Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ (ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ)

Հայ մամուլին անդրադառնալէ առաջ, հարկաւոր կը նկատենք հակիրճ կերպով մամուլ բառը ստուգաբանել։ Բայարմատն է մալ, որ կը նշանակէ ճմլել, ճնշել, տրորել։ Գործողութիւնը պէտք է կոչուէր մալում։ Կ՚ենթադրենք որ մ եւ լ գիրերու տեղափոխումով եղած է մամուլ, որ ճնշելով օրինակի մը հանում կը նշանակէ։ Ժամանակի ընթացքին, գաղափարներու յարակցութեամբ՝ այն գործիքը, իմա՛ մեքենան, որ կը տպէ, ուրկէ տպագրական մամուլ եզրը։

Ու տակաւին երրորդ ոստումով մը լրագիրները, պարբերաթերթերն ու տարեգիրքերը, որոնք կանոնաւոր հրատարակութիւններ են եւ մեծ մասամբ խումբ մը մարդոց մտածումներն ու զգացումները կը փոխանցեն հանրութեան։ Այս վերջին իմաստով մամուլն է մեր ցուցադրութեան ընդգրկած մարզը։

Մամուլի հոմանիշ՝ թերթ, լրատու, լրաբեր, տեղեկատու (նեղ իմաստով առնուած այս երեքը). աւելի լայն իմաստով՝ լրագրութիւն եւ հրապարակագրութիւն։ Անցեալ դարուն կը գործածէին լրոյ գիր, լրագիր եւ հանդէս բառերը։ Մամուլին զանազան տեսակներն են օրաթերթ (ամէնօրեայ), երկօրեայ, եռօրեայ կամ կիսաշաբաթաթերթ, շաբաթաթերթ, երկշաբաթաթերթ (կիսամսեայ), ամսագիրք, ամսաթերթ, հանդէս ամսօրեայ, երկամսեայ, եռամսեայ կամ պարբերաթերթ, [1] կիսամեայ, տարեցոյց կամ տարեգիրք։ Տարեկան հրատարակութիւնները այլ անուններով ալ մկրտուած են օրացոյց, տօնացոյց, տոմար եղանակ, եւայլն, որոնք սակայն մամուլի մաս չեն կրնար կազմել, եթէ օրացուցային եւ տօնացուցային նիւթերէ զատ՝ շահեկան այլ նիւթեր չեն պարունակեր։

Հետեւաբար՝ կարճ սահմանումով, մամուլ եզրով կը հասկնանք որոշ պարբերականութեամբ հրատարակութիւններ։ Ան սկզբնական շրջանին ունեցած է առաւելաբար լրատուական, տեղեկատուական բնոյթ։ Հետզհետէ ընդարձակելով իր սահմանը, ստացած է նաեւ վերլուծական բնոյթ։ Լրատուականը առաւելաբար վերապահուած է օրաթերթին, իսկ վերլուծականը՝ ամսաթերթին եւ պարբերաթերթին։

Մամուլին լրատուական դերը կատարող այլ միջոցներ եղած են անցեալին։ Պատմութենէն մեզի ծանօթ է, որ Յուլիոս Կեսարի օրով, Հռոմի մէջ Acta Diurna (օրական գործ) խորագրով՝ կառավարական յայտարարութիւններ կը փակցուէին հանրային զանազան վայրերու մէջ։ Ներկայ լրագրութեան նախակարապետները կամ նախատիպերը կարելի է նկատել մունետիկները, որմազդները, տեղեկագիրները, վիճաբանական ու քննադատական գրքոյկները։

Տպագրութեան գիւտէն (1440) առաջ եւ անկէ ետք ալ ձեռագիր թերթեր գոյութիւն ունեցած են։

Առաջին տպագիր թերթը լոյս ընծայուած է տպագրութեան գիւտէն 123 տարի ետք, Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքին մէջ, Նոթիցիս սքրիթի խորագիրով (1563)։ Այնուհետեւ տպագրուած լրագիրներու երեւոյթին կը հանդիպինք ամբողջ Եւրոպայի մէջ։ Կը նշենք ժամանակագրական կարգով Գերմանիա (1609), Զուիցերիա (1610), Հոլանտա (1620), Անգլիա (1622), Շուէտ (1645), Սպանիա (1661), Ռուսաստան (1703), Հունգարիա (1721), Ֆինլանտա (1771), Նորվեկիա (1763), Եուկոսլաւիա (1791)։ Ամերիկայի մէջ՝ Մ. Նահանգներ (1690)։

Հնդկաստանի մէջ լրագրութիւնը իր դողդոջ քայլերը կը նետէ 18րդ դարու վերջին քառորդին։ Կալկաթան իր առաջին թերթը կ՚ունենայ 1780-ին, Մատրասը՝ 1785-ին, իսկ Պոմպէյը՝ 1789-ին։

