Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՅԼԵՒԱՅԼ ՍԽԱԼՆԵՐ Բ. ՀԱՏՈՐԻՆ ՄԷՋ

 

Էջ

Սխալ

Ուղիղ

601

Ազատ Հայաստան (1920)

1921 Փետրուար 19

602

Ամենուն նոր տարեցոյց

Ամենուն նոր տարեցոյցը

602

Անապատի յուշարձան

Անապատի յուշարձանը

603

Ճորճրաուն (Կանադա)

Ճորճթաուն (Կանադա)

604

Արդարամիտ

Արդարամարտ

606

Գործ (1919)

Գործաւոր (1919)

607

Բրովին

Բրուկլին

607

Եկեղեցի Հայաստանեանց

Եկեղեցի Հայաստանեայց

607

Եփրատ (ռամկավորների)

Եփրատ (ռամկավարների)

609

Բերկլի

Պըրքլի

610

Բավլլո

Սան Փավլո

611

Կռան (եռամսեակ)

Կռունկ (եռամսեայ)

612

Հայ խօսնակ մանկանց

Հայ խօսնակ մանկանց

613

Անթիլաս

Անթիլիաս

615

Մեր նշանաբանն «Յառաջ»

Մեր նշանաբանն է «Յառաջ»

619

Ռաշչուկ- Սոֆիա

Ռուշչուկ-Սոֆիա

620

Շամլա-Ֆիլիպէ

Շումլա-Ֆիլիպէ

620

Կուրին

Կարին

620

Իստ Ուաթըրթաուն

Իստ Ուոթըրթաուն

621

Տարեգիր

Տարագիր

 

Բազմաթիւ մանր սխալներ կան որոնք ուշադիր ընթերցողին կողմէ կրնան ուղղուիլ։ Մենք կ՚անդրադառնանք կարեւորներուն։

Արժենդին եւ Արժենթինեան մամուլ թերթերուն տարեթիւերը իրարու հետ շփոթուած են։ Արժենթինեան մամուլը լոյս տեսած է 1924ին եւ Բ. հատոր էջ 391-ի մէջ տեղեկութիւն կը տրուի իր մասին, իսկ Արժենդին թերթը 1930-ին, էջ 437։ Նոյն ձեւի սխալով մը տեղ փոխած են Որբունի եւ Որբի ձայն թերթերը (էջ 619)։

Վրիպակներ սպրդրած են մանաւանդ օտար լեզուով լոյս տեսած թերթերու տեղեկութեանց մէջ։ Սխալներ կան նաեւ օտար բառերու տառադարձութեանց, կամ աւելի ճիշդը՝ հնչումի մէջ։ Institut բառը գրուած է հայերէնով Ինսդյուտիվ։

Երբեմն ռուսերէնով տրուած բացատրութիւններուն մէջ թերթին հրատարակութեան թուականին պարագային անճշդութիւններ կան։ Երբեմն ալ նոյն անունը կրող թերթերուն ժամանակագրական կարգը չէ պահուած։

Այս դիտողութիւնները կ՚ընենք որպէսզի յաջորդ հրատարակութիւններուն պարագային լուրջ սրբագրութեան ենթարկուի գործը։

Նմանօրինակ սխալներ պիտի ըլլան միշտ ալ։ Բայց նկատի պէտք է առնել, որ մատենագիտական աշխատասիրութիւններ ամէնօրեայ գործածութեան սահմանուած են եւ ուրեմն պէտք է կարենան ըստ կարելւոյն վաւերական եւ լրիւ տեղեկութիւններ հաղորդել։ Ամէն ընթերցող նիւթին մասնագէտը չի կրնար ըլլալ՝ անհրաժեշտ սրբագրութիւններէն ետք գործածելու տուեալ աշխատասիրութիւնը։

Երբ հանդիպած ենք կրճատուած անուններու եւ տեղեակ եղած ենք այդ անուններուն, կատարած ենք անհրաժեշտ ճշդումը։