Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՏՊԱՐԱՆՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Հայ տպարաններու պատմութիւնը մեր ուսումնասիրութեան անմիջական ծիրին մէջ չի մտներ, սակայն հայ մամուլին գոյութիւնն ու գոյատեւումը կապ ունենալով անոնց հետ, ամփոփ ակնարկ մը անհրաժեշտ կը համարենք։

1918 թ. ին Հալէպի մէջ կը յիշուի տպ. Սէպաթ մը (Աճէմեան եղբայրներու սեփականութիւն), որ հաւանաբար ունեցած է հայ տառեր։ Հայ ձայն եւ Տարագիր թերթերը կը տպուին այս տպարանին, ինչպէս նաեւ Մարոնիթ տպարանին մէջ։ Մ. Տէր Ստեփանեան, Յովսէփ եւ Միշէլ Աճէմեան եղբայրներու Սէպաթ տպարանէն տպագրական անհրաժեշտ տառեր եւ գործիքներ գնելով կը նուիրէ Սեդրակ Կէպէնլեանի, որուն Հայ ձայն թերթը լոյս կը սկսի տեսնել անձնական տպարանէ։

Եռօրեայ եւ ամէնօրեայ թերթերը սկիզբը լոյս տեսած են տեղական տպարաններու մէջ, ապա ունեցած են իրենց առանձին տպարանները։ Այս է եղած պարագան Սուրիական մամուլի, Եփրատի, Արեւելքի, եւլն. ։

Մինչեւ 1925 թ., ըստ երեւոյթին, գոյութիւն ունեցող տպարանները բաւարար տառեր եւ տպագրական վարպետութիւն չունէին, որպէսզի կարենային խնամքով գիրքեր տպել։ Այս է պատճառը, որ մինչ այդ լոյս տեսնել սկսող տարեգիրքերը տպագրուած են այլ երկիրներու մէջ. օրինակ՝ Սուրիահայ տարեցոյցին Ա. հատորը (1924 թ. ) տպագրուած է Գահիրէ, Զարեհ Պէրպէրեանի տպարանին մէջ, իսկ Արտաւազդ վրդ. Սիւրմէեանի Տաթեւ տարեգիրքին Ա. հատորը (1925 թ. Պոլիս, Յ. Մ. Սեթեան տպարանին մէջ։

Բայց Բիւզանդ Յ. Թոփալեանի Արաքս տպարանին հիմնումը առիթ պիտի ստեղծէր, որ վերոյիշեալ տարեգիրքերն ու այլ գիրքեր սկսին լոյս տեսնել այս տպարանէն։ Թոփալեանի տպարանը պիտի գործէր մինչեւ 1930 թ., [1] որմէ ետք տպարանատէրը պիտի փոխադրուէր Փարիզ, ուր հիմնելով իր նոր տպարանը՝ 1950-ական թուականներուն պիտի սկսէր լոյս ընծայել Անդաստան պարբերաթերթը։

Դժուար է մեզի համար իրենց հիմնադրութեան թուականի կարգով յիշատակել հայ տպարանները, սակայն ժամանակագրական մօտաւոր կարգով մը հետեւեալ տպարանները գործած են Հալէպի մէջ Հայ Ձայնի, Սուրիական Մամուլի, Արաքս, Մարանաթա, Արարատ, Գոլէճ (Ամերիկեան Գոլէճի), Անի, Տէր Սահակեան (Աւետիս Տէր Սահակեան), Նայիրի (Անդրանիկ Ծառուկեան), Սեւան (Հալեպահայ Ուսուցչական Միութիւն), Տիգրիս, Արեւելք, Ճիզմէճեան, Ռոթոս, Ոսկետառ, Շիրազ, Մասիս, Գօգօ, Գարուն, եւլն. ։

Դամասկոսի մէջ մեզի ծանօթ է Լութֆիկ Եիրիքեանի տպարանը։

Վիմատիպ տպագրութիւն տեղի ունեցած է Ֆրէյհա տպարանին մէջ։ Իսկ Ալէքսանտրէթի (Իսկէնտէրուն) մէջ մեզի ծանօթ է տպ. Ալէքսանտրէթը։



[1]            Բ. Թոփալեանի մեկնումով Արաքս տպարանը կը գնուի Աւետիս Տէր-Սահակեանի կողմէ եւ նախկին անունը պահելով տպագրական գործը կը շարունակէ։ Հետագային Տէր Սահակեան տպագրական կազմածները ծախելով տպարանին անունն ալ կը փոխանցէ գնորդին եւ ինք իր տպարանը կը վերանուանէ Տէր Սահակեան տպարան։ 1950 թ. սկիզբը Տէր Սահակեան իր տպարանով պիտի փոխադրուի Պէյրութ՝ հոն շարունակելով իր տպագրական աշխատանքները։