Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆԱԽԱՀԱՅՐԸ

Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի կեանքին մասին կցկտուր տեղեկութիւններ միայն հասած են մեզի։ Գիտենք, որ ան ծնած է Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքը, 1750-ին։ Հօրը անունը՝ Շմաւոն Շիրազեցի։ Հաւանաբար հօրը անունէն յառաջացած է իր մականունը։

Ե՞րբ քահանայացած է, չենք գիտեր։ Սակայն, ձեռնադրուելէն ետք, մէկ շաբթուան ընթացքին կը կորսնցնէ իր երկու զաւակները։

Այս դժբախտութիւնը խորապէս կ՚ազդէ իր վրայ եւ կը բարձրանայ Շիրազէն երկու ժամուան հեռաւորութեան վրայ գտնուող Բաբաքուհ լեռը, որուն ստորոտին կը գտնուէր հայոց գերեզմանատունը։

Լերան վրայ կը գտնուէր տէրվիշներու վանք մը։ Անոնց կարգը ընդունելով՝ եօթը տարի կը ճգնի։ Այդ շրջանին կը տիրապետէ պարսկերէնի եւ արաբերէնի։ Երէցկնոջ աղաչանքներուն անսալով՝ կը լքէ վանքը եւ կը վերամիանայ իր ընտանիքին։ 1784-ին, քահանայական պաշտօնով կը փոխադրուի Մատրաս։ Զինք գործուղողն է Նոր Ջուղայի առաջնորդ Մկրտիչ Արքեպիսկոպոսը, Շմաւոնեանի իսկ հաւաստիացումով։ [1] Արտաշէս Կարինեան կը սխալի, երբ կը գրէ. « Եօթ տարիներն անցնում են եւ Շմաւոնեանը նոր որոշում է ընդունում։ Դէն նետելով դերվիշի վերարկուն, նա թողնում է Շիրազի սահմանները եւ, թափառական ուխտագնացի ցուպը ձեռքին, ուղեւորւում դէպի Հնդկաստան։ ... Թէ ո՞ւր է գնում Շմաւոնեանը, ո՞ւմ է տեսնում հնդկական նոր վայրերում, ինչպէ՞ս է ապրում սկզբնական շրջանին, ո՛չ մի աղբիւր ամենահեռաւոր ակնարկ անգամ չի հաղորդում այդ ամէնի մասին... Գուցէ Յ. Շմաւոնեանն էլ հնդկական նոր վայրերում թափառական ուխտաւորների նման նոր “ճշմարտութիւն” էր որոնում հնդկական քրմատներում՝ իմաստասէր բրամիների կամ աշխարհատեաց ֆակիրների մօտ »։ [2]

Ինչպէս տեսանք, ինք ուղարկուած է Մատրաս (եւ ո՛չ թէ գացած է իբրեւ թափառական ուխտագնաց), իբրեւ հոգեւոր հովիւ՝ քաղաքին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, որ կառուցուած է 1772-ին։ Ա. Կարինեան կա՛մ անտեղեակ է Շմաւոնեան քահանայի վկայութեան, կամ ալ անտեսած է զայն, իրեն սիրելի վարկած մը պաշտպանելու համար, թէ Շմաւոնեան քահանայի Մատրաս գտնուիլը շարունակութիւնն է դերվիշական եօթնամեայ ճգնութեան, ի խնդիր նոր ճշմարտութեան որոնումի։

Մատրասի մէջ կը քահանայագործէ 1784-1824, քառասուն տարի։ Կը սիրուի շրջապատէն։ Քահանայագործութեան կողքին կը լծուի տպագրական եւ լրագրական աշխատանքներու, որոնց պիտի անդրադառնանք առանձնապէս։ Բայց մինչ այդ, քանի մը տող իր ծնողքին եւ ընտանիքին մասին։

Մեր հին ձեռագիրներուն եւ տպագիր գիրքերու յիշատակարաններուն մէջ գրչագիրները, հեղինակները յաճախ կը նշեն իրենց ընտանիքին, գերդաստանին բոլոր անդամները։ Շմաւոնեան քահանայ շատ զուսպ է այս մարզին մէջ։ Իր հրատարակած գիրքերուն յիշատակարաններուն մէջ երկու տեղ կը նշէ հօրը անունը՝ Շմաւոն, իր աղջնակին («դստրիկն իմ») անունը՝ Մարիամ, [3] ակնարկ մօրը՝ առանց անուան նշումի։ Իսկ ո՛չ մէկ տեղ ակնարկ կամ նշում երէցկնոջ եւ իր վաղամեռ երկու աղջիկներուն։ Քիչ մը զարմանալի եւ միաժամանակ անբացատրելի կը գտնենք երեւոյթը։

Մօրը անուան նշումին կը հանդիպինք անոր մահուան առիթով։

ԱԶԴԱՐԱՐի ընթերցողներէն կամ եկեղեցւոյ հաւատացեալներէն մէկը ցաւակցական երկտող մը կը ղրկէ Շմաւոնեան քահանային։

Այս է երկտողը.

« Նիրհան 28 [Մարտ 28, 1795] Ծերոնի Տիկին Վարդինի Շմաւօն մայր Սրբակրօն Տէր Յարութիւն Շմաւօնեան, Աւագ Քահանային տեղոյս »։ [4]

Իբրեւ լուր, մահազդ կամ անոր յիշատակին ո՛չ մէկ գրութիւն թերթին մէջ։



[1]            Բելիսարիոս Յարացոյց անյիշաչարութեան (Մադրաս, 1809), էջ 283։

[2]            Ակնարկներ հայ պարբերական մամուլի պատմութեան, հատոր 1 (Երեւան, 1956), էջ 194։

[3]            Հայ գիրքը 1512-1800..., էջ 682։

[4]            ԱԶԴԱՐԱՐ, վերատպ., 1795, էջ 103։