Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑՈՒՑԱԿ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ

ԱԼ ՖՈՒՐԱԹ (Եփրատը)։ 1869-1870 թթ. ։ Հալէպի կուսակալութեան պաշտօնաթերթ։ Այս թերթին մասին Ատիպ Մըրուէ կը գրէ.

«Սուրիոյ թերթերէն երկրորդն էր Ղատիր Ալ Ֆուրաթը (Եփրատ գետը Ա. Տ. Խ. ), որ լոյս կը տեսնէր Հալէպի մէջ 1867 թ. էն սկսեալ։

Հալէպի կուսակալութեան պաշտօնաթերթն էր, որ երկու տարի լոյս ընծայուելէ ետք իր տեղը տուաւ Ալ Ֆուրաթին, որ իր առաջին տարիներուն կը հրատարակուէր արաբերէն, թրքերէն եւ հայերէն, ապա՝ միայն առաջին երկու լեզուներով»։ [1]

Մեզի անյայտ է թէ ի՛նչ պարագաներու տակ լոյս ընծայուած է հայերէն բաժինը եւ ճիշդ քանի՛ տարի տեւած։ Բազմալեզու պաշտօնաթերթի մը հրատարակումը իր նախընթացը ունէր Պոլսոյ մէջ։

Օսմանեան Կայսրութեան պաշտօնաթերթը, որ սկսած էր լոյս տեսնել 1832 թ. ին, ֆրանսերէնի, թրքերէնի կողքին, ունէր հայերէնով լոյս տեսնող առանձին հրատարակութիւն մը՝ Լրոյ գիր մեծի տէրութեանն օսմանեան անունով։ Թերեւս նկատի ունենալով հայ գաղութի մը ներկայութիւնը Հալէպի մէջ, յարմար դատուած էր որ պաշտօնաթերթը լոյս տեսնէր հայերէնով ալ։

ԱՂԲԻՒՐ։ Ամսաթերթ, ապա՝ պարբերաթերթ։ Հալէպ, 1913-1914 թթ. ։ Մեզի ծանօթ սուրիահայ մամուլի երախայրիքը, որ լոյս տեսած է հայ մարդոց նախաձեռնութեամբ, եթէ նկատի չունենանք Ալ Ֆուրաթը, որ պետական հրատարակութիւն էր։

Լոյս տեսած է 9 թիւ. առաջին 4-ը ամսաթերթ, իսկ մնացեալ 5-ը՝ պարբերաթերթ։ Օրկան Աղբիւր Միութեան։ Միութիւնը Աղբիւր անուանուած է ի յիշատակ Աղբիւր Սերոբի։ Զուտ մշակութային միութիւն մը՝ իր առանձին ծրագիր կանոնագիրով։

Միութեան հիմնադիրներն են եղած՝ Միհրան Նաճարեան (ողջ, Պէյրութ), Երուանդ Մալխասեան (մեռած), Լեւոն Աբգարեան (մեռած), Վահան Թամզարեան (մեռած), Խաչիկ Յակոբեան (ողջ։ Ներկայիս քահանայ - Միացեալ Նահանգներ)։

  Աղբիւր խմորատիպ թերթը խմբագրած են Միհրան Նաճարեան (այդ շրջանին՝ անկախ) եւ Սարգիս Սիրանոսեան (դաշնակցական)։

Աշխատակից՝ Խաչիկ Յակոբեան։

Բովանդակութիւն՝ մեծ մասով արտատպում։

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի բռնկումով կը դադրի թերթը։ Երկրորդ պատճառ մը դադարման՝ Դաշնակցութիւնը կ՚ուզէ հակակշռել Միութիւնն ու անոր օրկանը։

ՀԱՅ ՁԱՅՆ։ Սուրիահայ մամուլի տպագիր առաջին թերթը։

Սկսած է լոյս տեսնել 1918 թ. ի Նոյ. ի 13-ին, անգլիացիներու Հալէպի գրաւումէն (Հոկտ. ի 26) հազիւ երեք շաբաթ անցած։ Ազատութեան վերադարձէն ետք հայ մտաւորականութեան մնացորդացը ձեռք կ՚առնէր իր ժողովուրդին առաջնորդութեան ղեկը։

Թերթը մեծ մասամբ կ՚անդրադառնայ հայ գաղթականներու վիճակին, անոնց իտէալներուն, հայկական հողային պահանջներուն, օտար տէրութեանց հայանպաստ արտայայտութիւններուն։ Սուրիոյ հողին վրայ հայ գաղթականներուն կայքը ժամանակաւոր կը նկատուէր։ Դաշնակից պետութեանց յաղթանակին մէջ հայութիւնը կը տեսնէր նաեւ իր յաղթանակը, որովհետեւ թէ՛ Կովկասի եւ թէ արեւմտեան ճակատներուն վրայ՝ հայութիւնը թափած էր իր արիւնը եւ կը սպասէր, որ Օսմանեան Կայսրութեան անդամահատումով ստեղծուէր Մեծ Հայաստանը, մանաւանդ Կիլիկիան տրուէր հայոց. եւ Սուրիոյ հայութիւնը, որ մեծ մասով կազմուած էր կիլիկեցի հայերէ, վերադառնար իր երկիրը եւ սկսէր շինարար աշխատանքի։

Հայ ձայնը լոյս կը տեսնէր որպէս փոքրածաւալ օրաթերթ, երկու էջով, տէր եւ տնօրէնութեամբ Սեդրակ Կէպէնլեանի։ Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան 100 օսմանեան ոսկի տրամադրելով Յովսէփ եւ Միշէլ Աճէմեան եղբայրներէն գնած էր տպարան մը, եւ տրամադրած՝ Ս. Կէպէնլեանի։ Խմբագրատունն ու տպարանը կը գտնուէին նոյն տան մէջ, Ճիտէյտիէ, Զէպալ փողոց։

Թերթին կ՚աշխատակցէին Ռեբեկա Կէպէնլեան, Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան, Միհրան Տէր Ստեփանեան, Վահան Պէյլէրեան, Արամ Գիտակից, եւ ուրիշներ։

Երբ գաղթը կը սկսէր դէպի Կիլիկիա, Հայ ձայնն ալ կը փոխադըրւէր Ատանա եւ լոյս կը տեսնէր որպէս պաշտօնական օրկանը Ռամկավար Կուսակցութեան Կիլիկիոյ Շրջանային Վարչութեան։

Ս. Կէպէնլեան հետագային պիտի ըլլայ Հալէպի Եփրատ թերթի խմբագիրներէն (1930-1931 թթ. ) եւ Կիպրոս հաստատուելով՝ պիտի հիմնէ տպարան, ուրկէ լոյս պիտի ընծայէ Յենարան անունով փոքրածաւալ, 2 էջով շաբաթաթերթ մը (1959-1962 թթ.

