Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐԸ

Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի հմա՞յքը, նուիրումին անշահախնդրութի՞ւնը, գործին ազգային եւ սրբազան հանգամա՞նքը, հնդկահայոց տարբեր խմորէ շինուած ըլլա՞լը, դարուն ոգի՞ն, չենք գիտեր. սակայն այս բոլորը, առանձնաբար թէ հաւաքաբար, իրենց գործօն դերը ունեցած են, որ այս առաքելատիպ քահանային շուրջ կազմուի խմբակ մը, իսկական միաբանութիւն մը անձերու, միտքի, հոգիի եւ տեսլականի , որ անսակարկ նուիրուածութեամբ փարած է գործին, շատ յաճախ անվճար։ Սկիզբը փոքրաթիւ է այդ միաբանութիւնը, սակայն տարիներու ընթացքին, ստուարացած է։

Խմբակին անդամները գրաշար են, տպագրիչ, մելան հայթայթող, կազմարար, սրբագրիչ, մեկենաս եւ այլն։ Շմաւոնեան քհնյ., երախտագէտ մարդ, կը նշէ անոնց անունն ու կատարած գործը, իւրաքանչիւր հրատարակութեան սկիզբը կամ յիշատակարանին մէջ։

Հայ գիրքը 1512-1800 թուականներին մատենագիտական գործը   մէջբերած է այդ յիշատակարանները։ Մեզի անհրաժեշտը կը քաղենք անոնցմէ։

Անուններու նշումներու պարագային, երբեմն կը նշուին ծննդավայրերը, հօրը անունը, մականունը, երբեմն ալ ոչ։ Մենք փորձած ենք զանազան տեղեկութիւնները համախմբել եւ այդպէս նշել։

1) Խաչիկ Ծատուր Նոր Ջուղայու թաւրիզեցի Զարիֆեանց «առանց վարձու օգնական ամենայնի» (էջ 636), «զձեռնասուն աշակերտն իմ, եւ զհոգեւոր որդեակն, զվաստակակիցն համայն գործոց տպարանիս» (էջ 652)։ Կը նշէ նաեւ էջ 643-ի մէջ։

Այլ տեղ կը մանրամասնէ. «... զհոգեծին զաւակն իմ զձեռնասուն աշակերտն, զԽաչիկ Ծատուր Զարիփեանն Նոր Ջուղայու Թաւրիզեցին... զի ի սկզբանէ աշխատող է եւ օգնական իմ եւ համայն գործարանիս. մանաւանդ փորագրութեան տառից, եւ ոչ եթէ միայն հայոց այլեւ այլազգեաց եւ պարսից» (էջ 682)։

2) Ջէյրան Յակոբ Սիմեցի, որ նախապէս գործած է Շահամիրեանի տպարանին մէջ (էջ 636)։ Էջ 643-ի մէջ կը գրէ. «Արժան է բարի յիշատակն թողուլ ի վերայ աշխարհի զպարոն Յակոբ Սիմոն Այուբեանց կոչեցեալն որ նախկին յորդորիչ գտաւ եւ ձրի աշխատէր ի վերայ տպարանիս առ ի յօգուտ ազգին խորհելով»։ Կ՚ենթադրենք որ նոյն Յակոբ Սիմեցին ըլլալու է։

3) Տէր Սամուէլ Ղայ[ի]թմազեանց թիֆլիսեցի, որդի Փիլիպպոսի։ Շմաւոնեան քահանայ դժգոհութիւն ունի որ իր աշխատանքը ըստ արժանւոյն չի գնահատուիր։ Տէր Սամուէլ զինք գնահատողներէն մէկն է։ Անոր մասին կը գրէ. «... եւ ի յանակնկալ տեղւոջէ հասոյց մեզ ի թիկունս մեր օգնական» (էջ 651)։ Յստակ չէ հաստատումը բարոյական քաջալերա՞նք է, նիւթական օժանդակութի՞ւն, թէ՞ գիրքերու սպառման խոստում։

Այլ տեղ կը նշէ զայն նոր մականունով՝ տէր Սամուէլ քահանայ Ղայթմազեանց Փիլիպպոսեան, իբրեւ տուեալ գիրքին տպագրութեան թելադրանքը ընող եւ սրբագրող (էջ 663)։ Ըստ երեւոյթին, Թիֆլիսէն փոխադրուած է Մատրաս։

4-5) Յարութիւն Կարապետեան Ջուղայեցի եւ Մանուկ Յակոբջանեան, «վասն առատաձեռնութեան եւ օգնական լինելոյ ծախուցն գործարանիս» (էջ 652)։

6) Կիրակոս Կարապետեան Շիրազցի, «քրտնաջան աշխատաւորն գործարանիս եւ զկապարաշարն գրոյս» (էջ 652)։

Այլ տեղ՝ «զարեան առուն զԿիրակոս Կարապետեան Շիրազեցին Ծմրիկեանց, զքրտնաջան վաստակակիցն իմ» (էջ 682)։

