Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏՊԱՔԱՆԱԿ

Որքա՞ն եղած է հայ թերթերուն տպաքանակը։ Դժուար է այս հարցումին պատասխանել, որովհետեւ մամուլի պատասխանատուները դիւրաւ չեն պատասխաներ նմանօրինակ հարցումներու։ Հայ թերթերը գլխաւորաբար կը սպառին իրենց քաղաքներուն եւ երկիրներուն մէջ, արտաքին աշխարհէն շատ քիչ բաժանորդներ ունին։

Արտասահմանի մէջ անոնց տպաքանակը կը տարուբերի 1-3 հազարի միջեւ։ Հայաստանի մէջ, պետական եւ կուսակցական թերթերը բազմահազար տպաքանակ ունին. օրինակ՝ Գարուն ամսագիրը շրջան մը ունէր 80, 000 տպաքանակ։

Դարուն սկիզբը, Կովկասի եւ Պոլսոյ մեր կարգ մը թերթերը լոյս տեսած են 10, 000 տպաքանակով։

Արտասահմանի կարգ մը թերթերը, երբեմն կը յայտարարեն իրենց տպաքանակը (տուեալ թիւի մը պարագային)։ Ասպարէզի 1986 Ապրիլ 24-ի թիւը ունի 15, 000 տպաքանակ։ France-Arménie-ի 1986-ի Ապրիլի թիւը՝ 20, 500 տպաքանակ։ Ի՞նչ է այս թերթերուն սովորական տպաքանակը, յայտնի չէ։