ԱԺԱՆՍ ՌԻՒԹԷՐ (թարգմանաբար)։ Հալէպ։ Սկսած է 1918 թ. ի Նոյ. ին։ Տպագր. Մէարըֆ։ Պատասխանատու Ս. Մեհնունի։

Շատ հետաքրքրական հրատարակութիւն մը։ Ունի նամակի թուղթի մեծութիւն եւ թուղթի սղութեան թէ այլ պատճառով, հրատարակիչը օգտագործած է որեւէ տեսակի թուղթ։ Պատասխանատուին մտահոգութիւնն է եղած Ռէօթէր լրատու գործակալութեան գլխաւոր լուրերը ամփոփ գիծերու մէջ հաղորդել հայ ընթերցող հասարակութեան։ Եղած է օրական հրատարակութիւն. կը խուսափինք զայն օրաթերթ որակելէ։

Ունինք չորս թիւ, որոնցմէ վերջինը կը կրէ թիւ 33 (Դեկտ. 13, 1918)։

ՏԱՐԱԳԻՐ։ Օրաթերթ։ Քաղաքական-գրական-ընկերային։ Հալէպ, 1918 Դեկտ. -1919 թթ. ։ Տպ. Մարօնի։ Արտօնատէր՝ Բենիամին Միլտոնեան, խմբագիր՝ Յովհաննէս Խաչերեան։

Տեսած ենք այս թերթէն միայն մէկ թիւ . տարի, թիւ 19, 16

Յունուարի, 1919 թ. Ա. էջը կը պարունակէ երկու յօդուած. ա)

«Ընդլայնենք շրջանակը եւ կրկնենք», որուն մէջ կը թելադրուի Սէպիլի զօրանոցին մէջ հաւաքուած որբերուն եւ այրիներուն օժանդակութեան հասնիլ. բ) «Կաղանդի գիշերը (Բանտին մէջ)», յօդուածագիր՝ Մատթէոս Երէցեան։

Այս մէկ թիւը բաւարար չէ դատում մը կատարելու համար։ Թերթը կարճ կեանք պիտի ունենար եւ Բենիամին Միլտոնեան պիտի մեկնէր Ֆրանսա։

ԳԱՂԹԱԿԱՆ։ Հալէպ, 1918 թ. ։ Ձեռագիր, երկու էջ, նամակի թուղթի մեծութեամբ։ Լոյս տեսած է 3-4 թիւ։ [2] Հրատարակութիւնը պատահականութեան կապուած։ Տպաքանակ՝ մէկ օրինակ, փակցուած Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ պատին, որպէսզի հասարակութիւնը կարդայ։ Բովանդակութիւն - օրուան ազգային անցուդարձերու եւ տարագիրներու վրայ կատարուած զեղծարարութիւններ։ Այս պատճառով ալ դադրեցուած եկեղեցւոյ իշխանութեան կողմէ։

Որպէս մակնիշ-զարդ ունեցած է քանի մը վրաններ եւ գաղթականներ։

Հրատարակողներ՝ Գրիգոր Անգութ (Եբրանոսեան), Մատթէոս Երէցեան, Խաչիկ Ինկիլիզեան, Գէորգ Չէքիճեան։

ԵՓՐԱՏ։ Քաղաքական լրագիր։ Եռօրեայ։ 1919 թ։ Լոյս տեսած է չորս թիւ։ Խմբագիրներ՝ տոքթ. Գ. Մուշեան, Վարդ-Մեխակ, Միհրան Ս. Նաճարեան, Հ. Տօլպագեան, Մ. Պասմաճեան։ Լոյս տեսած է Սէպաթ տպարանէն։ Այս լրագրին տպագրութեան տարեթիւն ու քանակը անորոշ են։ Միհրան Ս. Սէֆէրեան կը նշէ 1918 թ., [3] իսկ Ե. Ոսկերիչեան՝ 1920 թ., [4] եւ տպուած չորս թիւ։ Միհրան Նաճարեան՝ 1919 թ. ի սկիզբը եւ տպուած ութ թիւ։ [5] Թերթին հաւաքածոն ձեռքի տակ չունենալով՝ անկարելի է մեզի համար այս անելէն դուրս գալ։

Եփրատի հրատարակութիւնը՝ Հնչակեան կուսակցութեան Սուրիոյ հայ գաղութի մամուլին մէջ ունենալիք իր գործունէութեան նախաքայլը կը կազմէ, որուն պիտի յաջորդէ եռուն գործունէութիւն մը։ Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններէն՝ Հնչակեան, Ռամկավար եւ Դաշնակցական, առաջինը, ամէնէն զօրեղը եւ կազմակերպուածը կը ներկայանայ Սուրիոյ յետ-պատերազմեան գաղութին մէջ։ Մամուլի լայն գործունէութիւնը ատոր փաստն է։ 1922 թ. ին պիտի սկսի հրատարակուիլ Հնչակեաններու Սուրիական մամուլը, 1923 թ. ին Գիտական շարժումը, 1925 թ. ին Սուրիական մամուլի ուսանողական բաժինը, 1923 թ. ին Մեղու երգիծաթերթը։ 1927 թ. ին կարծէք կը շրջի Հնչակեաններու ազդեցութիւնը եւ Ռամկավար կուսակցութիւնն է որ ղեկը ձեռք կ՚առնէ Եփրատի հրատարակութեամբ։ Դաշնակցութիւնը իր ներկայութիւնը պիտի յայտնէր 1946 թ. ին, երբ լոյս պիտի տեսնէր Արեւելք օրաթերթը։

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ։ Օրաթերթ։ Օրկան Ս. Դեմոկրատ

