Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Տեղ յատկացուած է անշուշտ, ինչպէս որ արդէն կը նշուի խմբագրական յայտարարութեան մէջ, սակայն, ո՛չ այն չափով որ նախապէս գոյութիւն ունէր պոլսահայ մամուլին մէջ։

Մասնաւոր հոգածութեան առարկայ դարձած է վաղամեռիկ Միսաք Մեծարենցը։ Բարսեղեան եւ Միսաքեան մտերիմները եղած էին Մեծարենցի. ուսամբարձ տարած անոր դագաղը եւ եղբօր մը պէս լացած անոր վրայ։ [1] Տեսակ մը հոգեղբայրներ էին. հետեւաբար, իրենց խմբագրած թերթին, ինչպէս իրենց սիրտին մէջ ջերմ անկիւն մը վերապահած էին այս արագօրէն բարձրացող եւ նոյն արագութեամբ շիջող գրական աստղին։ Անոր գրական թողօնին յայտնաբերումն ու լոյս ընծայումը աւագ պարտականութիւն մըն էր իրենց համար։ Ազդակի մէջ լոյս տեսած են իրմէ՝ ինքնագիր քերթուածներ

«Երգ» (էջ 20), «Մահը» (էջ 167), «Խենթեր» (էջ 482-483), Օսքար Ուայլտի «Դատաստանատունը» արձակին թարգմանութիւնը (էջ 287), նոյն Ուայլտի «Իմաստութիւն սորվեցնողը» (էջ 451-453)։ Վահրամ Թաթուլ անոր յիշատակին կը ձօնէ իր «Սուգ» վերնագիրով քերթուածը (էջ 438-439), իսկ Գ. Բարսեղեան զայն կը ներկայացնէ իր մտերմութեան մէջ՝ «Մ. Մեծարենց իր մտերմութեան մէջ» (էջ 439-443)։

Կ՚աշխատակցին Դ. Վարուժան   (Կանտէն), Ահարոն (Տատուրեան), Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, Է. Ակնունի, Ռ. Զարդարեան, Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ), Բարեղ Շահպազ, Մարզպետ, Վրթանէս Փափազեան, Ֆէրիտ Ճէմիլ (Տիգրան Ծամհուր [Ասէեան]), Յակոբ Շահպազեան (Շահ-Բազէ), Տիգրան Եսայեան . Եսայեանի ամուսինը), Գրիգոր Եսայեան, Լեւոն Էսաճանեան, Վահան Փափազեան (Կոմս), Գասպար Իփէկեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան, Մկրտիչ Պարսամեան, Վտարանդի (Արամ Չարըգ), Բերունի (Սիմոն Յակոբեան), Եդուարդ Գօլանճեան, Վաթան (Ղեւոնդ Մելոյեան), Չիթունի (Տիգրան Չիթճեան), Արտաշէս Յարութիւնեան, Շահին, Ներսէս Փափազեան, Ասլան Շիրակունի (Մարտիրոս Յարութիւնեան), Գաբրիէլ Խանճեան, Ա. Մանուկեան, Աստղիկ, Արտէմ Շահնուր, Հրաչ, Յ. Գույումճեան, Վ. Գույումճեան, Տիգրան Սարգիսեան, Թռչնիկ, Ռոտոլֆ Սամիկեան եւ Գեղջուկ . Օշական)։

Գրեթէ իւրաքանչիւր թիւի մէջ ունի օտար գրականութենէ թարգմանութիւն, երբեմն՝ մէկէ աւելի գրողներէ։ Շօշափուած նիւթերն են՝ իրապաշտ նկարագրութիւններ - սովորաբար միջակ եւ աղքատ դասակարգին ապրումներէն վերցուած, ընկերվարական եւ յեղափոխական գրականութիւն։ Թարգմանուած գրողներն են - Իլզէ Ֆրապան, Լէոնիտ Անտրէյէվ, Հօլկէր Տրախման, Մաքսիմ Կորքի, Բիէռ Քրոբոթքին, Ժան Կռաւ, Մօրիս Մէթէրլինկ, Անդօն Չեխով, Էրիք Պէօխ, Շարլ Պօտլէռ, եւլն։

