Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՐԵՒԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ

Քաջ գիտնալով որ բռնատիրական վարչաձեւ մը կը տապալի իրաւազրկուած հպատակ ժողովուրդներու միահամուռ ճիգերով, Ազդակ կը ջանայ իր ընթերցողներուն ճանչցնել մեր հարեւան ժողովուրդները՝ համակրանքի եւ իրերհասկացողութեան ոգի մը ստեղծելու հեռանկարով։ Հոյակապ գրութիւն մըն է Պէտէրխանի յօդուածը (որուն ակնարկեցինք). յօդուած մը՝ որ ցարդ իր այժմէականութիւնը չէ կորսնցուցած եւ որ ցոյց կու տայ գրողին լուսաւոր ղեկավար մը ըլլալու հանգամանքը։

Մեր հարեւաններէն ներկայացուած են եզիտիները, վրացիները եւ պուլկարները։

Ունի ակնարկ Վրաստանի եւ իր ժամանակակից գրականութեան վրայ (էջ 520-523)։

Չէ մոռցուած արեւելահայ գրականութիւնը, որուն յաճախակի անդրադարձ կայ, ըլլա՛յ Ա. Ահարոնեանի, Վրթանէս Փափազեանի գրութեանց արտատպումով, կամ գրախօսականներով։