Հնչակեան կուսակցութեան։ Հալէպ, 1922-1927 թթ. ։ Արտօնատէր՝

Հայկ Թորոսեան, պատ. տնօրէն՝ Տիգրան Երէցեան։ Խմբագիրներ՝ տոքթ. Գ. Մուշեան, Շաւարշ Շիշմանեան, Վարդ-Մեխակ, Գէորգ Նալպանտեան, Եդուարդ Ոսկերիչեան եւ Ս. Տխրունի (Սարգիս Քէտէրեան)։

Անունով օրաթերթ, սակայն իրականութեան մէջ՝ երկօրեայ։

1925 թ. ի Մարտին լոյս պիտի ընծայէ ուսանողական բաժին մը, ամսաթերթի ձեւով, որուն առանձին կ՚անդրադառնանք։

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ (Ուսանողական բաժին)։ Ամսաթերթ։

1925 Մարտ 16 - 1926 Սեպտ. թթ. ։ Լոյս տեսած է 16 թիւ։ Խմբագրապետ՝ Ս. Տխրունի, վարչութիւն՝ Ղուրպէթ (Խաչիկ Գասպարեան)։

Գլխաւոր աշխատակիցներ՝ Ղուրպէթ, Անդրանիկ Կէնճեան, Ս. Սապահ-Գիւլեան, Միհրան Սէֆէրեան, Վշտունի, Զգօն-Սեպուհ (Եդուարդ Ոսկերիչեան)։

Ծրագրին մէջ կը յայտարարուի. «Ուսանողական բաժին»ի մէջ գոյութիւն չունի քաղաքական կեանքը. հոն պիտի հիւրընկալուին գիտական, ընկերային, ընկերաբանական հարցերը շօշափող լուրջ յօդուածներ, ինչպէս նաեւ մայր-Հայաստանի տնտեսական-մշակութային կեանքը պատկերացնող գրութիւններ եւ տեղեկութիւններ»։

Ուսանողութիւնը, իմա՛ աշակերտութիւնը գրեթէ բացակայ է այս ամսաթերթին մէջ։ Հնչակեան կազմաւորուած մտաւորականութիւնն է որ լոյս ընծայած է զայն, նորահաս սերունդին մէջ իր գաղափարախօսութիւնը տարածելու համար։

ՄԵՂՈՒ։ Ազգային, գրական եւ երգիծական։ Խմորատիպ ամսաթերթ, զարդարուած երգիծանկարներով։ Սկսած է լոյս տեսնել

(Հալէպ), 1923 թ. ի Հոկտեմբերին եւ տեւած մինչեւ 1925 թ. ի Մարտ (այսքանը ծանօթ է մեզի)։

1925 թ. ի Փետրուար-Մարտ միացեալ թիւի խմբագրականին մէջ խմբագրութիւնը անդրադառնալով թերթին «կտրած ճամբուն», կը յայտնէ. «Յաւակնութիւնը չունինք մեծ խոստումներով եւ փայլուն վերտառութեամբ շլացնել հետաքրքրուող հասարակութիւնը. եւ ո՛չ ալ խնդալու եւ զբօսանքի նիւթ հայթայթել. այլ, մեր դառնօրէն ծիծաղելի կացութիւնը եւ ազգային կեանքը դէպի խաթարում տանող պարագաները իրենց իսկական գոյներով ներկայացնել հանրութեան»։

Ծածկանուններու ետին ապաստանածներէն՝ Ս. Տիգրան, Զ. Քար, Մանուկ Հայրիկեան, Ա. Տալիլօ, Ռ. Լ., Ա. Անանուն, Իրազեկ, կարելի չէ գիտնալ թէ որո՛նք եղած են խմբագիրներն ու աշխատակիցները։ [6] Որոշ է որ պատուաբեր գործ կատարած են։ Անաչառ մօտեցումով քննադատած են հայ կեանքի յոռի կողմերը։ Իրենց թիրախը ըրած են հայ քաղաքական կուսակցութեանց իրերամերժ ընթացքը, հայ կեանքը ղեկավարելու անոնց մարմաջը, եկեղեցական եւ ազգային դէմքեր, եւլն. ։

Սուրիոյ հայ գաղութը 1920-ական թուականներուն քաոսային վիճակ մը կը ներկայացնէր։ Թուրքիոյ հայաբնակ մնացորդացին Սուրիոյ մէջ մէկտեղումը՝ իր խայտաբղէտ գաւառաբարբառներով, բարքերով եւ մտածելակերպով, եւ հայ քաղաքական կուսակցութեանց բուռն պայքարը այդ մնացորդացին ղեկավարութիւնը ստանձնելու, առատ նիւթ կրնային հայթայթել երգիծական թերթի մը։ Դժբախտութիւն է որ այս երգիծաթերթը սուրիահայ մամուլին մէջ կը ներկայանայ որպէս միակ ներկայացուցիչը իր սեռին։

ԳԻՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ։ Ամսաթերթ։ Գիտական, տնտեսական, ընկերաբանական, գրական, բժշկական, կրթական եւ գիւղատնտեսական։ Հալէպ, 1923 թ. ի Յունիս-Նոյեմբեր, 6 թիւ։ Խմբ. ՝ Վարդ-Մեխակ (Վարդիվառ Գարանֆիլեան)։

Մեծ ծրագիրներով լոյս ընծայուած թերթ մը. «Տալ այնպիսի գրական հատուածներ, որոնց իմաստը կամ ներշնչումը եղած է ճնշուած մարդկութեան՝ եւ ի մասնաւորի հայութեան տառապակոծ ցաւերը»։

Գիտական պիտակը այստեղ նպատակ չունի բնական գիտութիւնները, այլ՝ ընկերային գիտութիւնները, ի մասնաւորի ընկերաբանութիւն, իմաստասիրութիւն, եւլն. ։

Էապէս հնչակեան թերթ, որուն աշխատակցած են տոքթ. Գրիգոր Մուշեան, Անդրանիկ Կէնճեան, Հմայեակ Տօլպագեան, Ֆիրուզ Խանզատեան, Մատթէոս Երէցեան, փրոֆ. Յովհաննէս Նազարեան, Գէորգ Պապոյեան, եւլն. ։