Մատրաս քաղաքին մէջ, տեղական առաջին լրագիրին լոյս ընծայումէն 9 տարի ետք, 1794-ին, հիմը կը դրուի հայ առաջին լրագիրին՝ Ազդարար ամսագիր անունով, Տէր Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի կողմէ։ Ո՞վ էր այս մարդը։ Կ՚արժէ հանգամանօրէն անդրադառնալ այս մեծ հայուն կեանքին եւ գործունէութեան։

Անյայտ է հայ լրագրութեան նախահօր կեանքը մինչեւ քահանայութիւն։ Միայն յայտնի է, թէ ծնած է Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքը՝ 1750-ին։ Քահանայ ձեռնադրուելէ ետք, մէկ շաբթուան ընթացքին կը կորսնցնէ իր երկու զաւակները։ Այս դժբախտութիւնը խորապէս կ՚ազդէ իր վրայ։ Կը բարձրանայ Շիրազէն երկու ժամուան հեռաւորութեան վրայ գտնուող Բաբուքուհ լեռը։ Լերան վրայ կը գտնուէր տերվիշներու վանք մը։ Անոնց կարգը ընդունելով՝ եօթը տարի կը ճգնի։ Այդ շրջանին կը տիրապետէ պարսիկ լեզուին։

Ընտանիքին աղաչանքներուն անսալով, կը թողու վանքը եւ կը վերադառնայ Շիրազ։ 1784-ին քահանայական պաշտօնով կը փոխադրուի Մատրաս։ 1789-ին տպարան կը հաստատէ, մամուլ մը կը շինէ, տառեր կը փորագրէ, կը ձուլէ եւ ինք կը դառնայ գրաշարն ու տպագրիչը։ Նաեւ ինք կը պատրաստէ թուղթը։ Այնուհետեւ կը սկսի տպել աւելի կրօնական բնոյթ կրող տետրեր եւ գիրքեր։

Շմաւոնեան քհնյ. տեսնելով Մատրասի մէջ լոյս տեսնող անգլիական լրագիր մը, իր մէջ կը ծնի պարբերական տետրակի մը հրատարակութեան գաղափարը։ 1794 Օգոստոս 9-ին կը հրատարակէ ազդ մը, որով կը բացատրէ նպատակը։ «Նկատելով իմով եթէ զօժանդակութիւն տպարանին եւ եթէ բարեպէս յառաջ եկեալն ուսումնասիրաց, յարմար վարկայ նուիրել առաջի ձերումդ ազգասիրութեան զխոկմունս նարդենիս, այսինքն տպեցմամբ ի լոյս ընծայել զտետրակ մի յամենայնում վերջնոյ ամսոյ, անուանել «Ազդ Արարող»՝ յորմէ իմացումն լինելոց է ընթերցողաց, ծայրաքաղ անցքն նոյնոյ ամսոյ, եթէ ի զանազան կազէթաց, եթէ ի զանազան քարտիզաց եւ եթէ այլոց զանազան գրոց, նաեւ բանք հարկաւորք եւ քաղցրալուրք, եւ ի վերջումն տետրակիս, զօրացոյց մի հետեւեալ ամսոյ, պարունակեալ ի նմա զտօնս սրբոց եւ զաւուրս ծննդեան եւ լրման լուսնոյ եւայլն»։

Վերոյիշեալ ազդէն երկու ամիս ետք, 1794 Հոկտեմբեր 16-ին լոյս կը տեսնէ Ազդարարի առաջին թիւը։ Նոր ամսագիրը կը խանդավառէ Մատրասի երիտասարդութիւնը, որ զայն օգտակար եւ հետաքրքրական դարձնելու համար կը գործակցի խմբագիրին՝ թարգմանութիւններ, տեղեկութիւններ եւ լուրեր հաղորդելով։ Աշխատակցութեան համար կը հաստատուի արկղ մը, Մատրասի հայկական եկեղեցւոյ զանգակատան տակ, ուր աշխատակիցներ կը ձգէին իրենց լուրերն ու յօդուածները։

Ազդարարին կու գան աշխատակցիլ նաեւ Ռուսաստանէն Յովսէփ արք. Արղութեան (Երկայնաբազուկ) եւ Ստեփաննոս Յովհաննէս Գուլամիրեան, որոնք իրենց ժամանակակից անցքերուն մասին կ՚ուղարկեն տեղեկութիւններ։

Ազդարարի մէջ հրատարակուած կան Կովկասի եւ Անդրկովկասի անցքերուն, ռուսական պատերազմներուն, հայկական անցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսական Յեղափոխութեան դէպքերուն շուրջ տեղեկութիւններ։

