Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Ազդակ ունեցած է «Մամուլ» խորագիրով բաժին մը, ուր արձագանգած է դաշնակցական եւ ոչ-դաշնակցական մամուլի յօդուածներուն եւ տեսակէտներուն։ Երբեմն՝ նոր թիւի մը բովանդակութեան մասին կը խօսի, երբեմն ալ՝ որոշ յօդուածի մը առնչութեամբ կը հակադրէ իր տեսակէտները։ Դաշնակցական մամուլէն մէջբերումներուն առնչութեամբ արտայայտուեցանք Ազդակ եւ Հ. Յ. Դ. ենթաբաժանումին տակ։ Հոս նկատի պիտի առնուի ոչ-դաշնակցական մամուլին արձագանգը։

Երբ խնդիրը կը վերաբերի գեղարուեստական կտորի մը, սովորաբար դրուատալից տողեր ունի. իսկ ազգային նիւթերու պարագային՝ «փաղաքշական» բառեր չեն պակսիր իր զինարանին մէջ «պատուելու» համար հակառակորդը։

  Տրդատ Սօս կ՚անդրադառնայ Ա. Չօպանեանի Անահիտ հանդէսի (Փարիզ) 1908 Մայիս-Դեկտեմբեր միացեալ թիւերուն բովանդակութեան։ Չօպանեան ստորագրած է հմտալից եւ սպառիչ ուսումնասիրութիւն մը հելլէն (յոյն) քաղաքակրթութեան մասին։ Տ. Սօս զայն կը համարէ Չօպանեանի «սքանչելի, ներհուն, բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններէն մէկը»։ [1] Կուսակցական հակառակորդի մը մէջ գտնուող արժանիքը գնահատելով՝ թերթը փաստը կու տայ մտաւորական պարկեշտութեան։

Հոն լոյս տեսած է նաեւ Դ. Վարուժանի «Արմենուհին» երկարաշունչ քերթուածը, զոր կը դատէ այսպէս. «Խրոխտ եւ ուժեղ՝ յորդարիւն նժոյգի մը պէս, շարժումո՛վ պերճահունչ ու շողշողուն, ցայտուն պատկերներով, ցեղային ու տեղական եւ ինքնատպութեան ամէնէն ուշագրաւ երանգներով ճո՛խ... »։ [2]

Նոյն խանդավառութեամբ կ՚ողջունէ Ահարոն Տատուրեանի երեւումը կամ յայտնութիւնը։ Ահարոն Բազմավէպի 1909 Յունուարի թիւին մէջ լոյս ընծայած էր «Խաղաղութեան սաղմոսը» քերթուածը։ Թերթը անդրադառնալով Ահարոնին՝ զայն կը նկատէ ՄուրատՌափայէլեան վարժարանին «երկրորդ բանաստեղծական յայտնութիւնը», առաջինը ըլլալով Դ. Վարուժանը։ Կ՚արտատպէ վեց տող վերոյիշեալ քերթուածէն եւ ապա կը հաստատէ. «Պ[արոն] Ահարոն ամէն հաւաստիք կու տայ թէ արդէն վաւերական տաղանդ մըն է»։ [3]

Կարճ ատենէն՝ Ահարոն իր աշխատակցութիւնը պիտի բերէր Ազդակին՝ քերթուածներով։

Անվարան՝ վաւերական բանաստեղծ մըն է Ահարոն, սակայն, ուշ արժանացաւ հատորներու ջերմութեան, [4] հետեւաբար ընթերցող հասարակութեան համար մնաց գրեթէ անծանօթ մը։

Եկեղեցականութիւնը իր էութեամբ պահպանողական է։ Ծանօթ է Մխիթարեան զոյգ միաբանութեանց համակրանքը գրաբարին հանդէպ, որմէ մնացորդներ ցարդ կը յամենան անոնց գործածած լեզուին մէջ։ Խօսելով Բազմավէպի նոյն թիւին մասին (Յունուար 1909) կը գրէ. «Վենետիկի միաբանութեան ալեւոր ամսագիրը տակաւին երկիւղածօրէն կը յամառի իր աւանդութիւններուն մէջ։ Դեռ տրամադիր չ՚երեւար իր ունակութիւններէն ձերբազատելու։ Դեռ երկար ատեն կը թուի թէ պիտի շարունակէ մնալ խուլ ու հեռաւոր՝ օրուան թրքահայ լեզուին, անհաշտ՝ բոլոր նորամուծութեանց»։ [5]

Հայր Արսէն Ղազիկեան թարգմանութիւն ունի սոյն համարին մէջ։ Ղազիկեանը կը նկատէ «գուցէ ամէնէն տաղանդաւորը» միաբաններէն, սակայն, որուն «աշխարհաբարը կ՚արտաշնչէ կծու հոտ մը գրաբարի»։ [6]

Անդրադարձ կայ Արեւելեան մամուլի մէկ բացառիկին։ Ա. մամուլը (Իզմիր, 1871-1908) 1908-ի ընթացքին լոյս ընծայեց երեք եռամսեայ բացառիկ։ Տրդատ Սօս կ՚անդրադառնայ Գ. եռամսեայ բացառիկին։ Կը հաստատէ. «Համբերատար դասաւորութիւնը, ճիգը, միաւորութեան կամքը կը պակսի»։ [7]