ԵՓՐԱՏ։ Քաղաքական, գրական եւ գիտական։ Հալէպ, 1927-1949 թթ. ։ Անհրաժեշտ կը նկատենք որոշ մանրամասնութեամբ անդրադառնալ այս թերթին, որովհետեւ շուրջ երկու տասնամեակ սուրիահայ քաղաքական եւ ազգային միակ թերթն է եղած։

Սկսած է լոյս տեսնել 1927 թ. ի Յուլիս 6-ին իբրեւ եռօրեայ, Եփրատ Հրատարակչական Ընկերութեան կողմէ, արտօնատիրութեամբ Եղիազար Պէնլեանի, եւ պատասխանատու տնօրէնութեամբ՝ տոքթ. Խաչիկ Պօղոսեանի։

1936-1937 թթ. ուն կը դառնայ երկօրեայ, 1937-1939 թթ. ուն՝ շաբաթաթերթ, իսկ 1939-1949 թթ. ուն՝ օրաթերթ։

1929 թ. ին թերթին մատակարարութիւնը պաշտօնապէս կ՚անցնի Ռամկավար-Ազատական կուսակցութեան։ 1934-1935 թթ. ուն՝ արտօնատէր Եղիազար Պէնլեան կը հրատարակէ իբրեւ իր սեփականութիւնը, ի՛ր խմբագրութեամբ։

Իր գոյութեան ընթացքին ունեցած է խմբագիրներու փաղանգ մը. զանոնք կը յիշատակենք իրենց յաջորդականութեամբ։

1927 թ. ին թերթը ունեցած է խմբագրական մարմին մը, որուն անդամները եղած են տոքթ. Խ. Պօղոսեան, Նազարէթ Ֆսթըքճեան, Համբարձում Պէրպէրեան, վարիչ խմբագիր ունենալով Տիգրան Փիրանեանը։

Այնուհետեւ թերթը խմբագրած են Խաչիկ Պ. Քարտաշ, Արիս Շաքլեան, Սեդրակ Կէպէնլեան, Մատթէոս Երէցեան, Յովսէփ Յովսէփեան, Էլի Նազար, Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան։

Եղիազար Պէնլեանի մահէն ետք արտօնատէրն է եղած Հայկաշէն Ուզունեան։

Եփրատի աշխատակցած են Նշան Սաաթճեան (Ռշտունի), Միքայէլ Նաթանեան, Միհրան Տէր Ստեփանեան, Սահակ Կթղ. Խապայեան, Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան, Մկրտիչ քհնյ. Մուրատեան, տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան, տոքթ. Բ. Սեւեան, Միհրան Աղազարեան, Արսէն Կիտուր, Յովհաննէս Պօղոսեան, Արամ Գիտակից (Պիլէմճեան), եւլն։

Սկսնակ գրողներէն՝ Զարեհ Մելքոնեան, Անդրանիկ Նաճարեան, Արամ Արման (Սուրէն Պասմաճեան), Պետրոս Պարգեւ, Ստեփան Ալաճաճեան, Գառնիկ Ադդարեան եւ ուրիշներ իրենց մկրտութեան աւազանը գտան հոն։

Ընդհանրապէս սակաւաթիւ սուրիահայ մամուլը 1927-1946 թթ. ուն կ՚ունենայ աւելի նուազ թերթեր, եւ այս շրջանին Եփրատ կ՚ըլլայ տիրական թերթը, որ կը ներկայանայ որպէս ցոլարանը գաղութին մէկ որոշ հատուածին ապրումներուն։

ՆՈՐ ԱՒԵՏԱԲԵՐ։ Կրօնաբարոյական, գիտական, կրթական երկշաբաթաթերթ։ Հալէպ, 1927 թ. ի Նոյ. 5 - 1934 թ. ի ամառ։ Արտօնատէր՝ Վերապատուելի Կարապետ Յ. Յարութիւնեան, պատասխանատու տնօրէն՝ Տիգրան Ճ. Խրլոբեան։

Ծրագիր. «Պիտի պարունակէ կրօնական, բարոյական եւ առողջապահական յօդուածներ. պիտի ունենայ նաեւ մասեր քաջալերելու ընտանեկան աղօթքը, Կիրակնօրեայ դպրոցը եւ երիտասարդաց ընկերակցութիւնները. պիտի պարունակէ նաեւ եկեղեցական եւ աւետարանչական գործունէութեան վերաբերեալ լուրեր»։

Թերթը իր անունը առած է Պոլսոյ Աւետաբերէն (1855-1914 թթ. ), որ կը հրատարակուէր Ամերիկեան Պորտ ընկերութեան կողմէ։

Աւետարանական թերթի մը անհրաժեշտութեան մասին կը խօսուի Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Միութեան 1926 թ. ի Ապրիլին Հալէպի մէջ գումարուած տարեկան ժողովին ընթացքին եւ հինգ հոգինոց յանձնախումբ մը կ՚ընտրուի այս հարցով զբաղելու համար։ 1927 թ. ի գարնան Պէյրութի մէջ գումարուած Միութեան ժողովը կ՚որոշէ գործի ձեռնարկել։ Խմբագրութեան պաշտօնին կը հրաւիրուի Տիգրան Խրլոբեան, որ նոյն տարին Աթէնքի Կրօնական Վարժարանի աստուածաբանական ճեմարանէն վկայուելով ամառուան սկիզբը Հալէպ կը հասնի, իր գործին սկսելու համար։

Ինչպէս անդրադարձանք, Նոյեմբերի 5-ին լոյս կը տեսնէ Նոր Աւետաբերի առաջին թիւը, որպէս բովանդակութեան ծրագիր ունենալով հետեւեալը - 8 էջ հայերէն եւ 8 էջ հայատառ թրքերէն, տարբեր բովանդակութեամբ։

Թերթը ունեցած է ընտանեկան աղօթքի, Կիրակնօրեայ դպրոցի դասերու, եկեղեցական եւ ընդհանուր կրօնական լուրերու բաժիններ։ Յօդուածները կրնային շօշափել ամէն նիւթ՝ բացի քաղաքականէն։

Արտօնատիրոջ՝ Վեր. Կ. Յարութիւնեանի մահով (1934 թ. ամառ), թերթն ալ կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։

