Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴԱՐԱՐԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Օրինակ վերցուցած է անգլերէն հրատարակութիւնը, սակայն նկատի ունենալով իր ժողովուրդին պահանջները, փոփոխութիւններ մտցուցած է։ Ահաւասիկ իր առաջադրանքը.

1) Խրատական բաներ կամ խօսքեր։

2) Ուրիշ ազգերէ թարգմանութիւններ։

3) Մեր գիրքերէն՝ մատենագրութենէն վերցուած՝ ընտրուած հատորներ։

4) Հայաստանէն եւ Պարսկաստանէն այնպիսի լուրեր, զորս իր ընթերցողները չեն լսած։

5) Տեղական թերթերէն քաղուած այնպիսի լուրեր, որոնք մնայուն եւ ուրախացնող հանգամանք ունին։ Ոչ-անհրաժեշտ եւ ժամանակավրէպ լուրեր պիտի չտանք։

6) Վաճառականներուն օգտակար ըլլալու համար՝ վաճառելի իրերուն օրուան գիները։

7) Յառաջիկայ ամսուան օրացոյցը, նշելով սուրբերու տօները, լուսինին փուլերը եւ հանդիսաւոր օրերը։

8) Նաեւ, եթէ կարելի ըլլայ, նաւագնացութեան համարները։ [1]



[1]            Նոյն, էջ 4-5։