7) Յակոբ, «ցրուող կապարեաց տպարանիս» (էջ 652)։ Կրնայ մեր նշած Յակոբ Սիմեցին ըլլալ։

Այլ տեղ՝ «զՅակոբն որդեգիր պարոն Սահակին Աղայ Նուրեանց Թաւրիզեցւոյ Նոր Ջուղայու, զի գործունեայ է եւ բազմավաստակ տպարանիս, եւ սրբագրողն կապարաց զոր ձրիապէս վաստակի» (էջ 682)։

8) Տէր Մարտիրոս քահանայ Դաւթեան, Նոր Ջուղայի հոգեւոր հովիւ։ Մեկենաս եւ հեղինակ։

9) Աւետ Սէթեան։ Մեկենաս։

10) Աղայ Մարութ Յովսէփեան Փռնաչեանց, «զնախկին բարեկամն իմ եւ հարազատ սիրելին» (էջ 682)։ Մեկենաս։

11) Բարդամ Սարգիս Քալանթարեան, «զնախկին սիրելի եւ ձեռնտուն, որ զճնճղագիրն ետ փորագրել. եւ շնորեաց տպարանիս յիշատակ» (էջ 682)։

12) Բաղդասար Հաֆտեան Ափկար Արաբեանց Նոր Ջուղայու Պռտվէնց թաղեցի, «զշարողն կապարեաց, զքրտնաթոր վաստակաւորն» (էջ 682)։

13) Թորոս Կարապետեան, «յոլովաջան բարեվաստակ խոնարհամիտ», «ոսկէ կազմողն գրոց» (էջ 682)։

14-15) Խաղախորդ Գէորգ Աղայջանեան թիֆլիզեցի եւ Դաւիթ Գէորգեան Վրաստանցի, «զոյգք հաւատարիմ սատարք եւ գործունեայք ի մրազարկութիւնս եւ թէ յայլ գործս» (էջ 682)։

16) Ջոնի որդի Լազր՝ «գրքակազմ» եւ Մանուկ՝ ընդոծին պարոն Յարութիւն Յակոբ Թաղեանի։ Ուրիշներու կարգին, «սոքա են որք տքնին եւ աշխատին ի տպարանին» (էջ 682)։

17) Տէր Թադէոս քահանայ Անդրիասեան Սոգինեանց, «զոր միշտ ունի ջանասիրութիւն սակս բարութեան բազմաց» (էջ 682)։

Սոգինեանց հեղինակ է, որուն գիրքը լոյս ընծայած է Շմաւոնեան   քահանան։ Հաւանաբար ան կ՚օգնէ տպարանին, տպագրուելիք գիրքերուն եւ անոնց սրբագրութեան աշխատանքներուն մէջ։

18) Տէր Մարտիրոս քահանայ Դաւթեան, Նոր Ջուղայու Ղարագելցի։

1803-1809, Շմաւոնեանի չորս հրատարակութիւններուն յիշատակարանները ձեռքի տակ չունինք, բացի վերջին հրատարակութենէն՝ Բելիսարիոս։ Մեր անձնական գրադարանին մէջ ունինք օրինակ մը։ Անոր յիշատակարանին մէջ կը նշուին.

19) Աղայ Սամուէլ Միքայէլ Մուրատեան։ Մեկենաս (էջ 284)։

20) Աւետիս Յարութիւն Շիրխումեան, «օգնական ամենայնի», «անակնկալ վաստակօք» (էջ 284)։

21) Սիմէօն Մկրտում Շիրազցի, «գործարանիս վերակացու», «որ յամենայն գործոց թէ ՚ի շարելն՝ թէ կապարաշինութիւն եւ թէ ոսկեզօծ կազմելն, բոլոր գրքոյս՝ միայնակ թարց օգնականի, աւարտ հասոյց (էջ 284-285)։

22-23) Չինիպուլէ, բնակիչ Փունթշէրու եւ Գէորգ Սահակեան, «նորոգ ուսեալքն՝ են ընտիր ու լաւ... ամենայնի տեղեակ» (էջ 285)։

Ունեցած է այլ մեկենասներ, որոշ գիրքերու հրատարակութիւնը թելադրողներ եւ առաջարկողներ։ Որոշ գիրքեր Շմաւոնեան քահանայ լոյս ընծայած է իր ծախսով (կը նշէ անուանաթերթերուն մէջ)։

Անուններն ու մականունները միօրինակ չեն նշուիր։ Զանազան տեղեր՝ զանազան ձեւերով նշուած են։ Բառերը միօրինակ չեն. օրինակ՝ կապար բառին սեռականը երեք ձեւով նշուած է կապարաց, կապարեաց եւ կապարից։

Գիրքերուն տպաքանակը յայտնի չէ։ Իր առաջին հրատարակութեան՝ Պատմութիւն Մարիանէ կուսին (1789) յիշատակարանին մէջ կը գրէ. «Արդ տպագրեցաւ գրքուկս այս երկու հարիւր հատս» (էջ 636)։ Բոլո՞րն ալ տպուեցան այս քանակով, թէ յաւելում կամ նուազում կրեց այս քանակը, չենք գիտեր։