ՆԱՅԻՐԻ։ Պարբերագիրք գրականութեան եւ արուեստի, 1941 Նոյեմբեր - 1943 թթ. ։ [7] 1945-1949 թթ. ուն, ամսաթերթ։ 1950 թ. ին լոյս չէ տեսած։ 1951 թ. ին լոյս տեսած է Պէյրութ, երբեմն միացեալ թիւերով։ 1952 թ. էն սկսեալ շաբաթաթերթ։ Խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեան։

Սուրիահայ գրական մամուլին ամէնէն երկարակեացն է, շուրջ 9 տարի, եւ իր արժէքով ամէնէն որակաւորներէն։

Թերթը ընկալեալ սովորութիւնը գիտակցօրէն անտեսելով՝ չի ներկայացներ որեւէ ծրագիր։ Այս հարցին խմբագիրը կ՚անդրադառնայ Ա. շրջանի վերջին թիւին վերջին էջերուն մէջ. «Ընդունուած սովորութեան հակառակ, որեւէ ծրագիր չպարզեցինք Նայիրիի առաջին պրակով եւ հետագային զգուշացանք խոստումներու հանդէս մը սարքելէ, վստահ գիտնալով, թէ խոստումները արժէք չունին գրական ձեռնարկի մը համար, երբ չկայ գործը»։

Այդ գործին վերլուծումը ընելով կը յանգի հետեւեալ եզրակացութեանց. «Նայիրին փնտռուած ու ամէնուրեք գնահատուած հրատարակութիւն մըն է այլեւս։ Կրցաւ իրեն կապել նոր սերունդի արժէքաւոր գրողներուն գրեթէ ամբողջութիւնը։ Յաջողեցաւ ի մի խմբել տարբեր գաղափարի, տարբեր հոսանքի պատկանող եւ յաճախ իրերամերժ տարրեր ի՛ր իսկ անաչառութեամբը ցոյց տալով բոլորին, թէ գրականութիւնը բարձր է ընթացիկ ամէն նկատումէ» (էջ 291)։

Նոր սերունդ կոչումով այստեղ պէտք է հասկնալ 1930-ական թուականներուն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հասակ առած գրողները՝ Մ. Իշխան, Սեզա, Արմէն Անոյշ, Եդուարդ Պօյաճեան, Եդուարդ Տարօնեան, Բիւզանդ Եղիայեան, եւ ուրիշներ, որոնցմէ մաս մը իրենց գրական սկզբնաւորութիւնն ու կազմութիւնը կատարած էին Պոսթընի Հայրենիք ամսագիրին մէջ եւ գրական տեղական ամսաթերթի մը հրապարակութեան առիթով՝ կը մէկտեղուէին Նայիրիի շուրջ։ Սկսնակ գրողներ գրեթէ բացակայ են Նայիրիէն։ Եթէ պարագայական աշխատակցութիւն մը բերած են, չեն կրցած մնայուն տեղ մը ապահովել եւ շուտով անյայտացած են։

Տարբեր շրջանակի գրողներ մէկտեղուած են Նայիրիի շուրջ։

Դաշնակցականներու կողքին, ռամկավար կամ ռամկավարամիտ գրողներէն Նայիրիի աշխատակցած են Արիս Շաքլեան, Վահէ-Վահեան, Օննիկ Սարգիսեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Սմբատ Փանոսեան, տոքթ. Շ. Պօղոսեան, Սարգիս Եափուճեան, Միհրան Տէր Ստեփանեան, եւ ուրիշներ։

Նայիրիով սկսուած այս համախմբումը պիտի կրկնուի նաեւ 1940-ական թուականներուն Հալէպի մէջ լոյս տեսնող Դէպի երկիրին, Սեւանին եւ Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող Ծիածանին ու Ակօսին մէջ, սակայն երկար կեանք պիտի չունենայ։ 1946 թ. ին սկսած ներգաղթը պիտի փոխէ դէպքերու ընթացքը։

Այս երեւոյթին աւելի լայնօրէն անդրադարձած ենք «Լիբանանահայ մամուլի յիսուն տարին» վերնագրով մեր ուսումնասիրութեան մէջ եւ հոս կրկնութենէ կը խուսափինք։

Որո՞նք կ՚աշխատակցէին Նայիրիին։ Բացի վերոյիշեալներէն իրենց աշխատակցութիւնը բերած են նաեւ՝ Սահակ Պալըգճեան, Եղիվարդ, Պարոյր Մասիկեան, Ժագ Յակոբեան, Հայկ Ժամկոչեան, Յակոբ Օշական, Ա. Լէյլանի (Մովսէս Տէր Գալուստեան), Եդուարդ Տասնապետեան, Արսէն Երկաթ, Զարեհ Մելքոնեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Կոստան Զարեան, Ս. Սահակեան, Գէորգ Չէքիճեան, Արամ Աֆարեան, Ստեփան Շահպազ, Նիկողոս Սարաֆեան, եւ ուրիշներ։

Նայիրիի հրատարակութիւնը անկիւնադարձ մը կը կազմէ անոր խմբագրին՝ Ա. Ծառուկեանի գրական դիմագիծին մէջ։ Հոն բացակայ է Հայրենիք ամսագրի Վազգէն Տէրունեան ծածկանունին տակ թաքնուած եւ Առագաստներ քերթողագիրքին բանաստեղծը։ Գրական ամսաթերթ Նայիրին կը յայտնաբերէ գրական քննադատ Ծառուկեանը։ Այդ երակը ամէնէն աւելի զգալի է իր «Հաշուեյարդար» խորագրով քննադատական յօդուածներուն մէջ, ուր նկատի առնըուած են 20-25 տարուան գրական անցեալ ունեցող կարգ մը գրողներ։ Այս գրողներուն վերջին հրատարակութիւնները գրախօսուած են եւ հեղինակները ենթարկուած են «հաշուեյարդար»ի։ Երգիծանքի երանգ մըն ալ ներկայ է այս յօդուածներուն մէջ։

Նայիրին լայն տեղ տուած է Սփիւռքը յուզող գրական եւ երբեմն գրականութեան պիտակին տակ թաքնուած քաղաքական հարցերուն։ 1946 թ. ին, երբ Սփիւռքի զանազան կեդրոններուն մէջ պատրաստութիւններ կը տեսնուէին Յ. Օշականի գրական գործունէութեան քառասնամեայ յոբելեանը տօնելու, խաչակրութիւն մը կը սարքուէր Օշականի դէմ։ Նայիրին Օշականի ամէնէն հաւատարիմ պաշտպաններէն մէկը կ՚ըլլար։

