Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

1913 թ. էն մինչեւ մեր օրերը շուրջ 75 մեծ ու փոքր թերթեր եւ տասնեակ մը տարեգիրքեր լոյս տեսած են։ Գաղութը ատակ էր աւելիին, սակայն պայմանները թոյլատու չէին զայն իրագործելու համար։ Անդրադարձանք այդ պատճառներուն եւ կրկնութենէ կը խուսափինք։ Ցաւալին այն է որ 1963 թ. էն սկսեալ, երբ կը դադրէր

Արեւելք օրաթերթը, սուրիահայ գաղութը փաստօրէն առանց հայ մամուլի կը մնար։ Այդ թուականէն ետք լոյս տեսած թերթերը պարագայական հրատարակութիւններ են եւ իրենց բովանդակութեամբ անկարող՝ հայ ընթերցող հասարակութեան պապակը գոհացնելու։

Այսօր Սուրիոյ մէջ ունինք չորս թերթեր՝ Հայ Ծերանոցի Հայ ծերանոց պարբերաթերթը, Անդրանիկ Նաճարեանի Մշակոյթ պարբերագիրքը, Լազար Նաճարեան Ճեմարանի Բարձունք տարեգիրքը եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի Պարբերաթերթը։