Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ազդակ շաբաթաթերթը իր կարելի բոլոր միջոցներով կը ջանար օրուան գրական, ազգային եւ քաղաքական, մա՛նաւանդ քաղաքական ախորժակներն ու պահանջները գոհացնել։ Անկախ թերթ ըլլալով հանդերձ՝ Դաշնակցական մտածողութիւնն էր որ կը հաղորդէր իր ընթերցողներուն։ Դաշնակցութիւնը անմիջական, առօրեայ կապի մը պէտք ունէր զանգուածներուն հետ։ Եւ այս պահանջին որպէս գոհացում լոյս կ՚ընծայուէր Ազատամարտ մեծ օրաթերթը (1909 Յունիս 10) եւ քիչ ետք կը դադրէր Ազդակը (վերջին թիւը կը կրէ 1909 Հոկտեմբեր 16 թուականը)։ Ընդամէնը 656 էջ։

Շ. Միսաքեան լաւագոյնս կը բացատրէ թերթին դադարման պատճառները։ Լսենք զինք. «Ազատամարտը լոյս տեսած էր արդէն (1909 Յունիս), տիրապետելով հրապարակին։ Իբրեւ պայքարի թերթ՝ Ազդակը այլեւս անիմաստ կը դառնար։ Իբրեւ զուտ գրական թերթ ալ դժուար էր շարունակել։ Գեղամը Ազատամարտին անցած եւ խրած էր սեւ աշխատանքի մէջ. ես կլանուած՝ հրատարակչական - կուսակցական [1] գործով»։ [2]

Կը դադրէր Ազդակը, սակայն, Ազատամարտի խմբագրութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէր գրական շաբաթաթերթի մը գոյութիւնը, հետեւաբար լոյս կ՚ընծայէր Ազատամարտ շաբաթաթերթ յաւելուածը (Յուլիս 1910 Դեկտեմբեր 1911), 72 թիւ, ապա՝ Բագինը (Դեկտեմբեր, 1911 Յունուար, 1912), 7 թիւ։

Ազդակի արժէ՞քն ու դե՞րը։ Որպէս տեսք եւ էջադրում՝ երկու կալուածներուն մէջ ալ պատուաւոր դուրս կու գայ։ Թերթին խորագիրը, նկարներու զետեղումը, [3] երկսիւնակ տեսքը, գրութեանց վերնագիրները, գործածուած զարդերը (թռչուն, խնկաման, կոյսի գլուխ, դրօշակ, կուժ, արօր, ծաղիկ, եւլն. ) կը յայտնաբերեն նորին, գեղեցիկին, ճաշակաւորին ձգտում մը։

Նիւթերու դասաւորումն ու անոր հետեւողական գործադրումը իրագործուած են։

Խմբագրութիւնը գլխաւորաբար զբաղած է Պոլսոյ եւ հայ գաւառին (արեւմտահայ) հիմնական եւ հրատապ հարցերով։ Պոլսոյ քաղաքական կեանքին իրագործումներուն արձագանգած է, առանց մոռնալու նշելու թերիները, աւելի՝ թերիները, որովհետեւ նոր դուրս կու գայ օսմանեան դարաւոր խաւարէն եւ բռնատիրութենէն։ Խարանուած է Երիտասարդ Թուրքիոյ նոր տէրերուն դանդաղաշարժութիւնը, ոչ-անկեղծ քաղաքականութեան բացակայութիւնը, որոնք կ՚ուշացնեն հրատապ հարցերու բարւոք լուծումը։

Ազգային կեանքի վերաբերեալ ունեցած են բարձր իտէալներ, աշխարհիկ ծրագիրներ եւ ակնկալութիւններ։ Իրենց իտէալներուն եւ առօրեայ իրականութեան միջեւ եղած խրամատը լայն ըլլալով՝ անխնայ յարձակման ենթարկած են ազգային հաստատութիւնները՝ ի խնդիր իրենց իտէալներուն իրագործման։

Երիտասարդ, հաւատաւոր եւ յառաջամարտիկ անձեր ըլլալով՝ բառերը չեն ծամծմած, նկատի չեն առած ենթականերուն պետական եւ ազգային դիրքերը. շիկացած բառերով ձաղկած են տգեղ, թերի երեւոյթները։

Ամէնէն գնահատելին իրենց մէջ՝ հայ ժողովուրդին ծառայելու հաւատքը, եթէ կ՚ուզէք կիրքը (բառը առնուած իր ազնուագոյն իմաստով)։ Երիտասարդներ էին խմբագիրները (25-26 միջին տարիք)։ Խորունկ հաւատք ունէին (նորադարձներ էին) ընկերվարութեան ամենակարողութեան վրայ։ Մթնոլորտը ճնշումին տակն էր ընկերվարութեան, որ մարդկութեան նոր արշալոյս կը խոստանար։

Խմբագրութիւնը պարտք կը զգար արձագանգել անոր։

Այս հոգեկան վիճակով՝ իրենց առաւելութիւններով ու թերութիւններով, գացած են ծայրայեղութիւններու (խորունկ հաւատաւորը կ՚ունենայ այլամերժութիւն). երբեմն՝ նիզակ ճօճած կաամ փամփուշտ արձակած են սխալ թիրախներու, ճիշդ է, սակայն, հեռու են եսակեդրոն եւ եսապաշտ ախորժակներ սնուցանելէ։ Գործած են ջերմեռանդութեամբ, հայ ժողովուրդին բարօրութեան տեսլականի ստեղծման պարտականութեան գիտակցութեամբ եւ հեռու՝ կուսակցական մանր հաշիւներէ։



[1]            Դաշնակցութիւնը պէտք ունէր գրատունի մը՝ իր հրատարակութիւնները տարածելու համար։ Լեւոն Ղարիպեան այդ հոգը ստանձնած էր։ Կ՚առաջարկուի Միսաքեանի որ ընկեր ըլլայ։ Կը համաձայնի եւ կը բացուի «Արծիւ ժողովրդական գրավաճառանոց»ը։ (Մանրամանութեանց համար տե՛ս նշ. աշխ., էջ 353-357)։

[2]            Նշ. աշխ., էջ 293։

[3]            Այս դրութիւնը կամ սովորութիւնը գրեթէ անտեսուած էր պոլսահայ մամուլին մէջ՝ հաւանաբար ծախսալից նկատուելով, մինչ՝ արեւելահայոց մէջ մասնաւոր հոգածութեան առարկայ եղած էր։ Կարելի է ըսել, առաջին լուրջ փորձը Պոլսոյ մէջ կը պատկանի Արամ Անտոնեանի խմբագրած Լոյսին (1908)։ Իսկ անոր առատ եւ շքեղ կիրարկումը՝ Մերուժան Պարսամեանի Շանթին (1911-1919)։