Ամսագիրին բաժանորդներուն թիւը շատ սահմանափակ էր, ինչ որ պիտի ըլլար իր դադարման պատճառներէն մէկը։ Հնդկաստանի մէջ ունէր 28 բաժանորդ, Արեւմտահայաստանի մէջ 10, իսկ Ռուսաստանի եւ Արեւելահայաստանի մէջ բաղդատաբար աւելի լայն շրջաբերութիւն կը գտնէր՝ Ստեփաննոս Յովհաննէս Գուլամիրեանի ջանքերուն շնորհիւ։

Դժբախտաբար Հայ առաջին լրագիրը չկրցաւ գոյատեւել։ Երկու տարուան գոյութենէ մը ետք՝ կը դադրէր, նիւթական աղբիւրներու չգոյութեան պատճառով։ Երկամեայ այդ շրջանին (1794 Հոկտեմբեր 16 1796 Մարտ) հրատարակուեցաւ 18 տետր։ Շմաւոնեան քհն. կ՚ապրէր տակաւին 30 տարի եւ կը վախճանրէ 1824-ին։ Իր անունը յաւէտ անմոռանալի է հայ ժողովուրդին համար։ Բացած էր նոր ակօս մը մեր մշակոյթի արտին մէջ եւ շուտով պիտի ունենար իր գործին արժանաւոր շարունակողները թէ՛ Հնդկաստանի եւ թէ Վենետիկի մէջ։

Դժբախտութիւն է, որ մեր ձեռքը չէ հասած Շմաւոնեան քահանայի դիմանկարը։ Ա՛յն ինչ որ կը ներկայացուի իբրեւ այդպիսին, գործն է Վիեննայի Մխիթարեան հայրերուն, որոնք հայ լրագրութեան հարիւրամեակին առթիւ, 1894-ին, երեւակայական նկարով մը, ուզեցին պատուել հայ լրագրութեան նահապետը։

* * *

Յատկանշական երեւոյթը հայ լրագրութեան սկզբնաւորութեան մէջ այն է, թէ հայ կղերականներն են, որոնք կը ստանձնեն նախաձեռնողի դերը։ Տեսանք Շմաւոնեան քահանան, որ հիմնեց առաջին հայ թերթը։ 1800 թուին, Հ. Ղուկաս Ինճիճեան, Վենետիկեան վարդապետ էր, որ կը հիմնէր Տարեգրութիւն անունով տարեգիրքը, որ 1803-ին սկսաւ հրատարակուիլ Եղանակ Բիւզանդեան անունով եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1820 թուականը։ Դարձեալ 1812 թուին՝ Հ. Գրիգոր Գապարաճեան հիմը կը դնէր Վենետիկի մէջ Դիտակ Բիւզանդեան երկշաբաթաթերթին, որ պիտի շարունակուէր մինչեւ 1816։

1821-ին, Կալկաթայի մէջ Մարտիրոս Մկրտիչեանի խմբագրութեամբ սկսաւ հրատարակուիլ Շտեմարանը։

Արեւմտահայեր՝ արեւելահայերէն առաջ կ՚արթննան լրագրութեան գործին մէջ։ Երկու պարագային ալ դողդոջ նախափորձեր կան, սակայն պաշտօնական լրագրութիւնը կապուած է պետական նախաձեռնութեան։

Թէ՛ Արեւմտահայաստանի եւ թէ՛ Արեւելահայաստանի մէջ, հայ լրագիրներու հրատարակութիւնը, հայու նախաձեռնութեան արդիւնքը չէ. երկու պարագային ալ կապուած է Օսմանեան եւ Ցարական պետութեանց։ Սուլթան Մահմուտի հրամանով Իզմիրէն Պոլիս կը հրաւիրուէր Աղեքսանդր Պլաք անունով ֆրանսացին եւ անոր կը յանձնուէր պաշտօնաթերթ մը հրատարակելու պաշտօնը։ Կը հրատարակուէր թերթը Մօնիթէօր Օթօման (Ազդարար Օսմանեան) անունով եւ հետզհետէ անոր կը կցուէին զանազան բաժիններ։ Հայերէն ալ լոյս կը տեսնէր այս թերթը՝ Լրոյ Գիր Մեծի Տէրութեանն Օսմանեան անունով, 1832 Յունուար 13-էն սկսեալ։ Թերթը զանազան անուանափոխութիւններով պիտի շարունակուէր մինչեւ 1850։

Նոյն պայմաններուն մէջ լոյս կը տեսնէ արեւելահայոց առաջին լրագիրը։ Փոխարքայ Իշխան Վորոնցով, հիմնելով ռուսերէն Կովկաս պաշտօնաթերթը, կ՚ուզէ որ հրատարակուի նոյնին հայերէնը։

