Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայ մամուլի 200-ամեակը պէտք չէ աննշան անցնի, կամ վերջին վայրկեաններու հապճեպ կիսկատար ձեռնարկներով տօնակատարուի։ Մեր մշակոյթին ամէնէն փայլուն իրագործումներէն, մարզերէն մէկն է. նոյնիսկ կրնանք ըսել մեր մշակոյթին գանձարանը, ցոլարանը։ Անոր բարձր արժէքին գիտակցութենէն մղուած՝ պէտք է պետական, ազգային, միութենական թէ անհատական մակարդակներու վրայ հրատարակութիւններ եւ ձեռնարկներ ըլլան։

Իրբեւ փորձ-ծրագիր կը ներկայացնենք հետեւեալները.

1) Առանձին   ուսումնասիրութեան նիւթ դարձնել Շմաւոնեան քահանային անձնաւորութիւնն ու գործունէութիւնը, մա՛նաւանդ   ԱԶԴԱՐԱՐի հաւաքածոն։

2) Բանալ Շմաւոնեան   քահանային նուիրուած   ցուցահանդէս մը։

3) Հայ մամուլի ընդհանուր ցուցահանդէս, ուր մասնաւոր բաժին մը յատկացնելՇմաւոնեան քահանային։

4) Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի հայ մամուլի ցուցահանդէս։

5) Իւրաքանչիւր թերթ հետամուտ ըլլայ ուսումնասիրելու իր թերթին ծննդոցն ու գործունէութիւնը հիմնադիր անդամներ, թերթին անուան ընտրութիւն, նիւթական միջոցներ, խմբագիրներ (իրենց պաշտօնավարութեան տարիներու նշումով), արտօնատէր, վարչական տնօրէն եւ կազմ, տպարան (տեղափոխում եթէ կայ՝ նշել)։ Վերջապէս, այն բոլորը, որոնք չեն արձանագրուած թերթին հաւաքածոներուն մէջ, եւ որոնք պիտանի են մամուլի մատենագէտին, բանասէրին եւ ընդհանրապէս մշակոյթով հետաքրքրուող մարդուն։

6) Պատրաստել իւրաքանչիւր գաղութի մամուլի մատենագիտութիւնը։

7) Պատրաստել հայ մամուլի համապարփակ մատենագիտութիւնը։

Այս բոլորը միաժամանակ ընելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Իւրաքանչիւրը թող փորձէ իր կարելին ընել։

* * *

Մեր խոր երախտագիտութեան արժանի է Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանը։ Իբրեւ թանձրացեալ, շօշափելի արտայայտութիւն մեր երախտագիտութեան, Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ պէտք է կանգնենք արձանը կամ կիսանդրին այս Մեծ Հայուն ։