Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԽՄԲԱԿԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Մատրասը մեծ եւ բանուկ ա՛յն գլխաւոր նաւահանգիստն էր, ուր կեդրոնացած էին թէ՛ եւրոպական եւ թէ հայկական դրամատիրական ուժերը։ Եւրոպական վաճառականութեան հետ մրցակցելու համար, հայ վաճառականները կը միացնէին իրենց ուժերը, սակայն, ժամանակի ընթացքին պարտուած դուրս կու գային։ Ուժերը անհաւասար էին։ Օտար վաճառականներու եւ ընկերութիւններու ետին կանգնած էին Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Փորթուգալի պետութիւնները։ Հայերը քաղաքական գետնի վրայ որբեր էին, չունէին պետականութիւն։ Հո՛ս էր իրենց ձախողութեան պատճառը։ Հետեւաբար, մտածեցին անկախ պետականութեան մասին։ Եւ որովհետեւ, այդ օրերուն, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ սահմանադրական իշխանութեան գաղափարաբանութիւնը ի պատուի էր, հնդկահայ քաղաքական մտածողութիւնը որդեգրեց զայն։

Մատրասահայ ազատագրական խմբակը կը բաղկանար հետեւեալներէն Շահամիր Սուլթանում Շահամիրեան, Մովսէս Բաղրամեան, Յակոբ Շահամիրեան, Յովսէփ Էմին եւ ուրիշներ։ Կեդրոնական դէմքն էր Շ. Շահամիրեան, պարսկահայ դերձակ մը, որ Մատրասի մէջ կը դառնայ սեղանաւոր, ապա՝ մարգարտավաճառ եւ մեծ հարստութիւն կը դիզէ։

1772-ին, խմբակը կը հիմնէ իր տպարանը, հնդկահայոց առաջին տպարանը։ Հիմնադիրն է Շ. Սուլթանումեան, որ զայն կը մկրտէ իր   վաղամեռ որդւոյն՝ Յակոբի անունով։ Տպարանը, իբրեւ հիմնական նպատակ, կ՚որդեգրէ հայ ժողովուրդի ազատագրական շարժման նուիրուած գրականութեան լոյս ընծայման աշխատանքը։

1772-ին կը տպուի Մովսէս Բաղրամեանի Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ գիրքը, որ ձեւով մը խմբակին քաղաքական դաւանանքն էր. կու տայ հայ ժողովուրդին համառօտ պատմութիւնը եւ մեր երկրին աշխարհագրութիւնը, կը թուէ հայ պետականութեան կորստեան գլխաւոր պատճառները միապետութիւն եւ ներքին երկպառակութիւններ։ Նոր դաստիարակութիւն պէտք է տալ նոր սերունդին։ Դպրոցներ բանալ, հայ երիտասարդութեան ինքնագիտակցութիւնը արթնցնել։ Հայրենասիրական զգացումները արթընցնելու համար, գրականութիւն մշակել եւ հրատարակել։

1773-ին, նոյն տպարանէն լոյս կը տեսնէր Որոգայթ փառացը, որ ստեղծուելիք սահմանադրական հանրապետութեան սահմանադրութեան նախագիծն էր։ Հեղինակն էր Շահամիր Շահամիրեանը։

Գիրքը գլխաւորաբար կը կեդրոնանար կրօնի եւ խիղճի ազատութեան հարցին վրայ։ Ազատագրական խմբակը, այլ գիրքի մը մէջ, կը պաշտպանէր եկեղեցին պետութենէն բաժնելու ծրագիրը։

Այդ օրերուն՝ Էջմիածնի կաթողիկոսական գահին վրայ բազմած էր Սիմէոն Կաթողիկոս Երեւանցին, որ կաթողիկոսական հեղինակութեան պահպանման հետամուտ անձ մը ըլլալով՝ չէր կրնար խմբակին ծրագիրին հետ համաձայն գտնուիլ։ Նոյնիսկ կը բանադրէր Նոր տետրակ, որ կոչի յորդարակի հեղինակ Մովսէս Բաղրամեանը։

Ահաւասիկ, այս պայմաններուն մէջ է, որ իր մշակութային առաքելութեան կը լծուի համեստ քահանայ մը, որուն անունը ոսկեայ տառերով պիտի քանդակուէր մեր մամուլի եւ մշակոյթի պատմութեան տոմարին մէջ։