«Սովետական Գրողներու Բ. Համագումարը» (Երեւան, 1946 թ. ) եւ Գաղութահայ Գրողներու Համագումարը (Շթորա, Լիբանան, 1947 թ. ) առատ նիւթ կը հայթայթեն թերթին։

Նայիրին հաստատած է մատենաշար մը եւ լոյս ընծայած իր կարգ մը գրողներուն գործերը, ինչպէս Մ. Իշխանի Հայաստանը, Ե. Պօյաճեանի Հողը, եւլն. ։

ԱՐԵՒԵԼՔ։ Օրաթերթ (1946 թ. ի Յունիսի 23 - 1963 թ. ի Մարտի 7)։

Արտօնատէր եւ պատասխանատու տնօրէն՝ Հրաչ Փափազեան (19461960 թթ. ), ապա՝ տոքթ. Աւետիս Ինճէճիկեան՝ արտօնատէր (1960-1963 թթ. ), իսկ Ներսէս Պարսումեան՝ պատ. տնօրէն (1960-1963 թթ.

Խմբագիրներ եւ օգնական խմբագիրներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, Օննիկ Մելիքսէթեան, Օննիկ Թօփուզեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Գէորգ Տօնապետեան, Միհրան Հերարդեան, Լուտեր Մասպանաճեան, Նշան Իսրայէլեան եւ Երուանդ Մոնոֆարեան։ Այս խմբակին մէջէն ամէնէն երկարատեւ խմբագրութիւնը վարած է Մինաս Թէօլէօլեանը (1946-1956 թթ.

«Հաւատարիմ՝ անցեալին» խորագրով իր առաջին խմբագրականին մէջ թերթը կը ճշդէ իր ուղին.

«1) Հաւատարիմ հետեւողութիւն մը հիւրընկալ երկրին քաղաքականութեան եւ անկեղծ յարում մը՝ այդ երկրին ժողովուրդներուն ձգտումներուն։

«2) Արթուն յուշարարի դեր մը՝ տեւաբար Հայրենիքը գաղթական զանգուածներուն սրտին մէջ պահող եւ կարօտաբաղձ իր զաւակներուն կանչը Հայրենիքին լսելի դարձնող։

«3) Մշտական ներկայութիւն մը, տեւաբար գաղութին հանրային կեանքը հակակշռող եւ մեր կազմակերպութիւններուն ծաւալուն ցանցին գործունէութիւնը ներդաշնակող»։

Թերթին ուղիին երկրորդ կէտը՝ այդ օրերու ընդհանուր հոգեբանութեան եւ մտայնութեան իրական պատկերը կը ցոլացնէր։ Համաշխարհային Բ. Պատերազմը վերջ գտած էր դաշնակիցներու յաղթանակով, որոնց կարգին՝ Սովետ Միութիւնը։ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս կը մասնակցէր 1945 թ. ի Նոյ. ի 29-ի տօնակատարութեան, Սուրիոյ իր ղեկավարներէն Միհրան Հերարդեանը որպէս բանախօս տրամադրելով։ Թերթին առաջին խմբագիրը՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, մէկ տարի առաջ լոյս ընծայած էր Թուղթ առ

Երեւան քերթողագիրքը, որուն վերջաբանին՝ «Հէյ ջան Երեւան»ին մէջ փառաբանանքը ընելով Երեւանին (իմա՛ Հայաստան), կը մաղթէր, որ իր գիրկը լայն բանայ եւ «հարազատներին հայրենիք կանչէ»։

Սակայն համերաշխութեան մթնոլորտը հազիւ սկսած՝ յօդս կը ցնդէր։

Եթէ լայն տեղ կու տանք Արեւելք օրաթերթին, որովհետեւ առանձնակի երեւոյթ մը կը ներկայացնէ ան։ Նախ՝ յարաբերաբար իր երկարատեւ հրատարակութեամբ (18 տարի)։ Արդարեւ սուրիահայ գաղութը չէ կրցած պահել երկարատեւ հրատարակութիւններ։

Ատոր պատճառներուն անդրադարձանք։ Երկրորդ՝ սուրիահայ քաղաքական մամուլին մէջ իր բերած շրջադարձով։ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը որ 1918 թ. էն ի վեր գոյութիւն ունեցած է Սուրիոյ մէջ, իր պաշտօնական հրատարակութիւնը չէր ունեցած մինչեւ Արեւելքի հրատարակումը։ Իր շարքայիններուն եւ համակիրներուն նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած են թերթեր, սակայն շատ կարճատեւ կեանք ունեցած են անոնք։

Արեւելքի ծնունդէն կարճ ժամանակ ետք կը դադրէր Եփրատը։

Յովհաննէս Եազըճեանի Սուրիա օրաթերթին (1946-1960 թթ. ) հետ, Արեւելքը դարձաւ Սուրիոյ հայութեան բանբերը։ Արեւելքը դադրեցաւ 1963 թ. ի Մարտին։

Արեւելքի դադարումէն ետք Սուրիոյ հայ գաղութը չունեցաւ իր օրաթերթը եւ այսօր ան կը սնանի Լիբանանի հայ օրաթերթերով, ի մասնաւորի Զարթօնքով եւ Արարատով, որոնց միայն շնորհուած է Սուրիա մուտքի արտօնութիւնը։

Սուրիոյ պարագան եզակի երեւոյթ է ամբողջ Սփիւռքի մէջ։ Ո՛ւր որ հայահոծ գաղութ ունինք, մեր առօրեայ մամուլը կը գործէ, երբեմն մէկի տեղ երկու-երեք առանձին հրատարակութեամբ։

Արեւելք օրաթերթը ունեցաւ իր սեփական տպարանը ուրկէ լոյս ընծայուեցան Արեւելք տարեգիրքը (1 տարի, 1948 թ. ին, խմբագրութեամբ Մինաս Թէօլէօլեանի) եւ Արեւելք մարզաշխարհը, որուն առանձին պիտի անդրադառնանք։