Հրանդ Ասատուրի «Կ. Պոլսոյ աշխարհաբարի ռահվիրաներ» ուսումնասիրութիւնը կ՚որակէ «հետաքրքրական բայց թոյլ, անջիղ»։ [8]

Դրատուալից տողեր ունի Գալուստ Անդրէասեանի [9] «Ընկերային ուսումնասիրութիւնը» յօդուածին մասին (ուր կը վերլուծուի ոճիրը), զոր կը գտնէ «մեծապէս շահեկան»։ Ինչո՞ւ այս սրտբաց ընդունելութիւնը։ Որովհետեւ՝ «Գ. Անդրէասեան մեր մէջ եղաւ այն հազուագիւտ ու լուրջ իմացականութիւններէն, որոնք ամէն բանէ առաջ պէտքը զգացին ժողովուրդը լուսաւորել գիտականապէս. ուստի իր ամբողջ գործունէութիւնը եւ եռանդը նուիրեց գիտական, մանկավարժական ու ընկերական սկզբունքներու եւ հարցերու ընդհանրացման»։ [10]

Անհատը դատել ըստ անոր օգտապաշտ, ժողովրդանուէր գործունէութեան արժեչափը առաւելաբար արեւելահայոց մօտ կը կիրարկուէր։ Դաշնակցութեան եւ ընկերվարութեան գաղափարներու Պոլիս մուտքով, որոնք իրենց կարգին Կովկասէն ներածուած էին, այդ արժեչափն է որ հոս իր արտայայտութիւնը կը գտնէ։

Երբ Լեւոն Լարենց (Քիրիշճեան) կը յայտնէ թէ ընկերվարական բրոբականտը «աղիտաբեր» է հայութեան համար, սիրտէն զարնըուած՝ խմբագրութիւնը Ձայն հայրենեացի այդ յօդուածը կ՚որակէ՝ «սմսեղուկ տրամաբանութեան եւ արգահատելի պարզմտութեան գլուխ-գործոց մը»։ [11]

Լաստակերտելով իր հաւատամքը կը յայտնէ. «Մենք կը հաւատանք թէ հայութիւնը էապէս աշխատաւոր ժողովուրդ մըն է, եւ իբր այդ՝ ամէն բանէ առաջ տիրող պայմաններու ընկերվարացումովն է որ պիտի կրնայ ազատ շունչ քաշել»։

Ո՞ւր է հայուն մշակին ու բանուորին հիմնական ցաւը։

Վէրկիի (հարկ) եւ բանտի սպառնալիքը իրենց տեղը ունին, բայց առաւելապէս զանոնք կը յուսահատեցնէ հողի պակասը, իրենց աշխատութեան անորակելի շահագործումը, դասակարգային խտրութեան դաժան հետեւանքները։ [12]

Թերթը ունի այլ արձագանգներ եւ յարձակումներ, [13] սակայն, այսքանը բաւարար կը նկատենք խմբագրութեան ոգիին եւ մտածելակերպին մասին գաղափար մը տուած ըլլալու համար։



[1]            Թ. 8 (13 Փետրուար), էջ 126։

[2]            Անդ։

[3]            Թ. 12 (13 Մարտ), էջ 190։

[4]            Իր առաջին քերթողագիրքը՝ Մագաղաթներ լոյս տեսաւ գրեթէ 30 տարի ետք (Փարիզ, 1937)։

[5]            Թ. 12, անդ։

[6]            Անդ։

[7]            Թ. 11 (6 Մարտ), էջ 175։

[8]            Անդ։

[9]            Տարօնցի վաղամեռիկ (1869-1906) գրագէտ, հրապարակագիր եւ կրթական մշակ։ Ունի ազգագրական, ճանապարհորդական եւ ընկերաբանական գրութիւններ։ Ինքնաբոյս մտաւորական, գիտական միտք, որ փորձած է ուսումնասիրել մեր ազգային եւ ընկերային հարցերը եւ դարմաններ առաջարկած։ Թողօնէն մաս մը լոյս տեսաւ Տարօն Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան մեկենասութեամբ (Ամբողջական գործեր պատկերներ, դատումներ եւ ուսումնասիրութիւններ։ Յառաջաբան՝ Կ. Սասունիի [Պէյրութ, 1951], 230 էջ)։ Ամբողջական գործեր կ՚ըսուի, սակայն, ունի պակասներ։ Օրինակ՝ չկայ Ա. մամուլի վերոյիշեալ յօդուածը։

[10]          Ազդակ, թ. 11, անդ։

[11]          Թ. 25 (26 Յունիս), էջ 398։

[12]          Անդ, էջ 399։

[13]          Քասիմի (Միսաք Գօչունեանի) Ժամանակին (էջ 448), Վ. Թէքէեանի Շիրակին (էջ 461-462, 559), Յովհաննէս Շահնազարի Հայրենիքին դէմ (էջ 623)։