Թուրք գրականութենէն՝ Ապտուլլահ Ճէվտէդ։

Նոյնիսկ քիւրտ Ապտիւրրահման Պէտէրխանէ հիւրընկալուած է յօդուած մը՝ «Հայերը եւ քիւրտերը» (էջ 216-217)։

Ինչո՞ւ ընկերվարական այս առատ գրականութիւնը - Կոչումի եւ պահանջքի խնդիր։ «Իբրեւ տնաբոյս, նորափետուր ընկերվարականներ, շատ կը վախնայինք որ յանցանք մը գործած կ՚ըլլանք եթէ բան մը փախցնենք ընկերային շարժումէն, կամ անոր հակառակ բան մը տպենք»։ [2]

Գաւառական գրականութիւնն ալ ներկայ է։ Յակոբ Տէմիրճեան (հետագային՝ Մնձուրի դարձած), որ իր գրական նախափորձերը կատարած էր Մասիսի մէջ, մնայուն աշխատակցութիւն կը բերէ՝ տալով գաւառի գողտրիկ պատկերներ։ Գեղջուկ [3] մեզի կը ներկայացնէ «Պառաւին անէծքը» պատմուածքը։ [4] Օշական՝ որ ակամայ մուտք գործած էր մեր գրականութեան մէջ 1902-ին, երբ պաշտօնակից մը անոր «Առաջին արցունքը» ղրկած էր Պոլսոյ Արեւելքին, որուն պատճառաւ դպրոցէն վտարուած էր Օշական։ [5] Տարիներու քէնէ մը ետք, ահաւասիկ ան կամաւոր մուտք կը գործէր իր այս հեքիաթով մեր գրականութեան տաճարէն եւ անոր ուխտեալ մեծագոյն սպասարկուներէն մէկը պիտի դառնար մինչեւ իր մահը (1948)։

Օշականի մէջ գեղարուեստական գրականութեան ու գրական քննադատութեան հակումներն ու կարողութիւնները զուգընթաց են։ Վերոյիշեալ պատմուածքին լոյս ընծայումէն մէկուկէս ամիս ետք կը գրէ գրական քննադատական առաջին փորձը՝ «Վրթանէս Փափազեան եւ իր Պատմուածքներ Թիւրքահայերի կեանքից»ը։ [6]

Օշական կը յայտնաբերէ գրական հասկացողութիւն։ Ոճը հոս պարզ է եւ դիւրահասկնալի։



[1]            Թորոս Ազատեան, Միսաք Մեծարենց (իր կեանքը), հատ. Ա. (Կ. Պոլիս, 1922), էջ 63։

[2]            Շ. Միսաքեան, նշ. աշխ., էջ 288։

[3]            Խմբագրութեան քմայքի ծնունդն է այս ծածկանունին գործածումը։ Միսաքեան կը գրէ. «Գիւղի կեանք, նոր աշխատակից, գլխուս վրայ, բայց կը վայլէ՞ր, երիտասարդ, արդիական շաբաթաթերթի մը մէջ տեղաւորել սա գռեհիկ մականունը, Քիւֆէճեան։ Եւ Յակոբն ալ կողովը նետելով՝ իբրեւ ստորագրութիւն դրինք մէկ բառ. գեղջուկ» (անդ, էջ 291)։ Չենք գիտեր թէ խմբագրութիւնը ինչպէս մեկնաբանած է մականունը. ճշգրիտ իմաստը սակառ՝ կողով շինողեան։ Թերեւս հանգիտութիւն մը գտած է քիւֆ՝ բորբոս բառին հետ։

[4]            Թ. 35 (28 Օգոստոս), էջ 548-552։

[5]            Յ. Օշական երկու անգամ (ըստ մեր ծանօթութեան) կ՚անդրադառնայ այս գրութեան «պատմութեան» (Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, հատ Է. [1979], էջ 85-86. հատ. Ժ. [1982], էջ 36-37)։

[6]            Թ. 41 (16 Հոկտեմբեր, 1909), էջ 648-650։