ԱՐԵՒԵԼՔ ՄԱՐԶԱՇԽԱՐՀ։ Մարզական շաբաթաթերթ Արեւելք օրաթերթի։ Հալէպ, 1957 թ. ի Յուլիսի 30 - 1936 թ. ի Մարտի Խմբագիրներ՝ Զաւէն Սապունճեան եւ Լութեր Մասպանաճեան։

Մարմնամարզը նոր սերունդին կեանքին մէջ անհրաժեշտութիւն մը դարձած ըլլալով՝ թերթը կը նպատակադրէ՝ 1) Հայ երիտասարդը դէպի մարմնամարզ մղել, 2) Յաղթանակի մը կամ պարտութեան մը արդիւնքներուն հետ միասին նաեւ անոնց գլխաւոր պատճառները մատնանշել։

Սուրիահայ մամուլի մարզական միակ ներկայացուցիչը, որ կրցաւ շուրջ 7 տարի իր գոյութիւնը պահել, իր խմբագիրներէն՝ Զաւէն Սապունճեանի մարզական խորունկ հետաքրքրութիւններուն շնորհիւ։

Դադրեցաւ 1963 թ. ի Մարտ 7-ին Արեւելք օրաթերթին հետ։

ՍՈՒՐԻԱ։ Անկախ օրաթերթ։ Հալէպ, 1946 թ. ի Յունիսի 17 - 1960 թ. ։

Արտօնատէր՝ Յովհաննէս Եազըճեան, խմբագրապետ՝ Մատթէոս Երէցեան (առաջին չորս ամիսը)։ Այնուհետեւ խմբագիր կամ օգն. խմբ. եղած են Յարութիւն Տէր Ղազարեան, Մարտիրոս Գուշագճեան, Կարօ Սարաֆեան, Տիգրան Կիւլիւզեան եւ Եղիա Նաճարեան։

«Մեր ուղին» խմբագրականին մէջ կը ներկայացուի թերթին ծրագիրը։ «Մենք լայն տեղ պիտի տանք մեր սիւնակներուն մէջ Սուրիոյ կեանքին բոլոր երեսներուն եւ հաւասար չափով պիտի հետաքրքրուինք Արաբական աշխարհով։

«Սուրիան ԱԶԱՏ եւ ԱՆԿԱԽ, զերծ ամէն կապանքէ, ու սքօղուած չարամիտ դիտումներէ, այս է մեր հաւատամքը։

«Եւ երբ կը սիրենք Սուրիան, ու կը պարծինք անոր քաղաքացիի մեր հանգամանքովը, պարզապէս անոր համար որ իսկական հայրենասէր հայեր ենք։

«Մենք չենք կրնար մոռնալ մեր բազմաչարչար Հայրենիքը, անոր Հրաշափառ Յարութիւնը, ու անոր անօրինակ վերելքը վերջին քառորդ դարու ընթացքին»։

Թէեւ ինքզինք պիտակած է անկախ, սակայն խորքին մէջ Հնչակեան ուղղութեամբ թերթ։ Հիւսնի Զայիմի իշխանութեան շրջանին պետական արգելքով ժամանակաւորապէս դադրած է։

ՍԵՒԱՆ։ Պարբերագիրք գրականութեան եւ արուեստի։ Հրատ. Հալեպահայ Ուսուցչական Միութեան։ Սեւան Հրատարակչական Մարմին։ Լոյս տեսած է 2 թիւ (1946 թ. Պաշտօնապէս խմբագրի անուն չի տրուիր, սակայն որոշ է որ Սիմոն Սիմոնեանն է խմբագիրը։

Սիմոնեան քաջալերուած Միութեան սեփական տպարանով եւ գրական աւագ գործիչներու աշխատակցութեան խոստումով, ճամբայ կ՚ելլէ, սակայն, աւա՜ղ, թերթը կ՚ունենայ ասուպային կեանք մը - երկու թիւի հրատարակութեամբ վերջ կը գտնէ։

Ի՞նչ է ծրագիրը։ «Մուտք» խորագրեալ բացատրողականին մէջ խմբագիրը կը ճշդէ. «Մեր առաջադրութեամբն իսկ՝ այս պարբերականին բովանդակութիւնը չի սահմանափակուիր գրականութեան յատուկ յօրինումներով, այլ կ՚ընդգրկէ գրաւոր մշակոյթի զանազան կալուածները՝ միշտ ներշնչուած մնալով ցեղայինէն» (էջ 2)։

Թերթին նպատակէն եւ իրագործումէն մեկնելով՝ պէտք է սրբագրել «պարբերագիրք գրականութեան եւ արուեստի» պիտակը, եւ փոխարինել պարբերագիրք հայ մշակոյթի խորագիրով։ Արդարեւ հոն կայ գեղարուեստական գրականութիւն, գրական քննադատութիւն, բանասիրութիւն, մատենագրական ակնարկ, տեղագրութիւն, արուեստներու ակնարկ, ազգագրութիւն, գրախօսական, լեզուաբանութիւն, եւլն. ։

Ունի աշխատակիցներու պատկառելի փաղանգ մը Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Պաղեստինէն եւ Պոլիսէն։ Անուններու պարզ թուումը պերճախօս փաստն է թերթին որակին՝ Գարեգին Կթղ. Յովսէփեանց, Վ. Թէքէեան, Եղիվարդ, Ա. Ծառուկեան, Արամ Արման, Ս. Սահակեան, Զարեհ Մելքոնեան, Արաքսի Պապիկեան, Միքայէլ Ս. Կիւրճեան, Սահակ Պալըգճեան, Սմբատ Փանոսեան, Արիս Շաքլեան, Յ. Օշական, Բիւզանդ Եղիայեան, Ն. Աղբալեան, Շահան Ռ. Պէրպէրեան, Գոհարիկ Ղազարոսեան, հայր Ներսէս Ակինեան, տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան, Տէր Օշական քհնյ. Սայըեան, Տէր Մկրտիչ քհնյ. Մուրատեան, Սիմոն Սիմոնեան։

Սկզբնական ծրագիրը եղած է տարեգիրքի մը հրատարակումը, սակայն սեփական տպարանի մը հաստատումը մղած է Միութիւնը պարբերաթերթի մը հրատարակութեան։ Ափսոս որ թերթը կարճատեւ կեանք ունեցած է։