1846 Յունուար 12-ին լոյս կը տեսնէ առաջին թիւը, խմբագրութեամբ Յակոբ Կարինեանի եւ Միքայէլ Պատկեանի։ Կ՚ունենայ երկու տարուան կեանք։

Արեւմտահայոց երկրորդ լրագիրը կը դառնայ Շտեմարան պիտանի գիտելեացը, որ կը տպուի Զմիւռնիոյ մէջ, 1839-ին, բողոքական միսիոնարներու ձեռքով։ Տեւեց մինչեւ 1854։ 1855-ին Պոլսոյ մէջ սկսաւ տպուիլ Աւետաբերը, ամերիկացի բողոքական միսիոնարներու ձեռքով, որ տեւեց մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմ։

Այդ օրերուն կը սկսի հրատարակուիլ Արշալոյս Արարատեանը, որ ամբողջ կէս դար (1840-1887), եղաւ հայ լրագրութեան փայլուն աստղերէն մէկը։

1843-ին, Վենետիկի մէջ սկսաւ հրատարակուիլ խմբագրութեամբ Հ. Գաբրիէլ Այվազովսքիի (անուանի ծովանկարիչին եղբայրը), Բազմավէպը, որ իր ետին ունենալով ամբողջ միաբանութեան մը կռուանը, առանց դադարի կը շարունակէ այսօր իր 145-ամեայ ընթացքը։

1846-ին, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը ուզեց ունենալ իր պաշտօնական

  օրկանը՝ Սուրհանդակ Կոստանդնուպոլսոյ անունով, որ ժամանակի ընթացքին փոխուելով առաւ Հայաստան - Մասիս Արեւելք - Բիւզանդիոն անուններ եւ տեւեց մինչեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմ։ Մենք բախտը ունեցած ենք թղթատելու այս ամբողջ շարքը եւ գտած ենք, որ մեծ արժէք կը ներկայացնէ աշխարհաբար լեզուի զարգացման եւ ազգագրական նիւթերու տեսակէտէն։

Պատմական հայրենի հողին վրայ առաջին լրագիրը կ՚ըլլայ Արծուի Վասպուրականին, որ կը տպուի Խրիմեան Հայրիկի կողմէ՝ 1858-ին, Վարագայ վանքին մէջ։ Իր սաներէն Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցի խմբագրութեամբ է, որ հայրենի հողին վրայ երկրորդ լրագիրը կը հրատարակուի Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ, 1863-ին, Արծուիկ Տարօնոյ վերնագիրով։ Մինչեւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը Թուրքիոյ ներքին գաւառներու հայութիւնը պիտի մնար գրեթէ առանց լրագիրի։

Գալով կովկասահայութեան, Կովկասի յաջորդեց արեւելահայերու երկրորդ թերթը՝ Արարատ (1850) Թիֆլիսի մէջ, խմբագրութեամբ Գաբրիէլ աւ. քհնյ. Պատկանեանի։ Թէեւ շատ կարճ տեւեց, սակայն պատիւն ունի ռուսահայ առաջին աշխարհաբար թերթը ըլլալու։

1858-ին Մոսկուայի մէջ սկսաւ հրատարակուիլ Հիւսիսափայլը, խմբագրութեամբ Ստեփաննոս Նազարեանցի եւ Միքայէլ Նալպանտեանի։ Թերթը հեռաւոր Մոսկուայի մէջ դարձաւ յեղափոխութեան քարոզիչը։

Որքան մօտենանք 20-րդ դարուն, այնքան պիտի աւելնայ հայ լրագիրներու թիւը եւ հետզհետէ մասնագիտական ուղիներով։ Այդ ատեն է, որ Արեւելեան Հայաստանի մէջ պիտի տեսնենք Փորձ, Մուրճ, Լումայ, Արարատ, Ազգագրական հանդէս, Արաքս, Նոր դար, Տարազ օրաթերթերն ու ամսագիրները, իսկ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ այլուր Ծաղիկ, Արեւելեան մամուլ, Հայրենիք, Անահիտ, Հանդէս ամսօրեայ եւ ուրիշներ։

Դարուն վերջաւորութեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հիմնումով, հայ մամուլը նոր թիւ եւ նոր աւիւն կը ստանայ։

Կուսակցական թերթերը մեծ մասամբ լոյս կը տեսնեն արտասահմանի մէջ Ժընեւ, Լոնտոն, Աթէնք, Մ. Նահանգներ եւ գաղտնօրէն մուտք կը գործեն Արեւմտահայաստան։



[1]        Պարբերաթերթ կամ պարբերական (quarterly, periodical) եզրերը յստակ ժամանակ չեն ընդգրկեր. կը տարածուին մէկ ամիսէն մինչեւ մէկ տարուան կամ տարիներու վրայ։