Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ

Ա) Հայ լրագիրները եղած են Հայ աշխարհաբար լեզուի զարգացման օրրանը։ ԺԹ. դարու առաջին կիսուն եւ նոյն դարուն երկրորդ կիսուն հրատարակուող թերթերուն բաղդատութիւնը, մեզ պիտի բերէր այս հաստատումին։ Կամ բաղդատեցէք մեր այսօրուան աշխարհաբարին հետ եւ դուք պիտի տեսնէք այն անջրպետը, որ գոյութիւն ունի երկուքին միջեւ։ Գիտական ըլլալու համար պէտք է մէջբերումներ կատարէինք, սակայն տեղի չգոյութիւնը կը ստիպէ մեզ զուսպ ըլլալ։

Բ) Փորձաքար սկսնակ հայ գրական մշակներուն։ Մեր գրողները առանձին գիրքերու հրատարակութենէն առաջ, աշխատակցած են այդ թերթերուն։ Հոն է որ կազմաւորած են իրենց ոճը։ Հայ լրագրութիւնը այն թանգարանն է, ուր կը քնանան մեր գրողներու մեծագոյն մասին գրութիւնները։ Այդ թանգարանէն գիտցան օգտուիլ «Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ»ը եւ լոյս ընծայեցին արժէքաւոր շարք մը։

Ցարական եւ օսմանեան գրաքննութեան պատճառով, դժուար էր առանձին գիրքերու հրատարակութիւնը։ Թերթերուն հանդէպ աւելի թոյլատու ոգի կը ցուցաբերուէր։ Մեր գրագէտներուն մեծ մասը այս պատեհութիւնը օգտագործած է։

Գ) Գրականութեան ժողովրդականացում։ Գրել-կարդալը, որ մինչեւ լրագրութեան երեւան գալը, մեծ մասամբ հայ կղերին ձեռքը կը գտնուէր, դարձաւ հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը եւ դպրոցին հետ հայ լրագրութիւնն է, որ կրթութեան տարածիչը հանդիսացաւ։

Արտասահմանի մէջ հայապահպանման զէնքեր կը փնտռենք։

Հայ մամուլը, հայ եկեղեցիին եւ դպրոցին կողքին կը ներկայանայ գլխաւոր զէնքերէն մէկը։ Արժէքի այդ գիտակցութեամբ մօտենանք անոր եւ զօրավիգ կանգնինք անոր գոյատեւման։