Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ

Հայ մամուլը Սուրիոյ մէջ մակընթացութեան եւ տեղատուութեան շրջաններ ապրած է։ Փայլուն սկզբնաւորութիւն մը (19181926 թթ. ) ունենալէ ետք կու գայ տեղատուութեան շրջան մը (19271944 թթ. ), վերստին փայլատակելու (1945-1963 թթ. ), ապա նորէն իր մայրամուտը ապրելու համար (1963 թ. էն մինչեւ այսօր)։

Մեզի համար այս վերիվայրումները իրենց պատճառները ունին, որոնց թուումը անհրաժեշտ կը նկատենք։

Ա. շրջան, 1918-1926 թթ.

Հայ մամուլը կ՚ունենայ սկզբնական փայլատակում մը, որովհետեւ հայ մեծաթիւ գաղթականութիւն մը նոր կը հաստատուի Սուրիոյ մէջ, կուսակցութիւնները հետզհետէ կը կազմակերպուին, մշակութային միութիւններ գոյութեան կը կանչուին, դպրոցներու հիմը կը դրուի։ Այս բոլորին արձագանգը ըլլալու եւ ուղղութիւն տալու համար մեծ ու փոքր 17 թերթեր լոյս կը տեսնեն գաղութին մէջ։

Բ. շրջան, 1927-1944 թթ.

Այս տասնըութ տարիներուն՝ կը տեսնուի թերթերու թիւի նուազում մը   (10 թերթ), որովհետեւ   մամուլին հիմնադրման պատասխանատու մարդիկը մեկնած են՝ այլ երկնակամարներու տակ իրենց բախտը որոնելու։ Օրինակ՝ Սեդրակ Կէպէնլեան մեկնած է Կիպրոս, Բ. Միլտոնեան՝ Մարսէյ, Սարգիս Տխրունի՝ Լիբանան։

Այլ մտաւորականներ ալ, որոնք պարագաներու բերումով հաստատուած էին Հալէպ, մեկնած են Յունաստան, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ։ Եւ պատրաստ մտաւորականութիւն մը գոյութիւն չունի մամուլի ջահը վառ պահելու համար։ Տեղւոյն վրայ ազգային երկրորդական դպրոցներ չկան, որպէսզի հայ նորահաս սերունդը պատրաստեն հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի սպասաւորութեան։ 1939 թ. ին սկսած Համաշխարհային Բ. Պատերազմն ալ հաւանաբար իր որոշ դերը կրնայ կատարած ըլլալ այս շրջանի թմբիրին երկարաձգման վրայ։

Բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ որ այս նոյն շրջանին է, որ հետզհետէ պիտի կազմաւորուի այն սերունդը, որ յաջորդ շրջանին պիտի ծաղկեցնէ Սուրիոյ հայ մամուլը եւ տարածելով իր թեւերը՝ Սփիւռքի եւ հայրենիքի մշակութային գանձարանին մէջ պիտի դնէ իր լուման։ Ուսումնատենչ այդ սերունդը պիտի դիմէ Երուսաղէմի դպրեվանքը, Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութիւնը, Պէյրութի Ամերիկեան եւ Ֆրանսական համալսարանները եւ գիտութեամբ լեցուած՝ պիտի սպասարկէ իր ժողովուրդին։

Գ. շրջան, 1945-1963 թթ.

Համաշխարհային Բ. Պատերազմին վախճանը, Հայկական Հարցին արծարծումն ու ներգաղթը խթան պիտի ըլլան նոր թերթերու հիմնադրման։ 1945-1946 թթ. երկու տարուան ընթացքին լոյս պիտի տեսնեն 9 թերթեր, իսկ 1945-1963 թթ. ՝ 26 թերթեր։

Այս շրջանին է որ պիտի հիմնուին հայկական երկրորդական վարժարանները՝ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան (1947 թ. ), Լազար Նաճարեան Ճեմարան (1954 թ.

Բայց նաեւ այս շրջանին պիտի պատահին դէպքեր, որոնք պիտի նուազեցնեն սուրիահայ գաղութին թիւը եւ պիտի նօսրացնեն հայ մտաւորականութեան շարքերը։ ա) Ներգաղթը, որ պիտի զրկէր գաղութը կարգ մը գրողներէ Արիս Շաքլեան, Արամ Արման, Անդրանիկ Թերզեան, Սարգիս Եափուճեան, Ստեփան Ալաճաճեան։ բ) Սուրիոյ քաղաքական պայմանները, մանաւանդ յաջորդական պետական հարուածները, պատճառ պիտի ըլլային նոր արտագաղթի։ գ) Տեղւոյն վրայ անուանի համալսարանի մը չգոյութիւնը, որ երիտասարդութիւնը պիտի մղէր այլուր, մանաւանդ Պէյրութի մէջ փնտռելու իր ուսման տենչին յագեցումը. եւ ուսման աւարտէն ետք հաստատուելու հոն, կամ մեկնելու հեռաւոր Ամերիկաները։ Այս է պարագան Զարեհ Մելքոնեանի, Անդրանիկ Փոլատեանի, Լեւոն Վարդանի եւ դեռ բազմաթիւ ուրիշներու։ դ) Լիբանանի մշակութային եւ տնտեսական բարգաւաճումը, որ իրեն պիտի քաշէր արդէն կազմաւորուած գրողներ, ինչպէս Ա. Ծառուկեան, Ս. Սիմոնեան, Օ. Սարգիսեան։

Այս պատճառները թոյլ պիտի չտային որ ուսումնաւարտ երիտասարդութիւնը մէկտեղուէր Սուրիոյ մէջ եւ ստեղծուէր մշակութային եւ լրագրական հետաքրքրութիւն։ Սուրիոյ գաղութը իր ծոցէն պիտի ծնէր բազմաթիւ գրողներ եւ ազգային գործիչներ, որոնք պատուաբեր գործունէութիւն պիտի ցուցաբերէին Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ եւ սակայն, պայմաններու բերումով հեռու պիտի մնային սուրիահայ մշակութային կեանքէն։