Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱԽԸՆԹԱՑ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ

Մինչեւ հայ լրագրութեան 100-ամեակը, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի անձը եւ գործը անորոշութեան մէջ էին։

1893-ին, Թիֆլիսի Տարազ շաբաթաթերթին մէջ . 24, Յունիս 23, էջ 380-381) Տ. Զար լոյս ընծայեց «Հայկական լրագրութեան 100-ամեակը եւ հայոց «ԱԶԴԱՐԱՐ» լրագիրը» յօդուածը, զոր ձեռքի տակ չունինք։ Տեղեկութիւնը վերցուցինք Յովհաննէս Պետրոսեանի Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա մատենագիտական գործէն (Երեւան, 1956, էջ 621)։

Հայր Գարեգին Զարբհանէլեան, ակնարկելով այդ յօդուածին՝ կը գրէ. «Հետաքրքրական կենսագիր տեղեկութիւններ հաղորդեց Շմաւոնեանի վրայ, որ ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ մեզի ալ, անծանօթ էին» (էջ 204)։

Հայր Գ. Գալէմքեարեան, Պատմութիւն հայ լրագրութեան ի սկզբանէ մինչեւ մեր ժամանակները, հատ. Ա. (1794-1860), Վիեննա, 1893։

Հայր Գարեգին   Զարբհանալեան,   Պատմութիւն   հայկական տպագրութեան (Վենետիկ, 1895), էջ 200-204։

Լէօ, Հայկական տպագրութիւն, հատ. Բ., XIII դար (Թիֆլիս, 1901), էջ 596-608։ Ամէնէն երկար անդրադարձն է։ ԱԶԴԱՐԱՐի վերաբերեալ տեղեկութիւնները վերցուցած է հայր Գալէմքեարեանի վերոյիշեալ գործէն։

Արտաշէս Բ. Կարինեան, Ակնարկներ հայ պարբերական մամուլի պատմութեան, հատոր Ա., (Երեւան, 1956), էջ 185-227։ Ամէնէն ընդարձակ ուսումնասիրութիւնը։ Սակայն Կարինեան ունի կամայական դատումներ եւ վարկածներ։

Մարգարիտ Մխիթարեան ԱԶԴԱՐԱՐի վերատպութեան (Վենետիկ, 1970) նախաբանը գրած է «Երկու խօսք» խորագիրով (էջ VXVIII), ուր լուրջ քննութեան կ՚ենթարկէ ԱԶԴԱՐԱՐի բովանդակութիւնը։

Հայ գիրքը 1512-1800 թուականներին (Երեւան, 1988)։ Կը նշէ Շմաւոնեան քահանայի հրատարակած գործերը, մանրամասն տեղեկութիւններով։ Մէջբերած է այդ հրատարակութեանց յիշատակարանները, որոնք թանկագին տեղեկութիւններ կը բովանդակեն Շահամիրեանի տպարանին եւ անոր գործակիցներուն մասին։ Լայնօրէն օգտագործած ենք զանոնք։

Շմաւոնեան քահանային շատեր անդրադարձած են, սակայն մեծ մասամբ կրկնած են վերոյիշեալ բանասէրներուն եւ պատմաբաններուն կարծիքներն ու դատումները։

Մեր այս ուսումնասիրութեան նպատակն է, օգտագործելով վերոյիշեալ

  աշխատասիրութիւնները, նաեւ այլ աղբիւրներ, կատարել Շմաւոնեանի կեանքին եւ գործունէութեան յստակացումը։ Հետեւաբար, ամէնէն աննշան տեղեկութիւնն իսկ քաղած ենք, մեր նպատակին հասնելու համար։