խմբագրական ասպարէզին նուիրած, տասնեակ մը թերթերու խմբագիր, խմբագրապետ եղած Ռուբէն Դարբինեան մը, երբ անդին կը նշուի Պէյրութի Զարթօնք օրաթերթի խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեանը։

Եթէ արժանիքի եւ հանրագիտարանին մէջ ընդունման հիմ՝ չափանիշ պիտի ընդունուին հայրենի իշխանութիւններուն եւ անոնց ետին կեցող համայնավարութիւնը, խորհրդային իշխանութիւններուն ստրկամտօրէն խնկարկելու կամեցողութիւնը, ծառայամըտութիւնը, ըսելիք չունինք։ Դժբախտաբար այս չափանիշով, կանգունով չափած են անձերը եւ, ըստ այնմ, «մուտքի տոմս» նուիրած։

Խտրութիւն մը դրած են հրեայի եւ հեթանոսի սկզբունքով։

Չափի եւ կշիռի հարցերուն մէջ, պէտք է արդարութիւն կիրարկել, այլապէս՝ կը դատապարտուին չափողն ու կշռուողը, եւ նուազ արժէք կը ստանայ գործը։ Այս պարագային, անտեսուողները չեն որ արժեզրկուած են, այլ՝ զանոնք արժեզրկող հանրագիտարանին աշխատակիցներն ու խմբագիրները։

Մեր քննելիք նիւթը կ՚ընդգրկէ չորս մարզ.

1. Հ. Յ. Դ. մամուլ.

2. Դաշնակցական կարկառուն դէմքեր.

3. Հ. Յ. Դաշնակցութիւն, միութիւններ եւ հաստատութիւններ.

4. Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ կապուած հարցեր Հայաստանի

Հանրապետութիւն, Փետրուարեան ապստամբութիւն եւ այլն։