Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
70-ԱՄԵԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՄՈՒԼԸ

Հանրապետական Հայաստանի որոշ երեւոյթներ, ինչպէս՝ քաղաքական իրադարձութիւններ, տնտեսական կացութիւններ, հայվրացական, հայ-ատրպէյճանական կռիւները, Հայ Դատին հոլովոյթը, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մեծ պետութիւններու յարաբերութիւնները           որոշ չափով ուսումնասիրուած են, իսկ մշակութային իրագործումները կրթական վիճակ, թատերական, գրական, երաժշտական եւայլն մնացած են բարձի թողի։ Վերոյիշեալ մարզերուն շուրջ կարգ մը յուշագրողներ երբեմն հպանցիկ ակնարկներ ունին, սակայն մշակութային տուեալ մարզի մը համադրական պատկերը չունինք ձեռքի տակ։ Ինչո՞ւ։

Մշակութային իրագործումներուն մէջ դեր ստանձնող բազմաթիւ անձեր, խորհրդայնացումէն ետք, ապաստանեցան արտասահման, իրենց ետին ձգելով վաւերաթուղթեր տոմսակ, յայտագիր, գիրք, նամակ, մամուլ եւայլն։ Անհրաժեշտ նախանիւթը կը պակսէր, գիտական, փաստագրական տուեալներու հիմամբ մշակութային տուեալ մարզի մը պատմագրումը կատարելու համար։ Առաւել, հոգիները խորտակուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան անկումով։ Նոր Սփիւռքին տաժանագին պայմանները չէին թոյլատրեր Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային իրագործումներուն պատմութեամբ զբաղելու։

Մշակութային իրագործումներուն մասին հատ ու կենտ տեղեկութիւններ կը տրուին խորհրդահայ հրատարակութեանց մէջ։ Կը տրուին թուական պատկերներ եւ կ՚ըլլան դատումներ, պարզապէս բաղդատականի համար։ Ցոյց տալու Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանի «խեղճութիւն»ը եւ խորհրդային շրջանի բարձր աճը։

Մամուլն ալ կը գտնուէր եւ կը գտնուի տակաւին այդ անտեսումին մէջ։ Ամէնէն կարեւոր հարցը՝ Հանրապետական Հայաստանի մամուլէն ամբողջական հաւաքածոներ չկան ո՛չ Երեւանի Միասնիկեանի անուան հանրային գրադարանին, ոչ ալ մեր մամուլի ամէնէն հարուստ հաւաքածոները ունեցող Վիեննայի Մխիթարեաններուն մօտ։ Այդ շրջանի կառավարական եւ դաշնակցական մամուլի ճոխ

  հաւաքածոյ մը ունի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին գրադարանը (Պէյրութ), սակայն, այդ հաւաքածոները ներկայիս անօգտագործելի վիճակի մէջ են, որովհետեւ Պէյրութի արեւմտեան շրջանէն արեւելեան շրջան փոխադրուած են եւ կը սպասեն Ճեմարանի Համալիրին շինութեան մէջ իրենց յատկացուած յարկաբաժինին ամբողջացման, որպէսզի հոն տեղաւորուին։

Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր ունինք ձեռքի տակ, սակայն, վերոյիշեալ պատճառով, պակասաւոր են անոնք։ Յաճախ չէ նշուած տուեալ թերթին լոյս ընծայման ճշգրիտ օրն ու ամսանունը, լոյս տեսած թիւերուն ճշգրիտ գումարը։ Խմբագիրներու նշումին մէջ կան պակասներ։ Ամէնէն կարեւորը՝ չէ ցուցակագըրուած եւ ուսումնասիրուած այդ շրջանի մամուլին բովանդակութիւնը։ Յովհաննէս Պետրոսեանի եռահատոր աշխատասիրութիւնը, որ ցուցակ է ու նաեւ բովանդակութեան նշում, իր հակադաշնակցական դիրքորոշումին պատճառով, գրեթէ անտեսած է դաշնակցական մամուլին բովանդակութիւնը։

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ, որեւէ շրջանի եւ երկիրի մէջ մամուլի նուաճումներուն եւ թուական պատկերին աւելի տեղեակ ենք, քան Հանրապետական Հայաստանի մամուլի պատմութեան։

Ի՞նչ էր թուական պատկերը հայ մամուլին՝ Հանրապետական Հայաստանի ընդգրկած սահմաններուն մէջ, հանրապետութեան հռչակումէն անմիջապէս առաջ (նկատի ունինք նաեւ մեզմէ խլուած եւ Վրաստանի ու Ատրպէյճանի կցուած մեր հողերը)։

Ունինք 14 անուն թերթ, հետեւեալ քաղաքներուն մէջ.

Երեւան Աշխատանք, Զանգ, Լոյս, Կայծ, Կարմիր շաբաթ, Նոր կեանք եւ Շանթ։

Ալեքսանդրապոլ Մարդկայնութիւն։

Կարս Ռազմիկ։

Գանձակ Մեր Ձայնը։

Շուշի Ապառաժ։

Ախալցխա Շարժում։

Գորիս Որոտան եւ Սիւնիք։

Թիւը քիչ է, ճիշդ է։ Սակայն նկատի պէտք է ունենանք, որ արեւելահայ մտաւորականութեան մեծ մասը կ՚ապրէր Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ։ Երեւանն ու Ալեքսանդրապոլը անհրապոյր վայրեր էին։

 

Երբ չկան մտաւորականութիւն եւ մեծ զանգուած, չկայ նաեւ մամուլ։

Անկախութեան հռչակումէն ետք, մամուլի բնական աճ մը նշմարելի է։ Հսկայ աշխատանք կար կատարելիք։ Հայրենիքի պաշտպանութիւն, նոր պետութեան վարչամեքենայի կազմութիւն, արեւմըտահայ գաղթականութիւն, հողային հարցեր, հայկական հարցի միջազգային ճանաչում եւ լուծում, կրթական, տնտեսական եւ մշակութային գործեր, լրատուութիւն եւայլն։ Հետզհետէ Թիֆլիսէն, Պաքուէն, Մոսկուայէն եւ այլ վայրերէ հայ մտաւորականներ կու գան եւ կը հաստատուին Երեւան ու Ալեքսանդրապոլ։ Ասոնց մէջ են նաեւ մեր արեւմտահայ գաւառներու ջարդերէն ճողոպրած հայ մտաւորականներ, հանրային գործիչներ եւ յեղափոխականներ։ Տեղական ուժերն ալ կ՚արթննան իրենց թմբիրէն եւ միասնաբար կը լծուին նոր թերթերու հիմնումի աշխատանքին։

Առաջին հերթին կուսակցութիւնները կը մղուին այդ ճիգին, ժողովուրդը առաջնորդելու եւ լուսաբանելու, իրենց շարքերը ստուարացնելու եւ պետական մեքենային մէջ իրենց տեղը ունենալու համար։

Օրուան կուսակցութիւններն էին 1) Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, 2) Սոցիալիստ Յեղափոխական, 3) Սոցիալ Դեմոկրատ, 4) Հայ Ժողովրդական, 5) Ռամկավար, 6) Հնչակեան, 7) Համայնավար (Կոմունիստ) եւ 8) Անկախ սոցիալիստներ։

Այս շրջանին ունինք չորս տեսակ մամուլ 1) Պետական, 2) Կուսակցական, 3) միութենական եւ 4) անհատական։

Մեր ձեռքին տակ գտնուող աղբիւրներու օգտագործումով՝ պիտի փորձենք տալ Հանրապետական Հայաստանի մամուլին ցանկը։

Գիտենք, որ թերի է, սակայն, կարելին այս էր։