Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՐԹԻՆ՝ ԱԶԴԱՐԱՐԻ 200-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

1994-ը հայ մամուլի նախակարապետ ԱԶԴԱՐԱՐին 200-ամեակն է։ Արդարեւ, 1794 Հոկտեմբերի 16-ին, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ հիմը կը դրուէր մեր առաջին թերթին։ Եթէ պերճանք մըն էր 1794-ին լոյս ընծայել նման հանդէս մը, այսօր, մամուլը դարձած է մեր հոգին ու միտքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող գլխաւոր ազդակներէն մէկը։

Դարադարձ մըն է. 200-ամեակ է, եւ այդ գիտակցութեամբ կը մօտենանք երեւոյթին։ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի տպագրական եւ լրագրական փորձին իմացումն ու արժեւորումը անկատար պիտի մնան, եթէ հպանցիկ ակնարկի մը մէջ չանդրադառնանք Մատրասի գաղութին կազմաւորման, մա՛նաւանդ 17-րդէն 18-րդ դարերուն հոն տիրող օտար եւ հայ մթնոլորտին։