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ։ Պարբերագիրք գրականութեան եւ արուեստի։

Հրատարակութիւն Հայրենաբաղձ Հայերու Ընդհանուր Միութեան։ Դ. . միացեալ թիւէն սկսեալ հրատարակութիւն Սովետական Հայաստանի հետ Մշակութային Կապի Հալեպահայ Ընկերակցութեան։ Հալէպ, 1945 թ. ի Մարտ - 1947 թ. ի Մարտ։ Ա. . թիւերու խմբագրական մարմին՝ Անդրանիկ Նաճարեան եւ Պետրոս Պարգեւ, Զ. թիւին համար՝ Ա. Նաճարեան, Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Յակոբ Ալէքսանեան։ 1949 թ. ին լոյս ընծայուած է թիւ մը։ Իսկ 1956 թ. ին լոյս տեսած

Երկիր պարբերաթերթը կարելի է բնական շարունակութիւնը նկատել Դէպի երկիրին։

«Մեր ձայնը» խորագրով խմբագրականին մէջ կը ներկայացուի ծրագիրը. «Կ՚աշխատինք աճեցնել սէրը հանդէպ Հայաստանի եւ մեզ հիւրընկալող Արաբ ժողովուրդի գրականութեան։ ... Ուրեմն Դէպի երկիրը մշակոյթի կամուրջ մըն է, ուրկէ պիտի տողանցեն Հայաստանի եւ Գաղթահայութեան եւ Արաբ ժողովուրդի մտաւոր ճիգերը»։

Աշխատակիցներ՝ Բիւզանդ Եղիայեան, Զարեհ Մելքոնեան, Սահակ Պալըգճեան, Սիմոն Սիմոնեան, Պետրոս Պարգեւ, Նուպար

Փարթամեան, Եդուարդ Պօյաճեան, Վահէ-Վահեան, Յակոբ Ներսոյեան, Ա. Նաճարեան, Տիկին Սեզա, եւ ուրիշներ։

ԿԱՆԹԵՂ։ Հանդէս գրականութեան եւ արուեստի։ Հալէպ, 19531954 թ. ի Յունիս։ Խմբ. ՝ Ա. Երազենց (Աւետիս Պարմաքսըզեան)։

Հակառակ մտաւորական ոչ-պատրաստութեան եւ ասպարէզով դերձակ ըլլալուն՝ գրականութեան հուրով տոչորուած այս 20-ամեայ խմբագիրը կրցած էր իր թերթին շուրջ համախմբել անուանի գրողներ, ինչպէս՝ Նշան Պէշիկթաշլեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Մինաս Թէօլէօզեան, Մ. Իշխան, Եդուարդ Պօյաճեան, Յ. Գեղարդ, եւլն. ։

Ցաւալի է որ հազիւ երեք թիւ լոյս տեսած՝ կը դադրէր այս հանդէսը։ Գրականութեան հանդէպ երիտասարդական վաղանցուկ կրակի մը բորբոքումի՞ն արդիւնքն էր այս հրատարակութիւնը. կրակի մը, որուն շիջումէն ետք կը դադրէր հանդէսը, թէ ոչ՝ նիւթական պայմաններ կը ստիպէին, որ դադրի ան։ Ինչ ալ ըլլայ անոր պատճառը, սա իրողութիւն է, որ Ա. Երազենց գրեթէ այլեւս դադրեցաւ գրելէ եւ պարագայական աշխատակցութիւն մը ունեցաւ հայ թերթերու։

ԲՈՒՐԱՍՏԱՆ։ Երկամսեայ։ Մանկա-պատանեկան հրատարակութիւն Հալեպահայ Ուսուցչական Միութեան։ Հալէպ, 1950-1956 թթ. ։

Ունեցած է խմբագիրներու շարան մը, որուն մէջ հիմնական եւ երկարատեւ աշխատանք կատարած են Գրիգոր Պօղարեան, Հայկ Պարիկեան եւ Ռուբէն Տիրարեան։

Թերթին նպատակը եղած է օգտակար եւ հաճելի նիւթեր հայթայթել դպրոցական աշակերտ-աշակերտուհիներու, զօրացնել անոնց մէջ ընթերցանութեան սէրն ու ճաշակը, նաեւ կազմել անոնց հոգիէն ներս՝ գեղեցիկ զգացումներու աշխարհը։

Կարելի է զայն նկատել սուրիահայ մամուլի միակ մանկապատանեկան թերթը, որ յարաբերաբար երկարատեւ գոյութիւն մը ունեցած է, շուրջ 6 տարի։



[1]            Արաբական Մամուլը (արաբերէնով), Պէյրութ, տպ. Պէյրութ, 1961, էջ 207։

[2]            Եդուարդ Ոսկերիչեան կը գրէ. «Մօտ 100 թիւ» եւ որպէս խմբագիր կը յիշատակէ Գ. Անգութի կողքին Վ. Սերոբեանը։ Մենք մեր տեղեկութիւնները քաղած ենք Մատթէոս Երէցեանէն։

[3]            Հնչակեան Մատեան, Դ. պրակ, «Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան պրօպականտ-քարոզչական գործունէութիւնը», Պէյրութ, 1954, էջ 93։

[4]            Նոյնը, էջ 122։

[5]            «Սուրիահայ լրագրութիւնը», Բազմավէպ, 1926, թ. 10. Հոկտ., էջ 305։

[6]            Պրն. Գրիգոր Պօղարեան, որ հալէպահայութեան յետ-պատերազմեան կեանքին քաջածանօթ անձ մըն է, մեզի յայտնեց, որ Մեղուի հրատարակութեան գլխաւոր խմբագիրներն ու աշխատակիցները եղած են՝ Բիւզանդ Թօփալեան, Աւետիս Տէր Սահակեան, Անդրանիկ Պիւլպիւլեան, Մովսէս Մերթխանեան (Մօրիս Քաջեան)։

[7]            Դ. եւ Ե. տարիները ամսաթիւ չունին։ Միայն կը կրեն 1942 թուականը։ Ե. թիւին տպագրութեան համար կայ ակնարկութիւն մը. «Այս թիւին տպագրութիւնը վերջացաւ 20 Մարտ 1943-ին»։ 1944 թ. ին մէկ թիւ։